Յայտարարութիւն

Wednesday, April 7, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 79 -Ռուբէն

Տանտէրը զարմացած, մի քիչ դժգոհ, բաժակ բաժակի ետեւէ խմիչքները կը փոխէր, որպէսզի Նիկոլը խմէր, բայց բաժակները լիքը կը մնային: Խեղճը կ’ուզէր ճաշը երկարացնել, չեմ գիտեր իր հիւրասիրութիւ՞նը ցուցադրելու, թէ քաղցր խօսք մը, նորութիւն մը, հրահանգ մը լսելու համար: Կողքս նստած` կամաց կը հարցնէր.
- Այսպէս ո՞ւր բարով. աշխարհ ի՞նչ կայ, ի՞նչ չկայ:
Ես բան չգիտէի, որ պատասխանէի, գիտնայի ալ ինծի խօսք չէր ընկեր. Բայց Նիկոլը բարկացած մի ցուլ էր դաձեր, որին մօտենալ կը վախնար խեղճ տանտէրը: Իմ ըսածը դատարկ բան էր, բառարաններէն քաղուած նախադասութիւններ:
- Քէֆդ քէօք պահէ, ամէն ինչ լաւ է, կարծեմ չամչի առեւտուրի գործով կ’երթայ պարոնը, ինծի ալ «պռիկասկիչ» (գործակատար) է վերցուցած:
Ի հարկէ ան կլլողը չէր, լաւ է որ կոյր աչքի կողմն էի, չնկատեցի անոր վրդովումը: Տարիներ ան երազած էր` տեսնել իր տանը Նիկոլ Դումանը, զոր գիտէ հայ, թուրք եւ քիւրտ երգերէն, ուրիշներուն պատմածներէն, եւ այսօր երբ այդ երազը իրականցուցած էր եւ Նիկոլ իր հիւրն էր վերջապէս, դարձած էր ան ժայռի կտոր մը եւ իրեն կը զլանար ժպիտ մը, խօսք մը եւ թէկուզ հայհոյանք մը: Ես ալ տարօրինակ կը գտնէի այդ, բայց ի՞նչ կրնայի ընել: Սիրալիր եւ ժպտադէմ երես ցոյց կու տայի, մանաւանդ որ տնեցիք անկիւններէն ուշադրութեամբ մեր շարժումներն ալ կը դիտէին, ընդմիշտ պահելու համար իրենց յիշողութեանց մէջը:
Յուսահատ տանտէրը մի վերջին փորձ եւս ըրեց.
- Պարոն Նիկոլ, մեր տղերքը կ’ուզեն քեզ տսնել, քու խօսքը լսել, հրաման կու տա±ս մի վայրկեանի համար:
- Ոչ, ետ գալէս վերջը, եթէ պէտք լինի: Այժմ յոգնած եմ, պիտի քնանամ:
Այդ փորձն ալ ձախողած էր, միականին վերջնականապէս պարտուած էր: Փափուկ անկողիններուն մէջ քնած ենք արդէն:

¢¢¢

Առաւօտ, դեռ արեւ չելած, մենք նոր կառքի մը վրայ ենք եւ ձիերը կը վազեն: Կը յիշեմ իմ քարմաղի տեսութիւնները եւ իմ հիացմունքները` Հայաստանի ծայրամասերու հայութեան նկատմամաբ: Սերգէյի խօսքերը կ’արթննան մէջս, որ կ’ըսէր, թէ ինք ինձմէ լաւ գիտէր իր հայրենիքը, երեքէն երկուսը անպէտք են հայութեան համար, մնացածը ուժեղ է, պէտքական, բայց նա ընկոյզի կեղեւ է, անմարսելի է: Ես ինձ հարց կու տայի. «Այս կողքիս ղարաբաղցին, որու հռչակը լսած եմ, ո՞վ է, ո±ր տեսակի ղարաբաղցիներէն է: Որ նա ուժեղ է, բոլոր պատմածները այդ կը հաստատաեն, որ ան խելացի է, խօսքերէն կ’երեւայ որ ան ընկոյզի կեղեւի նման անմարսելի է, այդ ալ ցոյց տուեց Խանլուխարի մէջ, իր անմարսելի վերաբերմունքով»: Երբ այս մտքերու մէջն էի` Նիկոլ զիս արթնցուց:
- Հանգիստնիս առինք, քիչ յետոյ կը հասնինք Շաթախթ եւ սահմանը կ’անցնինք: Առ այս անցագիրը եւ անունդ սորվիր: Դուն իմ «գեադան» (ծառան) պիտի լինիս, հասկցա±ր: Ոչ ռուսերէն գիտես, աչ ալ թուրքերէն, իմ յետեւէս կու գաս, իրերս շալկած: Ոչ մի խօսք, ամէնը ինծի կը թողնես, հասցկա՞ր: Որ մօտենանք, կողքիս չես նստիր, այլ իմ դէմը:
- Լաւ, - ըսի եւ կեղծ անցագրի վրայ սորվեցայ անունս, զոր այժմ մոռցած եմ:
Շահթախթի պաշտօնեաններուն առջեւ կառքը կանգ առաւ: Ես վար թռայ եւ իրեղէնները շալակս առայ: Նիկոլ, ծանր ու առանց շտապի, ինչպէս մեծ խաները կ’ընեն, իր շուրջը նայեց եւ մատով պաշտօնեաններէն մէկը կանչեց: Պաշտօնեան մօտեցաւ: Նիկոլ դանդաղօրէն հանեց իր ծոցէն անցագիրը, գրպանէն ալ հինգ ռուբլիանոց մը եւ, առանց իր երեսի գոյնը փոխելու, ըսաւ պաշտօնեային.
- Ես ձեւականութիւններէն բան չեմ հասկնար, անմիջապէս կ’ուզեմ սահմանը անցնիլ. սորվեցուր ինձ, ինչ որ պէտք է: - Ապա դառնալով ինծի, կանչեց հայերէն. - Այ գեդա, քու թուղթերն ալ ինծի տուր:
Ես տուի թուղթերս, ան ալ մատուցեց պաշտօնեային:
- Ինչո՞ւ չէ, ըսաւ վերջինս, եւ հինգ ռուբլիանոցը գրպանելով, պաշտօնատուն մտաւ: Տասը վայրկեանէն կնքուած անցագրերը յետ վերադարձան:


Շար.79



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝