Յայտարարութիւն

Wednesday, April 7, 2010

Օտարանալու լաւագո'յն տարիքը Վրէժ Արմէն

2001 ին գրուած Վրէժ Արմէնի այս յօդուածի մատնանշումները այժմէական մտահոգութիւններ են:
Վրէժ Արմէնի մտահոգութիւնը առկայ է սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ: Աստուած մի արասցէ որ Հայաստանն ալ մեր տենդով բռնուի...

«Նշանակ»

-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-


Օտարանալ՝ կարելի է ամեն տարիքի, ի հարկէ: Կայ, սակայն, մարդու կեանքին մէջ յարմարագոյն պահը օտարանալու...
Բայց նախ յստակացում մը անհրաժեշտ է: Նոյն բանը չէ մեր աւանդական օտարամոլութիւնը եւ օտարանալու ձգտումը: Առաջինին մասին շատ է գրուած: Յակոբ Պարոնեան, մեր անմահ երգիծաբանը, շատ լաւ նկարագրած է մեր այդ բարեմասնութի՜ւնը. - «Չեմ կրցած ըմբռնել, թէ օտարին թերութիւնը իբրեւ առաւելութիւն եւ տգեղութիւնը իբրեւ գեղեցկութիւն տեսնելու աչքի տկարութիւնը ինչպէս մուտք գտած է մեր մէջ։ Կ՜ընդունիմ, որ մարդս կ՜ընդօրինակէ ուրիշներէն ինչ որ բարի է, գեղեցիկ է, ճշմարիտ է, ասիկա օտարութիւն չի սեպուիր. բայց կարծել, թէ ինչ որ օտար է՝ բարի է, գեղեցիկ ու ճշմարիտ, ա՛յս է ահա օտարամոլութիւնը, որ կարծես մեր արեան մէջ բաժին մը ունի»։

Ուրիշ է օտարանալ ուզե՛լը, օտարանալը՝ սեփական ազգութենէն պարպուիլը եւ տարբեր ազգութեամբ մը լեցուիլը. երբեմն ալ՝ այդ ալ չյաջողելով՝ ազգութենէ զուրկ, անհոգի, դատարկ մարմնի մը վերածուիլը:
Ճիշդ է, թէ օտարամալութիւնը եւ թէ օտարատենչութիւնը նոյն աղբիւրէն կը սնանին՝ ստորակայութեան զգացումէն, սեփականէն ամօթ զգալու եւ ուրիշինէն հրապուրուելու հիւանդութենէն, սակայն երկրորդը առաջինէն մէկ քայլ ալ անդին կ՚անցնի: Օտարացողը կը յաւակնի թօթափել իր բնածին բոլոր թեփերը, թերութիւնները եւ տկարութիւնները, եւ օժտուիլ ուրիշին փետուրներով, առաւելութիւններով ու կարողութիւններով, մինչ օտարամոլը պարզապէս հիացմունք կ՚ունենայ անոնց վրայ...

Օտարանալու լաւ ձեւը անշուշտ առաջին հերթին հայութենէն ֆիզիքապէս հեռու մնալն է - երկրի, թաղի, բնակարանի ընտրութիւնը կրնայ մեծապէս նպաստել ադոր. չունենալ հայ դրացիներ, հայ թաղեկիցներ, հայ համաքաղաքացիներ՝ չհանդիպելու համար ոեւէ հայու... Նկատի առնելով մեր այնքան ցրուաածութիւնը, ասիկա քիչ մը դժուար է, բայց կարելի':
Երկրորդ հերթին, եւ բնականաբար աւելի ազդեցիկ է հոգեպէս մեկուսացումը հայութենէն - չհետաքրքրուիլ հայութեամբ, չհետեւիլ հայութեան լուրերուն, ներկայ չըլլալ հայկական ձեռնարկներու, եւայլն, եւայլն: Այս ալ կրնայ որոշ դժուարութիւններ ներկայացնել, քանի որ թէկուզ տարին մի քանի անգամ հայու մը մասին, կամ Հայաստանի մասին լուրի մը կարելի է հանդիպիլ տեղական մամուլին մէջ, կամ հեռատեսիլէն ու ձայնասփիւռէն: Պէտք չէ կարդալ կամ դիտել, ունկնդրել նման լուրերը, որպէսզի յանկարծ կայծ մը չվառի, վերադարձի նշոյլ մը չփայլի, առնչութիւն մը չզգացուի արմատներուդ հետ...
Օտարանալու ձգտումը կրնայ մէկ անգամէն ու յանկարծ չյառաջանալ: Ժամանակը իր դերը կրնայ խաղալ, կեանքի պայմանները, յաջողութիւնները, որոնք կրնան շլացնել մեզ ու հետզհետէ քաշել, դուրս բերել մեր հայութենէն, հայկականութենէն: Կրնանք մեր կեանքը սկսած ըլլալ «եան»երով շրջապատուած, ու աւարտել առանց որ մէկ հատիկ «եան» կաթիլ մը արցունք թափէ մեր գերեզմանին վրայ:
Սակայն, նման պարագաներու ալ կիրարկելի կը դառնայ օտարանալու լաւագոյն տարիքի վարկածը, եւ եթէ ոչ մեր,գէթ մեր զաւակներո՛ւն պարագային կարելի է զայն ի գործ դնել այժմէն իսկ:

Այդ՝ երկրորդական վարժարան յաճախելու տարիքն է: Արբունքի շրջանը: Ադկէ աւելի յարմար պահ չկայ մարդու կեանքին մէջ օտարանալ կարենալու համար - 13-էն 18-ի միջեւ:
Այդ ատեն է, որ միջավայրը իր ամենէն խորունկ ազդեցութիւնը կը թողու պատանիին զարգացման վրայ: Օտարանալու համար, աւելի ճիշտ՝ զաւկին օտարացումը ապահովելու համար պէտք չէ թոյլ տալ, որ այդ տարիքին ան հայկական վարժարան յաճախէ, ամենօրեա'յ վարժարան: Այդպէս միայն կարելի է վստահ ըլլալ, որ ան պիտի փրկուի հայ ընկերներով շրջապատուելու, հայութեան հետ առօրեայ շփում ունենալու վտանգներէն: Պարոնեան օտարամոլութեան կը վերագրէր զաւակը օտար վարժարան ղրկելու ունակութիւնը՝ ենթադրելով որ հայկական վարժարանի մէջ տրուած ուսումէն բա՜րձր ուսում կը ծախուի օտարին քով... Բայց ոչ, օտարամոլութիւն չէ՛, օտարատենչութի՛ւն է ատիկա։
Օտար վարժարանի մէջ հայերէնը շուտով պիտի դադրի ձեր զաւկին առօրեայ հաղորդակցական լեզուն ըլլալէ, եւ չգործածուելով՝ մոռացութեան մատնուի, եթէ երբէք իւրացուած էր առաջին հերթին:
Այնտեղ հայ մշակոյթը որեւէ ձեւով պիտի չխաթարէ իր օտար«ի դիմագծի կերտումը, հայոց պատմութիւնն ու կրօնը պիտի ի զուր չխճողեն իր գանկը, որ ամբողջութեամբ տրամադրելի պիտի ըլլայ լեցուելու օտար «գինի»ով՝ մինչեւ հարբեցում:
Երկար ժամանակ պիտի չառնէ՝ որդեգրելու ուրիշին բարքերը, ուրիշին սովորութիւնները, որոնք ինչ ալ ըլլան, մերիններէն նախընտրելի պիտի թուին օտարացման ճամբէն հեշտութեամբ ընթանալու համար:
Պատմութեան բեռը թօթափելով ուսերէն, ձեր զաւակը պիտի դառնայ ազա՜տ ու անկա՜խ, նոյնիսկ ձեզմէ ալ պիտի ուզէ ձերբազատուիլ, եթէ հայու որեւէ հետք կամ հոտ նկատէ ձեր վրան:
Ոհ, այն ատեն հարիւր առ հարիւր յաջողած պիտի ըլլաք:
Որոշումը՝ ձերն է: Ձե'ր կամքով: Մէկ կամ միւս ուղղութեամբ: Զգոյշ՝ չկայ միջին ճամբայ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հորիզոն, 2001-01-25 (1595)


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝