Յայտարարութիւն

Thursday, April 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 91 - Ռուբէն

Վերջալոյս է արդէն: Կ’ուրախանանք որ մութը կ’իյնայ. մութի մէջ ի՞նչ կարող է ընել թշնամին: Երբ մութը բոլորովին ինկաւ, ամէն ինչ լռեց: Մեր վերեւի դիրքերուն մէջ մեր ընկերները սպաննուեցա՞ն թէ թշնամին փախաւ, չենք գիտեր: Քիւրտ Մստոն կու գայ մեև դիրքը եւ Սարգիսի կողմէ կը պատուիրէ որ երկու հոգի մնանք միայն ձորի բերանը եւ հատ հատ կրակենք թշնամին մոլորեցնելու համար: Ես եւ գրիշը կը մնանք մեր դիրքին մէջ եւ մէկ մէկ կը կրակենք. ես կը փորձեմ ռումբ մը գլորել ժայռէն վար, բայց ռումբը չի պայթիր: Մինչ այդ մեր ընկերները կը հաւաքուէին ձորի ծայրը: Վերջապէս մենք եւս կը քաշուինք ու կը նստինք մեր ձիերը, զգուշութեամբ մօտենալով մեզի ցոյց տրուած տեղը: Կը վախնայի թէ մեր ընկերները արդէն բոլորը գացած ըլլան. բայց անոնք հոն էին, ստուերի մէջ, թէեւ քչուոր, հազիւ 10 հոգի: Քիչ մըն ալ հոն մնացինք, բայց Մստոն կը շտապեցնէր վայրկեան առաջ դուրս գալու այդ գուբէն: Չկային ոչ Նիկոլը, ոչ Զաւրիեւը, ոչ Թադոսը եւ ոչ Խոչոները. գիտէինք որ Սերոբը մեռած է, բայց Աւտոյի մասին դեռ լուր չունէինք: Վեր կը բարձրանանք զառիվերէ մը. եթէ ցորեկ ըլլար, գուցէ չհամարձակէինք ձիերը քշել այս անդունդներու վրայով: Կը հասնինք լերան գագաթը, ուր մարդիկ կան. ոմանք միամտաբար ուրախացած` «Դուման, Խեչօ» կը կանչեն: Ես, Սուրէնը եւ Մստոն, որ հազիւ 30 քայլ հեռու էինք, հասկցանք որ մեր առջեւ թշնամին է: Անոնք ալ յանկարծակիի եկան եւ շշմեցան երբ մենք ատրճանակները քաշեցինք: Լսուեցան «Լօ, լօ Ֆետայան» գոչումները եւ հարիւրաւոր հրացաններ բացուեցան գիշերուան մութին մէջ: Մենք կը ճեղքէինք շղթան հետեւելով Մստոյին, գնդակները կու գային ամէն լողմէ, գնդակ մը դպաւ ձիուս պուտին, ուրիշ մըն ալ Առաքելի ձիուն, որ ետեւի ոտքերուն վրայ բարձրացաւ եւ գետին ինկաւ Առաքելի հետ: Ան իմ առջեւն էր, քիչ մը կանգ առի, Առաքելը բռնեց իմ ձիուս պոչէն եւ նորէն սրընթաց առաջ անցանք ու հասանք տղոց. թշնամիէն բաւական հեռու էինք արդէն: Առաքելը բարձրացաւ ձիուս քամակը: Մստոն առջեւէն, Սարգիսը կողքիս, առաջ կ’երթայինք: Յանկարծ երկու Խեչոները հրաշքի նման դուրս եկան մեր առջեւ. նախ կարծեցինք թէ թշնամի են եւ ուզեցինք կրակել, բայց Սարբազի ձայնէն ճանչցանք զինքը: Խեչոները միացան եւ շարունակեցինք մեր ճանապարհը:
Կը նկատենք, որ ստուերի մէջ սեւին կու տան ինչ որ շարժումներ: Թշնամի պիտի լինի: Ձայներս կտրած կ’երթայինք դէպի ստուերը: Երբ կը մօտենանք, կը հարցնեն մեզ թուրքերէն թէ ովքե՞ր ենք: Մենք կը պատասխանենք քրտերէն: Զգուշացան կրակելէ, իսկ երբ 200 քայլ հեռացանք, համազարկ բացին մեր վրայ: Այդ վայրկեանին կ’անցնէինք առուի մը վրայով: Երբ ձիս ցատկեց, Առաքելը վար ինկաւ` զիս ալ քաշելով իր ետեւէն, բայց ես ամուր բռնած էի ձիուս բաշէն եւ կախուած կը մնայի օդին մէջ` գլուխս ներքեւ եւ ոտքերս վերեւ: Իմ հրացանս ձեռքէս ինկած էր գետին: Տեսայ, որ Առաքելը մօտեցաւ ինծի, բայց փոխանակ զիս բարձրացնելու եւ դնելու իմ ձիու մէջքին, վերցուց իմ հրացանը եւ հեռացաւ, թողնելով զիս կախուած: Ձիս գլուխը դարձուց դէպի թշնամին եւ այն կողմը կ’երթար: Գնդակները կը սուրան: Ես յուսահատ «Առաքել» կը պոռամ: Յանկարծ ձիաւոր մը կը յասնի ինծի եւ, գետին ցատկելով, զիս կը շտկէ իմ ձիու վրայ, թշնամիին աչքին առջեւ: Մենք կը սլանանք դէպի ընկերները, որոնք մեզ կը սպսաեն, դանդաղցնելով իրենց ընթացքը: Այդ ձիաւորը Սարբազ Խեչոն էր:
Մեր փոքրիկ խումբը կ’ուզէ առաջ շարժուիլ. «Առաքելը կրնայ թշնամու ձեռքը իյնալ», կ’ըսեմ ընկերներուս եւ կ’առաջարկեմ սպասել: Այդ վայրկեանին յանկարծ կը տեսնեմ Առաքելը` նստած Սարգիսի գաւակին: Զարմանքս եւ ցասումս իրար խառնած` մի գէշ հայհոյանք կու տամ եւ, ատրճանակս հանած` կը պոռամ անոր վրայ.
- Քու հրացանը կորսնցուցած իմս կ’առնես եւ ինծի ձգած Սարգիսի գաւակը կ’ելլես: Տո՛ւր իմ հրացանս եւ իջիր ձիէն, եթէ ոչ շան սատակ կ’ընեմ:
Առաքելը խեղճացած, հրացանս ինձ տուաւ, բայց չիջաւ ձիէն, Սարգիսն արգիլեց: Սարբազ Խեչոն այս աղմուկին վրայ մօտեցաւ մեզ, ըսելով, որ յետոյ կը տեսնենք այդ խնդիրը:
Մստոն առաջ ձգած` ձիերու ընթացքը արագացուցինք, կրակի ու գնդակի տակ, եւ առաջ շարժուեցանք:
Մեր առաջ շներու հաջոց եւ մարդոց գոռում-գոչում կը լսուէին: Մենք կ’եևթայինք ճամբով մը որ կը տանէր Կոթուր, որով արդէն անցած էինք Թուրքաց սահմանը եւ մտած Պարսկաստան: Հոն մտնելն ալ վտանգաւոր էր, ուստի լեռ մը կը բարձրանանք եւ կը շարունակենք ձիերը քշել ամենայն արագութեամբ, եւ մինչեւ լուսնալը այդպէս կը քշենք եւ կը հասնինք մի այլ լերան կատարը: Մստոն կը կանգնի եւ մեզ կը յայտնէ, որ այլեւս վտանգն անցած է: Իմ ձին քրտինքի եւ արիւնի մէջ կը լողայ, եւ իմ սիրտը շատ ու շատ կը ցաւէր անոր համար: Բաց վէրքին կը նայէի եւ աչքիս առջեւ կու գային Սերոբի ծակուած քունքերը, Առաքելի արաձնացած ձին, որ գետին տապալեցաւ, եւ ինքն` Առաքելը, որ իմ ձիու պոչը բռնած էր եւ կը վազէինք կրակներու մէջ: Յիշեցի զիս այս վիրաւոր ձիու թամբէն կախուած, ոտքերս վերեւ, գլուխս ներքեւ, կ’երթայի դէպի թշնամին եւ, վերջապէս իմ փրկութիւնս, Սարբազ Խեչոյի շնորհիւ: Այս իրականութեանց կրկնութիւնը ինձ չափազանց յուզեց: Ես ձգեցի ձիս եւ գացի դէպի տղաները: Անոնք նստած հաց կ’ուտէին, իսկ Առաքելը գլուխը ձեռներու մէջ ատած` կը մտածէր: Կատաղած` անոր այնպիսի լիրբ հայհոյանք մը տուի, որ բնաւ բերանս չէր առած:

Շար.91


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝