Յայտարարութիւն

Tuesday, April 6, 2010

Գնահատանքի Արժանի Հրատարակութիւն Մը` ՊԱՏԱՐԱԳԱՄԱՏՈՅՑ ՀԱՅԱՍՏ.ԱՌԱՔԵԼ.Ս.ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Սրտի անհուն ուրախութեամբ կ՜ողջունենք հրատարակութիւնը երկլեզու «Պատարագամատոյց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» , «“Badarakamadouyts” The Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church » հատորին, պատրաստութեամբ Արժանապատիւ Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմէնճեանին, հոգեւոր հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց , մեկենասութեամբ` Տուպայ բնակող Տիկ. Սոնիա Թեփերճեանի, ի յիշատակ իր սիրեցեալ մօր՝ Նազելի Թեփերճեանի: Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէր Հօր Նախաբանը, որ կը բացատրէ թէ ինչ էր այս գրքոյկի հրատարակման նպատակն ու շարժառիթը, անոր բովանդակութիւնն ու օգտագործուած աղբիւրները:



Երկու Խօսք

Յատուկ ուրախութեամբ եւ օգտակար ըլլալու առաջադրանքով կը ներկայացնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն «Պատարագամատոյց» խորագրով ներկայ աղօթագիրքը: Սոյն հրատարակութիւնը Հայերէն եւ Անգլերէն բնագիրներու մէկտեղումով պիտի ծառայէ որպէս ուղեցոյց հաւատացեալներուն` հետեւելու Ս. Պատարագի արարողութեան:

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին հարուստ է իր ծէսով: Հարստութեան խարիսխը եկեղեցական արարողութիւններն են, որոնց ընդմէջէն հաւատացեալին կը փոխանցուի Աստուծոյ շնորհքը: Արարողութիւններու մէջ ամենէն ժողովրդայինը Ս. Պատարագն է, որ կը յատկանշուի իր իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ: Խորհրդաւորութիւն մը, որ կը զարգանայ եւ այդ զարգացումը իր գագաթնակէտին կը հասնի Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը խորհրդանշող Ս.Հաղորդութեան մատուցումով:

Այստեղ երկու հաստատումներ կ’ուզենք կատարել.
Առաջին. լեզուն Գրաբար ըլլալով, ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը Ս. Պատարագի արարողութենէն քիչ բան կը հասկնայ. ան առաւելաբար բարեպաշտական աւանդութեամբ եւ հոգեկան հաղորդակցութեամբ կը հետեւի սրբազան խորհուրդին:

Երկրորդ. Ս. Պատարագի արարողութեան ընթացքին ժողովուրդը թէեւ մասնակից է սակայն գործնականօրէն նուազ դերակատար է. գործնական մասնակիցները` պատարագիչը, սարկաւագը եւ դպիրներն են: Այս պատճառաւ հաւատացեալը նուազ հաղորդակից կը դառնայ Ս. Պատարագին: Սոյն մտահոգութիւններէն մեկնած, կը հաւատանք որ այս աշխատասիրութիւնը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պիտի պարգեւէ հաւատացեալին: Ան պիտի լաւագոյնս ծանօթացնէ Ս. Պատարագի իմաստը զայն գործածողին:

«Պատարագամատոյց»ը բաղկացած է չորս բաժիններէ. Գրաբար, Աշխարհաբար, Գրաբարի բնագիրը Անգլիատառ տարբերակով եւ Անգլերէն: Այս աղօթագիրքի գործածութիւնը պիտի նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք կը դժուարանան Հայերէն կարդալ: Մեր նպատակն է նաեւ յաւելեալ բացատրութիւններով մասնակցողը հաղորդակից դարձնել անոր իմաստին, աւելի խորացնելու եւ հիմնաւորելու համար իր գիտութիւնն ու հաւատքը:

Այս աշխատութեան համար օգտագործած ենք հետեւեալ աղբիւրները. Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի «Խորհրդատետր Սրբազան Պատարագի», 1999, Անթիլիաս, Գուրգէն Քհնյ. Եարալեանի «Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church», 1980, San Francisco, Կորիւն Քհնյ. Շրիքեանի «Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church» եւ «The Sacred and the Divine Liturgy of the Armenian Apostolic Church», 1993, Encino, «The Divine Liturgy of the Armenian Church» St. Vartan Press, New York, 2000:

Վստահ ենք որ այս հրատարակութիւնը պիտի ծառայէ իր նպատակին, որովհետեւ կարիքի մը ծնունդն է ան: «Ճաշակեցէք եւ տեսէք», թէ որքան քաղցր է: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է սիրել Պատարագը, մասնակցիլ եւ հաղորդակից դառնալ անոր խորհուրդին ի սէր Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ յօգուտ հայ հաւատացեալին հոգեւոր շէնքին կառուցման:

Շնորհակալական յատուկ խօսք ունինք պրն. Նշան Պասմաճեանին, որ համբերութեամբ եւ բծախնդրօրէն կատարեց այս աղօթագիրքին սրբագրական աշխատանքները:

Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան


Յսյտնենք նաեւ որ Պատարագամատոյցի վերջին հինգ էջերուն մէջ Տէր Հայրը, գործնական մտահոգութենէ տարուած , աւելցուցած է հետեւեալ շարականներն ու սաղմոսները.
Հրաշափառ Աստուած , Լուացում,Ընտրեալդ,Ժամամուտք Ծննդեան եւ Աստուածածնի, Սուրբ Յարութեան, Խաչի,Շարական Սուրբ Հաղորդութեան Այսօր Անճառ,Տաղ Յարութեան, Ծննդեան (Մեծացուսցէ):
Էմիրութիւններ իր 11 ամեայ կեցութեան ընթացքին, Տէր Արամ լոյս ընծայեց բազում հրատարակութիւններու, որոնք գործնականօրէն կարեւոր են հաւատացեալներուն համար, հասկնալու ՝ արարողութիւններու իմաստը եւ հետեւելու անոնց ընթացքին:Որպէս օրինակներ կարելի է յիշել Տեառնընդառաջի, Խաւարման Գիշերի, Ոտնլուայի, Հսկումի,Արեւագալի եւ այլ առիթներով գործածելի երգարան գրքոյկները:Տէր Հայրը նաեւ հեղինակ է Կրօնի գիրքերու , որոնք կ՜օգտագործուին Շարժայի Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի մէջ իբրեւ դասագիրք:

«Նշանակ» իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տէր Արամին եւ Տիկին Սոնիային «Պատարագամատոյց» ի այս անհրաժեշտ հրատարակութեան համար:

«Նշանակ»







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝