Յայտարարութիւն

Sunday, April 25, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -87-Ռուբէն

Մեր կայանին մէջ կար նաեւ երկրորդ եւ փոքրիկ խմբակցութիւն մըն ալ: Ասոնք ինձ նման նոր եկածներ էին Պարսկաստան: Ռուս բանակի մէջ գտնուած եւ աստիճան առած` ասոնք այնուհետեւ Բագուի մէջ աշխատանքի լծուած էին, մէկ կողմէ` իրենց ապրուստը ապահովելու եւ միւս կողմէ` կուսակցական դաստիարակութիւն առնելու: Այս խումբէն ամենէն հսկան` իր մարմնով` կը կոչուէր Աստուր, երկրորդին անունն էր Առաքել, միւսները` Սերոբ, մէկ ուրիշ ալ կը կրէր Չալփափախ անունը (իսկական անունը բնաւ չհասկցայ): Ասոնց տարբերութիւնը միւսներէն այն էր, որ ուտելիքի լաւն ու վատը կը ճանչնային, եւ Սարբազ Խեչոյի արկածները չունենալով` կը պատմէին Բագուայ բանուորական ցոյցերէն եւ «կոտէյլնի մաստէրութեան» չաղ ռոճիկներէն: Դժգոհ էին, որ զիրենք անմիջապէս կռուի մէջ չեն ձգած եւ կը սպասցնեն զուր տեղը: Այդ անհամբերութիւնը զուր չէր գար «հոգեբան» Կոստիին, որ կ’ըսէր.
- Սերոբ, Սերոբ, ո՞ւր կը շտապիս, ինչո՞ւ կը շտապիս, կամաց կամաց կ’երթաս, երկար կ’երթաս, իսկ շտապիս` կարճ կ’երթաս:
Շտապող հոգիները զբաղցնելու կարճ ճանապարհը գտել էր Դաշնակցական Խեչոն, որ իր անսպառ կատակներով, երգերով, ոչ ոքի ժամանակ չէր տար մտածելու: Ժամանցը կը դարձնէր այնքան գրաւիչ որ կարծես գիտնալը աւելորդ էր, իսկ դատելը` յանցանք:
- Ես լուրջ բաներու հետ գլուխ չունիմ, կ’ըսէր ան եւ ապա կ’աւելցնէր, - մենք ճամբու վրայ ենք, հանած-վարած մարդու պէս տեղ հասնինք` նոր կը մտածենք, եթէ չհասնինք` ամէն ինչ աւելորդ է:
Այսպէս կը փակէր ան խնդիրները: Մեր խումբը քէֆի մէջ կարծես լինէր, ամէնքս զբաղուած էինք երգով, առակով, ծիծաղով եւ զեւզեկութեամբ: Կարծես երկնքի թռչուններ լինէինք:

¢¢¢

Մի օր Դաշնակցական Խեչոն հեռագիր մը ստացաւ. դէմքը շատ լրջացաւ, այլեւս նախկին Խեչոն չէր: Բոլորն ալ անոր երեսին կը նայէին եւ լռելեայն ոտքի ելան: Եւ Խեչոն սկսաւ հրամաններ տալ.
Մինչեւ երեկոյ պատրաստ պիտի լինիք. դուք` Առաքել եւ Սերոբ ձիերուն կը նայէք. դու, դառնալով ինձ, փամփուշտները կը հաշուես ու կտ բաժնես ձիերու վրայ եւ խուրջիները լաւ կը կարես. իսկ Սարբազ Խեչոն դրսի գործերը կը կատարէ:
Բոլորս ալ կ’ըսենք` «լսում ենք» եւ դուրս կու գանք սենեակէն: Այդ ժամանակ միայն հասկցայ, որ մեր մեծաւորը Խեչոն էր եւ բոլորս ալ անոր հլու հնազանդ կամակատարներ էինք:
Երեկոյ է. դուրս կը քաշենք ձիերը եւ հերթով մէկ շարքի վրայ կը կանգնինք` ձիերու սանձերէն բռնած. լուռ դուրս կու գայ Խեչոն եւ բոլորս ալ անձայն բարեւի կը կենանք: Ան կը մօտենայ ամէն մէկուս, կը նայի մեր շորերուն, մեր հրացաններուն, ձիերուն, Սարբազ Խեչոյի ականջին բան մը կը փսփսայ եւ կը նստի իր ձին, հրամայելով` «նստեցէ՛ք»: Բոլորս ալ միաժամանակ կը նստինք մեր ձիերը եւ կը շարժուինք բաժան բաժան, որոշ տարածութեան վրայ: Առջեւէն կ’երթայ Սարբազ Խեչոն. անկէ յիսուն քայլ ետքը Դաշնակցական Խեչոն, իսկ մենք կ’երթանք անոր ետեւէն, զոյգ զոյգ եւ դանդաղ քայլերով: Երբ դուրս կու գանք քաղաքէն, կը քշենք մեր ձիերը եւ այսպէս ժամերով անխօս կ’երթանք մթութեան մէջ: Կը մօտենամ կողքինիս, կը հարցնեմ թէ ո՞ւր կ’երթանք:
- Կարծեմ Սալմաստ, կը լինի պատասխանը:
Բարձր կիրճ մըն է մեր առջեը. Սարբազ Խեչոն կը քաշէ ձիու սանձը եւ բան մը կ’ըսէ Դաշնակցական Խեչոյին, որ, դառնալով մեզ, կը հրամայէ` «պատրա՛ստ»: Իսկոյն հրացաններ կ’իջնեն մեր մէջքերէն եւ փամփուշտներ կը լեցուին: Ձիերը կը շարժին դանդաղ, իսկ Սարբազ Խեչոն մէկու մը հետ կը բարձրանայ լեռն ի վեր: Անոնք շատ հեռացած էին մեզմէ, երբ յանկարծ աղմուկ կը լսենք: Սրնթաց կը քշենք ձիերը եւ կը հասնինք խումբի մը, որ տասնէ աւելի մարդոցմէ բաղկացած էր: Ճանապարհները պահողներն էին, որ յանարծակիի եկած էին: Մենք կ’անցնինք, առանց կանգ առնելու, միայն Սարբազ Խեչոն է, որ անոնց հետ խոշ-պէշ (բարեւ եւ անուշ խօսքեր փոխանցել) կ’ընէ եւ խուրջինէն արազը հանելով` կը հրամցնէ անոնց: Պահակները կը վախնային ֆետայիներէն, Սարբազ Խեչոյէն ուղղակի կը սարսափէին, իսկ ան ահա ելեր արազ կը հրամցնէ: Քիչ մը կը սպասենք բարձունքի մը վրայ եւ երբ Սարբազ Խեչոն կը հասնի մեզ, առաջ կը քշենք ձիերը, որպէսզի դեռ լոյսը չբացուած` հասնինք Սալմաստ:
Յոգնեցուցիչ էր ճանապարհը. կ’երթայինք անընդհատ, 10 ժամ, առանց ձիերէն վար իջնելու: Երբ կը հասնինք գիւղ մը եւ ես մեռելի նման վար կ’իջնեմ ձիէն, կը նկատեմ որ միւսները յոգնութեան ոչ մէկ նշան ցոյց կու տաս:
- Լաւ դու գնա՛ պառկէ, ես քու ձին կը նայեմ, կ’ըսէր Խեչոն, առանց որ ես խնդրեմ այդ իրմէ:

Շար.87



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝