Յայտարարութիւն

Monday, April 12, 2010

Տէր Կանգնինք Կրօնափոխ ,«Կորուսեալ» Հայու Զաւակներուն - Համօ Մոսկոֆեան, քաղուած ՌԱԿ Մամուլէն, 8/4/2010

Գերմանիոյ Վիսպատէն քաղաքը, որ . Աշխարհամարտի տարիներուն, ճարտարապետական իր եզակի կառոյցներուն սիրոյն, «խնայուած» էր դաշնակից երկիրներու զանգուածային ռմբակոծութիւններէն, յետագային դառնալու համար ամերիկեան ռազմական հրամանատարութեան կեդրոնատեղին, այսօր կը պատսպարէ Թուրքիայէն թէ Արեւմտեան Հայաստանէն հազարաւոր վտարանդիներ։

Այդ չքնաղ քաղաքին կեդրոնական «նեղլիկ» փողոցներէն մէկուն մէջ, կը գտնուի կրօնափոխ հայերու հանդիպման վայր «Կովկաս» ճաշարանը, որ վերջերս «մկրտուեցաւ» եւ դարձաւ «Անի»։ Հայկական Վարթոյէն եւ Մուշէն, «Ալաուի» դաւանանքին պատկանող, Հայոց ցեղասպանութենէն եւ աթաթուրքեան հալածանքներէն, աքսորէն, ջարդերէն փրկուած, վերապրած հայու բեկորներ են անոնք՝ որ այս հեռաւոր Վիսպատէնի մէջ՝ իրենց վաճառատուներու եւ հաստատութիւններու անունները կոչած են իրենց ծննդավայրերու անուններով։ Իսկ մի քանի փողոց վեր, «ղզլպաշ» դարձած հայերու «Պալքան» ճաշարանի սեփականատէր Ահմէտ Օրան (Յարութիւն Օհանեան) վերջերս «Անատոլուի ժողովուրդներու երաժշտութիւն» անուան տակ, առաւե- լաբար հայ տոհմիկ երաժշտութեան փոքր նուագախումբ մըն ալ հիմնադրեց՝ համերգներ տալով Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի զանազան քաղաքներուն մէջ: Նուագախումբի անդամներուն հետ ներկայ եղած է նաեւ հայ աշխարհահռչակ «դուդուկահար» Ճիւան Գասպարեանի համերգին, եւ մեր երբեմնի «ղզլպաշ», վերապրած հայուհիի այս թոռը, ծունկի կուգայ եւ կը համբուրէ Մեծ Վարպետին աջը…



Սիմոն Կիւնտէն (Նուրէտտին Կիւնտէն) կոչուող երիտասարդը, Մուշ-Սասունէն՝ հայ Մեծ Յեղափոխական-ֆիդայի Հրայր ժոխքի ցեղէն է… Հայրը՝ տասնամեակներ շարունակ ապրած որպէս «քիւրտ-ալաուի», իր զաւակներուն հետ անմիջական մասնակցութիւն բերած է Քրտական Բանուորական կուսակցութեան (PKK) շարժման՝ այնտեղ ծանօթանալով ծա•ումով հայ բազմաթիւ վրիժառուներու: Ան կամաց-կամաց վերադառնալ սկսած է ազգային իր ակունքներուն՝ այդ դժուարին ճանապարհին որպէս նահատակ կորսնցնելով Առիւծ անդրանիկ զաւակը եւ շատ մը հարազատներ։


Հայր Կիւնտէնն է որ ընկերակցած է երջանկայիշատակ Մեսրոպ Աշճեան Սրբազանին իր պատմական այցելութեան ընթացքին դէպի Մշոյ «Սուլթան» Սրբ. Կարապետ վանք եւ Արծուեբոյն Սասուն։ Հայաստանի վաղամեռիկ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի գերեզմանին Սասունի եւ Մուշի գիւղերէն հող բերողներ են Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող Կիւնտէնները։ Իսկ զաւակը՝ Նուրէտտին Սիմոն՝ որ կը սիրէ ինքզինք Հրայր ժոխք կոչել (դէմքի արտակարգ նմանութեամբ Մեծ ֆեդայիին…), քրիստոնեայ մկրտուեցաւ Հեսսենի նահանգի Հայոց հոգեւոր Առաջնորդ Հայր Սերոբվէ Իսախեանի կողմէ։ Ապա, իր նման դէպի հայութիւն վերադարձած այլ «կորուսեալներու» պէս, ապրեցաւ հոգեկան խախտումներու ժամանակաշրջան մը՝ բուժուելով յատուկ առողջարանի մէջ…։ Նոյնպիսի անձկութեան եւ բուժման ենթարկուեցան մեզի ծանօթ դաւանափոխներ? «Զազա» հայուհի Եաղմուր Եխմըշ (Ձիւնիկ Յակոբեան), Սետեթ Պոսթան (Տիգրան Կոստանեան), Ալի Օրհան (Վարդան Յարութիւնեան) եւ ուրիշներ։ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն զոհերը տառապանքներով կ՚ապրին, սերունդներ շարունակ, մինչեւ այսօր:


Տարիներ առաջ, ֆրանկֆուրթի Սրբ. Կատարինէ եկեղեցիին մէջ, Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ճանչցնել տալու, հայերէն ներողութիւն խնդրելու շարժման ռահվիրայ Ալի Էրթէմիի ճիգերով կազմակերպուած Ապրիլ 24-ի նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութեան մը ընթացքին, ծանօթացանք Գերմանիոյ Համշէնահայերու «Մայր» Ալիյէ-Ալիս Ալթին, իր եղբօր? Սետեթ Պոսթանին (Տիգրան Կոստանեան) ու զաւակին Տենիզ (Ծովակ) Ալթին հետ։ Երեկոյեան՝ ֆրանկֆուրթի Արուեստի Տան դահլիճներուն մէջ տեղի ունեցող Գերմանիոյ երիտասարդ գեղանկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էին բազմատաղանդ Համշէնահայ Տենիզ-Ծովակի?…Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած, «հայկական» գոյներով մի քանի պաստառները։ Մեր բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը այս ընտանիքին հետ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, մանաւանդ որ Ալիյէ-Ալիս Ալթի աշխատութիւնը՝ «Համշէնահայութիւնը պատմութեան հայելիին մէջ», ֆրանկֆուրթի «Կէօթէ»ի համալսարանէն ներս, յունարէնի թարգմանուեցաւ Եորկօ Անտրէատիսի կողմէ, ինչպէս նաեւ թուրքերէնի՝ Ռագէպ Զազաքօլուի տպագրատան կողմէ։ Ալիս Ալթ բազմիցս այցելեց իր ծննդավայրը՝ Համշէն ու նկարահանեց, որպէս «Համապատմական հսկայական արխիւ»՝ Հօփայի, «Պաշ» Համշէնի, Խոտորջուրի, Քաջքարի եւ այլ շրջաններու կրօնափոխ հայոց կեանքը։


- «Ճիշդ է թէ տարիներ առաջ իմ ելոյթներս ու գրութիւններս վախի ու սարսափի կը մատնէին հարազատներս՝ Համշէնի մէջ։ Սակայն այսօր՝ անոնք հպարտ կը զգան որ իրենց դուստրը՝ կարողացաւ երեւան հանել եւ բանձրաձայն յայտարարել թաքնուած ճշմարտութիւնը» մեր հեռախօսային զրոյցի ժամանակ յայտնեց Գերմանիոյ Համշէնահայոց «Մայր»-ը։


Արդէն իսկ Եւրոպայի հայոց լայն շրջանակներու կողմէ ճանաչուած անձ մըն է Տիգրան Կոստանեան (Սետեթ Պոսթան), որ ազգականն է նաեւ Թուրքիոյ նախկին փոխ-վարչապետ Մեսուտ Եըլմազի եւ այսօրուան Թուրքիոյ խորհրդարանին մի քանի երեսփոխաններու, համա-հայկական 2-րդ համագումարին կարգադրեցինք որ հրաւիրուի Հայաստանի Հանրապետութիւն…։ Տարիներով, Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումին ձգտող շարժումներու աշխոյժ անդամը եւ լխաւոր ընդդիմադիրներէն մէկը երկրին մէջ տիրող ազգայնամոլ արեւելումին՝ տասնամեակներ շարունակ վտարանդի էր ֆրանկֆուրթի մէջ՝ եւ Մայր Հայրենիք իր այցը անսպասելի ու երազային էր թրքախօս եւ գերմանախօս այս Համշէնահայուն համար։ ռնի կրօնափոխի մը զաւակը՝ Տիգրան Կոստանեան դարձած՝ յորդառատ արցունքներու մէջ «խեղդուեցաւ», Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ ցուցադրուած, Հայոց Գողգոթայի նկարներէն ցնցուած…։ Մեր ընկերը ծանօթացուցինք նաեւ այդ օրերու Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Վարդան Օսկանեանին ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Անուշաւան անիէլեանին, Սփիւռքի բազմաթիւ «հիւր» ղեկավարներուն։ Մեր ազգին «կորուսեալ» զաւակներէն մէկն է որ վերադարձաւ հայ ժողովուրդին գիրկը, որ իր կարգին՝ շարունակեց իր ործունէութիւնը՝ մշակութային եւ ինքնաճանաչման պատերազմ ստեղծելով «անտեսանելի» իր աշխարհին մէջ։


Սամուէլ ֆելեկեանին (Ալի Էրքէն) անունը այսօր քաջածանօթ է Facebook-ի հետեւորդներուն, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Ադըեամանի «Կեավուր Ալի»-ն, որպէս Քիւրտիստանի անուորական Կուսակցութեան (PKK) զինեալ պայքարի մարտիկ, իր կեանքին «ծաղիկ» տարիները «մաշեցուցած» էր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կորդուքի լեռներուն մէջ՝ 8 տարի ալ ֆաշական Թուրքիոյ բանտերուն մէջ։ Իրաքէն անցնելով Հայաստան՝ թրքախօս-քրտախօս այս հայու զաւակը, արդէն իսկ, մի քանի տարի տառապելէ ետք Հայաստանի Անձնարային Վարչութեան պաշտօնեաներու ձեռքը՝ ի վերջոյ «Յատուկ կեցութեան կարգավիճակ»-ի արտօնագիր ստացաւ՝ իրաւունք ստանալով ապրելու իր պապենական հողերու ազատագրուած այս Պետութեան մէջ։ Զիս Երեւանի մէջ Սամուէլ ֆելեկեանին ծանօթացնողներն էին մշեցի Արմէնն ու …թուրք աչազուրկ թատերագիր Էչպէր Եաղմուրտերելին, որ այդ օրերուն Հայոց մայրաքաղաքը ժամանած էր, փորձելով Սունդուկեանի Թատրոնին մէջներկայացնել Քենան Էվրէնի բռնատիրութեան դէմ գրուած «Կարիճը» («Ախրապ») թատրերգութիւնը։


- «Երկար տարիներ ապրելով ու տառապելով Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, զգացի թէ կեավուր Ալին, յեղափոխական ընկերս, Հայ էր…» - վերյիշեց Էչպէր Եաղմուրտերելին՝ որ նաեւ Մեծ Նահատակ Հրանդ Տինքին գաղափարի ու գործի մօտիկ զինակիցներէն էր։


Որպէս ազգ ու ժողովուրդ, մեր Պայքարին եւ Ազատագրութեան գլխաւոր նպատակներէն պէտք է ըլլայ նաեւ՝ տէր կանգնիլը «կորուսեալ» ու կրօնափոխ մեր ազգակիցներուն, ուր որ ալ ըլլան եւ ինչ քօղի տակ ալ թաքնուած ըլլան անոնք։

Վիսպատէն-Մայնց-ֆրանկֆուրթ- Երեւան
(հեռախօսով)

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝