Յայտարարութիւն

Tuesday, April 6, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 78 -Ռուբէն

Արշալոյսը չբացուած, կառքը դրան առաջ կանգնած էր: Պայուսակները կը կապեն ետեւը: Այդ պայուսակներէն երկուքը ինծի ծանօթ էին, մենք զանոնք բերած էինք Գիւմրիէն: Համոյի յիշեցի կարօտով: Նիկոլի երկու մտերիմները, Գալուստը եւ Սարգիսը, եկած են ճամբու դնելու: Երբ ան բարձրացաւ կառքը եւ տեսայ Սարգիսի տրտում հայեացքը` ուղղուած դէպի Նկոլը, նախանձեցայ: Ինչո՞ւ Համոն եկած չէ... կը մտածէի: Յիշեցի մեր բաժանումը: Ան այժմ զիս կը սպասէ կայարանը... Ինչո՞ւ այդ ըրի: Այնքան տարուած էի այդ միտքեով, որ բոլորովին մտամոլոուած, մոռցայ մնաս-բարով ըսելը:

- Ա´յ, քէօր օղլու տղայ, արի´ համբուրեմ, - ձայն տուաւ բարի Սարգիսը եւ քաշելով թեւէս համբուրեց զիս: Ես ալ զինքը համբուրեցի, բայց անոր միջոցով կը համբուրէի Համոյին:
Կառքը շարժուեց եւ երբ քիչ մը հեռացանք, սրատես Նիկոլը հարցուց իմ շուարումիս պատճառը: Ես անոր պատմեցի ճշմարտութիւնը, ըսելով որ իր պատճառով իմ մօտիկ ընկերը զիս կը սպասէ: Նիկոլը ծիծաղեց եւ ես զարմանքով տեսայ, որ ան ալ ծիծաղիլ գիտէ:
- Քու Համոն այժմ, քեզի կը հայհոյէ եւ դաւաճան կ’ըսէ: Թող այդ իմ վրան լինի, միայն թէ մեր ճամբան «ուղուրով» (յաջող, բախտաւոր) լինի:

Ձիերը կը վազեն դէպի արեւելք: Հոյակապ է Արարատեան դաշտը. քանի կ’երթանք, ան կը նեղնայ, իսկ Արարատը իր դէմքը կը փոխէ, կը մօտիկնայ մեզի: Արարատեան դաշտ կ’ըսենք եւ մենք մեզ անոր ծնունդ կը համարենք: Հայութիւնը, սակայն, փոքրիկ կղզի մըն է անոր մէջ. մեր գնացած ճամբան` թէ աջ, թէ ձախ` թաթար է միայն: Այո մտքերով Սերգէյին կը յիշեմ ու կողքիս նստած հռչակաւոր Նիկոլ Դուման ինչ մարդ լինելու մասին կը մտածեմ: Չեմ համարձակիր անոր խանգարել: Վերջապէս Դումանը, կարծես ձանձրանալով լռութենէ, խօսք բացաւ ու սկսաւ հարցուփորձ ընել ինձ, ո՞վ եմ, ո±ւր եմ ուսումս ստացած, ի±նչ նպատակներ ունիմ: Ես մանրամասնութեամբ ու ոգեւորութեամբ պատմեցի: Նիկոլ ուշադրութեամբ կը լէսր եւ երբեմն երբեմն իր հարցերով կը քաջալերէր պատմութիւնս:
- Ջահիլ տղայ ես. նշանած չունի±ս, - հարցուց եւ աչքերու տակով սկսաւ դիտել: Ինձ թուեցաւ թէ յանցանք մը կը փնտռէ մէջս, ուստի քիչ մը վիրաւորուած առարկեցի.
- Ոչինչ էլ չունիմ. չէ՞ որ քեզ ասացի թէ ընկեներով միասին ուխտած ենք մեռնիլ:
- Լաւ, բայց ինչո՞ւ մեռնիլ:
Եւ ես սկսայ գիրքերէ, փիլիսոփայութենէ, բնագիտութենէ, աստուածաբանութենէ մէջբերումներ ընել ու երկար-բարակ բացատրել մահուան էութիւնը: Երեւի շատ վերէն վարէն բաներ ըսի, որ Դումանի գլուխը տարի:
Վերջապէս կանգնեցուց զիս եւ ըսաւ.
- Շատ խօսեցիր, բայց ոչինչ էլ չբացատրեցիր. հասկցիր, որ այն ինչ որ չգիտենք, մահ անունը կու տանք: Դու որ շարունակ Պոքլ, Շոփենհաուր, Քանթ եւ այլ անուններ կու տաս, այժմ ասա´ թէ ինչ է ուսումը եւ կարդալը:
Ես նորէն սկսայ թէորիաներ բացատել ու ջերմ կերպով պաշտպանել ուսումս ու ընթերցումը: Նիկոլը հեգնանքով առարկեց.
- Եթէ կ’ուզես անկախ չլինել եւ ինքդ քեզ մոռնալ, շատ գիրքեր կարդա´. իսկ եթէ կ’ուզես տակառ չլինել եւ անկախ, ինքուրոյն մարդ լինել, աշխատիր խնդիրները հասկնալ ինքդ քո մէջ եւ ապա միայն գիրքեր կարդա´, որպէսզի կարողանաս մարսել:
Ես լսեցի: Վիրաւորուած էի, նոյնիսկ ատելութիւն զգացի դէպի այդ տարօրինակ մարդը, որ ամբողջ ժամեր զիս խօսեցնել տալէ ետք, երկու փոքրիկ նախադասութիւններով կ’ուզէր փշրել իմ բոլոր միտքերս: Ուրիշ երկար խօսակցութիւններ եւս ունեցայ Նիկոլի հետ կեանքի եւ մեր ազգային պայքարի մասին, եւ անոր յայտած միտքերէն հետեւեալները կը յիշեմ. –
«Աշխարհը դմակ, մարդիկն ու ազգերը դանակ, դու ի զուր կ’ատես քիւրտն ու թուրքը, որովհետեւ նրանք իբրեւ դանակ մեզ դմակ կը նկատեն եւ կը կտրեն ու կ’ուտեն: Մենք որ կը կռուինք, մեր նպատակն է որ հայն ալ կտրէ իր ձեռքին ինկած դմակը եւ ինք էլ ապրի մարդու պէս: Իսկ եթէ ատիկա անհնար լինի, այն ժամանակ հայը պէտք է ուտուի եւ ի սպառ կորչի»:
Իմ առարկութեան, թէ հապա ո՞ւր մնաց արդարութիւնը եւ մեր ժողովրդի ընդունակութիւնը, ան պատասխանեց.
«Արդարութիւնը տէրտէրներին եւ տիրացուներին յատուկ է. իսկ կեանքի մէջ արդարութիւնը խանչալի ծայրն է: Ով որ յաղթի, նա է արդարը: Այսպէս օրինակ` մեր ճանապարհին ինչ էլ անելու լինենք, արդար պիտի լինինք եթէ ի վերջոյ հասնինք մեր նպատակին. իսկ եթէ չհասնինք, ինչ էլ որ արած լինինք, թէկուզ մեզ Քրիստոսի պէս պահած լինինք, դարձեալ դժոխքի եւ անէծքի պիտի արժանանք: Գալով ժողովուրդի ընդունակութեան, որի մասին բոլորն էլ ճառում են, ես չեմ հաւատում. ընդունակը նա է որ գիտէ ոչ միայն ձգտիլ, այլ եւ հասնիլ իր նպատակին»:
Այս մտքերը լրիւ չէի ըմբռներ, թէեւ չափով մը կը հասկնայի: Ես չէի կրնար այդ ատեն գուշակել, որ 15 տարի ատկէ ետք իմ մէջ պիտի անդադար հնչէին «աշխարհը դմակ, մարդիկ դանակ» խօսքերը:
Մեր կառքը անցած էր Գայլին դրունքը, անցած էր Շարուր եւ, թաթարական շրջաները կտրելով` մտած էր մի հայկական կղզի, Խանլուխլար գիւղը: Դաւալուէն յետոյ, առաջին հայ գիւղն էր այդ մեր ճամբու վրայ, շուրջ 80 քիլոմեթր անկէ հեռու: Մարդու տրամադրութիւնը կը փոխուի երբ իր նմաններու բոյնը կ’ընկնի: Խանլուխարի բնակիչները կարծես սովորած էին միայնութեան եւ իրենք իրնեց կը զգային արձակ համարձակ ինչպէս իրենց տանը մէջ:
Մեզ ընդառաջեցին երկու հոգի, որոնցմէ մէկուն նախանցեալ գիշերը պատահած էի Երեւան: Այդ Սահակն էր, որ մեզմէ առաջ եկած էր այստեղ նախապատրաստական աշխատանքներն անելու` մեզ եւ մեր գոյքերը սահման անցկացնելու համար: Անոր միւս ուղեկիցը տեղացի էր, բարձր հասակով, մի սեւ չերքէզի հագած իր բարակ, բարեձեւ մարմին գօտիկը քաշած մէջքին եւ ռուսական գլխարկը` գլխին: Երբոր նկատեց Նիկոլ Դումանին` ան գլուխ-կոնծիկ սկսաւ դառնալ անոր շուրջը, չէր գիտեր իր անելիքը, կ’ուզէր Նիկոլին փաթթուիլ, համբուրել անոր ձեռը, ոտը կամ երեսը, բայց վախցած անոր պարզ դէմքէն , ձեռն իսկ թօթուել չհամարձակեցաւ եւ չգիտեմ ինչու զիս բռնեց ու համբուրեց: «Ես ձեր ոտաց մատաղ», շշնչաց: Հասկցայ որ այդ մարդը «ձուազեղի սիրոյն, թաւայի պոչը կը լիզէ»:

Սահակը Նիկոլի հետ կը խօսէր: Մի քանի թղթեր տալով անոր, Սահակը բարձրացաւ մեր կառքին վրայ եւ մեր պայուսակներով մեկնեց, իսկ մենք ելանք երկար մարդու բնակարանը: (Այս մարդուն անունը մոռցեր եմ: Խանլուխլարի առաջին դէմքն էր, անոր համբան եւ Դաշնակցութեան տէրը: Անոր մէկ աչքը կոյր էր): Տանը` նախապատրաստուած էին մեզ ընդունելու, աւելի շուտ Նիկոլը, իսկ ես` անոր «ջրերն էի ընկած»: Հանգստաւէտ «մինտար»ներ փռած, օղին եւ այլ խմիչքները սինիի մէջ` պատուհանը դրուած, եւ զանազան տեսակ այլ զաւզաթներ մեզի կը սպասէին: Նստանք-չնստանք`անոնք առաջ բերուեցան, բայց Նիկոլ ընդմիջեց.
- Չէ, մէկ այս փոշիները վրաներէս թափենք, լուացուինք, յետոյ:
Այդ գործողութիւնը կատարուեց մեծ «լականներու» եւ «իբրըղ»ներու միջոցով:
- Յոգնեցաք, մէկ մէկ բաժակ բան վերցուցէք, - կ’ըսէր տանտէրը, չհամարձակելով աւելին խօսիլ:
- Չէ´, ուտենք ու քնինք, այս խմիչքներով փոր չի կշտանայ:
Նիկոլ սրտէս կը խօսէր: Թէեւ կառք նստած էի եւ ձիերն էին որ վազելով մեզ կը քաշէին անընդհատ 10 ժամէն աւելի, բայց ջարդուած էի եւ յոգնած: Անօթի չէի, մանաւանդ որ ճամբու ընթացքին գաթաներ եւ հաւի ճռեր կերած էի, բայց տեսակ-տեսակ կերակուրներու բուրմունքը այնքան գրաւիչ էին, որ ախորժակով կերայ: Նիկոլ, մէկ մէկ պատառ վերցնելով, ճաշակեց եւ քաշուեցաւ, «Էյ, բա» ըսելով:

Շար. 78

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝