Յայտարարութիւն

Saturday, April 10, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիղատակները-81-Ռուբէն

Իմ այդ բացատրութեան դէմ մի ձայն կ’ըմբոստանար եւ կ’ըսէր. - «Սասանեանները զուտ պարսիկ էին. անոնք էին, որ մշակոյթով, ազգով, ուզեցին մեզ ձուլել, քաջ Վարդանը այս վայրում սպաննեցին եւ հայ անկախութիւնը վերցուցին: Բայց կարեւորը այն է, որ այն ազգերը` Մար, Աքեմենեան, Պարթեւ, Արշակունիք, Սասանեան, Պարսիկ եւայլն, որոնց հետ կը զգաս հարազատութիւն, շատ վաղուց է չկան ու չկան, եւ չկան իրենց լեզուով, մշակոյթով, արիւնով եւ ամէն ինչով: Այս տարրը, որ ներկայիս այստեղ կը բնակի, այդ որոնածներդ չեն, այլ եկած են հեռու Մոնկոլիայէն, Ճենկիզ Խանէն յետոյ: Անոնք մոնկոլներ ու թաթարներ են, որ Թաւրիզը, Մարազան մայրաքաղաք դարձուցի, իսկ Վասպուրականի մի անկիւնը` իրենց ամրոցը, եւ իրնեց առաջնորդի անունով Աբազա անունը տուին Բերկրիի գետի ակունքներուն: Անոնց յաջորդեցին Լէնկ Թիմուրի բերած խառնիճաղանճ դեղին ցեղի տարբեր ու տարբեր տարրերը, որոնք եւ ոչ մի առնչութիւն ունին իրանեան ցեղերու արիւնի, մշակոյթի, բարքի եւ հասկացողութեանց հետ: Սրանք դահիճներ եղան մեզի, քար քարի վրայ չթողին եւ ամէն ինչ կործանեցին: Անոնց ձեռքէն փրկուած խլեակները կը գտնուին Հնդկաստան Պոմպէյ քաղաքի փողոցները Գաբըռ անուան տակ, իսկ մենք, ապաւինած լեռներու մէջ, անոնց գերին ենք միայն: Ուրեմն, պատմութիւնը չի կրնար պատճառ ըլլայ քու հարազատութեան, «համշարիութեան» զգացումին: Այլ ուղղութեամբ պիտի փնտռել հարցին լուծումը»:
Այսպիսով, իմ մէջ երկու մարդ, երկու տարբեր բանականութեամբ, իրարու դէմ ելած, կը մրցէին եւ մէկի ըսածը միւսը դիւրութեամբ կը ջրէր, թէեւ երկուս ըսածներու մէջ ալ ճշմարտութեան որոշ բաժին կար: Այս հակասութիւնները հարցը չէին լուծեր եւ ես չէի կրնար հասկնալ, թէ ինչ է պատճառը որ Շահնշահի երկիր մտնելով ես ինքզինքս օտար չէի զգար:

¢¢¢

Արաբլուն մի հասարակ գիւղ է Արաքսի ափին, որ կը պատկանի Մակուի Սարտաբի ընդարձակ կալուածներուն: Ոչ գիւղը ինքը եւ ոչ ալ անոր տէրը, եւ ոչ ալ բոլորի տէրը պարսից Շահնշահը անոր արժէքները չէին հասկնար: Այդ գիւղի մօտ մի երկաթէ հսկայ կամուրջ է շինուած Շահթախթու տակէն, որ իր արժէքով ողջ Արաբլուն կ’արժէ, թէեւ այդ կամուրջի վրայով դեռ ոչ երկաթուղի կը սուռայ եւ ոչ ալ կառքեր կ’անցնին, այլ միայն գարի ու ցորեն:
Արաբլուն հազիւ 100 տուն լինի. քար կայ այնտեղ, բայց տները հողէ են շինուած, կարծես խլուրդի բներ լինին, առանց պատուհանի, իսկ դռները` փոքրիկ ծակեր եւ ամէն ինչ կեղտոտ: Տուներու պատերը զարդարուած են կովի թրիքով, որ կը ծառայէ իբրեւ վառելիք, ձմրան համար: Փողոցներու տեղ` ոլործուն անցքեր են, որ կ’երկարին թաղէ թաղ եւ լեցուած են ցեխով, աղբով ու սատկած կենդանիներու դիակներով: Փողոցներու գարշահոտութեան եւ կեղտի մէջ կը խաղան գիւղի երեխաները զանազան ձեւեր կը կազմեն փողոցի ցեխէն:
Ազգաբնակչութիւնը կարծես կազմուած է մանուկներէ եւ կանանցմէ. արուները փոքրաթիւ կ’երեւան եւ ցուլերու նման դանդաղ կ’անցնին: Անոնք աւելի կ’երթեւեկեն տանքիներու վրայով, որպէսզի չհանդիպին կանանց եւ միեւնոյն ատեն խուսափին փողոցի ցեխէն: Կանայք աւելի քաջ են, ցեխէն չեն վախնար եւ փողոցներու մէջ անցուդարձ կ’ընեն, բոպիկ: Անոնք աւելի շարժական բուրգեր են, գրաւչութիւն ներկայացնող էակներ: Բան չես տեսներ, բայց կ’երեւակայես, որ գլխուն քաշուած քողի տակը կայ մի էակ, սեւաչեայ, կարմրաթուշ, ստինքաւոր, բարեկազմ, որ ունի գեղեցկութիւն, զոր արգիլուած է ցուցադրել: Անգամ անոնց մազերու ցուցադրութիւնը մահացու մեղք մըն է: Ինչպէս ամբողջ արեւելքի, այնպէս ալ Արաբլուի մէջ կինը պիտի տեսնես երեւակայութեամբ, իսկ իրականի մէջ կը տեսնես միայն անոր ցեխոտ ոտքերը, որոնք բաց են մինչեւ սրունքները եւ աւելի վերերը, որմէ գարշանք կը զգաս: Ասկէ չէ± արդեօք որ կինը արեւելքի մէջ մարդ չի համարուիր, այլ անասուն, բայց իր ծածկուած վերի մասին համար կը համարուի երազ, ցնորք եւ աւելի պաշտելի քան աստուածները:
Ոչինչ կար գրաւիչ Արաբուլի մէջ: Ան յետամնաց եւ կեղտոտ գիւղ մըն էր, ամէն տեսակէտով վանիչ: Ո՛չ աշխատանք, ո՛չ հաճոյք, ո՛չ արհեստ, ո՛չ դրամի վաստակ: Մարդիկ կ’ապրէին գողութեամբ եւ մաքսանենգութեամբ: Այցելուները ամէնքը կասկածելի մարդիկ էին: Չնայելով ատոնց, Արաբլուն շատ մեծ անուն էր հանած եւ կը համարուէր ցանկալի վայր մը, որուն տիրելը հերթական հարց մըն էր դարձած ռուս կայսրութեան համար:

Շար . 81


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝