Յայտարարութիւն

Monday, April 26, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-88-Ռուբէն

Մեր հասած գիւղը Սանամէրիկն էր: Անցած էինք Տղմուտի հովիտէն եւ կը գտնուէինք Զոլա չայի հովիտը, որուն ջրերը կը թափին Ուրմիոյ լիճը: Թէեւ յոգնած էի, բայց չհամբերեցի, ելայ տանիքը` տեսնելու այս նոր աշխարհը, որ առաջ Զարեւանդ, այժմ Սալմաստ կը կոչուի: Զագռոշի ծոցին սեղմուած Սալմաստ կը կոչուի: Զագռոշի ծոցին սեղմուած Սալմաստը գեղեցիկ է իր տեսքով եւ արգաւանդ գիւղերը իրարու կապուած են բարտիի ծառերով եւ պարտէզներով: Աւարայրի դաշտի պէս անապատ չէր երեւար:
Երկիրը կարծես հայու աշխարհ լինէր եւ անոր տիրապետողները` ֆետայիները: Ղալասարի կողմերէն ահա կ’երեւին երեք ձիաւորներ, որոնք զինուած օրը ցերեկով դէպի Սանամէրիկ կու գան: Ես զանոնք պետական պաշտօնեաներու տեղ կը դնեմ եւ կ’ուզեմ ներս քաշուիլ, բայց կողքիս կանգնած Սարբազ Խեչոն կը ծիծաղի եւ հեռադիտակով նայելով, կը յայտնէ որ Փոխիկը, Յակոբն ու Գդէն են ատոնք, որ դէպի մեզ կու գան: Նշաններ կ’ընէ անոնց եւ արեւէն սեւցած երեք երկաթէ մարդիկ կ’ուղղուին ուղիղ դէպի մեր տունը: Խեչոն եւ Սուրէնը, իբր հին ծանօթներ, կ’ողջագուրուին հարազատօրէն, իսկ մնացածներուս հետ` քաղաքավարօրէն: Եկողները ձիերէն իջնելով, մեր մօտ ճաշի կը մնան:
Փոխիկը իր քառակուսի հաստատուն ծնօտներով, երկար պեխերով, բազէի սուր աչքերով մէկ մէկ կը նայի ընկերներուն եւ անոնց հսկայ դէմքերէն ազդուած` բան չի գտներ ըսելու: Միայն «մաշշալահ» կ’ըսէ: Նայելով իմ «թոյսըզ» երեսիս, իմ կորացած մէջքիս (ճամբորդութենէն վէրք առած էի մէջքս ծեծող չորս հրացաններէն), մռայլ դէմք մը առնելով կը դառնայ Սարբազ Խեչոյին.
- Աս եղա՞ւ. մենք երեքով գնացինք Նիկոլին, խնդրեցինք որ իրեն միանանք Երկիր անցնելու համար: Լայըզ (արժանի) չարեց, ըսաւ թէ քեզ պէսներ շատ կան Երկրին մէջ, դուք անպէտք էք. եւ չընդունեց մեզ: Արդա՞ր է, որ այս մի բուռը տղան արժանի լինի Երկիր գնալու, իսկ մենք Երկիրի զաւակ, արիւն թափած` անարժան լինինք: Ան կը նայէր ինծի եւ շատ բարկացած էր:
- Սասդ (ձայնդ) կտրէ՛, մէջ ընկաւ Դաշնակցական Խեչոն, քու փորու ցաւը քեզի պահէ, այս մէկ բուռն տղան քեզ ու քու ընկերները կը կշռէ:
Ես լռեցի եւ վերջը հասկցայ հարցի էութիւնը: Սարբազը սուաղեց (կոծկեց) վէճը եւ հարցը փակուեցաւ առանց կռուի:

¢¢¢

Սանամէրիկէն երեկոյեան ճամբայ ընկանք դէպի Փայաջուկ գիւղը, ուր հասանք մէկ ժամէն եւ ինձ ու Դաշնակցական Խեչոն տեղաւորեցին Մանասէրեան տունը: Խեչոն ծանօթ էր այդ տանը:
- Կարապետ, այս «ինտելիկինտոյի» մէջքը պիտի բժշկես բմբուլ անկողով. մէջքը վիրաւորած է կակուղ գօտի կապած չլինելուն համար:
Մանասէրեան ընտանիքը շատ հարուստ էր: Նրանց տունը շէն էր եւ նոյն ատեն` կայան ինչպէս Ֆետայիներու, նոյնպէս եւ վարժապետներու: Հոն մեզ տեսութեան եկան Արմենակ Աֆտանտիլեանը (որին Թաւրիզ հետագային թելադրեցի այս յիշողութիւնները), Գասպար Յակոբեանը եւ Երուանդ Ֆրանկեանը, որոնք վարժապետներ էին այդ գիւղը: Ամբողջ գիշերը անցաւ քէֆով եւ ուտել-խմելով: Այդ ատեն ոչ մէկուս մտքով կ’անցնէր, որ հետագային պիտի հանդիպէինք նորէն եւ մտերմանայինք:
Քանի մը օրէն, երբ արդէն կազդուրուած էի, մեզի հրաման եղաւ անցնիլ Ղալասար, որ Փայաջուկին շատ մօտ էր եւ իր այգիներով անոր գրեթէ կցուած:

¢¢¢
Մեր կեդրոնը Ղալասարան էր, ուր կ’ապրէին Նիկոլը. մեզ կանչեցին հոն: Սամսոնը, որ Սալմաստի Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր, ընդունեց մեզ որպէս իր վաղեմի ծանօթները:
Նիկոլը այդ օրը վերջնական քննութեան պիտի ենթարկէր իր զինուորներոը: Ես եւ Կոլոտ Սարգիսը նկատուեցանք անպէտք, իբրեւ թոյլ կազմուածքի տէր մարդիկ: Մեր վիշտը անսահման էր, մենք վիրաւորուած էինք ու կ’անիծէինք մեր ծնողները, որ մեզ քիչ մը աւելի յաղթանդամ եւ առողջ չէին ստեղծած: Ընտրեալները կ’երթային հրացանաձգութեան փորձի, մենք կը հետեւէինք անոնց` տխուր ու տրտում: Երբ բոլորը վերջացուցած էին 400 քայլի վրայ նշան առնելը, ես ալ խնդրեցի որ ինձ թոյլ տան փորձ ընել: Բոլորն ալ ապշած մնացին, որ Նիկոլէն ալ լաւ եւ միայն Սարբազ Խեչոյէն աւելի վատ նշան խփեցի եւ բոլոր զինուորներու մէջ երկրորդ տեղը բռնեցի: Երկու Խեչոները մինջնորդեցին ինձ եւ Սարգիսի համար, բայց Նիկոլ գուրգուրանքով շոյեց մեր ուսերը եւ ըսաւ.
- Ախր, այ տղերք, դուք դեռ ջահէլ էք, ուսանող էք, ինչո՞ւ կ’ուզէք մեռնիլ մէկ փորձի համար:
Մենք նորէն խնդրեցինք Նիկոլէն, աշխատելով համոզել զինքը, ասելով որ դիմացկուն ենք. բայց անկարելի եղաւ:

Շար.88



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝