Յայտարարութիւն

Sunday, April 11, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 82 - Ռուբէն

Ես չգիտեմ, թէ հին ժամանակները ինչ անուն ունէր Արաբլուն, բայց ան անշուշտ կարեւոր վայր մը եղած պիտի լինէր, քանի որ Աւարայրի դաշտի թիկունքը կը կազմէր: Յազկերտ իր բանակներով այդ կէտէն կը ձգտէր մտնել Հայաստանի սիրտը, ուր Վարդան զօրավարը խնամքով կը պահէր այս ճամբան: Անշուշտ ան բան մը կը ներկայացնէր, քանի որ ընկած էր Գայլատուայ գետի եւ Արաքսի խառնարանի վրայ եւ անոր վրայով դէպի արեւելահարաւ ճամբաները կ’երթային դէպի Ատրպատականի Թաւրիզ, հարաւի ուղղութեամբ` դէպի Խոյ, Զարեւանդ եւ Միջագետք, իսկ արեւմուտքի կողմէ, Արտազի վրայով, դէպի Բագրեւանդ եւ ամբողջ Ներքին Հայաստան: Այս դիրքն էր անշուշտ, որ այդ յետամնաց ու կեղտոտ վայրը կը դարձնէր ինծի հարազատ: Յիշածս ուղղութիւններով եւ ոչ մի ճանապարհ չէր երեւնար. ճահիճներու, լեռներու եւ հովիտներու միջով արահետներ էին, որ ճամբու տեղ կը ծառայէին, հայրենասէրներուն ուղղութիւն ցոյց կու տային, աշխարհակալ պետութիւններու ախորժակը կը գրգռէին եւ աւազակներուն դիւրութիւն կու տային աւար ձեռք բերելու եւ երեք պետութեանց սահմաններուն մէջ իրենց աւարը պարտկելու:
Ինչ ալ որ լինէր Արաբլուն, քանի որ ան Թադէոս առաքեալի եւ Ստեփաննոս վանքերու առանցքին վրայ ինկած էր, քանի որ անոր քամիները կու գային Արարատի երկու փէշերէն եւ ջրերը` ներքին ու վերին Հայատանի հողերէն, ես գտած էի թէ ինչու ան ինձ հարազատ էր. այդ մեծ հողերու ամբողջականութեան բնազդն էր, որ սիրելի կը դարձնէր ինձ նոյնիսկ անոր տգեղութիւնն ու կեղտը:

¢¢¢

Երկու օր է Նիկոլի հետ ենք: Ան հաճելի զրուցակից մըն էր է: Կը խօսի ընդհանուր խնդիրներու մասին եւ կը փարատէ Արաբլուի ձանձրոյթը: Նիկոլը կը սպասէ մէկուն, որ սակայն չուշացաւ: Այդ Թադէոս Ամիրեանն (Այս այն Թադոսն էր, զոր Նիկոլ իրեն օգնական էր առած: 1905ին Բագուի հայ-թաթար կռիւներուն նոյնպէս օգնական եղաւ Նիկոլին: 1906ին Զաւրիեւի հետ գնաց Մուշ: Նոյն թուին Կովկասի մէջ եղած շանտաժիստներու պատուհասը եղաւ եւ կարգը վերահաստատեց: Մասնակցեցաւ 1914ին կամաւորական խումբերուն: Բագուի ինքնապաշտպանութեան մէջ աչքառու դեր կատարեց: Բագուն դատարկելու ժամանակ միացաւ Շահումեանի Կռասնաւոտսկ նահանջող խմբին եւ անոր հետ սպաննուեց Թուրքեստանի մէջ) էր, որուն Դատաշ կ’ըսէինք: Ան կարգադրած էր իրեն յանձնուած գործերը սահմանի միւս կողմը, եւ հասած էր մեզի:
Թադոսը ռուսական միջնակարգ դպրոցէ ելած մի կրակոտ երիտասարդ էր: Թէեւ անոր գլխու մազերը ցանցռած եւ գանկը լուսին դառնալու վիճակին մէջ էր, բայց բրդոտ գլխարկը եւ երեսի շէկ մօրուքը այդ կը պարտկէին: Ան ետեւն ու շուրջը նայող չէր: Միշտ առաջ կը նայէր եւ խիստ վճռական էր իր որոշումներուն մէջ: Եկաւ-չեկաւ` դարձաւ Նիկոլին ըսաւ.
- Ամէն ինչ կարգադրուած է: Այսօր չէ վաղը մեր գոյքերը անպայաման այստեղ կը լինին, որով աւելորդ է երեքիս այստեղ մնալը. թող ընկերը մնայ եւ բերէ, իսկ մենք շարժուինք առաջ:
- Վստա՞հ ես, հարցուց Նիկոլը, եւ երբ հաստատակամ պատասխան առաւ, դարձաւ ինձ.
- Կրնա՞ս գոյքերը հասցնել Խոյ:
- Ինչու չէ, եթէ գոյքերը բերեն, ասացի ես, բայց սրտիս մէջ դժգոհ էի:
Ինձ տուին գոյքերու ցանկը, նամակներ Կոստիի եւ Խեչոյի անունով եւ իրենք գացին Սալմաստ:
Անտանելի կը թուէր մենակութիւնը Արաբլուի մէջ: Գոյքերը ոչ այդ օրը, ոչ վաղը, ոչ ալ միւս օրը եկան: Հարկ եղաւ սպասել մէկ ամբողջ շաբաթ: Օրերս կ’անցնէին ծանր եւ տաղտկալի:
Այս կեղտի մէջ կորած մարդիկ զիս կեղտոտ, «հարամ» կը համարէին եւ ձեռք չէին տար ո՛չ իմ պնակներուն, ո՛չ հագուստներուս, ո՛չ անկողինիս եւ ոչ ալ նստած աթոռիս: Ես դեռ չէի գիտեր, թէ այդ կը թելադրուէր կրօնական նախապաշարումներէ եւ կը կարծէի, թէ այս աղտոտ մարդիկ զիս աղտոտ համարելու համար էր որ միեւնոյն բաժակէ ջուր խմելէ կը խուսափէին:
Վերջապէս մեր գոյքերը հասան եւ մենք դէպի Խոյ ճանապարհ ընկանք: Ճանապարհը կառքի համար չէր: Ուղտի եւ ձիու կարաւանները կը բարձրանային այդ սարահարթները, դուրս գալու համար Մակուի ջրերէն ու Արաքսի հովիտէն, եւ իջնելու համար Խոյի ջրերու, Տղմուտ գետի հովիտը: Ես կը գտնուէի պատմական Աւարայրի դաշտը, ուր պատերազմացան մեր նախնիքները:
Ինձ հետ կը ճամբորդէին Մաշատի Ահմէտը եւ Մահմէտը: Անոնք ձիաւոր էին, «վարանդիլ» հրացանները մէջքերուն: Ես ալ ձի ունէի, բայց իմս փալանով էր, բեռցուած ապրանքով, եւ ես ալ բեռան վրայ:
Ձանձրալի էր ճանապարհը, որովհետեւ ոչ մի խօսք չէի կրնար փոխանակել ուղեկիցներուս հետ. ես հահ էի, անոնք թաթար: Անոնք հայերէն չէին գիտեր, ես շատ քիչ գիտէի թաթարերէն: Ճամբու վրայի բոլոր գիւղերը թաթարներ էին, ինչպէս ե՛ւ անցորդները: Ո՞ւր էի, ի՞նչ վայրերէ կ’անցնէի, բնաւ չէի գիտեր: Վտանգաւոր էր, որովհետեւ մեր բեռները զինամթերք էին, եւ ես անզէն էի. տասնոց մը թաքցրած ունէի ներսէն իմ մսերու վրայ: Ահը փորիս մէջ կ’երթայի եւ անհամբեր կը սպասէի Խոյ հասնելուն: Վերջապէս հասանք Խոյ, անցանք շուկայի մէջէն, մտանք փողոցները եւ կանգ առինք «Չարւատար» Յակոբի դրան առջեւ: Ներս առաւ մեզ եւ թաթար ուղեկիցներուս սենեակ մը հրամցուց: Բայց զիս իջեցուց ձիուց, ինքն ելաւ վրան նստաւ եւ հրամայեց, որ ոտքով հետեւիմ իրեն: Ծուռ ու մուռ փողոցներով տարաւ եւ մտաւ տան մը բակը եւ ուղիղ դէպի ախոռը քշեց:

Շար. 82


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝