Յայտարարութիւն

Thursday, April 8, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-80-Ռուբէն

Այժմ ամէն ինչ կարգին էր եւ մենք կրնայինք ուղղուիլ դէպի սահմանի կամուրջը, որ Արաքսի վրայ երկարած էր: Նիկոլ առանց շտապելու` մի հայեացք նետեց իր յետեւը, ես ալ նոյնը ըրի: Մի գլխարկ կը ճօճար օդին մէջ. այդ գլխարկը Սահակինն էր, որ եկած էր սահմանը, պատահարներուն առաջն առնելու եւ մեր անցնիլը դիւարցնելու համար: Նիկոլ անտարբեր նայեց այն կողմը եւ շարժում չըրաւ, ես ալ վարուեցայ անոր պէս: Դէպի կամուրջ առաջացանք եւ երբ մէջտեղը հասանք, ան ժպտաց ու ըսաւ.
- Տղա՛յ, քու գեադայութեան պաշտօնը վերջացաւ:
Մօտեցանք պարսիկ պաշտօնեաներուն, որոնց հետ իբրեւ տնեցիների հետ կը վարուէր:
- Արա, ո±ւր պիտի գնամ որ «Թոփրուզ պաստի» (հողը կոխելու տուրքը) վճարեմ:
Այնպիսի ձեւով կը կանչէր, որ կը կարծէր թէ ծառաներն էին: Ցոյց տուին տեղը եւ մի բազմութիւն մեզի ուղեկցեց: Նիկոլ այնպիսի թոփրաղ պաստի մը վճարեց, որ շատ քիչերը կը վճարեն, եւ մէկական ղռան ալ ուղեկցողներու բուռը դրաւ: Ամէն ինչ կարգին էր: Մենք Շահնշահի հողի վրայ էինք եւ Արաբլուի տանուտէրի հիւրը: Նիկոլ Դուման կարծես իր հայրենքին էր վերադարձած, կարծես իր կալուածներու մէջն էր ընկած:







ԳԼՈՒԽ Ը.

Ինչո՞ւ Պարսկաստանը մեզի հարազատ է.
Արաբլու.
Կ’երթամ խոյի մեր կայանը
Ընդունելութիւնս. Ինտելիկենտը եւ Ինտելիկինտոն.
Կոստին.
Տէր Չարւատարը.
Սարբազ Խեչոն, Գրիշը, Սուրէնը.
Ճամբորդներու պաշտպանութեան գործը.
Դէպի Սանամէրիկ եւ Փայաջուկ.
Փոխիկը.
Ղալասար գիւղիւմ.
Կ’ընդունուիմ Դումանի խումբին մէջ.
Ռազի կռիւը.
Վերադարձը.

Առաջին անգամն էր, որ Պարսկաստան ոտք կը կոխէի: Ամէն ինչ նորութիւն էր ինձ համար:
Երբ արտասահման կ’երթանք, տարօրինակ հարցումներ կու գան ձեր առջեւը, տարօրինակ զգացումներ, որոնք իրական են, բայց պատճառը անծանօթ, անբացատարելի: Այսպէս, օրինակ, երբ երկաթուղիով կ’անցնինք Անդրկովկասի սահմանը եւ կը մտնէք կոզակներու, կամ ռուսական որեւէ երկրամաս, թէեւ անոնց լեզուն գիտէք, ինչպէս եւ բարքերը, բայց ձեզ օտար եւ միայնակ կը զգաք: Հոս այդ զգացումը չունեցայ, թէեւ ընկած էի յետամնաց անկիւն մը` անծանօթ այդտեղի լեզուին, բարքերուն, կրօնին ե ցեղին: Արաբլու` մոլեռանդութեան, կեղտի, տգիտութեան մի միջավայր է: Գուցէ տարիքս էր պատճառը, որ յանգեցայ այս եզրակացութեան եւ ստուգելու համար ինքզինքս, բացատրեցի Նիկոլին, որ տարիքով ինձմէ երկու անգամ մեծ էր: Ան ժպտաց Սարգիս Օհանջանեանի նամն եւ շատ սխալ կերպով տուաւ լուծումը:
- Ես ալ այսպէս է կը զգամ, ըսաւ ան, գիտեմ որ բոլոր հայերն ալ այդպէս կը զգան: Ճիշդ է, մեր երկիրը չէ, ամէն ինչով տարբեր են մեզմէ, բայց ասոնք լաւ լինին թէ վատ, մեր «համշարիներն» (երկրակիցները) են:
Հետագային, այդ «համշարիների» հետ իրար կոկորդ բռնեցին: Անոնք ոչ միայն պարսիկ չեն, այլ սելջուկի, թաթարի, թուրքի եւ մոնկոլի յետնորդներ են: Իսկ երբ բուն պարսիկ շրջանները եղայ, որ դէմքով, լեզուով, բարքով կը յիշեցնեն հայերը, տեսայ որ անոնք, թէեւ հարազատ ինծի, չունին սակայն այն համն ու հոտը, զոր կը զգայի Արտազ, Հեր, Զարեւանդ եւ Ատրպատական շրջաններու մէջ:

Պատմութիւնից ես բոպիկ չէի, մատենագիրներ, գիտական զանազան գիրքեր կարդացած էի, եւ ատոր համար անհասկնալի հարցումներ կ’առաջանային մէջս: Կը մտածէի. - «բնական է, որ այս երկիրը այքան հարազատ պիտի թուի, որքան մեր երկիրը: Երբ մենք Նայիրի էինք եւ դեռ հայ չէինք կոչուիր, ծանօթ էինք այս երկրին. երբ մենք Ուրարտու էինք եւ գիր ունէինք, եւ անկէ առաջ ալ Հայաս կը կոչուէինք, մենք այս երկրի հետ կապ ունէինք. մեզմէ ետք միայն Դարեհը մեր գրերով գրեց իր պատմութիւնը եւ Արմէն անունը մեզի տուեց: Վերջապէս, երբ ասոնք չկային եւ Մարերը կային այս երկիրներու մէջ, մենք գիտէինք զանոնք. գիտէինք նոյնիսկ Մեծն Կիւրոսի ծնունդը: Կիւրոսը մեր Երուանդէն պզտիկ էր եւ առաջին Տիգրանի ընկերն էր: Անոնց Փեհլեւի տունը մեզի օտար չէր, այդ տան նահապետը մեծ եղբայրն էր մեր առաջին Արշակունի թագաւորի: Նոյնիսկ մեր Սուրբ Գրիգորը Անակի զաւակն էր, որ Փեհլեւի տնէն էր: Անոնց գործածած հին լեզուն նոյնքան հասկնալի է ներկայ պարսիկին, որքան մեզ` ներկայ հայերուս: Ուրեմն պարզ է, որ մենք պէտք է հարազատ զգանք այս երկրին, գուցէ հարազատ եղբայրներ ենք, կամ հօրեղբօր զաւակներ: Այդ ալ որ չլինի, յամենայն դէպս, միեւնոյն մշակոյթի, կրօնի, բարքի մէջ մկրտուածներ ենք եւ այնքան մօտիկ միմեանց, որ հին յոյները մեզ եւ պարթեւին, մարին, իրարմէ չէին կրնար զանազանել: Պատմութիւնն էր, որ այս երկիրը մեզ հարազատ կը դարձնէր»:

Շար.80












«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝