Յայտարարութիւն

Thursday, April 8, 2010

Ամենէն օգտակար Ուտելիքները՝ Բանջարեղէնները Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան

Հետեւեալ բանջարեղէնները գէթ մէկ անգամ ուտելով կը հարստանայ մեր սնունդը կենսալի chlorophy-ով, երկաթով, կրածինով (calcium), vit. C-ով եւ աղիքները մաքրող նեարդով (filter) օրինակ վայրի կաղամբը (kale), կանաչ կաղամբը (collards), մանանեխի տերեւները (mustard greens), շողգամի տերեւները (turnip tops), ջրկոտեմը (watercress), հազարը, ազատգեղը, roquette-ը (րօքա), կռափանջարը (dandelion), ճառճռուկը (chickweed):

Իւղը լուծող բանջարեղէններ. –
Բողկը, սպիտակ եւ երկար բողկը (daikon), շողգամը, սոխը, կանաչ սոխը, բրասը եւ shitake չոր սունկը:

Եթէ կ’ուզենք նիհարնալ եւ իջեցնել cholesterol -ը.-
Չինական բժշկութիւնը կը յանձնարարէ կաղամբներու բոլոր տեսակները broccoli-ն, սովորական կաղամբածաղիկը մանր կաղամբը (brussel sbrouts): Այս բանջարեղէնները լեցուն են կենսանիւթերով որոնք կ’օգնեն քաղցկեղի կանխարգիլման: Կաղամբներու մեծ ընտանիքի կողքին կը գտնուին նաեւ ծաղկակաղամբը, վայրի կաղամբը (kale) եւ վերոյիշեալ բանջարեղէնները:

Արմատ բանջարեղէններ եւ ձմեռնային դդումներ. -
Ասոնք նաեւ քաղցկեղ արգիլող բանջարեղէններ են եւ լեցուն են vit. A-ով, beta cartoen-ով, հանքային նիւթերով եւ նեարդով, օրինակ – ստեպղինը, գազարով (parsnip), բանձեղը (pumpkin) եւ ուրիշներ:
Եփուած անոյշ բանջարեղէնները կը հանդարտեցնեն անոյշ ուտելու ախորժակը, անոնք նոյնիսկ կը բարելաւեն մեր կորովն ու տրամադրութիւնը:
Այս բանջարեղէնները կրնանք օգտագործել pudding-ներու, pie-երու եւ ապուրներու մէջ:
Անուշեղէն ուտելու մարմաջը կ’աւելնայ ու կը վատանայ մեր վիճակը եթէ չափազանցենք մեղրն ու րուպը եւ ասնոց նմանները ինչպէս maple syrup-ը ուտելէ ետք մեր եռանդը կ’առթննայ բայց քիչ ետք յօգնութիւնը զգալով տրամադրութիւնը կրնայ խորտակուիլ:
Պտուղներն ու պտուղի հիւթը երբ չափազանցենք կրնանք թուլնալ քանի որ կարգ մը պտուղներ աւելի շաքար կը պարունակեն քան անոյշ բանջարեղէնները:
Ուստի երբ մեր չափազանց աշխոյժ փոքրերը կ’ուզենք հանդարտեցնել կրնանք անոնց հռամցնել հանդարտեցուցիչ snack-ները ինչպէս ` ձմեռնային դդումը, գազարը (parsnip), ստեպղին, զանոնք եփելով շոգիով, փուռի մէջ, կամ puree եղած եւ կամ pudding-ներու մէջ: Այս ուտելիքներէն կ’օգտուին նաեւ շաքարախտաւորները:

Գիշերը աճող բանջարեղէնեեր (Night shades). -
Այս բանջարեղէնները գիշերուայ ընթացքին կ’աճին, ասոնցմէ են . – սմբուկը, լոլիկը, գետնախնձորը, անոյշ մեծ պղպեղները: Մեզի կը յանձնարարուի չուտել, մանաւանդ երբ stress-ի մէջ ենք:
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ այս բանջարեղէնները սրտի զարկերը կ’արագացնեն մարսողութիւնը կը դանդաղեցնեն: Բարձր քանակով alkaloid կը պարունակեն (alkaloid -ներու մէջ բորոկածին (nitrogeon) եւս կը գտնուի): Կ’արգիլեն նաեւ B կենսանիւթին ներծծումը: Կրնան նպաստել arthritis-ին եւ rheumatism-ին:
Կան նաեւ տարբեր բանջարեղէններ որոնք կը յոգնեցնեն մարմինը: Օրինակ – շոմինը (spinach) եւ ճակնդեղ: Ասոնք oxalic acid (չափազանց թունաւոր acid մըն է C2H2O2) կը պարունակեն, կը փակչին կրածինին ու մարմինը դուրս կը վանեն զայն աւելցնելով ոսկորափտութեան եւ երիկամային քարերու վտանգը: Կը գտնուի նաեւ sussed-ին եւ rhubarb-ին:
Երբ մարմինը դարմանելու եւ նորոգելու ընթացքի մէջ ըլլանք, կը փորձենք խուսափիլ ասոնցմէ:

Ընտրել բանջարեղէններ որոնք կը փոխեն տրամադրութիւնը. –
Շատեր կը զգան գրգռիչ ուտելիքներու թողած ազդեցութիւնը իրենց տրամադրութեան վրայ: Օրինակ, սուրճը կ’արթնցնէ եւ կ’աշխուժացնէ, բայց ատկէ ետք յօգնութիւն կը զգանք: Chocolate-ը սիրուած ըլլալու զ•ացումը կ’առթնցնէ որուն կը յաջորդէ թեթեւ յուսալքում մը որ պատճառ կը դառնայ ալ աւելի Chocolate-ներու...
Կովու կարմիր միսը, հաստատակամ կը դարձնէ բայց ետեւէն կը հասնի քնոտութիւնը (lethargy):
Spectrum-ի ծայրեզրին գտնուող այս ուտելիքներն ու խմիչքները կը ձգտին չափազանցել մեր տրամադրութիւնը իսկ բանջարեղէնները նրբօրէն կ’ազդեն անոնց վրայ: Զանոնք կ’օգտագործենք մեր ուզած ձեւով փոխելու համար տրամադրութիւնը:

Երբ պրկում եւ բարկութիւն կը զգանք եւ կամ երբ չենք գիտեր ինչ ընել:
Այս պարագային կ’ուտենք թարմ բանջարեղէններ, օրինակ – կաղամբ չինական կաղամբ, կանաչ լուբիա, հազար, վարունգ, կաղամբածաղիկ, կարոս (celery), ոլոռն (peas): Ասոնք հանդարտեցուցիչ յատկութիւն ունին, կը լուսաւորեն եւ կը յստակացնեն միտքը: Թեթեւօրէն մանրել կամ աղցաններու մէջ օգտագործել:

Երբ Յոյժ զգայուն կամ դիւրայոյզ դարձած ենք. -
Ուտել եփած բաջարեղէններ, մանաւանդ արմատ բանջարեղէններ ինչպէս շողգամը, ստեպղինը, սպիտակ կամ կարմիր բողկը եւ այլն եւ նաեւ աշնանային դդումը:
Ասոնք կը հանդարտեցնեն նաեւ կ’օգնեն յարատեւել աշխատանքի մէջ: Կը սկսինք արդիւնաւոր կերպով ստեղծագործել:

Մարօ Գըվըրեան - Նիկողոսեան



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝