Յայտարարութիւն

Friday, April 30, 2010

Տէր Գուրգէն Քահանայ Եարալեան - Օննիկ Պօղիկեան

Օննիկ Պօղիկեան իր ութսուն տարիքին տակաւին կը սորվի: Իր վերջին սորված «դասը» հայերէնով մեքենշարելն է: Վարի յուշիկը Տէր Գուրգէն Ա. Քհն. Եարալեան ի մասին է գրուծ անոր մահիւան աթիւ տպուած Ասպարէզի մէջ՝ Լոս Անճելըս: Կը գնահատենք Օննիկի կորովը եւ կը մաղթենք (ինչպէս ինք խոստացած է)որ այս յուշագրութիւնը վերջինը չըլլայ հրապարակուած «Նշանակ» ի մէջ:

Վարձքդ կատար սիրելի Օննիկ:

Նշանակ

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«


Վաղարշաաակ, Մեսրոոոպ, կարոոո, Օննիիիկ,
Քեսապի ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի 8րդ կարգի չորս աշակերտներս դուրս կուգայինք մեր
դասարանէն՝ ըմբոստանալով մեր հայերէնի ուսուցիչ պր Յակոբ Թութիկեանի կողմէ մեզի եղած
Անարդար պատիժին համար:

Այդ պահուն մէր դասարանին կից ուսուցչարանին մէջ կը գտնուէր տնօրէն պրն Ճոզէֆ Պասմաճեան
լսած ըլլալով մեր վիճաբանութիւնը և նշմարած մեր փութկոտ մեկնումը՝ դուրս եկած էր ուսուցչարանէն
Եւ պոռալով կանչած մեր անունները որպէսզի ետ դասարան վերադառնանք. Անօգուտ:
Նախորդ երկու տարիներուն լայնօրէն օգտուած էինք եւ վայելած հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան
վաստակաւոր ուսուցիչ, բանաստեղծ եւ հայոց պատմութեան գիրքերու հեղինակ՝ տնօրէն Արմէն Անուշ
Մարաշլեանի բեղուն ու արդիւնաշատ դասաւանդութիւններէն:

Յարգելի մեր ուսուցիչ տնօրէնը սակայն դիւրաբեկ առողջութիւն մը ունէր: Մեր գիւղի ձմեռնային չոր ու
ցուրտ օդը նպաստաւոր չէր եղած իր առողջութեան եւ այդ տարի մեկնած էր Հալէպ՝ մեզ զրկելով տարի
մը եւս իրմէ օգտուելու թանկագին պատեհութենէն:

Հայերէնի մեր նոր ուսուցիչ Յակոբ Թութիկեանին անծանօթ էինք: Ինքն ալ մտաւորական բանաստեղծ եւ
տարիներու հայերէնի ուսուցիչ եղած էր սակայն այս փոփոխութիւնը մեզի անակնկալ մըն էր. Զինք չէիինք
ճանչնար. Առաջին տպաւորութիւնը դրական չէր. Քիչ մը խիստ էր, խոժոռ, ոչ մտերմական: Այլապէս նուիրեալ,
յանձնառու եւ գիտակից իր պաշտօնին:

Արմէն Անոյշի շուքը դեռ մեր վրայ կը կրէինք եւ հաւանաբար ժամանակ պէտք էր ընտելանալու մեր նոր
ուսուցչին: Ֆրանսերէնի եւ երկրաչափութեան ուսուցիչ եւ նոր տնօրէն Ճոզեֆ Պասմաճեանը մեզի հրահանգած էր
պատրաստել Ուսումնասիրաց վարժարանի շէնքին յատակագիծը՝ որպէս պարտականութիւն: Այդ ատեն
Ա ւետարանական եկեղեցւոյ պատկանող շէնքերը կը գործածէինք որպէս դպրոց:
Կէսօր մը դասարանով գացինք Ուսումնասիրացի շէնքը եւ սկսանք չափել շէնքին ներքին թէ արտաքին մասերու
պատերն ու տարածութիւնները:
Կէսօրուան մէկ ժամը շատ քիչ էր նման գործ մը աւարտելու համար: Գիտակցելով հանդերձ որ մի
քանի անգամ պէտք էր երթայինք ամբողջացնելու չափագրութիւնը՝ խանդավառուած մեզի համար նորութիւն
եղող եւ հետաքրքրական այս պարտականութենէն եւ բոլորովին մոռցած որ պէտք էր ժամը մէկին
դպրոց վերադարձած ըլլայինք. դասարանի տասը աշակերտներէն վեց տղայ չորս աղջիկ, Մովսէս Սահակեանը
եւ Ստեփան Գարայեանը չուշանալու մտահոգութեամբ արդեն մեկնած էին աննկատ, երբ յանկարծ
անդրադարձանք որ հազիւ հինգ վայրկեան ունէինք դասարան հասնելու: Արագացուցինք մեր քայլերը,
բայց ուշ էր արդէն: Հայերէնի դասաւանդութիւնը սկսած էր , իսկ մենք՝ ուշացած:

Հեւալով ներս մտանք եւ բացատրեցինք մեր ուշանալու պատճառը, սակայն պր. Թութիկեանի դէմքին վրայ
ներողամտութեան նշաններ չէին երեւեր: Սկսաւ խրատներ տալ մեզի եւ սաստել:
Սաստերուն որպէս պատասխան՝ Կարոն համարձակեցաւ պատճառաբանել եւ արդարանալ. Վաղարշակը,
Մեսրոպը եւ ես միացանք վիճաբանութեան որուն իբրեւ հետեւանք՝ դասարանէն դուրս, սրահին մէկ անկիւնը
ոտքի կենալով պատժուեցանք եւ օրուան դասէն զրկուեցանք:
Դուրսը չորսս «ժողով» ըրինք եւ որոշեցինք դուրս ելլել դպրոցէն՝ որպէս բողոքի արտայայտութիւն: Մնացածը
ծանօթ է արդէն:

Յետագային Կարոն եւ Վաղարշակը վերադարձան: Մեսրոպը եւ ես ձգեցինք դպրոցը անվերադարձ:
Կարոն դպոցը աւարտելէն ետք գնաց Անթիլիասի դպրեվանքը ուսանելու:
Ամարուան արձակուրդներուն կուգար գիւղ: Տարի մը, երբ դարձեալ եկած էր արձակուրդի, զիս տեսնելով,
ըսաւ – «ես կը յիշեմ որ օրդ. Արաքսի Հովսէփեանը քեզի երգ մը սորվեցուցած էր ամավերջի հանդէսին
համար եւ բաւական լաւ կ՛երգէիր. Այս օրերուն խումբ մը տղոց եւ աղջիկներու հետ երգչախումբ մը
կազմելու վրայ ենք, եթէ փորձերը յաջող ընթանան, կը ծրագրեմ համերգ մը տալ, կ՛ուզեմ որ մասնակցիս»:
« Բայց ես ձայնաւոր չեմ» ըսի:
«Բայց դուն երգել գիտես» ըսաւ եւ պնդեց:
Չմերժեցի եւ սկսանք փորձերու գրադարանին փոքր սրահին մէջ: Սորվեցանք շարք մը երգեր, որոնցմէ
լաւագոյնը՝ «Հոյ նար»ն էր եւ «Կէրմէր Ֆստան հէգուծ էր»ը: Նոյնիսկ ինծի վստահեցաւ «Հոյ Նար»ի մերերգի
բաժինը:
Յաջող համերգ մըն էր. Մեծապէս գնահատուեցաւ հասարակութենէն: Կարոյին արաջին համերգն էր:
Կարոն կրակոտ վճռական հետեւողական եւ ըմբոստ նկարագրի տէր էր. խելացի, տրամաբանող եւ
պատրաստաբան:
Կը յիշեմ, փորձերու ընթացքին բծախնդիր էր եւ ամբողջութեամբ համակուած երաժշտական արուեստով:
Ես զարմացած էի որ շատ կարճ ժամանակամիջոցին կրցաւ յաջողցնել համերգային ելոյթ մը՝ եռաձայն
եւ քառաձայն փունջ մը երգերով:

Յետագային երգչախումբին մէջ, առաջին շարքին եղող անուշ ու թաւ ձայնով օժտուած Անուշը
(Յովսէփեան) ընտրեց որպէս իր կեանքի ընկերուհին եւ քահանայ ձեռնադրուեցաւ ստանալով Տեր Գուրգէն
անուանումը:

Ատկէ ետք կապս կտրուեցաւ շատ սիրելի դասընկերոջս հետ:
Դպրոցական շրջանին միշտ ժպիտը դէմքին կը մօտենար ինծի եւ ափ մը չոր թուզ կուտար, գիտէր որ մենք
չունէինք: Ինծի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր իր այդ հոգածութիւնը.փոխադարձելու բան մը չունէի, բացի
շնորհակալ եմ ըսելէն:

Տարիներ անցան: Ճակատագիրը մեզ բաժնած էր եւ մեկնած էինք տարբեր ուղղութիւններով:
Սակայն, կրկին ճակատագիրը կարգադրած էր որ վերագտնենք զիրար երբ արդէն ընտանիք կազմած եւ
զաւակներու տէր էինք: Առիթով մը Տիթրոիթ եկաւ. Ողջագուրուեցանք… Այդ վերջին հանդիպումն էր:
Սակայն միշտ կը լսէի իր մասին, իր քահանայական եւ երաժշտական գործունէութեան մասին:
Որքան ուրախացայ երբ ձեռքս անցաւ իր պատրաստած պատարագի ձայներիզը՝ պատարագիչի իր ջինջ ու
գեղեցիկ ձայնով, այնքան յաջող եւ տպաւորիչ: Ինչպէս նաեւ բծախնդրօրէն պատրաստուած եւ ձայնագրուած
երկլեզու Պատարագամատոյցը որ մեր եկեղեցիներուն մէջ գործածուող պարգեւ մըն է անմոռանալի:
Ափսոս՛ որ վառվռուն ու կենսուրախ այս անձը հիւանդացաւ եւ չկրցաւ շարունակել իր ազգօգուտ գործունէութիւնը.
իր վաղարժամ վախճանումը ցնցեց իր հարազատները, բարեկամները, հաւատացեալներն ու դասընկերները:

Յանուն դասընկեր դասընկերուհիներուս այս տողերը թող ըլլան փունջ մը ծաղիկ խնկելի յիշատակին:

Օննիկ Պօղիկեան
Տիթրոիթ ԱՄՆ




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝