Յայտարարութիւն

Tuesday, March 16, 2010

ՎԱՐՊԵՏԻՆ ԿՏԱԿԸ - Օշին Էլակէոզեան

Ճիշդ է որ Օշին թրքահայ գրող է ,սակայն իր պատմուածքը միայն թրքահայ հասարակութիւնը չէ որ կը կարդայ,հետեւաբար պատմուածքի աւարտին թրքերէնով իր գործածած բառերուն հայերէն թարգմանութիւնը տուած է: Գնահատելի :
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«


Ֆաթմա, Հիւսէյին անունով երկաթագործի մը կինն էր։ Երկու ժամ առաջ ընտանեօք իրենց գետնի սեղանին շուրջ նստած ու միասին ընթրած էին։ Յետոյ Հիւսէյին իրենց տան անմիջապէս քովը գտնուող իր աշխատանոցը գացած էր, որովհետեւ յաջորդ օրուան հասցնելիք գործ մը ունէր եւ մինչեւ ուշ ժամանակ պիտի աշխատէր։ Իսկ փոքրիկ Ֆըրաթ նախ քիչ մը իր խաղալիքովը խաղացած էր, յետոյ, քունը եկած ըլլալուն, պառկած էր մօրը կողմէ գետին փռուած անկողնին մէջ։ Ֆըրաթ հազիւ վեց տարեկան էր։ Ֆաթմա յաջորդ օրը եփելիք ճաշը կը կարգաւորէր, երբ լսեց որ իր տղան լալագին զինք կը կանչէր։
- «Անա՜ , անա՜»
Կինը անմիջապէս ձգեց իր գործը ու տղուն քով վազեց։
- Ի՞նչ է օղլում , ի՞նչ եղաւ։
- Շատ գէշ երազ մը տեսայ անա, շատ վախցայ։
- Խեր է եաւրում , մի վախնար, մղձաւանջ մըն էր ու անցաւ։
- Ես գետը ինկած էի ու կը խեղդուէի, ճիշդ այդ պահուն դուն ջուրը մտար եւ զիս ազատեցիր։
Կնոջ կոկորդը սեղմուեցաւ երբ լսեց իր փոքրիկ տղուն այս վերջին նախադասութիւնը։ Շատ մտահո•ուեցաւ եւ յուզուեցաւ, զաւկին գլուխը իր կուրծքին սեղմեց որպէսզի ան չտեսնէր որ ինք կուլար այդ պահուն։
- Այս գիշեր քովս պառկէ անա, միասին պառկինք, աղաչեց տղեկը։
- Լաւ օղլում, միասին պառկինք, ըսաւ կինը դողդոջուն շրթներով ու անկողնին մէջ դէպի վար սահելով տեղաւորուեցաւ տղուն քով։ Փոքրիկ Ֆըրաթն ալ իր ոտքերը վեր քաշեց, ձեռքերը իր կուրծքին վրայ հաւաքեց ու կզկտած տեղաւորուեցաւ իր մօրը կուրծքին վրայ եւ ծունկերուն մէջ գտնուող պարապութեան մէջ լաւ մը փակչեցաւ իր մօրը որ այդ պահուն բերդ մը կը նշանակէր իրեն համար։ Բերդ մը որ կարող էր զինք պաշտպանել ամէն տեսակ վտանգէ։ Ֆաթմա մէկ ձեռքով տղուն մազերը կը շոյէր, բայց մտահոգութիւն մը պատած էր միտքը։ Ի՞նչպէս կարելի էր որ իր զաւակը յիշած ըլլար պատահար մը երբ այն ժամանակ դեռ հազիւ քանի մը օրուայ նորածին մանկիկ մըն էր ան։
* * *
Հիւսէյին կրակարանէն երկաթի կարմրած ձող մը առաւ ու զայն սալին վրայ դրաւ եւ յետոյ մուրճը ձեռքը առաւ։ Նայեցաւ մուրճին փայտէ կոթին ու յիշեց։ Շուրջ վեց տարի առաջ էր երբ ինք աշխատանոց մտած ու տեսած էր իր վարպետը Արթին ուսթան * որ այդ նոյն մուրճը ձեռքը առած, անոր փայտէ կոթը կը փոխէր։ Հիւսէյին զարմանքով հարցուցած էր վարպետին։
- Ի՞նչ կ՚ընես, Արթին ուսթա։
Այդ օր վարպետը սապէս պատասխանեց առանց գլուխը դարձնելու.
- Պէ օղլում չե՞ս տեսներ, մուրճին կոթը կը փոխեմ։ Փայտը ճաթեր է, քանի մը հարուածէն պիտի կոտրի ու փրթի։
- Ձգէ՛ հիմա մուրճին կոթը, Արթին ուսթա, ատե՞նն է հիմա ատոր, վրայ բերաւ Հիւսէյին, բայց վարպետը զայրացաւ ու սկսաւ պոռալ։
- Ատե՞նը, ո՞ր ատենը Հիւսէյին, ինչի՞ն ատենն է հիմա հէ՞, ատեն ըսուած բան մը կա՞յ այս անիծեալ աշխարհիս վրայ։
Ու այսպէս խօսելով փայտէ նոր կոթ մը տեղաւորեց մուրճին ծակին մէջ եւ զայն ամրապնդել ջանաց շարունակ պոռալով։
- Ես իմ ետեւէս «Արթին ուսթա գնաց ու իր ետին կոտրած կոթով մուրճ մը ձգեց» ըսել չեմ տար մարդոց, կը հասկնա՞ս Հիւսէյին։
Այս ըսելու ընթացքին ան մուրճին կոթէն բռնելով զայն իր ձեռքին մէջ կը դարձնէր։
- Ես այդպէս մարդ մը չեմ, Հիւսէյին։ Արթին ուսթա գնաց ու կոտրած կոթով մուրճ մը ձգեց ըսել չեմ տար իմ ետեւէս ոչ ոքի Հիւսէյին, հասկցա՞ր, շարունակեց պոռալ Արթին ուսթա միշտ աւելի զօրաւոր հարուածներ տալով սալին ու միշտ աւելի բարձրացնելով իր ձայնը։ Հիւսէյին պապանձած մնացած էր, պահ մը կարծած էր որ իր վարպետը խենթեցած պէտք է ըլլար։ Տարիներէ ի վեր միասին կ՚աշխատէին, ի՜նչ, ի՜նչ կարծր երկաթներ ծեծած էին միասին, բայց մինչեւ այդ օր Հիւսէյին բնաւ չէր տեսած որ իր վարպետը այսքան զօրաւոր հարուածներ տար։
- Ես այս գիւղին Արթին ուսթան եմ, կը գոռար մարդը ու ամէն անգամ որ կը հարուածէր սալը, կայծ կ՚ելլէր մուրճէն։ Արթին ուսթայի ճակտէն քրտինք կը հոսէր ու քրտինքը խառնուելով իր արցունքներուն, այտերէն վար սահելով փոշոտ գետնին վրայ կը կաթէր։ Ի վերջոյ ձգեց մուրճը սալին վրայ ու վիզին կապած աղտէ ու քրտինքէ սեւցած թաշկինակը վար առնելով երեսի քրտինքն ու արցունքները չորցուց, յետոյ զայն ափին մէջ առած, պահ մը անոր նայեցաւ ու զայն իր քթին տանելով թաշկինակին հոտը իր մէջ քաշեց։ Ասիկա այն թաշկինակն էր որ տարիներ ու տարիներ անոր աշխատանքին քրտինքը ծծած էր իր մէջ։ Վարպետը այս անգամ ալ իր քրտինքը սրբելէ վերջ զայն ծալեց եւ մեծ խնամքով սալին անկիւնը տեղաւորեց։ Արթին ուսթա դուռը բացաւ, յետոյ դառնալով պահ մը Հիւսէյինին հետ աչք աչքի եկաւ։ Հիւսէյին որ մինչեւ այդ ժամանակ անշարժ մնացած էր իր տեղը, քայլ մը յառաջացաւ որպէսզի իր վարպետին ձեռքը համբուրէր, բայց Արթին ուսթա յանկարծ անդին դառնալով դուռը զարկաւ ու գնաց։ Հիւսէյին չէր կրցած դիմանալ այլեւս ու սկսած էր երախայի մը պէս հեծկլտալով լալ։ Քաջութիւնը չէր ունեցած դուռէն դուրս ելլելու ու տեսնելու իր վարպետը որ երկրորդ հայր մը եղած էր իրեն համար որ հիմա կը մեկնէր իր երկու մանկամարդ դուստրերով եւ իր կնոջ հետ որ յղի էր ու մօտ ատենէն ծննդաբերութիւն պիտի ընէր ձգելով իր ետին իր տունը, իր կարասիները իր բոլոր յիշատակներն ու իր կեանքը։ Հիւսէյինին աչքերէն արցունք կը հոսէր ու առանց դռնէն դուրս ելլելու սկսած էր պոռալ ու պաղատիլ։
- Ներէ՜ մեզի Արթին ուսթա, մենք ո՛չ մէկ յանցանք ունինք այս եղածներուն մէջ։ Ներէ՜ մեզի։ Բայց Արթին ուսթա շատոնց հասած էր սայլին քով որ բեռնաւորուած էր քանի մը կարասիով, որուն մէջ իր յղի կինը եւ երկու մանկամարդ դուստրերը իրեն կը սպասէին լալագին։ Ներսէն դեռ Հիւսէյինին լալագին ձայնը կը լսուէր։
- Իրաւունքդ մեզի հէլալ ըրէ Արթին ուսթա, մենք ո՛չ մէկ մեղք ունինք այս եղածներուն մէջ։
Արթին ուսթա խարազանած էր սայլին լծուած եզը ու սայլը կճռտալով ճամբայ ելած էր իր անիւները դարձնելով դանդա՜ղ դանդա՜ղ։
Հիւսէյին դուռին ետեւէն սայլին կճռտուքներուն կամաց կամաց հեռանալով անլսելի ըլլալը մտիկ ըրած էր։ Յետոյ աշխատանոցէն դուրս ելլելով նայած էր աքսորեալներուն կարաւանին ետեւէն, որ բաւական հեռացած էր գիւղէն։ Հեռուն բլուրներուն ետեւէն սեւ մուխ մը կը բարձրանար ու օդին մէջ այրուցքի զօրաւոր հոտ մը կար։
Հիւսէյին ձեռքը վիզին կապած թաշկինակին տարաւ ու զայն քակելով ճակտին քրտինքը չորցուց։ Նոյն թաշկինակն էր այն որ մեկնելէ առաջ վերջին օրը Արթին ուսթա անով իր քրտինքն ու արցունքները սրբած ու զայն սալին վրայ տեղաւորած էր յատուկ յարգանք մը ցուցադրելով անոր հանդէպ։Այն նոյն թաշկինակը հիմա Հիւսէյինին վիզը կապուած անոր աշխատանքին քրտինքը կը ծծէր իր մէջ։ Անձերը տարբեր էին, մշակոյթները տարբեր էին, իրենց կրօնքն ու լեզուն տարբեր էին, միակ նմանութիւնն այն էր որ այս նոյն թաշկինակը, բոլոր այս տարբերութիւնները ունեցող անձերուն քրտինքը կը ծծէր իր մէջ։

* * *

Միւս կողմէ, Ֆաթմա կը դիտէր իր փոքրիկ զաւկին քաղցր դէմքը որ մշիկ-մշիկ կը քնանար այդ պահուն, բայց անոր տեսած երազը մտահոգութիւն պատճառած էր իրեն։ Ի՞նչպէս կարելի էր որ իր զաւակը յիշէր այն դէպքը որ պատահած էր շուրջ վեց տարի առաջ երբ ան տակաւին քանի մը օրուայ նորածին մանկիկ մըն էր ։ Հապա եթէ իրապէս կը յիշէր, ինչպէ՞ս պիտի պատմէր իրեն իրականութիւնը։ Ան տակաւին շատ փոքր էր հասկնալու եւ տրամաբանելու համար որոշ դէպքերը։Շուրջ վեց տարի առաջ էր, գէշ էր կացութիւնը երկրին մէջ։ Աքսո՜ր, մահ ու ցաւ պատած էր երկիրը։ Իրենց գիւղի աքսորեալները օր մը առաջ ճամբայ հանուած էին ու գիւղը պարպուած էր։ Աքսորեալներըգգիւղէն ժամ մը հեռու, Եփրատ գետի եզերքը գտնուող ընդարձակ դաշտի մը վրայ օր մը սպասուած էին խիստ հսկողութեան տակ, որպէսզի բոլորը հոն հաւաքուէին ու առաջին հրամանով ճամբայ ելլէին։ Յաջորդ օր, Ֆաթմա, Եփրատի եզերքը լուացք ընելու գացած եւ տեսած էր աքսորեալները, որոնք կը յառաջանային դանդաղ ու դողդոջ քայլերով։ Ֆաթմա անոնց մէջ յանկարծ նշմարած էր կին մը որ հեռուէն ծանօթ կը թուէր իրեն, բայց կինը իր կռնակը անոր դարձուցած ըլլալով աթմա չէր տեսներ իր դէմքը։ Կինը մօտեցած էր լճի եզերքին, ունենալով իր գիրկը խանձարուրի մէջ փաթթուած մանկիկ մը։ Կինը նախ համբուրած էր մանկիկը, իր մէջը քաշած էր անոր կաթնաբոյր հոտը եւ յետոյ զայն նետած էր Եփրատի կատղած ջուրերուն մէջ ու լալագին վազելով հեռացած էր հոնկէ։ Խեղճ մանկիկը դեռ չէր ընկղմած ու ջուրին վրայ կը ծփար իր խանձարուրին մէջ։ Ֆաթմա որ դիտած էր բոլոր եղածը անմիջապէս ջուրը մտած էր առանց նոյնիսկ մտածելու թէ որքա՜ն կատաղի լիճ մըն էր Եփրատը։ Ան յաջողած էր մանկիկին հասնիլ ու զայն ջուրէն վեր բռնել, որպէսզի չխեղդուէր։ Բայց Եփրատ գետը շատ կատաղի էր ու դժուար էր անոր դիմադրել։ Երկուքը միասին խեղդուելու վրայ էին, բայց Ֆաթմա վճռած էր չձգել մանկիկը։
- Եթէ նոյնիսկ գիտնամ որ պիտի սատկիմ այս անիծեալ գետին մէջ, քեզ պիտի չթողում, ըսած էր ան երբ պահ մը մանկիկին հետ աչք աչքի եկած ու տեսած էր անոր կիսաբաց կոպերուն ետեւը գտնուող սեւ աչուկները, որոնք երախտագիտութեամբ կը նայէին իրեն։ Երկար պայքարէ մը յետոյ Ֆաթմա յաջողած էր ցամաք ելլել։ Եփրատ անգամ խղճացած էր ապրուած այս ողբերգութեան դիմաց ու ծնրադրած էր Ֆաթմայի վճռակամութեան առջեւ։ Կինը խխում կտրած ու ողորմելի վիճակի մէջ ուղղակի իր տունը վազած էր։ Երբ մտած էր դռնէն ներս, իր ամուսինը Հիւսէյին իր ցերեկուայ ճաշը կ՚ուտէր։ Ան երբ տեսած էր իր կինը մանուկ մը գրկած՝ զարմանքով հարցուցած էր անոր։
- Աս ի՞նչ է կնիկ, ի՞նչ է վիճակդ, ո՞ւրկէ ելաւ այդ չոճուխը։ Ֆաթմա որ հոգեկանով դեռ Եփրատի հետ պայքարելու ազդեցութեան տակ կը գտնուէր, շարունակած էր պայքարը իր ամուսնոյն հետ։
- Աստուծոյ մէկ պար•եւն է ան ու այլեւս այս տունը պիտի մնայ, պոռացած էր ան իր ամուսնին երեսն ի վեր։ Հիւսէյին երկաթագործ էր ու խիստ մարդ, բայց առաջին անգամ էր որ կը տեսնէր իր կինը այսքան վճռական։ Ան ո՛չ մէկ առարկութիւն կրցած էր ընել իրեն։
- Անունը ի՞նչ է ատոր, հարցուցած էր Հիւսէյին։ Ֆաթմա նախ պահ մը շփոթած ու յետոյ պատասխանած էր։
- Ֆըրաթ... քանի որ «Ֆըրաթ» լիճը զայն տուաւ ինծի ուրեմն անունն ալ Ֆըրաթ թող ըլլայ, ըսած էր կինը վճռականօրէն։
Ֆաթմա երբ տան վառարանին մօտ մանուկին խանձարուրը բացած էր, որպէսզի զայն չորցնէր, տեսած էր որ մանուկը իր վզին վրայ արծաթեայ շղթայ մը ունէր։ Շղթան մանուկին վիզին համար շատ երկար էր։ Շղթային վարի մասը կը կորսուէր խանձարուրին մէջ։ Յայտնի էր որ այդ շղթան մանուկին չէր պատկաներ, այլ վերջին վայրկեանին մօրը կողմէ Եփրատ գետ նետուելէ առաջ մանկան վզին անցուած էր։ Ֆաթմա շղթան քաշած ու խանձարուրէն դուրս հանած եւ տեսած էր շղթային ծայրը գտնուող արծաթեայ խաչը։ Կինը երբ տեսած էր խաչը, սկսած էր հեծկլտալով լալ։ Հիւսէյին զարմանքով հարցուցած էր իր կնոջ թէ ան ինչո՞ւ կուլար։ Բայց կինը հեծկլտուքներու մէջ, չէր կրցած պատասխանել ամուսնին հարցումին։ Հիւսէյին ճաշը կէս ձգելով գացած էր կնոջ քով ու դարձեալ հարցուցած էր թէ ի՞նչ էր պատահածը եւ ինչո՞ւ կուլար։ Ֆաթմա դժուարաւ կրցած էր պատասխանել։
- Այս խաչը... այս խաչը ես կը ճանչնամ Հիւսէյին։ Ասիկա Արթին ուսթային կնոջը խաչն է, որ երբեք չէր հաներ իր վիզէն։ Վերջին օրն ալ որ երբ ճամբայ պիտի ելլէին ու ես գացած էի իր մօտ իրեն օգնելու համար, այս խաչը վիզն էր։ Հիւսէյին, աս չօճուխը Արթին ուսթայի զաւակն է։
Հիւսէյին քարացած մնացած էր, շունչ ան•ամ չէր կրնար առնել այդ պահուն։Յիշած էր այն վերջին խօսակցութիւնը, որ ըրած էր իր վարպետին հետ իրենց մեկնելէն քանի մը օր առաջ որ խօսակցութենէ աւելի, կարծես թէ իր վարպետին վերջին կտակն էր այդ։
- Հիւսէյին, ըսած էր մարդը յուզուած, տխուր ու ճարահատ, կինս այս օրերուն ծննդաբերութիւն պիտի ընէ։ Նորածին մանուկը չի կրնար դիմանալ աքսորի դժուար պայմաններուն, հետեւաբար զայն քեզի պիտի ձգենք։ Կ՚ուզեմ որ զայն ընդունիս որպէս քու հարազատ զաւակը, ինչպէս ես քեզ ընդունեցի իբրեւ իմ հարազատ զաւակս։ Ոչի՛նչ խնայէ իրմէ այնպէս, ինչպէս ես ոչինչ խնայեցի քեզմէ։ Իմ տունս եւ •ործս քեզի կը ձ•եմ ու հէլալ կ՚ընեմ անոնք քեզի, միայն այն պայմանով որ լաւ հայր մը ըլլաս իմ որդւոյս։
Հիւսէյին սիրով ընդունած էր իր վարպետին այս վերջին կտակը ու խոստացած էր որ հարազատ հայր մը պիտի ըլլար իր զաւկին համար ու ոչի՛նչ պիտի խնայէր իրմէ։ Հիւսէյին եւ Ֆաթմա եօթը տարի էր որ ամուսնացած էին, բայց զաւակ չէին կրցած ունենալ։ Անոնք իրենց վարպետին այս վերջին կտակը Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած պարգեւ մը նկատած էին։ Բայց եկուր տես որ ճամբայ ելլելու հրամանը կանուխ եկած էր ու Արթին ուսթայի կտակը չէր կրցած իրականանալ ու խեղճ կինը ստիպուած էր յղի վիճակի մէջ սայլի մը վրայ նստած ճամբայ ելլել դէպի անյայտ վայրեր։ Հիւսէյին ծայր աստիճան ազդուած էր. իր արցունքոտ աչքերը դէպի երկինք բարձրացուցած ու ձեռքերը տարածելով դէպի երկինք՝ ըսած էր։
- Աստուած իմ, շատ հզօր ես դուն։
Ֆաթմա, մանուկը լաւ մը չորցուցած ու վառարանին մօտ տաքցուցած էր զայն։ Մանկիկը իր ուլունքի նման աչքերը բացած ու նայած էր իր ազատարարին։ Տաքցած ու չորցած էր թերեւս բայց անօթի էր խեղճը ու կուլար։ Ֆաթմա մանկիկը առած ու տունէն դուրս ելած էր։ Իր հագուստները դեռ թաց էին, բայց նոյնիսկ միտքը անգամ չէր եկած զանոնք փոխել։ Ուղղակի իրենց դրացի Սուլթան հանըմին տունը գացած էր։Սուլթան շաբաթ մը առաջ իր երկրորդ ծննդաբերութիւնը ըրած էր։ Դուռը իր չորս տարեկան պզտիկ տղեկը բացած էր։ Ֆաթմա առանց ոչինչ ըսելու ներս մտած ու մօտեցած էր Սուլթանին։ Կինը այդ պահուն բազմոցի մը վրայ ծալապատիկ նստած իր նորածինին իր ստինքի կաթը կուտար։ Երբ տեսած էր Ֆաթման գիրկը նորածին մանուկ մը գրկած՝ մը զարմանքով անոր երեսը նայած էր. Ֆաթմա կնոջ մօտենալով քովը ծունկի եկած ու ըսած էր իրեն պաղատագին.
- Սուլթան, աս չօճուխը անօթի է եւ ես կաթ չունիմ որ իրեն տամ, դուն անոր ալ կաթ տուր հա մի՞ քուրիկս։ Կինը առանց ոչինչ ըսելու, մանուկը Ֆաթմայէն առած, շապիկէն կոճակ մը եւս քակած ու իր միւս ծիծը դուրս հանելով անօթի մանուկին քթին մօտեցուցած էր։ Անբախտ փոքրիկը կաթին հոտը առնելով, մեծ ախորժակով փակած էր կնոջ ծծին։ Սուլթան այդ օրէն ետք ամէն օր շարունակ կաթ տուած էր մանկիկին եւ բնաւ չէր հարցուցած Ֆաթմային թէ ո՞վ էր այդ մանուկը, ո՞ւրկէ եկած էր ան եւ ինչո՞ւ համար ինք պէտք է իր կաթը տար այդ անծանօթ մանուկին։ Ո՛չ մէկ հարցում ըրած էր։ Ընդհակառակը, մեծ նուիրումով կատարած էր իր ստնտուի պարտականութիւնը։
Աղիտատալի տարիներ էին այդ տարիները եւ ոչ ոք իր դիմացինին «ինչո՞ւ» հարցումը կը հարցնէր։ Թէ՛ բարիները եւ թէ չարերը իրենց ըսուածը կ՚ընէին, առանց իրարու «ինչո՞ւ» հարցումը հարցնելու։ Գուցէ այն էր պատճառը որ չարերուն իրա•ործած •էշութիւններուն պատասխանատուութիւնը եւ անոնց պատճառած խղճի խայթը բարիներուն ալ ցաւ կը պատճառէր ու անոնց վրայ ալ կը բեռնաւորէր չարերուն գործած յանցանքներուն պատասխանատուութիւնը։
Արշալոյսը մօտեցած էր։ Ֆաթմա հեռուէն կը դիտէր Եփրատը, որ տակաւին չէր արթնցած իր գիշերային քունէն ու շատ հանդարտ երեւոյթ մը ունէր։ Բայց քիչ վերջ երբ Արեւը պիտի ծագէր ու իր առաջին ճառագայթները պիտի իյնային իր վրայ արթնցնելով զայն իր քունէն, ան ապստամբ երեւոյթ մը պիտի առնէր դարձեալ։ Ֆաթմա գիտէր որ օր մը Ֆըրաթ ալ պիտի արթննար իր քունէն ու ինք պէտք է պատրաստ ըլլար, որպէսզի կարենար բացատրել իրեն ճշմարտութիւնը։

Օշին Էլակէօզեան




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝