Յայտարարութիւն

Wednesday, March 10, 2010

ԼՈՅՍՆ Ի ՎԵՐ-գիրքէն- ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ շարքէն Սարգիս Ք. Խաչերեան

***
Այնքան ատեն որ
ՄԱՐԴու խիղճն ընջոտ
Փոթոթուած կը մնայ
Ամբարիշտութեան լրիկներուն վրայ
Երկրագունտն աւաղ դեռ պիտի դաւուի
Ժպիրհ ճիւաղի մոլութեամբ հարբած
Նենգ ՄԱՐԴուն կողմէն
Եւ Յուդաներ խառնածին
Պիտի դնեն անյագուրդ
Համբոյրն իրենց սառնաշուրթ
Բիւր Յիսուսներու շիկացած ու ջերմ
Այտերուն վրայ
Ու պիտի կրկնուին աղէտները հին

Իսկ մենք գլխահակ գետին պիտի նայինք
Իբրեւ աղօթող




ԹԵՐԵՒՍ

Թերեւս փիղը մուկէն չվախնար
Թերեւս չըլլար տեղատուութիւն
Ու հողը գարնան շապիկը չհանէր
Թերեւս ո՞վ գիտէ կեանքը չըլլար միօրինակ

Թերեւս պոէտ չմնար աշխարհի վրայ
Երբ վերջինս թաւալէր հակառակ
Ու կեղեւն ըլլար միջուկէն կակուղ
թերեւս





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝