Յայտարարութիւն

Wednesday, March 24, 2010

ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ Բանաստեղծութիւններ Ս.Դ.Գրիգորեան

ՊԱՏԿԵՐ -1-

Խաչ մը
Երկու
Մտասոյզ մութուլոյս
Ալիքներու շաղփաղփուն

Կին մը
Մինակ
Մորմոքուն առաւօտ
Քամիներու վայնասուն

Գանատա
Անզոյգ
Մնջահեղձ իրիկուն
Երազներու ամլութիւն

Խաչ մը
Կին մը
Գանատա
Պատրանաթա~փ հովուերգութիւն


ՊԱՏԿԵՐ -2-

Իրականութեան եւ պատրանքին միջեւ

Թել մը միայն
Գիծ մը լոկ
Շեշտ մը անզօր

Որ մերթ ընդ մերթ կը ցցուի հորիզոնիս
Անցելացած անյոյս կիրքով վերաբորբ
.............................................................................
Կամք մը տժգոյն
Խայծ մը անթեղ
Տենդ մը հարցական
Ըլլալ-չըլլալու...
..............................................................................

Շեշտ մը միայն
Անէացած սիրոյ

Լոկ գիծ մը գի՜ծ
Արտանետուած պատկերի

Թել մը անզօր
Մատաղահիւս կեանքի

-Գոյութենակա՜ն պատրանք-

Սէր
Պատկեր
Կեանք

Խարխափում
Խարխափում
Խարխափում

Ճշմարիտ արարման


ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Գինին նման է մօրս արցունքին
-Կարմիր է կարմի՜ր-
Անկարեկից կարօտներու յաճախանքով լի
Պատերազմներու արհաւրալից
Հնձաններէն քամուած ի սպառ

Դար մը ամբողջ ծով արցունքի
Մայրս է ան

Հաւատք մÿամբողջ լուռ աղօթքի
Մայրս է ան

Կեանք մը անգիր տառապանքի
Մօրմէս ինծի ժառանգ թողուած
«Վարդահեղեղ» սպասումի անմեկնելի դողն է ան...

Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նոյեմբեր, 2006
Մոնթրէալ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝