Յայտարարութիւն

Friday, April 30, 2010

Տէր Գուրգէն Քահանայ Եարալեան - Օննիկ Պօղիկեան

Օննիկ Պօղիկեան իր ութսուն տարիքին տակաւին կը սորվի: Իր վերջին սորված «դասը» հայերէնով մեքենշարելն է: Վարի յուշիկը Տէր Գուրգէն Ա. Քհն. Եարալեան ի մասին է գրուծ անոր մահիւան աթիւ տպուած Ասպարէզի մէջ՝ Լոս Անճելըս: Կը գնահատենք Օննիկի կորովը եւ կը մաղթենք (ինչպէս ինք խոստացած է)որ այս յուշագրութիւնը վերջինը չըլլայ հրապարակուած «Նշանակ» ի մէջ:

Վարձքդ կատար սիրելի Օննիկ:

Նշանակ

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

Վաղարշաաակ, Մեսրոոոպ, կարոոո, Օննիիիկ,
Քեսապի ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի 8րդ կարգի չորս աշակերտներս դուրս կուգայինք մեր
դասարանէն՝ ըմբոստանալով մեր հայերէնի ուսուցիչ պր Յակոբ Թութիկեանի կողմէ մեզի եղած
Անարդար պատիժին համար:

Այդ պահուն մէր դասարանին կից ուսուցչարանին մէջ կը գտնուէր տնօրէն պրն Ճոզէֆ Պասմաճեան
լսած ըլլալով մեր վիճաբանութիւնը և նշմարած մեր փութկոտ մեկնումը՝ դուրս եկած էր ուսուցչարանէն
Եւ պոռալով կանչած մեր անունները որպէսզի ետ դասարան վերադառնանք. Անօգուտ:
Նախորդ երկու տարիներուն լայնօրէն օգտուած էինք եւ վայելած հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան
վաստակաւոր ուսուցիչ, բանաստեղծ եւ հայոց պատմութեան գիրքերու հեղինակ՝ տնօրէն Արմէն Անուշ
Մարաշլեանի բեղուն ու արդիւնաշատ դասաւանդութիւններէն:

Յարգելի մեր ուսուցիչ տնօրէնը սակայն դիւրաբեկ առողջութիւն մը ունէր: Մեր գիւղի ձմեռնային չոր ու
ցուրտ օդը նպաստաւոր չէր եղած իր առողջութեան եւ այդ տարի մեկնած էր Հալէպ՝ մեզ զրկելով տարի
մը եւս իրմէ օգտուելու թանկագին պատեհութենէն:

Հայերէնի մեր նոր ուսուցիչ Յակոբ Թութիկեանին անծանօթ էինք: Ինքն ալ մտաւորական բանաստեղծ եւ
տարիներու հայերէնի ուսուցիչ եղած էր սակայն այս փոփոխութիւնը մեզի անակնկալ մըն էր. Զինք չէիինք
ճանչնար. Առաջին տպաւորութիւնը դրական չէր. Քիչ մը խիստ էր, խոժոռ, ոչ մտերմական: Այլապէս նուիրեալ,
յանձնառու եւ գիտակից իր պաշտօնին:

Արմէն Անոյշի շուքը դեռ մեր վրայ կը կրէինք եւ հաւանաբար ժամանակ պէտք էր ընտելանալու մեր նոր
ուսուցչին: Ֆրանսերէնի եւ երկրաչափութեան ուսուցիչ եւ նոր տնօրէն Ճոզեֆ Պասմաճեանը մեզի հրահանգած էր
պատրաստել Ուսումնասիրաց վարժարանի շէնքին յատակագիծը՝ որպէս պարտականութիւն: Այդ ատեն
Ա ւետարանական եկեղեցւոյ պատկանող շէնքերը կը գործածէինք որպէս դպրոց:
Կէսօր մը դասարանով գացինք Ուսումնասիրացի շէնքը եւ սկսանք չափել շէնքին ներքին թէ արտաքին մասերու
պատերն ու տարածութիւնները:
Կէսօրուան մէկ ժամը շատ քիչ էր նման գործ մը աւարտելու համար: Գիտակցելով հանդերձ որ մի
քանի անգամ պէտք էր երթայինք ամբողջացնելու չափագրութիւնը՝ խանդավառուած մեզի համար նորութիւն
եղող եւ հետաքրքրական այս պարտականութենէն եւ բոլորովին մոռցած որ պէտք էր ժամը մէկին
դպրոց վերադարձած ըլլայինք. դասարանի տասը աշակերտներէն վեց տղայ չորս աղջիկ, Մովսէս Սահակեանը
եւ Ստեփան Գարայեանը չուշանալու մտահոգութեամբ արդեն մեկնած էին աննկատ, երբ յանկարծ
անդրադարձանք որ հազիւ հինգ վայրկեան ունէինք դասարան հասնելու: Արագացուցինք մեր քայլերը,
բայց ուշ էր արդէն: Հայերէնի դասաւանդութիւնը սկսած էր , իսկ մենք՝ ուշացած:

Հեւալով ներս մտանք եւ բացատրեցինք մեր ուշանալու պատճառը, սակայն պր. Թութիկեանի դէմքին վրայ
ներողամտութեան նշաններ չէին երեւեր: Սկսաւ խրատներ տալ մեզի եւ սաստել:
Սաստերուն որպէս պատասխան՝ Կարոն համարձակեցաւ պատճառաբանել եւ արդարանալ. Վաղարշակը,
Մեսրոպը եւ ես միացանք վիճաբանութեան որուն իբրեւ հետեւանք՝ դասարանէն դուրս, սրահին մէկ անկիւնը
ոտքի կենալով պատժուեցանք եւ օրուան դասէն զրկուեցանք:
Դուրսը չորսս «ժողով» ըրինք եւ որոշեցինք դուրս ելլել դպրոցէն՝ որպէս բողոքի արտայայտութիւն: Մնացածը
ծանօթ է արդէն:

Յետագային Կարոն եւ Վաղարշակը վերադարձան: Մեսրոպը եւ ես ձգեցինք դպրոցը անվերադարձ:
Կարոն դպոցը աւարտելէն ետք գնաց Անթիլիասի դպրեվանքը ուսանելու:
Ամարուան արձակուրդներուն կուգար գիւղ: Տարի մը, երբ դարձեալ եկած էր արձակուրդի, զիս տեսնելով,
ըսաւ – «ես կը յիշեմ որ օրդ. Արաքսի Հովսէփեանը քեզի երգ մը սորվեցուցած էր ամավերջի հանդէսին
համար եւ բաւական լաւ կ՛երգէիր. Այս օրերուն խումբ մը տղոց եւ աղջիկներու հետ երգչախումբ մը
կազմելու վրայ ենք, եթէ փորձերը յաջող ընթանան, կը ծրագրեմ համերգ մը տալ, կ՛ուզեմ որ մասնակցիս»:
« Բայց ես ձայնաւոր չեմ» ըսի:
«Բայց դուն երգել գիտես» ըսաւ եւ պնդեց:
Չմերժեցի եւ սկսանք փորձերու գրադարանին փոքր սրահին մէջ: Սորվեցանք շարք մը երգեր, որոնցմէ
լաւագոյնը՝ «Հոյ նար»ն էր եւ «Կէրմէր Ֆստան հէգուծ էր»ը: Նոյնիսկ ինծի վստահեցաւ «Հոյ Նար»ի մերերգի
բաժինը:
Յաջող համերգ մըն էր. Մեծապէս գնահատուեցաւ հասարակութենէն: Կարոյին արաջին համերգն էր:
Կարոն կրակոտ վճռական հետեւողական եւ ըմբոստ նկարագրի տէր էր. խելացի, տրամաբանող եւ
պատրաստաբան:
Կը յիշեմ, փորձերու ընթացքին բծախնդիր էր եւ ամբողջութեամբ համակուած երաժշտական արուեստով:
Ես զարմացած էի որ շատ կարճ ժամանակամիջոցին կրցաւ յաջողցնել համերգային ելոյթ մը՝ եռաձայն
եւ քառաձայն փունջ մը երգերով:

Յետագային երգչախումբին մէջ, առաջին շարքին եղող անուշ ու թաւ ձայնով օժտուած Անուշը
(Յովսէփեան) ընտրեց որպէս իր կեանքի ընկերուհին եւ քահանայ ձեռնադրուեցաւ ստանալով Տեր Գուրգէն
անուանումը:

Ատկէ ետք կապս կտրուեցաւ շատ սիրելի դասընկերոջս հետ:
Դպրոցական շրջանին միշտ ժպիտը դէմքին կը մօտենար ինծի եւ ափ մը չոր թուզ կուտար, գիտէր որ մենք
չունէինք: Ինծի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր իր այդ հոգածութիւնը.փոխադարձելու բան մը չունէի, բացի
շնորհակալ եմ ըսելէն:

Տարիներ անցան: Ճակատագիրը մեզ բաժնած էր եւ մեկնած էինք տարբեր ուղղութիւններով:
Սակայն, կրկին ճակատագիրը կարգադրած էր որ վերագտնենք զիրար երբ արդէն ընտանիք կազմած եւ
զաւակներու տէր էինք: Առիթով մը Տիթրոիթ եկաւ. Ողջագուրուեցանք… Այդ վերջին հանդիպումն էր:
Սակայն միշտ կը լսէի իր մասին, իր քահանայական եւ երաժշտական գործունէութեան մասին:
Որքան ուրախացայ երբ ձեռքս անցաւ իր պատրաստած պատարագի ձայներիզը՝ պատարագիչի իր ջինջ ու
գեղեցիկ ձայնով, այնքան յաջող եւ տպաւորիչ: Ինչպէս նաեւ բծախնդրօրէն պատրաստուած եւ ձայնագրուած
երկլեզու Պատարագամատոյցը որ մեր եկեղեցիներուն մէջ գործածուող պարգեւ մըն է անմոռանալի:
Ափսոս՛ որ վառվռուն ու կենսուրախ այս անձը հիւանդացաւ եւ չկրցաւ շարունակել իր ազգօգուտ գործունէութիւնը.
իր վաղարժամ վախճանումը ցնցեց իր հարազատները, բարեկամները, հաւատացեալներն ու դասընկերները:

Յանուն դասընկեր դասընկերուհիներուս այս տողերը թող ըլլան փունջ մը ծաղիկ խնկելի յիշատակին:

Օննիկ Պօղիկեան
Տիթրոիթ ԱՄՆ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Thursday, April 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 91 - Ռուբէն

Վերջալոյս է արդէն: Կ’ուրախանանք որ մութը կ’իյնայ. մութի մէջ ի՞նչ կարող է ընել թշնամին: Երբ մութը բոլորովին ինկաւ, ամէն ինչ լռեց: Մեր վերեւի դիրքերուն մէջ մեր ընկերները սպաննուեցա՞ն թէ թշնամին փախաւ, չենք գիտեր: Քիւրտ Մստոն կու գայ մեև դիրքը եւ Սարգիսի կողմէ կը պատուիրէ որ երկու հոգի մնանք միայն ձորի բերանը եւ հատ հատ կրակենք թշնամին մոլորեցնելու համար: Ես եւ գրիշը կը մնանք մեր դիրքին մէջ եւ մէկ մէկ կը կրակենք. ես կը փորձեմ ռումբ մը գլորել ժայռէն վար, բայց ռումբը չի պայթիր: Մինչ այդ մեր ընկերները կը հաւաքուէին ձորի ծայրը: Վերջապէս մենք եւս կը քաշուինք ու կը նստինք մեր ձիերը, զգուշութեամբ մօտենալով մեզի ցոյց տրուած տեղը: Կը վախնայի թէ մեր ընկերները արդէն բոլորը գացած ըլլան. բայց անոնք հոն էին, ստուերի մէջ, թէեւ քչուոր, հազիւ 10 հոգի: Քիչ մըն ալ հոն մնացինք, բայց Մստոն կը շտապեցնէր վայրկեան առաջ դուրս գալու այդ գուբէն: Չկային ոչ Նիկոլը, ոչ Զաւրիեւը, ոչ Թադոսը եւ ոչ Խոչոները. գիտէինք որ Սերոբը մեռած է, բայց Աւտոյի մասին դեռ լուր չունէինք: Վեր կը բարձրանանք զառիվերէ մը. եթէ ցորեկ ըլլար, գուցէ չհամարձակէինք ձիերը քշել այս անդունդներու վրայով: Կը հասնինք լերան գագաթը, ուր մարդիկ կան. ոմանք միամտաբար ուրախացած` «Դուման, Խեչօ» կը կանչեն: Ես, Սուրէնը եւ Մստոն, որ հազիւ 30 քայլ հեռու էինք, հասկցանք որ մեր առջեւ թշնամին է: Անոնք ալ յանկարծակիի եկան եւ շշմեցան երբ մենք ատրճանակները քաշեցինք: Լսուեցան «Լօ, լօ Ֆետայան» գոչումները եւ հարիւրաւոր հրացաններ բացուեցան գիշերուան մութին մէջ: Մենք կը ճեղքէինք շղթան հետեւելով Մստոյին, գնդակները կու գային ամէն լողմէ, գնդակ մը դպաւ ձիուս պուտին, ուրիշ մըն ալ Առաքելի ձիուն, որ ետեւի ոտքերուն վրայ բարձրացաւ եւ գետին ինկաւ Առաքելի հետ: Ան իմ առջեւն էր, քիչ մը կանգ առի, Առաքելը բռնեց իմ ձիուս պոչէն եւ նորէն սրընթաց առաջ անցանք ու հասանք տղոց. թշնամիէն բաւական հեռու էինք արդէն: Առաքելը բարձրացաւ ձիուս քամակը: Մստոն առջեւէն, Սարգիսը կողքիս, առաջ կ’երթայինք: Յանկարծ երկու Խեչոները հրաշքի նման դուրս եկան մեր առջեւ. նախ կարծեցինք թէ թշնամի են եւ ուզեցինք կրակել, բայց Սարբազի ձայնէն ճանչցանք զինքը: Խեչոները միացան եւ շարունակեցինք մեր ճանապարհը:
Կը նկատենք, որ ստուերի մէջ սեւին կու տան ինչ որ շարժումներ: Թշնամի պիտի լինի: Ձայներս կտրած կ’երթայինք դէպի ստուերը: Երբ կը մօտենանք, կը հարցնեն մեզ թուրքերէն թէ ովքե՞ր ենք: Մենք կը պատասխանենք քրտերէն: Զգուշացան կրակելէ, իսկ երբ 200 քայլ հեռացանք, համազարկ բացին մեր վրայ: Այդ վայրկեանին կ’անցնէինք առուի մը վրայով: Երբ ձիս ցատկեց, Առաքելը վար ինկաւ` զիս ալ քաշելով իր ետեւէն, բայց ես ամուր բռնած էի ձիուս բաշէն եւ կախուած կը մնայի օդին մէջ` գլուխս ներքեւ եւ ոտքերս վերեւ: Իմ հրացանս ձեռքէս ինկած էր գետին: Տեսայ, որ Առաքելը մօտեցաւ ինծի, բայց փոխանակ զիս բարձրացնելու եւ դնելու իմ ձիու մէջքին, վերցուց իմ հրացանը եւ հեռացաւ, թողնելով զիս կախուած: Ձիս գլուխը դարձուց դէպի թշնամին եւ այն կողմը կ’երթար: Գնդակները կը սուրան: Ես յուսահատ «Առաքել» կը պոռամ: Յանկարծ ձիաւոր մը կը յասնի ինծի եւ, գետին ցատկելով, զիս կը շտկէ իմ ձիու վրայ, թշնամիին աչքին առջեւ: Մենք կը սլանանք դէպի ընկերները, որոնք մեզ կը սպսաեն, դանդաղցնելով իրենց ընթացքը: Այդ ձիաւորը Սարբազ Խեչոն էր:
Մեր փոքրիկ խումբը կ’ուզէ առաջ շարժուիլ. «Առաքելը կրնայ թշնամու ձեռքը իյնալ», կ’ըսեմ ընկերներուս եւ կ’առաջարկեմ սպասել: Այդ վայրկեանին յանկարծ կը տեսնեմ Առաքելը` նստած Սարգիսի գաւակին: Զարմանքս եւ ցասումս իրար խառնած` մի գէշ հայհոյանք կու տամ եւ, ատրճանակս հանած` կը պոռամ անոր վրայ.
- Քու հրացանը կորսնցուցած իմս կ’առնես եւ ինծի ձգած Սարգիսի գաւակը կ’ելլես: Տո՛ւր իմ հրացանս եւ իջիր ձիէն, եթէ ոչ շան սատակ կ’ընեմ:
Առաքելը խեղճացած, հրացանս ինձ տուաւ, բայց չիջաւ ձիէն, Սարգիսն արգիլեց: Սարբազ Խեչոն այս աղմուկին վրայ մօտեցաւ մեզ, ըսելով, որ յետոյ կը տեսնենք այդ խնդիրը:
Մստոն առաջ ձգած` ձիերու ընթացքը արագացուցինք, կրակի ու գնդակի տակ, եւ առաջ շարժուեցանք:
Մեր առաջ շներու հաջոց եւ մարդոց գոռում-գոչում կը լսուէին: Մենք կ’եևթայինք ճամբով մը որ կը տանէր Կոթուր, որով արդէն անցած էինք Թուրքաց սահմանը եւ մտած Պարսկաստան: Հոն մտնելն ալ վտանգաւոր էր, ուստի լեռ մը կը բարձրանանք եւ կը շարունակենք ձիերը քշել ամենայն արագութեամբ, եւ մինչեւ լուսնալը այդպէս կը քշենք եւ կը հասնինք մի այլ լերան կատարը: Մստոն կը կանգնի եւ մեզ կը յայտնէ, որ այլեւս վտանգն անցած է: Իմ ձին քրտինքի եւ արիւնի մէջ կը լողայ, եւ իմ սիրտը շատ ու շատ կը ցաւէր անոր համար: Բաց վէրքին կը նայէի եւ աչքիս առջեւ կու գային Սերոբի ծակուած քունքերը, Առաքելի արաձնացած ձին, որ գետին տապալեցաւ, եւ ինքն` Առաքելը, որ իմ ձիու պոչը բռնած էր եւ կը վազէինք կրակներու մէջ: Յիշեցի զիս այս վիրաւոր ձիու թամբէն կախուած, ոտքերս վերեւ, գլուխս ներքեւ, կ’երթայի դէպի թշնամին եւ, վերջապէս իմ փրկութիւնս, Սարբազ Խեչոյի շնորհիւ: Այս իրականութեանց կրկնութիւնը ինձ չափազանց յուզեց: Ես ձգեցի ձիս եւ գացի դէպի տղաները: Անոնք նստած հաց կ’ուտէին, իսկ Առաքելը գլուխը ձեռներու մէջ ատած` կը մտածէր: Կատաղած` անոր այնպիսի լիրբ հայհոյանք մը տուի, որ բնաւ բերանս չէր առած:

Շար.91

Wednesday, April 28, 2010

-Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 90 - Ռուբէն

- Տեսէք, այս վայրենին ինչպէ՛ս կը քնէ ջուրերու մէջ, ըսաւ Զաւրիեւը:
Բայց այնքան յոգնած էինք, որ թէեւ ձիւնի ջուրը մեր տակն էր բռնած, մենք եւս ստացանք:
Կէսօր չեղած` մեզ արթնցուցին: Ելանք դիրքերը բռնելու, միւսները վար իջան հանգստանալու: Հեռու գիւղերու ոչխարները մօտեցան մեզ. հովիւը վախցած ուզեց փախչիլ, երբ մեզ տեսաւ, բայց մենք հանգստացուցինք զինքը:
Դեռ մութը չէր ինկած երբ նորէն նստեցանք ձիերը եւ շարունակեցինք մեր ճամբան, թէեւ քիւրտ Մստոն մեզ զգուշացուց որ միւս օր կռիւ կը լինի եթէ այժմ առաջ երթանք: «Էշ նստելը մէկ ամօթ, իջնելը երկու», ըսաւ Նիկոլը եւ հրամայեց առաջ շարժիլ նոյն լռութեամբ ու կարգով:
Շուտով կը մօտենանք սահմանին: Լեռներէն կ’իջնենք անդուդը. կ’անցնինք կածաններով, ուր մարդիկ ձիերով դժուարութեամբ կը շարժուին: Բարեբախտաբար ոչ ոք անդունդը ինկաւ, միայն Սերոբն էր կարծեմ, որ հազիւ ազատեցաւ Սարբազ Խեչոյի շնորհիւ: Երբ սահմանային պահակներու մօտերքը հասանք, Նիկոլը հրամայեց հրացանները պատրաստ պահել եւ ձիերէն վար իջնել: Ձիերու բաշերէն բռնած ժայռերու միջով վեր կը բարձրանանք: Հեռուէն ձայներ եւ շներու հաջոց կը լսուի. մենք կը շեղուինք դէպի աջ ու ձախ` այդ ձայներուն համեմատ, կը բարձրանանք լեռը, նորէն կ’իջնենք մինչեւ որ կը հասնինք ամենաբարձր գագաթը, որու լանջերով սրընթաց կ’երթանք: Կը լսուի հրացանի մէկ երկու ձայն: Արդեօք մեզ նկատա՞ծ են թէ պատահմունք է:
Մենք կը շարունակենք մեր ճամբան խոր ձորի միջով, որը երկուսի կը ճիւղաւորուի: Անոնցմէ մէկուն մէջ դադար կ’առնենք ու կը տեղաւորենք մեր ձիերը: Արշալոյս է արդէն: Վեց դիրք ենք բռնած, ամենէն բարձր դիրքին մէջ կը գտնուի Նիկոլը. ինձ բաժին է ինկած պաշտպանել ձորի բերանը Գրիշի եւ Սուրէնի հետ: Մեր դիմացն են Շամախեցի Սերոբը, Սարբազ Խեչոն եւ փոքրիկ Սարգիսը. անոնցմէ վերեւ դիրք բռնած են Դաշնակցական Խեչոն, Առաքելը եւ երրորդ զինուոր մը, Աւտոն ու Խոյեցի Խեչոն, իսկ անոնցմէ բարձր Նիկոլը, Մստոն, Բժ. Զաւրիեւը եւ Թադոսը:
Կողքիս կախած խանչալի փոխարէն ունէի փոքրիկ զինուորական բահ մը: Ուզեցի օգտուիլ զինուորական դասէս, քնելէս առաջ ինձ համար խրամատ մը փորեցի, որ պառկելու յարմար դիրք մը եղաւ: Բահէս օգտուեցան Գրիշան եւ Սուրէնը եւս: Ժամ մը ետք մենք արդէն պատրաստ էինք քնանալու: Գրիշը հսկեց, իսկ երկուքս քնացանք:
Երբ Գրիշը արթնցուց մեզ, տեսանք մեր դիմաց, ժայռերու մէջ մարդիկ, ձիաւորներ, առաջ եկող խումբեր. սրտատրոփ կը սպասէինք թէ ինչ պիտի լինի: Դժուար է բացատրել այն տարօրինակ յուզումը, զոր մարդ կ’ունենայ առաջին անգամ, թշնամիէն պաշարուած ըլլալու ատեն: Կուրծքդ հեւ ի հեւ կ’ելլէ կ’իջնէ, կ’ուզես վայրկեան առաջ վազել եւ խփել կամ խփուիլ. բայց Նիկոլէն հրաման չկար, թէեւ թշնամին արդէն 400-200 քայլի վրայ էր մեր դիրքէն: Վերջապէս վերեւէն լսուեցաւ քրտերու աղմուկը եւ համազարկեր տեղացին: Չորս կողմէն սկսան գործել հրացանները, կը գործէր նաեւ իմ հրացանը: Աւելի հանգիստ դարձայ, կարծես հոգիիս յուզումը գնաց առաջին գնդակին հետ:
Կռիւը սաստիկ տաքցաւ մեր եւ Սարբազ Խեչոյի դիրքերուն առջեւ: Թշնամին կ’ուզէր մեզ ոչնչացնել` գրաւելու համար մեր դիրքերը, որպէսզի կարենայ մտնել ձորը եւ խլել մեր ձիերը: Թշնամին լեռներէն վար կը թափուէր եւ արդէն 100 քայլի վրայ էր. անոնցմէ ոմանք մեր ձիերուն մօտեցած են, ոմանք ալ մեր քարերուն տակն են: Սուրէնը կը հանէ իր տասնոցը, դուրս կը թռչի իր խրամատէն եւ գնդակներով կը փախցնէ մեզ մօտեցած քրտերը: Մեր բոլոր դիրքերէն կատաղի կրակ կը տեղայ յարձակողներուն վրայ, որոնք ետ կը քաշուին` ձորի միւս երեսը, կը շարունակեն կրակել քարերու ետեւէն: Կը թուի թէ վախցած են. մենք մեզ յաղթող կը զգանք. Գրիշան երգել կը սկսի եւ բոլորս ալ կը ձայնակցինք: Երգը մեր դիրքէն կ’անցնի վերեւի դիրքերը: Սակայն Սերոբի կողմէն երգի ձայն չենք լսեր. անոր քունքին գնդակ է դպած, եւ քարին յենուած, հրացանը բռնած ուղիղ, այդպէս ալ մնացած է, կարծես ողջ է: Այդ դիրքով մեռնիլը մեզ օգտակար էր , որովհետեւ թշնամին շարունակ նշան կը բռնէր անոր վրայ եւ կը զարմանար որ վար չէր իյնար: Բազմաթիւ գնդակներ կը դպչին անոր, բայց ապարդիւն: Թշնամիի ուշադրութիւնը կը սեւեռուի անոր վրայ:
Կէսօրէ ետք նորէն մէկ ուժեղ յարձակում եղաւ մեր դիրքերուն վրայ, բայց որովհետեւ վերեւի դիրքրեը խիստ համազարկերով չէին թողեր որ թշնամին մօտենայ մեր դիրքերուն, այս յարձակումն ալ անյաջող անցաւ: Կարողացան միայն երկու ձի խլել մեզմէ: Ժամը 3ին, զինուորական փողեր հնչեցին. մեր վերեւի դիրքրեը դժոխային կրակ կու տային, բայց մենք չէինք գիտեր թէ ինչ կը կատարուի հոն, եւ այդ վախ կը պատճառէր մեզ: Աւտոն եկաւ անցաւ մեր մօտով ջուր տանելու. անկէ հասկցանք որ հոն կռիւ կայ: «Բայց ոչինչ չկայ», աւելցուց ան: Մոսին հրացաններու ձայնը մեզ կը մխիթարէր. գիտէինք որ մերոնք դեռ ողջ են եւ որ մենք պիտի յաղթենք: Մերոնք վարջապէս կը կանգնեցնեն թշնամիին կատաղի յարձակումը բայց խեղճ Աւտոն, որ ուզած էր մեզ հանգստացնել, վերադարձին կ’իյնայ Նիկոլի դիրքին մէջ, Զաւրիեւի կողքին, մահացու գնդակ մը առնելով իր կողքէն:

Շար.90

Tuesday, April 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 89 -Ռուբէն

- Այս կռուի համար չարժէ ձեզ զոհել. դուք դեռ ջահէլ էք եւ ապագային դեռ մենք պէտք պիտի ունենանք ձեզ պէս ուսանողներուն:
Սարգիսը, որ յեղափոխական աւելի մեծ ցենզ ունէր եւ Ժընեւի համալասարանէն էր, համարձակօրէն ըսաւ Նիկոլին.
- Դա ի՛նչ չափանիշ է. մի՞թէ Բժ. Զաւրիեւը ինձնից աւելի դիմացկուն է եւ կամ ապա•այի համար անպէտք. ինչո±ւ նրան կ’առնես խմբիդ մէջ:
- Դու մոռանում ես, Սար•իս ջան, պատասխանեց Նիկոլը, որ եթէ նա սպաննուի, գոնէ մարդիկ պիտի զգաստանան նրա մահով. իսկ ձեր մահովը ի՞նչ պիտի շահիք:
Այս խօսակցութիւնը տեղի կ’ունենար խեղճ բժիշկի ներկայութեան եւ ան ծիծաղելով կ’ըսէր ռուսերէն.
- Տես, տես թէ ինչպիսի հաշիւներ կ’ընէ:
Ես կը բացատրեմ, որ ռումբեր շինելու եւ լեցնելու իբրեւ մասնագէտ` իմ ներկայութիւնը անհարժեշտ է, քանի որ ինձմէ զատ միայն Սարգիսն է, որ այդ գործէն կը հասկնայ: Ատկէ զատ ես ռուսական բանակի սպայ եմ, հետեւաբար կարող եմ օգտակար լինել: Վերջապէս Նիկոլը կը կակզի ու կը համաձայնի վերցնել մեզ մինչեւ Վան:

¢¢¢

Միւս օրը ճամբայ պիտի ելլենք: Գիշերը կը հաւաքուինք եկեղեցին: Տինամիթը ձեռքովս ռումբերու մէջ լեցնելու ատեն թունաւորուած էի. գլուխս կը ցաւէր, սիրտս կը խառնուէր, բայց կը վախնայի ինքզինքիս հիւանդ ցոյց տալ: Սարգիսը նկատեց, բայց իմ խնդրանքիս վրայ` լուռ մնաց: Սամսոնը եւս նկատեց որ դեղնած էի, բայց ես իրեն բացատրեցի թէ իմ բնական գոյնն է այդ:
Դրօշակ էր դրուած սեղանի վրայ, Դաշնակցութեան զինանշանը, խաչ, Աւետարանը, հրացանը եւ սուրը վրան: Աղօթք կ’ընեն, Սարգիսը ճառ կը խօսի, կը խօսի նաեւ Բժ. Սետփանեանը: Սեղանի շուրջը հաւաքուած ֆետայիները մտախոհ եւ տխուր կ’երեւան, անոնց ետեւ կանգնած են կիներ եւ ուրիշ մարդիկ, որոնց աչքերէն արցունքներ կը հոսին: Լուռ են բոլորը եւ կարծես իրենց հայեացքներով դէպի գերեզմանատուն կ’առաջնորդեն ֆետայիները: Թախիծով լի ֆետայիները հաղորդութեան մօտեցան. տէրտէրը ինչ որ աղօթք կարդաց, թէեւ ոչ ոք թերեւս կը լսէր զինք: Բայց անոր ձայնը գիշերուան այդ խորհրդաւոր կիսախաւարի մէջ կարծես կը տանէր մեզ դէպի ուրիշ աշխարհներ: Երկի՞նքն էր թէ Տաճկահայաստանը, որ կը քաշէր մեզ: Բոլորս ալ մէկիկ մէկէիկ համբուրեցինք Աւետարանը եւ դուրս ելանք Նիկոլի հրամանով: Նստեցանք ձիերը եւ ճամբայ ելանք:
¢¢¢
Երբ գիւղէն բաւական հեռացեր էինք, նոր միայն ես ինքզինքս գտայ եւ ուշադրութեամբ շուրջս նայեցայ: Խմբի առջեւէն կ’երթար Մստոն, անոր կողքէն անգնահատելի վանեցի Աւտոն: Երկուսն ալ քաջ ծանօթ էին այդ ճամբարներուն եւ մասնակցած էին բազմաթիւ կռիւներու: Մստոն քիւրտ էր եւ ժամանակին եղած էր մեր կատաղի հակառակորդը (ան նոյնիսկ մասնակցած էր կռիւներու Նիկոլ Դումանի դէմ), բայց այժմ նոյնքան կատաղի հակառակորդ էր թուրք կառավարութեան եւ ջերմ բարեկամ` Ֆետայիներուն:
Անոնցմէ 50-60 քայլ հեռաւորութեան վրայ կ’երթար Դաշնակցական Խեչոն, իսկ անոր ետեւէն Նիկոլը, որուն կը հետեւէին ֆետայիները զոյգ զոյգ: Ամենէն վերջը կ’երթայի ես` ռումբերը բարձած եմ թամբիս, իսկ ինձմէ ետքը ամբողջ խմբի յետսապահ Սարբազ Խեչոն:
Ճամապարհին, երբ դեռ նոր էինք Երեւանէն դուրս եկեր, Նիկոլը ինձ ըսած էր. «Ինչ որ չգիտենք, մահ է կոչւում»: Կարծես թէ ան սխալած էր: Մեր ձիերը առաջ կը սլանային դէպի անծանօթը, իսկ մեր մտքերը դէպի վաղուան անորոշութիւնը. ատոր մէջ կար խորհրդաւոր ահարկութիւն մը, որ գրաւիչ էր միաժամանակ ու արբեցնող. անծանօթը քաղցր էր ու թանգ, որքան ինքը` կեանքը: Ի՞նչ փոյթ թէ Ղալասարի մէջ մնացող կիները` արտասուքը աչքերուն` մահ կ’անուանէին այդ:
Խումբը կը շարժուէր մերթ սրընթաց, մերթ դանդաղ քայլերով, անծանօթ լեռներու եւ ձորերու միջով: Բոլորն ալ լուռ էին, խօսիլը արգիլուած էր, միայն ձիերն էին որ կը խանգարէին գիշերային լռութիւնը: Լուսաբացը մօտ էր, երբ բարձրացանք սահմանի մէկ մեծ լեռը (Արաուլն էր), որուն գոգաւոր մէկ վայրին մէջ իջանք ձիերէն: Մեր ցերեկուան կայարանն էր այդ: Արագօրէն թուլցուցինք ձիերու զոլանները (փորակապերը), քանդեցինք պոչերը, շփեցինք, վար իջեցուցինք խուրջիները, եւ ես ու ընկերս սկսանք ձիերը ման ածել, որպէսզի քրտինքները պաղին: Միւսները լռելեայն բարձրացան եւ գրաւեցին չորս դիրքեր, մեզ պահպանելու համար վերեւէն: Միայն Նիկոլն ու Զաւրիեւը` նստած խուրջիներու շեղջին մէջ` կը նիրհէին: Երբ ձիերը հանգստանան, չուաններով կապեցինք զանոնք գետնին, որ քիչ մը արածին. յետոյ խուրջիններէն փշրուած գարի տուինք անոնց: Նիկոլ առաջարկեց, որ մենք անպայման քնանանք: Մստոն արդէն անուշ կը ննջէր:

Շար.89

Monday, April 26, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-88-Ռուբէն

Մեր հասած գիւղը Սանամէրիկն էր: Անցած էինք Տղմուտի հովիտէն եւ կը գտնուէինք Զոլա չայի հովիտը, որուն ջրերը կը թափին Ուրմիոյ լիճը: Թէեւ յոգնած էի, բայց չհամբերեցի, ելայ տանիքը` տեսնելու այս նոր աշխարհը, որ առաջ Զարեւանդ, այժմ Սալմաստ կը կոչուի: Զագռոշի ծոցին սեղմուած Սալմաստ կը կոչուի: Զագռոշի ծոցին սեղմուած Սալմաստը գեղեցիկ է իր տեսքով եւ արգաւանդ գիւղերը իրարու կապուած են բարտիի ծառերով եւ պարտէզներով: Աւարայրի դաշտի պէս անապատ չէր երեւար:
Երկիրը կարծես հայու աշխարհ լինէր եւ անոր տիրապետողները` ֆետայիները: Ղալասարի կողմերէն ահա կ’երեւին երեք ձիաւորներ, որոնք զինուած օրը ցերեկով դէպի Սանամէրիկ կու գան: Ես զանոնք պետական պաշտօնեաներու տեղ կը դնեմ եւ կ’ուզեմ ներս քաշուիլ, բայց կողքիս կանգնած Սարբազ Խեչոն կը ծիծաղի եւ հեռադիտակով նայելով, կը յայտնէ որ Փոխիկը, Յակոբն ու Գդէն են ատոնք, որ դէպի մեզ կու գան: Նշաններ կ’ընէ անոնց եւ արեւէն սեւցած երեք երկաթէ մարդիկ կ’ուղղուին ուղիղ դէպի մեր տունը: Խեչոն եւ Սուրէնը, իբր հին ծանօթներ, կ’ողջագուրուին հարազատօրէն, իսկ մնացածներուս հետ` քաղաքավարօրէն: Եկողները ձիերէն իջնելով, մեր մօտ ճաշի կը մնան:
Փոխիկը իր քառակուսի հաստատուն ծնօտներով, երկար պեխերով, բազէի սուր աչքերով մէկ մէկ կը նայի ընկերներուն եւ անոնց հսկայ դէմքերէն ազդուած` բան չի գտներ ըսելու: Միայն «մաշշալահ» կ’ըսէ: Նայելով իմ «թոյսըզ» երեսիս, իմ կորացած մէջքիս (ճամբորդութենէն վէրք առած էի մէջքս ծեծող չորս հրացաններէն), մռայլ դէմք մը առնելով կը դառնայ Սարբազ Խեչոյին.
- Աս եղա՞ւ. մենք երեքով գնացինք Նիկոլին, խնդրեցինք որ իրեն միանանք Երկիր անցնելու համար: Լայըզ (արժանի) չարեց, ըսաւ թէ քեզ պէսներ շատ կան Երկրին մէջ, դուք անպէտք էք. եւ չընդունեց մեզ: Արդա՞ր է, որ այս մի բուռը տղան արժանի լինի Երկիր գնալու, իսկ մենք Երկիրի զաւակ, արիւն թափած` անարժան լինինք: Ան կը նայէր ինծի եւ շատ բարկացած էր:
- Սասդ (ձայնդ) կտրէ՛, մէջ ընկաւ Դաշնակցական Խեչոն, քու փորու ցաւը քեզի պահէ, այս մէկ բուռն տղան քեզ ու քու ընկերները կը կշռէ:
Ես լռեցի եւ վերջը հասկցայ հարցի էութիւնը: Սարբազը սուաղեց (կոծկեց) վէճը եւ հարցը փակուեցաւ առանց կռուի:

¢¢¢

Սանամէրիկէն երեկոյեան ճամբայ ընկանք դէպի Փայաջուկ գիւղը, ուր հասանք մէկ ժամէն եւ ինձ ու Դաշնակցական Խեչոն տեղաւորեցին Մանասէրեան տունը: Խեչոն ծանօթ էր այդ տանը:
- Կարապետ, այս «ինտելիկինտոյի» մէջքը պիտի բժշկես բմբուլ անկողով. մէջքը վիրաւորած է կակուղ գօտի կապած չլինելուն համար:
Մանասէրեան ընտանիքը շատ հարուստ էր: Նրանց տունը շէն էր եւ նոյն ատեն` կայան ինչպէս Ֆետայիներու, նոյնպէս եւ վարժապետներու: Հոն մեզ տեսութեան եկան Արմենակ Աֆտանտիլեանը (որին Թաւրիզ հետագային թելադրեցի այս յիշողութիւնները), Գասպար Յակոբեանը եւ Երուանդ Ֆրանկեանը, որոնք վարժապետներ էին այդ գիւղը: Ամբողջ գիշերը անցաւ քէֆով եւ ուտել-խմելով: Այդ ատեն ոչ մէկուս մտքով կ’անցնէր, որ հետագային պիտի հանդիպէինք նորէն եւ մտերմանայինք:
Քանի մը օրէն, երբ արդէն կազդուրուած էի, մեզի հրաման եղաւ անցնիլ Ղալասար, որ Փայաջուկին շատ մօտ էր եւ իր այգիներով անոր գրեթէ կցուած:

¢¢¢
Մեր կեդրոնը Ղալասարան էր, ուր կ’ապրէին Նիկոլը. մեզ կանչեցին հոն: Սամսոնը, որ Սալմաստի Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր, ընդունեց մեզ որպէս իր վաղեմի ծանօթները:
Նիկոլը այդ օրը վերջնական քննութեան պիտի ենթարկէր իր զինուորներոը: Ես եւ Կոլոտ Սարգիսը նկատուեցանք անպէտք, իբրեւ թոյլ կազմուածքի տէր մարդիկ: Մեր վիշտը անսահման էր, մենք վիրաւորուած էինք ու կ’անիծէինք մեր ծնողները, որ մեզ քիչ մը աւելի յաղթանդամ եւ առողջ չէին ստեղծած: Ընտրեալները կ’երթային հրացանաձգութեան փորձի, մենք կը հետեւէինք անոնց` տխուր ու տրտում: Երբ բոլորը վերջացուցած էին 400 քայլի վրայ նշան առնելը, ես ալ խնդրեցի որ ինձ թոյլ տան փորձ ընել: Բոլորն ալ ապշած մնացին, որ Նիկոլէն ալ լաւ եւ միայն Սարբազ Խեչոյէն աւելի վատ նշան խփեցի եւ բոլոր զինուորներու մէջ երկրորդ տեղը բռնեցի: Երկու Խեչոները մինջնորդեցին ինձ եւ Սարգիսի համար, բայց Նիկոլ գուրգուրանքով շոյեց մեր ուսերը եւ ըսաւ.
- Ախր, այ տղերք, դուք դեռ ջահէլ էք, ուսանող էք, ինչո՞ւ կ’ուզէք մեռնիլ մէկ փորձի համար:
Մենք նորէն խնդրեցինք Նիկոլէն, աշխատելով համոզել զինքը, ասելով որ դիմացկուն ենք. բայց անկարելի եղաւ:

Շար.88

Sunday, April 25, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -87-Ռուբէն

Մեր կայանին մէջ կար նաեւ երկրորդ եւ փոքրիկ խմբակցութիւն մըն ալ: Ասոնք ինձ նման նոր եկածներ էին Պարսկաստան: Ռուս բանակի մէջ գտնուած եւ աստիճան առած` ասոնք այնուհետեւ Բագուի մէջ աշխատանքի լծուած էին, մէկ կողմէ` իրենց ապրուստը ապահովելու եւ միւս կողմէ` կուսակցական դաստիարակութիւն առնելու: Այս խումբէն ամենէն հսկան` իր մարմնով` կը կոչուէր Աստուր, երկրորդին անունն էր Առաքել, միւսները` Սերոբ, մէկ ուրիշ ալ կը կրէր Չալփափախ անունը (իսկական անունը բնաւ չհասկցայ): Ասոնց տարբերութիւնը միւսներէն այն էր, որ ուտելիքի լաւն ու վատը կը ճանչնային, եւ Սարբազ Խեչոյի արկածները չունենալով` կը պատմէին Բագուայ բանուորական ցոյցերէն եւ «կոտէյլնի մաստէրութեան» չաղ ռոճիկներէն: Դժգոհ էին, որ զիրենք անմիջապէս կռուի մէջ չեն ձգած եւ կը սպասցնեն զուր տեղը: Այդ անհամբերութիւնը զուր չէր գար «հոգեբան» Կոստիին, որ կ’ըսէր.
- Սերոբ, Սերոբ, ո՞ւր կը շտապիս, ինչո՞ւ կը շտապիս, կամաց կամաց կ’երթաս, երկար կ’երթաս, իսկ շտապիս` կարճ կ’երթաս:
Շտապող հոգիները զբաղցնելու կարճ ճանապարհը գտել էր Դաշնակցական Խեչոն, որ իր անսպառ կատակներով, երգերով, ոչ ոքի ժամանակ չէր տար մտածելու: Ժամանցը կը դարձնէր այնքան գրաւիչ որ կարծես գիտնալը աւելորդ էր, իսկ դատելը` յանցանք:
- Ես լուրջ բաներու հետ գլուխ չունիմ, կ’ըսէր ան եւ ապա կ’աւելցնէր, - մենք ճամբու վրայ ենք, հանած-վարած մարդու պէս տեղ հասնինք` նոր կը մտածենք, եթէ չհասնինք` ամէն ինչ աւելորդ է:
Այսպէս կը փակէր ան խնդիրները: Մեր խումբը քէֆի մէջ կարծես լինէր, ամէնքս զբաղուած էինք երգով, առակով, ծիծաղով եւ զեւզեկութեամբ: Կարծես երկնքի թռչուններ լինէինք:

¢¢¢

Մի օր Դաշնակցական Խեչոն հեռագիր մը ստացաւ. դէմքը շատ լրջացաւ, այլեւս նախկին Խեչոն չէր: Բոլորն ալ անոր երեսին կը նայէին եւ լռելեայն ոտքի ելան: Եւ Խեչոն սկսաւ հրամաններ տալ.
Մինչեւ երեկոյ պատրաստ պիտի լինիք. դուք` Առաքել եւ Սերոբ ձիերուն կը նայէք. դու, դառնալով ինձ, փամփուշտները կը հաշուես ու կտ բաժնես ձիերու վրայ եւ խուրջիները լաւ կը կարես. իսկ Սարբազ Խեչոն դրսի գործերը կը կատարէ:
Բոլորս ալ կ’ըսենք` «լսում ենք» եւ դուրս կու գանք սենեակէն: Այդ ժամանակ միայն հասկցայ, որ մեր մեծաւորը Խեչոն էր եւ բոլորս ալ անոր հլու հնազանդ կամակատարներ էինք:
Երեկոյ է. դուրս կը քաշենք ձիերը եւ հերթով մէկ շարքի վրայ կը կանգնինք` ձիերու սանձերէն բռնած. լուռ դուրս կու գայ Խեչոն եւ բոլորս ալ անձայն բարեւի կը կենանք: Ան կը մօտենայ ամէն մէկուս, կը նայի մեր շորերուն, մեր հրացաններուն, ձիերուն, Սարբազ Խեչոյի ականջին բան մը կը փսփսայ եւ կը նստի իր ձին, հրամայելով` «նստեցէ՛ք»: Բոլորս ալ միաժամանակ կը նստինք մեր ձիերը եւ կը շարժուինք բաժան բաժան, որոշ տարածութեան վրայ: Առջեւէն կ’երթայ Սարբազ Խեչոն. անկէ յիսուն քայլ ետքը Դաշնակցական Խեչոն, իսկ մենք կ’երթանք անոր ետեւէն, զոյգ զոյգ եւ դանդաղ քայլերով: Երբ դուրս կու գանք քաղաքէն, կը քշենք մեր ձիերը եւ այսպէս ժամերով անխօս կ’երթանք մթութեան մէջ: Կը մօտենամ կողքինիս, կը հարցնեմ թէ ո՞ւր կ’երթանք:
- Կարծեմ Սալմաստ, կը լինի պատասխանը:
Բարձր կիրճ մըն է մեր առջեը. Սարբազ Խեչոն կը քաշէ ձիու սանձը եւ բան մը կ’ըսէ Դաշնակցական Խեչոյին, որ, դառնալով մեզ, կը հրամայէ` «պատրա՛ստ»: Իսկոյն հրացաններ կ’իջնեն մեր մէջքերէն եւ փամփուշտներ կը լեցուին: Ձիերը կը շարժին դանդաղ, իսկ Սարբազ Խեչոն մէկու մը հետ կը բարձրանայ լեռն ի վեր: Անոնք շատ հեռացած էին մեզմէ, երբ յանկարծ աղմուկ կը լսենք: Սրնթաց կը քշենք ձիերը եւ կը հասնինք խումբի մը, որ տասնէ աւելի մարդոցմէ բաղկացած էր: Ճանապարհները պահողներն էին, որ յանարծակիի եկած էին: Մենք կ’անցնինք, առանց կանգ առնելու, միայն Սարբազ Խեչոն է, որ անոնց հետ խոշ-պէշ (բարեւ եւ անուշ խօսքեր փոխանցել) կ’ընէ եւ խուրջինէն արազը հանելով` կը հրամցնէ անոնց: Պահակները կը վախնային ֆետայիներէն, Սարբազ Խեչոյէն ուղղակի կը սարսափէին, իսկ ան ահա ելեր արազ կը հրամցնէ: Քիչ մը կը սպասենք բարձունքի մը վրայ եւ երբ Սարբազ Խեչոն կը հասնի մեզ, առաջ կը քշենք ձիերը, որպէսզի դեռ լոյսը չբացուած` հասնինք Սալմաստ:
Յոգնեցուցիչ էր ճանապարհը. կ’երթայինք անընդհատ, 10 ժամ, առանց ձիերէն վար իջնելու: Երբ կը հասնինք գիւղ մը եւ ես մեռելի նման վար կ’իջնեմ ձիէն, կը նկատեմ որ միւսները յոգնութեան ոչ մէկ նշան ցոյց կու տաս:
- Լաւ դու գնա՛ պառկէ, ես քու ձին կը նայեմ, կ’ըսէր Խեչոն, առանց որ ես խնդրեմ այդ իրմէ:

Շար.87

«Նշանակ»ի հա սցէի փոփոխութիւնեւ հակիրճ տեղեկութիւն անոր մէկ տարուան գործունէութեան

23 Ապրիլ 2010

Սիրելի ընթերցողներ,

Կամքէ անկախ պատճառներով ,վերջին տաս օրերուն , «Նշանակ» ի համացանցային կապը որոշ դժուարութեանց հանդիպեցաւ ,որով ստիպուած եղանք dot com էն անցնելու dot net ի: Այսուհետեւ «Նշանակ» ի նոր հասցէն է՝
www.nshanag.com
Ամսոյս 29 ին կայքէջը պիտի բոլորէ իր մէկ տարին: Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը տեղեկութիւններ անցնող մէկ տարուան գործունէութեան մասին.

Կարդացուած Էջեր, Pages Read : 19000 էջ
Այցելողներ, Visitors : 7600 այցելու

Շօշափուած Նիւթեր.

Ազգային եւ կրօնական մտահոգութիւններ ՝ 25 Նիւթ
Առողջապահական եւ Կանացի՝ 32
Կրաթա -դաստիարակչական /գրական/ պատմագիտական /գեղարուեստ՝ 78
Ճանչնանք Հայ Մեծեր՝ 45
Թերթօն՝ 185
Վկայութիւններ՝ 14
Հայ կնոջ տարի՝ 13
Տխրունի՝ 4
Զանազանք՝ 38
Գումար՝ 434 նիւթ : Միջին հաշուվ օրական 1.25 նիւթ

Կայքէջ այցելողները եղած են հետեւեալ երկիրներէն՝

Հայաստան, ԱՄԷ , Լիբանան, Սուրիա, Թուրքիա, Պարսկաստան, Կիպրոս, Մարոք,Եգիպտոս,Վրաստան,Ռուսիա,Ուքրանիա,Պելարուսիա,Ֆրանսա, Գերմանիա ,Անգլիա,Շուէտ,Պելճիքա,Իտալիա, Հոլանտա, Յունաստան, ԱՄՆ, Քանատա, Ուրուկուէյ, Պրազիլ , Արժանթին , Չինաստան, Աւստրալիա, Սինկափուր, Հարաւային Ափրիկէ :

Կայքէջի անընդմէջ զարգացման համար խմբագրութիւնս շնորհակալական յատուկ խօսք ունի հետեւեալ անձերուն եւ հաստատութեանց ,որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ նեցուկ կանգնեցան որպէս խորհրդատու, կազմակերպիչ, յօդուածագիր :

ԱՆՁԻՔ.

ԷՐԻՔ ԶՕՀՐԱՊ,ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼՄԱՃԵԱՆ,ՄԱՐԱԼ ՏԻՔՓԻՔԵԱՆ .ՏԱԹԵՒ ՍՈՒԼԵԱՆ,ԿԱՅԱՆԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ,ՀՐԱՉ ՔԱԼՍԱՀԱԿԵԱՆ,ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ,ԳՈՀԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ,ՃՈՒԼԻԷԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆ,ԱՄԱԼԻԱ ՔՈՉԱՐԵԱՆ, ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶ,ՎԱՀԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ,ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ,ՍԱՐԳԻՍ ՔԷԼԽԱՉԵՐԵԱՆ,ՎՐԷԺ ԹՈՒՐԵԱՆ,ՏԱԼԻՏԱ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ,ՄԱՐՕ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ,ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ,ՀՐԱՉ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ,ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ,ՅԱՐՈՒԹ ԱՐՄԷՆԵԱՆ,ՏԷՐ ԱՐԱՄ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ,ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՕ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆՆԵՐ, ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ,ԱՐԻՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ,ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ՕՆՆԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ,ՌԻԹԱ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ,ՀԱՅՐ ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՔԷՇԻՇԵԱՆ , ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ :

ԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԿԱՅՔԷՋՆԵՐ .
«ԱԶԴԱԿ»,«ԱՌԱՒՕՏ»,.ԶԱՐԹՕՆՔ»,«ԱՍՊԱՐԷԶ»,«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»,«ԱԶԱՏ ՀԱՅ», «ՔԵՍԱՊՑԻՆԵՐ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՄԱՐ»,

Յատուկ շնորհակալութիւն ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՀԵՏԵՒԵՑԱՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ԵՒ Ի ԴԵՐԵՒ ՉՀԱՆԵՑԻՆ «ՆՇԱՆԱԿ» Ի ՃԻԳԸ , ՈՐՆ Է ԹԱՍ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ՋՈՒՐ ԼԵՑՆԵԼ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՋՐԱՂԱՑԻՆ:

Ինչպէս շատեր տեղեակ են , «Նշանակ»ի խմբագրութիւնը , ինչպէս կ՜ըսեն անգլերէնով՝ One Man Show է: Պիտի փորձենք մարմին տալ խմբագրական կորիզի մը : Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մաս կազմել խմբագրութեան թող բարեհաճին կապ հաստատել , email ուղարկելով՝ nshanag@gmail.com հասցէին :

Շնորհակալութիւն եւ բարի երթ բոլորիս:

«Նշանակ»

www.nshanag.net

Friday, April 16, 2010

ԾՈՎԱՅԻՆ ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԷՈՒԹԻՒՆԸ - ՄԱՐՕ ԳԸՎԸՐԵԱՆ - ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

Առողջ ապրելու արուեստը

Ծովային Բոյսերու Էութիւնը

Ովկիանոսի բանջարեղէնները հանքային եւ սննդանիւթերու դրամատուներն են. այնքան հարուստ են սննդանիւթերու բազմութեամբ որ կը գլեն կ’անցնին հողի վրայ բուսող ուտելիքները: Բարձր քանակով կրածին եւ երկաթ ունենալով, կը հայթայթեն նաեւ B սննդանիւթը, ներառեալ B12 սննդանիւթը, A սննդանիւթը, potassium, magnesium, phosphorus եւ iodine:
Ովկիանոսի յատակը այս արժէքաւոր բոյսերով հարուստ է, անոնք կը պարունակեն trace minerals, selenium, zinc, copper, rubidium, nickel եւ molybdenum: Ասոնց հակապատկեր՝ հողի վրայ բուսող բանջարեղէններու մէջ ներկայիս կը պակսին այս տարրերը, որոնք այնքան անհրաժեշտ են մեր առողջութեան համար, այս ալ կը պարտինք արդի երկրագործական մեթոտներու որոնք կը պարպեն հողը կենսանիւթերէ:
Մեր ապականած կորիզային դարու մէջ, կարեւոր է գիտնալ որ մութ գոյնով ծովային բոյսերը (komlu, wakame, arame, hizik) կը պարունակեն alginic acide-ը որ radio active շողարձակ նիւթերը եւ ծանր մետաղները մարմինէն դուրս կ’արտաքսէ:
Ծովային բոյսերը կը հանդարտեցնեն ներքին յոյզերը (emotions) երբ քիչ քանակով կ’ուտենք որոշ ատեն մը: Գերաշխոյժ փոքրեր կ’օգտուին ասոնցմէ, նաեւ կը թուլացնեն (relaxation) կարծր բնաւորութիւնը stress-ներու դիմադրողականութիւնը կը զօրացնեն:

Ծովային բոյսերը կրածինի եւ երկաթի աղբիւր են:
1/4 գաւաթ եփուած Hiziki-ն 152.6 mg. կրածին ունի եւ 3.16 mg. երկաթ:
1/4 գաւաթ եփուած wakame- (եփուած) 130 mg. կրածին եւ 1.3 mg. երկաթ:
1/4 գաւաթ եփուած Komlu-ն կը պարունակէ 7.6 կրածին եւ 0.9 երկաթ:
1/2 գաւաթ եփուած կանաչ կաղամբը 145 mg. կրածին եւ 0.6 երկաթ:
1/2 գաւաթ եփուած broccoli-ն, 68 mg. կրածին եւ 1.7 mg. երկաթ ունի:
1 գաւաթ կաթը կը պարունակէ 288 mg. կրածին եւ 0.1 mg. երկաթ կը պարունակէ:

Ըստ RDA-ի (Recommended daily allowances) օրական մեզի պէտք է 800-1200 mg. կրածին ու 12-18 mg. երկաթ:
Կաթին հաւասարելու համար, ծովային բոյսերու հետ ուտել, գոց գոյնով կանաչեղէններ եւ նման ուտելիքներ որոնք քիչ կրածին կը պարունակեն:
Կրածինի մասին հակաճառութիւններ կան: Որքա՞ն կրածինի պէտք ունինք: Գիտական միջավայրի մէջ կարծիքները բազմազան են:
Չափահաս մարդոց համար Ամերիկեան RDA-ին օրական 800 mg. կը յանձնարարէ, իսկ world health association-ը 600 mg. այն մտահոգութեամբ որ ամէն մարդ նոյն չափով կրածին չի կրնար իւրացնել:
Գիտական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն թէ այն նախնիները, որոնք բուսակեր եղած են, զօրաւոր ոսկորներ եւ տոկուն ատամներ ունեցած են (Diet & Nutrition , by Rudolf Ballentine):
Մարզանքի կամ ֆիզիքական աշխատանքի պակասը, կենդանական ուտելիքներու սպառումը (soda pop), կը պարպեն մարմնին calcium-ի մթերքը: Ասկէ դուրս նաեւ, կրնայ ըլլալ որ stress-ով լեցուն կեանքի ոճը արգելք կ’ըլլայ որ ուտելիքէն եկած բաւարարար կրածին չկարենանք ներծծել:
Եթէ կարենանք պարզ կեանք մը վարել եւ միեւնոյն ատեն ուտել ուտելիքներ որոք չեն յոգնեցներ մեր մարմինը եւ որոնք լեցուն են կրածինով, սննդանիւթերով (վիթամին) եւ հանքային բոյսերով,քաջալերած կ՜ըլլանք սննդանիւթեր ներծծելու մեր կարողութիւնը:
Մարնին կրածինի մթերքը կը սպառի Soda pop խմելով, միսի, պանիրի, կաթի սպառումը չափազանցելով եւ մարզանք չընելով:
Ծովային բոյսերու գործածութեամբ կը վերափոխարինենք կորսուած կրածինը :

Մարօ Գ. Նիկողոսեան

Thursday, April 15, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 86 -Ռուբէն

Հետաքրքրական դէմք մըն էր, Խոյի մէջ, Տէր Չարւատարը, որուն Յակոբ եւ Մկրտիչ անուններն ալ կու տային: Ան արդէն երիտասարդ չէր, զինքը կը համարէր Յեղափոխութեան հիմնադիրներէն, կուսակցութիւններու կազմուելէն ալ առաջ: Կ’ըսէր, որ ան եղած է Հայրիկի աշակերտը, Վարագի վանքին մէջ: Այժմս, երկրի արհաւիրքներէ դուրս փախած` ջորեպանութեամբ կը զբաղէր եւ մեր գոյքերն ալ տեղէ տեղ կը փոխադրէր: Ան ծանօթ էր նահանգի ոչ միայն ջորեպաններուն, այլեւ Խոյի պարսիկ ու թաթար ղեկավար տարրերուն: Յայտնի էր իբր ազնիւ, խօսքի տէր, քաջ եւ պարտաճանաչ մէկը: Շրջանի վստահելի անջն էր, եւ չնայած իր «Չարւատար» տիտղոսին` Դաշնակցութեան «դեսպանն» էր այլազգիներու մօտ: Կոստիէն յետոյ երկրորդ դէմքն էր Խոյի շրջանի մէջ եւ բոլոր գործնական խնդիրները անոր վրայ կը ծանրանային:
Չարւատար Յակոբը մասնակցեց պարսկական յեղափոխութեան, որուն մէջ աչքառու դեր կատարեց: 1908-9 թուին, ան ձեռնադրուեցաւ քահանայ եւ, թէ Տէր Չարւատար ծաղրաբանով կը կանչէին զինքը, բայց ան կը վարէր Արտազ եւ Հեր գաւառներու առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը: 1914ին ան կ’անցնի Երկիր եւ կը սպաննուի Արճէշու շրջանին մէջ:

¢¢¢

Վերոյիշեալ երկուքը Խոյի կայանի մնայուն անդամներն էին, իսկ մենք անոր ժամանակաւոր հիւրերը: Մեզմէ մէկ քանին ռուս բանակին մէջ ծառայած էին եւ տարբեր աստիճանի հասած: Ասոնց մէջ ամենէն կենսուրախը եւ Պարսկաստանի մէջ արդէն անուն հանածը Դարալագեազցի Խեչոն էր, որուն «Սարբազ» անունը կու տային: Անոր հետ էր Գրիշը (Ջաւախքէն), որ ռուս հեծելազօրքի մէջ ենթասպայութիւնը վերջացուցած էր: Կար նաեւ Ջաւախեցի Սուրէնը, որ նոյնպէս ենթասպայ եղած էր հետեւակ զօրամասերու մէջ: Այս երեքը վաղուց եկած էին Անդրկովկասէն Պարսկաստան` աշխատելու Վասպուրականի սահմաններու վրայ: Իմ այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ թողած են ռուս բանակը, վիրաւորուածի պէս կը պատասխանէին.
- Ի՞նչ է, մեզ հայւա՞ն կարծեցիր, որ մեր ազգի համար նահատակութեան գործը թողած, գնանք եւ «սոխերի» (ռուսների) համար մեր կեանքը զոհենք:
Այս երեքը, միեւնոյն զինուորական դաստիարակութիւնը ունենալով, աւելի սերտօրէն կապուած էին իրարու, եւ անվերջ կը վիճէին երեք տեսակի զէնքերու առաւելութեանց մասին: Երբ հասկցան, թէ ես ալ թնդանօթաձիգ եմ եւ սպայ, իմ հանդէպ սկսան առանձին ակնածանք տածել, հակառակ որ ես նորեկ մըն էի: Այդ հետեւանք էր իրենց զինուորական աւանդութեանց: Բայց անոնք ինձմէ շատ փորձառու էին, Հեր ու Զարեւանդ եւ Արտազ հին հայկական գաւառներու մէջ անոնք արդէն ճանչցուած մարդիկ էին: Ոչ միայն կուսակցական մեր գոյքերի փոխադրողներն էին ռուսական սահմաններէն մինչեւ Վասպուրականի սահմանները, այլեւս դարձած էին պատուհասը հաղորդակցութեան ճամբաները բռնող եւ երթեւեկը խանգարող աւազակներու:
Խոյը ճանապարհների հանգոյցի վրայ էր: Այդ ճամբաները կը տանէին մի կողմէ Թաւրիզ, միւս կողմէ` Մակուի սարտարութիւն եւ, վերջապէս, նաեւ` Սալմաստ: Այդ ճանապարհներու վրայ կու գային քրտական խմբեր, «ջըռդեր», որոնք ճանապարհ տալու համար կամ տուրք կ’առնէին եւ կամ պարզապէս կը թալլէին անցորդները, եւ մինչեւ իսկ կառավարական պաշտօնեաներն ու փոստը: Վտանգաւոր անցքերու վրայ, կառավարութիւնը պահակներ էր դրած, բայց ասոնք ո՛չ կ’ուզէին իրենց կեանքը վտանգի ենթարկել, ոչ ալ կարողութիւնն ունէին աւազակութիւնը արգիլելու: «Ղըռսարտար»ները կազմուած էին անվարժ ծերունիներէ, անկանոն կերպով զինուած անվճար եւ անօթի: Անոնք յաճախ կը խրախուսէին աւազակները` կողոպտելու ահաբեկուած ճամբորդները` ստանալով փոքր բաժին մը այդ կողոպուտէն: Այս պատճառ կը դառնար, որ ճամբորդները իրենց անվտանգութիւնը ապահովելու համար, սեփական պահապաններ որոնէին: Հայ ջանֆիտայիները` վստահելի եւ յանդուգն տարր կը համարուէին, եւ անոնցմէ կը սարսափէին աւազակներն ու անոնց ընկերակից «ղըռսարտար»ները: Եւ այդ պատճառով ալ մեծ կարաւանները, յաճախ պետական փոստը, պաշտօնէութիւնը, զօրքն իսկ, կը խնդրէին Կոստիին կամ Չարւատար Յակոբին (Սալմաստի մէջ` Սամսոնին) ալ իրենց վստահելի պահակ-ուղեկիցներ` ճանապարհը շարունակելու համար: Ուղեկիցները կը նշանակուէին յանդուգն, անշահախնդիր, կարգապահ եւ գիտակից տարրերէն եւ ընդհանրապէս բոլորի աչքը կը յառէր Խեչոյի, Սուրէնի, Գրիշի եւ միւս ընկերներու վրայ: Ընտրեալներու մէջ կենտրոնական անձը Սարբազ Խեչոն էր, որ բազմաթիւ արկածներ անցուցած` իր ուղեկցութեանց ընթացքին: Ան հռչակ հանած էր իբր մէկ, որուն առաջը չի կարելի փակել, չի կարելի զայն կաշառել եւ ոչ ալ նահանջի մատնել: Բոլորին զարմանք կը պատճառէր, որ ան իր պարտականութիւնը կը կատարէր առանց հատուցումի, առանց նուէրի: Խեչոն անուն էր հանած աւազակներու մէջ իբր ամենաքաջը, իսկ ժողովուրդի մէջ` իբր ապահովութեան հրեշտակ: Շատ հէքեաթային ու անհաւատալի սխրագործութիւններ կը պատմէին անոնց մասին, ինչ որ բնական էր այդ թուականներուն: Իրենք կը համարէին այդ ամէնը իբր զաւեշտ եւ կ’երազէին միայն թէ երբ պիտի գայ այն օրը, երբ այլեւս ստիպուած չլինին իրենց ժամանակը կորսնցնել պարսիկներու ապահովութեան համար:

Շար. 86

Wednesday, April 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 85 -Ռուբէն

¢¢¢

Ես եղած էի ռուս զինուորական բանակի մէջ, ուր բազմութիւնները, ըստ իրենց որակի, կը դասաւորուէին մի ամբողջական մեքենայ կազմելու համար: Հոն հաւաքական միաձոյլ անհատ մը` բանակը կար, եւ մարդիկ անոր շնչաւոր մասերն էին միայն:
Ես եղած էի Կարսի Յեղափոխական զօրանոցը, ուր մարդիկ իբր անհատ գոյութիւն ունէին, կը դատէին, կ’արտայայտուէին ըստ իրենց կարողութեան, բայց մի բռնակալ կար, որ ամէնքին կը շաղկապէր. այդ բարոյական եւ գաղափարական միատեսակ ըմբռնողութիւնն է, որից շեղողները չէին կրնար համարուիլ ամբողջութեան մասնիկը:
Ես չէի եղած չեթէական այն մթնոլորտին մէջ, որ արդէն կը պատրաստուէր երթալու դէպի մահ եւ այդ տարօրինակ նորութիւն մը կ’երեւար ինծի: Հասկնալու համար, համառօտ կերպով ներկայացնեմ այդ խմբի անդամները:
Կոստին շուշեցի էր. եւ, Խեչոյի ըսածին պէս, իրօք որ աւարտած էր ռուսական միջնակարգ դպրոցը, յաճախած էր համալսարանը, եղած էր եւրոպական կենտրոնները, նպատակ էր դրած խորացնել հոգեբանութիւնը մինչ այն աստիճանի, որ կարելի լինի մօտիկէն եւ հեռուէն ազդել եւ իր կամքին ենթարկել բարեկամ եւ թշնամի մարդկանց: Այս միջոցով ան կը յուսար հիպնոսացնել Սուլթան Համիտը եւս եւ Հայկական Հարցը լուծել: Այս կրթուած երիտասարդը, ի հարկէ ձախողելով իր գիտական որոնումներուն մէջ, եկած էր այ եզրակացութեան, որ միայն ոյժով եւ կազմակերպութեամբ կարելի էր խլել ազատութիւնը: Ան Խոյի Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր. կը հսկէր այս կէտէն անցնող Երկրի գծերուն վրայ, կը ճամբէր եկած խմբերը, կը մատակարէր, բայց այս բոլորը այնքան սահմանափակ էին իր ուժերու համար, որ կը նախանձէին մեր վրայ որ Երկիր կ’երթայինք: «Եթէ անգամ չսպաննուինք, - կը մտածէր ան, - գոնէ հայրենիքի ժողովուրդին հետ կը լինինք»:
Կոստին էր մեր խնամակալը, մեզ կերակրողը, ախոռը մաքրողը: Ան մեզ լոբի եւ ոսպ շատ կը կերցնէր եւ երբ դժգոհութիւն կը նկատէր, կ’ըսէր.
- Ուխտած էք մեռնիլ, ինչ ոչ ալ ուտէք, վերջը նոյնն է. խնայողութիւնը թող մնայ ձեզի հետեւողներուն:
Մենք կը ծիծաղէինք եւ մեր դգալները կը բանէին: Երբ Տէր Չարւատար դիտողութիւն կ’ընէր, թէ մի ծառայ բռնէ սեւ աշխատանքի համար, Կոստին կ’ըսէր.
- Քեզ Հայրիկի աշակերտ եւ Վարագայ սերունդ կը համարես, հարկաւ Ոտնլուայի գիշեր շատ տեսած ես: Առաքեալներու չափ ալ չկաք, ինչո՞ւ ես ալ ձեր ոտքերը չլուամ: Կ’ըսէք ծառայ վարձեմ, մեր պապու դրամո՞վ վարձեմ:
Կոստին միշտ զուարթ էր եւ կ’ուզէր զուարթ պահել իր շուրջինները: Անոր հոգեբանական պրպտումներէն միայն հետեւեալ արդիւնքն էր մնացեր: Երբ իրմէ ծածուկ գիրք մը կը բանայինք, էջը եւ պարբերութիւն մը մտքերնիս կը պահէինք եւ իրեն կ’առաջարկէինք գտնել էջը եւ կարդալ այդ պարբերութիւնը, կը գտնէր. կը մտածէինք բան մը եւ ան կը գուշակէր թէ ինչ կը մտածենք: Այդ յատկութիւնը մէկուն վախ, միւսին զարմանք կը ներշնչէր: Ան վհուկ եւ գերբնական էակ մը կ’երեւար: Այսպիսի խաղերով ժամանակ կ’անցընէինք:
Քանի մը օր միայն անցուցի Խոյ Կոստին հետ եւ մեր յարաբերութիւնները ատով ալ վերջացան: 1909ին անգամ մը եւս զայն տեսայ Համոյի (Օհանջանեան) տանը, բայց ան զիս չճանաչեց, ես ալ անծանօթ ձեւացայ: Այդ չի նշանակեր, որ ես անոր մասին լուրեր չունէի:
Կոստի Համբարձումեանը ձեռներէց, չարքաշ, խելացի եւ պայամաններին յանդուգն գործիչ մըն էր: Եւ որ էական է, իր լայն հայեացքներով եւ ուսումով` ան շուտով գրաւեց կարեւոր տեղ մը մեր կեանքին մէջ: 1905ին Պարսկաստանէն կ’անցնի Անդրկովկաս եւ հայ-թաթարական ընդհարումների մէջ դեր կը կատարէ. 1909ին, երբ հալածանքի կ’ենթարկուէր Դաշնակցութիւնը, ան այդ նեղ օրերուն յանձն կ’առնէր պահել Ռուսիոյ մէջ կազմակերպութիւնը, զայն վերջնական քայքայումէն փրկելու համար: 1914ին, կը ստանձնէ Քաղաքներու Միութեան դրօշի տակ գործող Ճակատի խնամատիրական գործը` ի մասնաւորի Վասպուրականի սահմաններու վրայ. 1915-1917, ան Վասպուրականի վերակազման գործին մէջ է եւ երբ Արամ Վանի նահանգապետութիւնը կը թողնէ, ան կը փոխարինէ զայն, առնելով իր վրայ բոլոր գործերու տնօրինութիւնը: Վասպուրականի պարպումին, ան ժողովրդեան հետ է իբր լիազօր: Կը մասնակցի եւ կը ղեկավարէ Պարսկաստանի կռիւները եւ կը սպաննուի Սային Կալայի մօտերը, առանց տեսնելու Հայաստանի անկախութիւնը, որուն յայտարարութեան լուրը արած էր արդէն: Անոր եղբայրն էր յայտնի բոլշեւիկ Սաքօ Համբարձումեանը, որ կարեւոր պաշտօններ գրաւեց Հայաստանի խորհրդայնացման սկիզբի շրջանին եւ շատերու հետ միասին զոհ գնաց 1937-8ի մաքրագործումներուն, զորս կատարեցին Ստալին եւ Բերիա:

Շար. 85

Tuesday, April 13, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 84 -Ռուբէն

Այդ երգը աւելի թթուեցուց զիս: Մէկ երկուսը կը ձայնկացէին, միւսները լուռ էին, իսկ Սարբազ Խեչոն կարեկցութեամբ ինծի կը նայէր: Կոստին կը ժպտէր: Ապա ինձ մօտենալով ըսաւ.
- Սիրտդ լայն պահիր, չար եւ վատ մարդ չէ, միտքը բարի է եւ «կազմակերպելու» իւրայատուկ ձեւեր ունի:
Խեչոն, երգը կէսին կտրեց եւ դառնալով Սարբազ Խեչոյին ըսաւ.
- Դու աշխարհ չես տեսել, բան չես հասկնայ: Նիկոլը կը գրէ. - «Քեզի կու գայ Մոսկուայից ելած ինտելիկենտ զինուորական, պատրաստ մեռնելու: Քու տասնեակի մէջ կազմակերպիր եւ լծիր»: Երբ ինտելեկենտ է, ի՞նչպէս կարելի է կազմակերպել եւ լծել: Ինտելիկենցիա, ինտելիկենտ... գիտե՞ս ինչ են դրանք: Դու չես գիտեր, ես գիտեմ, - բորբոքուելով մաղձը կը թափէր Խեչոն: «Ձին թիմարելու համար, ղաշաւին (ընտանի անասուններու վրայ մաքերլու խոզանակ) ձեռնոցով կը բռնեն: Ոջիլ որ վրանին ընկաւ, գայլ կը կարծեն, պատերազմի կ’ելլեն եւ իրենց դժբախտ-նահատակ կ’երեւակայեն: Ցուրտ ու տաք եղաւ, Աստուծոյ դէմ կռիւ կ’ելլեն: Մէկ օր անօթի մնացին, տրտունջ, զալմազալ: Վերջին խօսք չունին, երկու ժամ կը ճառեն եւ մի լաբլաբու հազիւ կ’արտասանեն: Դեռ աղբ չեղած, աթար կը շինեն եւ կը վառեն: Վայ թէ սարերն ընկնին եւ երկու անվնաս քրտեր տեսնին քարերու մէջ, բանակ կը կարծեն եւ ինչ ու ինչ հէքեաթներ կը շինեն: Իրենց լեզուն կը դառնայ թէ՛ աջ, թէ՛ ձախ: Կը խօսին, կը քարոզեն, մարդկանց խելքէ կը հանեն եւ, երբ ծափեր կը շահին, արդէն իրանց հերոս, նահատակ կը համարեն: Վայ թէ մի վանքի, բերդի կողքիցը անցնին եւ հաւանին, այդ իրենք են շինողը, պաշտպանողը: Իսկ եթէ գրելու շնորհքն ալ ունենան եւ 1000 սուտէն մէկը ճիշդ դուրս գայ, արդէն իրենք են ամէն ինչը եւ աշխարհի, տիեզերքի գործերը տնօրինողները իրենք իրենց կը համարեն: Ա՜խ, այդ «ինտելիկենցիան, ինտելիկենտը»... Անոնք անիծ են, լու են, հասկցի՛ր»:
Կոստին, կողքերը բռնած, կը ծիծաղէր: Ես ուշադրութեամբ կը լսէի եւ կը հանգստանայի: Սարբազ Խեչոն կ’առարկէր.
- Որ այդպէս է, չոբաններն են միայն լաւերը: Որ այդպէս է, Նիկոլ Դումանն ալ լու է, անիծ է. ան ալ, ի վերջոյ, ուսումնական վարժապետ է եղած, այժմ կառավարիչ նաւթահորերի:
- Չէ, կը բողոքեմ, խօսքը մի՛ շեղէ. ան «ինտելիկենտ» չէ, այլ «ինտելիկինտօ»: Ինտելիկինտոն մեր գլխուն տէրն է, մեր աչքին լոյսը: Էնպէս չէ՞, Կոստի:
Կոստու տեղը ես պատասխանեցի.
- Էնպէս չէ, Խեչօ:
Տարիներ պիտի անցնէին, որ ստուգէի եւ հասկնայի թէ որքա՜ն դառն ճշմարտութիւններ կային Դաշնակցական Խոչոյի դատողութեանց մէջ: Յամենայն դէպս ան իր դատողութիւններով «կազմակերպեց» զիս:
Իմ համաձայնութիւնը պատճառ եղաւ, որ Խեչոն ժպտէր, ինձ համբուրէր, եւ այդ թուականէն մինչեւ իր մահը (որը, Արամի վկայութեամբ, զիս փրկելու համար էր պատահեր), եղանք իրարու հաւատարիմ ընկերներ:
Դաշնակցութեան համար, ինտելիկենտը իտէալ չէր, այլ իտէալ էր լուռ եւ անհաշ զոհաբերող «ինտելիկինտոն»:
Սարբազ Խեչոն ինձ կը ներկայացնէր ընկերները, անուն առ անուն, եւ այդ դուր չեկաւ մեծ Խեչոյին:
- Որ ներկայացնել է, լաւ ներկայացուր մեր ինտելիկինտոյին: Ահաւսաիկ Կոստիան` Ռէալական դպրոցը վերջացուցած, Մոսկուա հոգեբանութիւն կարդացած եւ Գերմանիա կատարելագործած ու Ամերիկա վկայական առած, իսկ այժմս զօրանոցի կառավարիչ է: Ահա Պերլինի համալսարանի կենդանաբանական բաժնի ուսումնաւարտ Խեչոն. ինքը սարբազ եւ ձիերի հսկիչ: Ծանօթացէք` ինժինէր տեխնոլոգ` Բագուի սովետ սըեզդի կոտէլշչիկ, նա ինքն Ասատուր:
Եւ այսպէս ամէն մէկին տիտղոսներով ներկայացնելով, վերջացուց, իրեն ալ չինայելով:
- Ես ինքս ալ հասարակ մարդ չեմ, ուսումնական եմ: Այս բոլորիս մէջ փոքրը դու ես, կը խնդրեմ ուրեմն իմ ձիուն լաւ նայես: Յետոյ, քու այդ օձիքն ալ լաւ կ’ընես որ քանդես եւ մի կողմ դնես:
Հասկցայ որ Խեչոն իր ինքնայատուկ ձեւով կ’ուզէր հաշուեյարդարել մտաւորական դասի իմ մեծամտութիւնները, ցնորքները: Ներողամտութեամբ համակերպեցայ եւ ամէնքի հետ միասին ծիծաղեցի:

Շար. 84

Monday, April 12, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-83-Ռուբէն

Ախոռին մէջ, ուր ձիեր էին կապուած, երիտասարդ մը, թին ձեռքին, խուշկի (չոր աղբ) կը լեցնէր քթոցը: Զայն տեսնելով` Չարւատար Յակոբը կանչեց.
- Արի, ստացիր ամանաթներդ, որ այս ծիծեռնակի հետ (ցոյց տալով զիս) բերել է Մաշատի Ահմէտը: Ես կը շտապեմ տուն: Իջեցնենք բեռները, ձին ետ պիտի տանիմ:
Երիտասարդը, մէկ աչքով ժպտելով` հարցուց.
- Ի՞նչ կայ ասնոց մէջ:
- Այդ կը վերաբերի Կոստիին, պատասխանեցի:
- Այ տղայ, Կոստին առջեւդ է, ան որ կը հարցնէ:
Ես պատմեցի, որովհետեւ ախոռապանի տեղ էի դրած զայն, թէեւ անոր դիմագծերը մտաւորականի կը նմանէին:
- Ցանկը ունի՞ս այս ապրանքներուն:
- Հարկաւ:
- Նամակ ունի՞ս:
- Ունիմ. մէկը Կոստիին, մէկը Խեչոյին (Դաշնակցական Խեչոն):
Դուրս ելաւ ախոռէն եւ կանչեց.
- Խեչօ, Խեչօ ցած արի, չորս ջանաւար ալ քեզի հետ բեր:
Մօրուքով մէկը նայեց վերի յարկէն եւ հինգ արջի պէս մարդիկ ափալ-թափալ (շտապ) թափուեցան ախոռը:
- Տղե՛րք, վեր տարէք սենեակը: Գրիշ, դու մնա՛ ախոռը, լմնցուր մաքրելը, ես ալ վեր կ’ելլեմ:
Ամէնքս մէկ մէկ բան բան շալկեցինք եւ վեր ելանք ապրաքներով: Վերը` «եափունջիները» անկողին էին եղած, մեծ փափախները բարձեր, իսկ հրացանները պատերէն էին կախուած: Փոքրիկ զօրնաոց մըն էր:
- Խեչօ, սա տղան չի հաւատար, թէ ես եմ Կոստին: Քեզի ալ նամակ ունի:
- Ծօ, խաթաքար, Կոստու նամակը իրեն տուր, իմս ինձ: Անունդ ի՞նչ է, ան ալ չհարցուցինք: Ըսենք` անունդ հասկնալու կարիքը չկայ: Թո՛ղ լինի Վրադան. լաւ անուն է. այստեղ է զարկուել Վարդան զօրավարը:
Եւ անունս Պարսկաստանի մէջ կարճ ժամանակով եղաւ Վարդան:
Տարօրինակ էր վերաբերմունքը Խեչոյի. ես ինքզինքս զգացի թշնամական մթնոլորտի մը մէջ: Ընելիքս չէի գիտեր, կանգնած էի շուարած, պապանձուած: Բարեբախտաբար, յիշեցի որ նամակները պէտք է տայի, որ կարած էի մէջքիս աստառին մէջ: Հանեցի եւ տուի մէկը Կոստիին, միւսը Խեչոյին:
Կոստին դարձաւ տղաներուն.
- Դէ, բանանք մէկ մէկ խուրջինները եւ ստուգենք: Տեսնենք` ի՞նչ նուէրներ է բերել Վարդանը:
Խեչոն տեղէն չշարժուեց, երկու տող գրուած նամակը առաւ եւ սկսեց երկար ու երկար կարդալ, կարծես Աստուածաշունչ լինէր: Ես նստայ ալիւրի տոպրակին վրայ եւ կը դիտէի:
Մոսին հրացանի փամփուշտներ էին խուրջիններուն մէջ: Կը համրէին: «Լաւն են, հիները չկան», կ’ըսէին տղաները: Խուրջին մը բացին եւ շատերը շշմած մնացին, որովհետեւ անոր մէջ դատարկ ռումբեր էին, իսկ անոնցմէ ոմանք ռումբեր չէին տեսած: «Այս երկաթէ խնձորներն ի՞նչ են», կ’ըսէին: Բացին միւսը, ատրճանակներ էին: «Ջանըմ, Նագան են, ես Մաուզէր կը սիրեմ: Ինչո՞ւ ամբողջը Մաուզէր չբերիր»: Բացին միւսը, արկղներ էին, մէջը` տինամիթ, կապսիւլ, թիթեղ: «Ջանըմ այս մառմալա՞թ է` սատանո՞ւ թէ մարդո՞ւ»: Գտան հոն երեք փոքրիկ բահ, պողպատէ շինուած, կարծես երեխաներու բահեր լինէին: «Այս խաղալիքները ինչ են»: Հարցական կը նայէին ինձ, բայց պատասխան չէին առներ:
Խեչոն ոտքի ելաւ, դատարկ ռումբ մը առաւ մէկ ձեռքը եւ բահ մը միւս ձեռքը: «Այս փոքրիկ բահը բանի պէտք չի գայ: Անպատճառ քու խելքի պուտուկէն ելած է: Մէկ կողմ դրէք: Այս ռումբերն ալ գլխու փորձանք են: Տղաք, հեռու քաշուեցէք, ջղարայ մի՛ քաշէք: Կարսի մէջ Նահիկի, Իսաջանի գլուխը կերան այս զըմբռտիչները: Մեր ռումբերը մեր գլուխը կ’ուտեն: Մէկ կողմ դրէք: Մէկելոնք լաւ են, իրարու վրայ բաժնեցէք: 300ական ֆշանկ վրանիդ, 300ական ձիու «ղաշի» խուրջինին: Մնացածները «ետեւի ձիու բեռան»:
Խեչոն գեղեցիկ էր իր հասակով, կարծես բարտի ծառ լինէր: Մազերը գռուզ (գանգուր) էին, մօրուքը` սեւ: Անոր կատարը կ’երերար եւ ահա կարծես իմ վրայ պիտի ընկնէր: Կը նկատէի, որ ան ինչ որ բանէ դժգոհ էր ինձմէ, կարծես թէ ես անոր թշնամին լինէի: Խէթ խէթ կը նայէր ինծի: Ես չդիմացայ, դարձայ Կոստիին.
- Բերածներս լրի՞ւ էին:
- Համապատասխան էին ցանկին:
- Ուրեմն, այս մարդը ի՞նչ կ’ուզէ ինձմէ: Դումանի հրամանով եկած եմ, անոր հրամանով կրնամ հեռանալ. թէ դժգոհ է, թո՛ղ ինքը հեռանայ:
Անսպասելի էր այս պոռթկումը: Խեչոյի ինծի յառած աչքերը այլեւս չէին վիրաւորեր: Սարբազ Խեչոն էր, որ անսպասելիօրէն մէջ ինկաւ.
- Երկար արեցիր, տղան ճիշդ կ’ըսէ. ոչ բարեւ, ոչ Աստծու բարին, կարծես մեր մէջ մի մթռըփ է եկած:
Մեծ Խեչօն ըսաւ.
- Որ այդպէս է, երգենք «Մածուն կ’ուզեմ, թան կը բերեն, այ տղայ քու խօր խէրն անիծած, խլնքոտ քթիդ խըզմա կ’ուզես, այ տղայ քու խօր խէրն անիծած»...
Շար. 83