Յայտարարութիւն

Thursday, April 15, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 86 -Ռուբէն

Հետաքրքրական դէմք մըն էր, Խոյի մէջ, Տէր Չարւատարը, որուն Յակոբ եւ Մկրտիչ անուններն ալ կու տային: Ան արդէն երիտասարդ չէր, զինքը կը համարէր Յեղափոխութեան հիմնադիրներէն, կուսակցութիւններու կազմուելէն ալ առաջ: Կ’ըսէր, որ ան եղած է Հայրիկի աշակերտը, Վարագի վանքին մէջ: Այժմս, երկրի արհաւիրքներէ դուրս փախած` ջորեպանութեամբ կը զբաղէր եւ մեր գոյքերն ալ տեղէ տեղ կը փոխադրէր: Ան ծանօթ էր նահանգի ոչ միայն ջորեպաններուն, այլեւ Խոյի պարսիկ ու թաթար ղեկավար տարրերուն: Յայտնի էր իբր ազնիւ, խօսքի տէր, քաջ եւ պարտաճանաչ մէկը: Շրջանի վստահելի անջն էր, եւ չնայած իր «Չարւատար» տիտղոսին` Դաշնակցութեան «դեսպանն» էր այլազգիներու մօտ: Կոստիէն յետոյ երկրորդ դէմքն էր Խոյի շրջանի մէջ եւ բոլոր գործնական խնդիրները անոր վրայ կը ծանրանային:
Չարւատար Յակոբը մասնակցեց պարսկական յեղափոխութեան, որուն մէջ աչքառու դեր կատարեց: 1908-9 թուին, ան ձեռնադրուեցաւ քահանայ եւ, թէ Տէր Չարւատար ծաղրաբանով կը կանչէին զինքը, բայց ան կը վարէր Արտազ եւ Հեր գաւառներու առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը: 1914ին ան կ’անցնի Երկիր եւ կը սպաննուի Արճէշու շրջանին մէջ:

¢¢¢

Վերոյիշեալ երկուքը Խոյի կայանի մնայուն անդամներն էին, իսկ մենք անոր ժամանակաւոր հիւրերը: Մեզմէ մէկ քանին ռուս բանակին մէջ ծառայած էին եւ տարբեր աստիճանի հասած: Ասոնց մէջ ամենէն կենսուրախը եւ Պարսկաստանի մէջ արդէն անուն հանածը Դարալագեազցի Խեչոն էր, որուն «Սարբազ» անունը կու տային: Անոր հետ էր Գրիշը (Ջաւախքէն), որ ռուս հեծելազօրքի մէջ ենթասպայութիւնը վերջացուցած էր: Կար նաեւ Ջաւախեցի Սուրէնը, որ նոյնպէս ենթասպայ եղած էր հետեւակ զօրամասերու մէջ: Այս երեքը վաղուց եկած էին Անդրկովկասէն Պարսկաստան` աշխատելու Վասպուրականի սահմաններու վրայ: Իմ այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ թողած են ռուս բանակը, վիրաւորուածի պէս կը պատասխանէին.
- Ի՞նչ է, մեզ հայւա՞ն կարծեցիր, որ մեր ազգի համար նահատակութեան գործը թողած, գնանք եւ «սոխերի» (ռուսների) համար մեր կեանքը զոհենք:
Այս երեքը, միեւնոյն զինուորական դաստիարակութիւնը ունենալով, աւելի սերտօրէն կապուած էին իրարու, եւ անվերջ կը վիճէին երեք տեսակի զէնքերու առաւելութեանց մասին: Երբ հասկցան, թէ ես ալ թնդանօթաձիգ եմ եւ սպայ, իմ հանդէպ սկսան առանձին ակնածանք տածել, հակառակ որ ես նորեկ մըն էի: Այդ հետեւանք էր իրենց զինուորական աւանդութեանց: Բայց անոնք ինձմէ շատ փորձառու էին, Հեր ու Զարեւանդ եւ Արտազ հին հայկական գաւառներու մէջ անոնք արդէն ճանչցուած մարդիկ էին: Ոչ միայն կուսակցական մեր գոյքերի փոխադրողներն էին ռուսական սահմաններէն մինչեւ Վասպուրականի սահմանները, այլեւս դարձած էին պատուհասը հաղորդակցութեան ճամբաները բռնող եւ երթեւեկը խանգարող աւազակներու:
Խոյը ճանապարհների հանգոյցի վրայ էր: Այդ ճամբաները կը տանէին մի կողմէ Թաւրիզ, միւս կողմէ` Մակուի սարտարութիւն եւ, վերջապէս, նաեւ` Սալմաստ: Այդ ճանապարհներու վրայ կու գային քրտական խմբեր, «ջըռդեր», որոնք ճանապարհ տալու համար կամ տուրք կ’առնէին եւ կամ պարզապէս կը թալլէին անցորդները, եւ մինչեւ իսկ կառավարական պաշտօնեաներն ու փոստը: Վտանգաւոր անցքերու վրայ, կառավարութիւնը պահակներ էր դրած, բայց ասոնք ո՛չ կ’ուզէին իրենց կեանքը վտանգի ենթարկել, ոչ ալ կարողութիւնն ունէին աւազակութիւնը արգիլելու: «Ղըռսարտար»ները կազմուած էին անվարժ ծերունիներէ, անկանոն կերպով զինուած անվճար եւ անօթի: Անոնք յաճախ կը խրախուսէին աւազակները` կողոպտելու ահաբեկուած ճամբորդները` ստանալով փոքր բաժին մը այդ կողոպուտէն: Այս պատճառ կը դառնար, որ ճամբորդները իրենց անվտանգութիւնը ապահովելու համար, սեփական պահապաններ որոնէին: Հայ ջանֆիտայիները` վստահելի եւ յանդուգն տարր կը համարուէին, եւ անոնցմէ կը սարսափէին աւազակներն ու անոնց ընկերակից «ղըռսարտար»ները: Եւ այդ պատճառով ալ մեծ կարաւանները, յաճախ պետական փոստը, պաշտօնէութիւնը, զօրքն իսկ, կը խնդրէին Կոստիին կամ Չարւատար Յակոբին (Սալմաստի մէջ` Սամսոնին) ալ իրենց վստահելի պահակ-ուղեկիցներ` ճանապարհը շարունակելու համար: Ուղեկիցները կը նշանակուէին յանդուգն, անշահախնդիր, կարգապահ եւ գիտակից տարրերէն եւ ընդհանրապէս բոլորի աչքը կը յառէր Խեչոյի, Սուրէնի, Գրիշի եւ միւս ընկերներու վրայ: Ընտրեալներու մէջ կենտրոնական անձը Սարբազ Խեչոն էր, որ բազմաթիւ արկածներ անցուցած` իր ուղեկցութեանց ընթացքին: Ան հռչակ հանած էր իբր մէկ, որուն առաջը չի կարելի փակել, չի կարելի զայն կաշառել եւ ոչ ալ նահանջի մատնել: Բոլորին զարմանք կը պատճառէր, որ ան իր պարտականութիւնը կը կատարէր առանց հատուցումի, առանց նուէրի: Խեչոն անուն էր հանած աւազակներու մէջ իբր ամենաքաջը, իսկ ժողովուրդի մէջ` իբր ապահովութեան հրեշտակ: Շատ հէքեաթային ու անհաւատալի սխրագործութիւններ կը պատմէին անոնց մասին, ինչ որ բնական էր այդ թուականներուն: Իրենք կը համարէին այդ ամէնը իբր զաւեշտ եւ կ’երազէին միայն թէ երբ պիտի գայ այն օրը, երբ այլեւս ստիպուած չլինին իրենց ժամանակը կորսնցնել պարսիկներու ապահովութեան համար:

Շար. 86



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝