Յայտարարութիւն

Wednesday, April 28, 2010

-Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 90 - Ռուբէն

- Տեսէք, այս վայրենին ինչպէ՛ս կը քնէ ջուրերու մէջ, ըսաւ Զաւրիեւը:
Բայց այնքան յոգնած էինք, որ թէեւ ձիւնի ջուրը մեր տակն էր բռնած, մենք եւս ստացանք:
Կէսօր չեղած` մեզ արթնցուցին: Ելանք դիրքերը բռնելու, միւսները վար իջան հանգստանալու: Հեռու գիւղերու ոչխարները մօտեցան մեզ. հովիւը վախցած ուզեց փախչիլ, երբ մեզ տեսաւ, բայց մենք հանգստացուցինք զինքը:
Դեռ մութը չէր ինկած երբ նորէն նստեցանք ձիերը եւ շարունակեցինք մեր ճամբան, թէեւ քիւրտ Մստոն մեզ զգուշացուց որ միւս օր կռիւ կը լինի եթէ այժմ առաջ երթանք: «Էշ նստելը մէկ ամօթ, իջնելը երկու», ըսաւ Նիկոլը եւ հրամայեց առաջ շարժիլ նոյն լռութեամբ ու կարգով:
Շուտով կը մօտենանք սահմանին: Լեռներէն կ’իջնենք անդուդը. կ’անցնինք կածաններով, ուր մարդիկ ձիերով դժուարութեամբ կը շարժուին: Բարեբախտաբար ոչ ոք անդունդը ինկաւ, միայն Սերոբն էր կարծեմ, որ հազիւ ազատեցաւ Սարբազ Խեչոյի շնորհիւ: Երբ սահմանային պահակներու մօտերքը հասանք, Նիկոլը հրամայեց հրացանները պատրաստ պահել եւ ձիերէն վար իջնել: Ձիերու բաշերէն բռնած ժայռերու միջով վեր կը բարձրանանք: Հեռուէն ձայներ եւ շներու հաջոց կը լսուի. մենք կը շեղուինք դէպի աջ ու ձախ` այդ ձայներուն համեմատ, կը բարձրանանք լեռը, նորէն կ’իջնենք մինչեւ որ կը հասնինք ամենաբարձր գագաթը, որու լանջերով սրընթաց կ’երթանք: Կը լսուի հրացանի մէկ երկու ձայն: Արդեօք մեզ նկատա՞ծ են թէ պատահմունք է:
Մենք կը շարունակենք մեր ճամբան խոր ձորի միջով, որը երկուսի կը ճիւղաւորուի: Անոնցմէ մէկուն մէջ դադար կ’առնենք ու կը տեղաւորենք մեր ձիերը: Արշալոյս է արդէն: Վեց դիրք ենք բռնած, ամենէն բարձր դիրքին մէջ կը գտնուի Նիկոլը. ինձ բաժին է ինկած պաշտպանել ձորի բերանը Գրիշի եւ Սուրէնի հետ: Մեր դիմացն են Շամախեցի Սերոբը, Սարբազ Խեչոն եւ փոքրիկ Սարգիսը. անոնցմէ վերեւ դիրք բռնած են Դաշնակցական Խեչոն, Առաքելը եւ երրորդ զինուոր մը, Աւտոն ու Խոյեցի Խեչոն, իսկ անոնցմէ բարձր Նիկոլը, Մստոն, Բժ. Զաւրիեւը եւ Թադոսը:
Կողքիս կախած խանչալի փոխարէն ունէի փոքրիկ զինուորական բահ մը: Ուզեցի օգտուիլ զինուորական դասէս, քնելէս առաջ ինձ համար խրամատ մը փորեցի, որ պառկելու յարմար դիրք մը եղաւ: Բահէս օգտուեցան Գրիշան եւ Սուրէնը եւս: Ժամ մը ետք մենք արդէն պատրաստ էինք քնանալու: Գրիշը հսկեց, իսկ երկուքս քնացանք:
Երբ Գրիշը արթնցուց մեզ, տեսանք մեր դիմաց, ժայռերու մէջ մարդիկ, ձիաւորներ, առաջ եկող խումբեր. սրտատրոփ կը սպասէինք թէ ինչ պիտի լինի: Դժուար է բացատրել այն տարօրինակ յուզումը, զոր մարդ կ’ունենայ առաջին անգամ, թշնամիէն պաշարուած ըլլալու ատեն: Կուրծքդ հեւ ի հեւ կ’ելլէ կ’իջնէ, կ’ուզես վայրկեան առաջ վազել եւ խփել կամ խփուիլ. բայց Նիկոլէն հրաման չկար, թէեւ թշնամին արդէն 400-200 քայլի վրայ էր մեր դիրքէն: Վերջապէս վերեւէն լսուեցաւ քրտերու աղմուկը եւ համազարկեր տեղացին: Չորս կողմէն սկսան գործել հրացանները, կը գործէր նաեւ իմ հրացանը: Աւելի հանգիստ դարձայ, կարծես հոգիիս յուզումը գնաց առաջին գնդակին հետ:
Կռիւը սաստիկ տաքցաւ մեր եւ Սարբազ Խեչոյի դիրքերուն առջեւ: Թշնամին կ’ուզէր մեզ ոչնչացնել` գրաւելու համար մեր դիրքերը, որպէսզի կարենայ մտնել ձորը եւ խլել մեր ձիերը: Թշնամին լեռներէն վար կը թափուէր եւ արդէն 100 քայլի վրայ էր. անոնցմէ ոմանք մեր ձիերուն մօտեցած են, ոմանք ալ մեր քարերուն տակն են: Սուրէնը կը հանէ իր տասնոցը, դուրս կը թռչի իր խրամատէն եւ գնդակներով կը փախցնէ մեզ մօտեցած քրտերը: Մեր բոլոր դիրքերէն կատաղի կրակ կը տեղայ յարձակողներուն վրայ, որոնք ետ կը քաշուին` ձորի միւս երեսը, կը շարունակեն կրակել քարերու ետեւէն: Կը թուի թէ վախցած են. մենք մեզ յաղթող կը զգանք. Գրիշան երգել կը սկսի եւ բոլորս ալ կը ձայնակցինք: Երգը մեր դիրքէն կ’անցնի վերեւի դիրքերը: Սակայն Սերոբի կողմէն երգի ձայն չենք լսեր. անոր քունքին գնդակ է դպած, եւ քարին յենուած, հրացանը բռնած ուղիղ, այդպէս ալ մնացած է, կարծես ողջ է: Այդ դիրքով մեռնիլը մեզ օգտակար էր , որովհետեւ թշնամին շարունակ նշան կը բռնէր անոր վրայ եւ կը զարմանար որ վար չէր իյնար: Բազմաթիւ գնդակներ կը դպչին անոր, բայց ապարդիւն: Թշնամիի ուշադրութիւնը կը սեւեռուի անոր վրայ:
Կէսօրէ ետք նորէն մէկ ուժեղ յարձակում եղաւ մեր դիրքերուն վրայ, բայց որովհետեւ վերեւի դիրքրեը խիստ համազարկերով չէին թողեր որ թշնամին մօտենայ մեր դիրքերուն, այս յարձակումն ալ անյաջող անցաւ: Կարողացան միայն երկու ձի խլել մեզմէ: Ժամը 3ին, զինուորական փողեր հնչեցին. մեր վերեւի դիրքրեը դժոխային կրակ կու տային, բայց մենք չէինք գիտեր թէ ինչ կը կատարուի հոն, եւ այդ վախ կը պատճառէր մեզ: Աւտոն եկաւ անցաւ մեր մօտով ջուր տանելու. անկէ հասկցանք որ հոն կռիւ կայ: «Բայց ոչինչ չկայ», աւելցուց ան: Մոսին հրացաններու ձայնը մեզ կը մխիթարէր. գիտէինք որ մերոնք դեռ ողջ են եւ որ մենք պիտի յաղթենք: Մերոնք վարջապէս կը կանգնեցնեն թշնամիին կատաղի յարձակումը բայց խեղճ Աւտոն, որ ուզած էր մեզ հանգստացնել, վերադարձին կ’իյնայ Նիկոլի դիրքին մէջ, Զաւրիեւի կողքին, մահացու գնդակ մը առնելով իր կողքէն:

Շար.90


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝