Երեկոյ է: Համոյի հետքը կորսնցուցած եմ: Երեւի իր սպային հետ ընթրիքի է գացեր սպաներու ակումբը, կամ հիւրանոց մը: Ես կ’երթամ Գալուստենց տունը, ուր շատ մարդիկ կան հաւաքուած: Անոնք նահանգի երեւելիներն են, Կենտրոնական եւ այլ մարմիններու անդամները:
Կարսի մէջ յաճախ պատահած էի հաւաքոյթներու` ճաշին, նշանտունքի եւ այլ պատրուակներու տակ, բայց հոն ձեւի համար միայն լեցուած էին սեղանները ուտելիքներով, որ որակով շառ ալ բարձր չէին, իսկ քանակով ոլ ոչ առատ` հազիւ մարդոց փորը կիսատ լեցնելու չափ: Հոս առատութիւն կը տիրէր, եւ ուտելիքներն ալ սեղանի վրայ դարսուած էին ոչ թէ ձեւի համար, այլ մարդոց, ինչպէս որ պէտքն է, պատուելու եւ հիւրասիրելու համար: Տեսակ տեսակ խորտիկները, խմիչքներ` որոնց անունն իսկ չգիեմ: Չեմ կրնար, սակայն, մոռնալ Երեւանի սպունգանման քիֆթան, որ կրնան միայն հոտ գտնել: Սեղանի գլուխ նստած էր բարի Սարգիսը, որ զիս իր մօտ էր առած, հայրաբար ստանձնած էր իմ սեղանի մասնակցելու ղեկավարութիւնը եւ քնքշօրէն երբեմն կը շփէր գլուխս, ինչպէս կ’ընէ հայր մը, որ իր զաւակը օտարութեան կը ճամբէ: Յաճախ ան կը փսփսար իր կողքին նսած եւ իրեն տարեկից խիստ դէմքով մարդու մը հետ, որ ակնարկ նետելով ինծի, պահանջեց Սարգիսէն նամակները, զորս ան հանեց իր ծոցէն, եւ տուաւ անոր: Ան կարդաց ուշադրութեամբ եւ վերադարձուց: Պահ մը մտածեց եւ, ինծի դառնալով, ըսաւ . - «Վաղը` դու կանուխ ինձ մօտ կու գաս»: Չգիտէի, թէ ով էր այդ հրամանը տուողը, բայց հարցում իսկ չըրի եւ պատասխանեցի` «Լաւ»:
Աղմուկ է սեղանի շուրջը, ամէն ոք կը խօսի, կ’ուտէ եւ կը խմէ: Երբեմն սուր, երբեմն ալ քիչ մը անյաջող կատակներ կ’ըլլան: Կը նայիմ դրանը եւ երեւակայութեամբ կը փնտռեմ Յակոբ Չիլինգարեանը, որ Կարսում կը նստէր դրան առջեւ, երկու աղջիկներու հետ եւ դրամ կը հաւաքէր: Անոնք չկան, չկայ եւ Համոն, որ ներս կը մնէր եւ ունեցած դրամը կողովը կը լեցնէր: Հոս մարդիկ կարծես ուտելու եւ ուրախանալու համար եկած էին, իրարու կենաց կը խմէին, բայց եւ բոլորը ակնածանքով եւ վախով կը նայէն սեղանի գլուխ նստած այդ չոր եւ խիստ դէմքով մարդուն, որուն հետ ոչ կատակ կ’ընէին եւ ոչ ալ խօսք կը փոխանակէին: Ան լուռ էր, կարծես ուտել ալ չէր սիրեր, երբեմն միայն գինու բաժակը իր շրթունքներուն կը տանէր եւ խորասուզուած էր միտքերու մէջ: Կարծես թէ կը բացակայէր այստեղէն: Այն մարդը Նիկոլն (Դուման) էր, որ ինձ համար առասպել եւ առեղծուած մըն էր: Ես ուշադրութեամբ աչքիս տակէն զայն կը դիտէի:
Երկու ներս ինկած աչքեր երկու սեւ խոռոչներու մէջէն, այնպէս կը փայլատակէին մութին մէջ, որ երբ ան իր բիբերն կը սեւեռէր վրադ, կը զգայիր որ քու ներսը կը թափանցեց եւ դու կ’ենթարկուէիր անոնց: Նիլկոլի երեսը ծածկուած էր յարդարուած սեւ մօրուքով, կարճ պեխերով եւ թաւ յօնքերով: Գլխի ալիքանման սեւ մազերը ներդաշնակուած էին դիմագիծին հետ եւ անոր կու տային խորհրդաւոր անտառի մը կերպարանքը: Երբ եղանակը հանդարտ էր, Նիկոլ մտածկոտ եւ խորունկ իմաստուն տեսք մը ունէր, որուն խանգարել չէր կարելի: Երբ եղանակը փոթորկոտ էր, Նիկոլ կայծակնաբեր կերպարանք ունէր, եւ անոր մօտենալ չէր լինի: Երբ եղանակը պայածառ էր, անոր տեսքը ժպտուն էր, բայց այդ ժպիտը շնորհ մըն էր միայն, եւ չէիր համարձակիր ընդունիլ զայն ու շոյուիլ անով: Նիկոլ բարձրահասակ էր ու բարակ` ճպորի նման: Երբ ես զայն տեսայ, արդէն կռացած էր` ազդեցութիւն յօդացաւի, որով ան կը տառապէր:
Հաւաքոյթը անոր պատուին էր, բայց ան անտարբեր էր: Երբ կ’երգէին անոր նուիրուած երգերէն Դերիկի երգը, անոր դէմքը կը պայածառանար. երբ կ’երգէին Պողաց քեասին ան կը պայածառանար. երբ կը սկսէին Խանասորի երգը` կը դառնանար: Այսպէս կ’անցնէր գիշերը, ոմանց յուզում, ոմանց ուրախութիւն պատճառելով: Նիկոլը, սակայն, լուռ էր եւ իր այդ լռութեամբ կ’իշխէր բոլորին վրայ: Ես յուզուած էի եւ անհամբեր` գիտնալու թէ ինչո՞ւ այս խորհրդաւոր մարդը ուզեց զիս տեսնել յաջորդ օրը:
¢¢¢
Առաւօեան շուտ Նիկոլի մօտ կ’երթամ: Ան Թորոսենց (Գալուստ Ալոյեան) տանն է: Ընդունարանին մէջ կը սպասեմ, երբ Նիկոլ, մի բաժակ թէյ ձեռին, ներս կը մտնէ:
- Հա´, ուրեմն, կ’ուզես Վան երթալ: Վատ չէ: Թորգոմին, Սերգէյին ծանօթ ե±ս, անոնց թային ես, վատ չէ, լաւ տղաք են: Կարճ, կ’ուզես Թոխմախի՞ հետ ճամբեմ քեզ Վան, թէ՞ կ’ուզես ինծի հետ տանիմ:
Զգացի, որ իմ պատասխանէս կախուած է անոր վճիռը:
- Թոխմախը, չեմ ճանչնար, բայց Երկաթի հետ խօսած եմ. խելքիս չպառկաւ, ան կ’ուզէ Ախլաթ հասցնել, իմ ճամբան կը շեղի:
- Որ այդպէս է, քեզ ինձ հետ կը տանիմ, - ըսաւ Նիկոլ: Եւ ես, առանց գիտնալու թէ ո՞ւր կը տանի, երջանիկ կը զգայի այդ պատուէրին համար: Ան, ըստ երեւոյթին, այդ նկատեց եւ իմ տեղը պատասխանեց. «Ուրեմն համաձա±յն ես: Խնդիրը փակուած է: Այսօր մինչեւ երեկոյ ազատ ես, երեկոյեան կու գաս հոս կը քնիս եւ առտուն կը մեկնինք: Ոչ ճամբու դնող պիտի լինի, ոչ ալ պիտի հասկցուի գնալու ժամը եւ օրը: Գնա´ գործիդ»:
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝