Յայտարարութիւն

Monday, May 31, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-101-Ռուբէն

Ամիսը մէկ անգամ, Վարդապետը քանի մը օրով դուրս կու գար իր վանքէն եւ դէպի Խոյ կ’ուղղուէր:
- Նամակով բան չի հասկցուիր, գնամ տեսնիմ իմ մեծաւորները ի՞նչ կ’ուզեն ինձմէ եւ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ աշխարհին մէջը:
«Մեծաւորները» Դաշնակցութեան Խոյի եւ Սալմաստի ներկայացուցիչներն էին: Խոյի մէջ այդ ժամանակները Կոստին էր (որ փոխարինուեցաւ Մալխասով), իսկ Սալմաստի մէջ` Սամսոնը:
Պաշտօնական ծանօթներու հետ տեսնուելէն ետքը, ան աջ ու ձախ կը յայտարարէր, որ վանքի պէտքերը հոգալու համար գնումներու եկած է... Առանց վեղարի, առանց ձեւերու կը տեսնուէր իր փնտռած մարդոց հետ, եւ թէեւ եկած էր առանց բեռնակիր ձիերու, բայց կը վերադառնար բեռնբարձ ձիերով, որոնց բեռան մէջ ինչե՛ր էին լեցուած, այդ մասին ինքը գիտէր. թէ ո՞ւր կը պահուէին այդ բեռները, այդ ալ ինք գիտէր միայն:

¢¢¢

Մնացած ժամանակը, ան վանքէն դուրս չէր գար, կը մնար մինակ ճպռոտ աչքերով տնտեսին եւ ծառային հետ: Քիչ կը խօսէր եւ արդէն որո՞ւն հետ պիտի խօսէր: Այդ պատճառով ալ զինքը ուրբաթախօս կ’անուանէին եւ կը համարէին նոյնիսկ անհիւրընկալ եւ չար: Ուխտաւոր չէր գար վանքը: Ո՞րտեղէն եւ ինչպէ՞ս պիտի գային այդ երկրի մէջ, ուր մարդոց գլուխը աւելի աժան էր քան սոխի գլուխը: Եթէ գային իսկ, օթեւանելու տեղ չունէին եւ ստիպուած գիւղին մէջ պիտի պատսպարուէին: Վանքի նախապէս շինուած հիւրանոցները քանդուած էին եւ վարդապետը բնաւ միտք չունէր զանոնք վերանորոգելու: Կային նորոգուած միայն երկու սենեակ, ուր ինքը կ’ապրէր եւ ուր պիտի սեղմուէին անխուսափելի եւ անհրաժեշտ անցորդները: Անծանօթ մարդիկ, ինչ ազգի ալ պատկանէին, տեղ չունէին վանքին մէջ: «Մեզմէ շատուոր, մեզմէ ուժեղ կրնան լինել եւ մեր գլուխը կրնան աղել, կ’ըսէր, մեր պաշարը պիտի սպառեն եւ մեր մենակութեան իմաստը հասկնան»:
Մէկ քիլոմեթր հեռու գտնուող գիւղացիք ալ չէին գար վանք, չտեսնելու համար անհիւրընկալ վարդապետը: Հոն` գիւղին մէջ, կ’ապրէին Յովհաննէսը եւ Մելքոնը, որոնք վարդապետի հաւատարմատարները, սարբազները եւ փոխանորդներն էին: Վանք եկողները նախ անոնց կը դիմէին եւ յետոյ վանք մտնելու իրաւունք կը ստանային: Անոնք սենեակներ ունէին վանքի հիւրերը ընդունելու, լինէին օտար թէ հայ, Երկրէն եկող սուրհանդակ, թէ զինուոր: Մեզ պէս «պարոնները» միայն վանքի մէջ կը պատսպարէին, երբ «հիւրերու» ինքնութիւնը արդէն պարզ էր վարդապետին: Անոր այս վարմունքը անհասկնալի եւ վանիչ էր անծանօթներուն եւ այդ պատճառաւ ան բնաւ չէր սիրուեր:
Ասկէ չպիտի հետեւցնել թէ վանքը կղզիացած էր եւ որ անոր վարդապետը` իր պատեանին մէջ քաշուած` աշխարհէն առանց լուրի կը մնար, թէ ան կտրուած էր ժողովուրդէն եւ գործէն: Մօտիկ Կարէնի կէտին մէջ, ան ունէր քիւրտ բարեկամներ, տարբեր խաւերէ, որոնց պարտքն էր շաբաթը մէկ անգամ այցելել վանքի գիւղը եւ անցած դարձածի մասին տեղեկութիւններ տալ: Նոյնը եւ այլ կէտերու մէջ: Անոնք կու գային Մելքոնի տունը եւ իրենց տեղեկութեանց տոպրակը դատարկելով, կ’ուտէին, կը խմէին ու իրենց մէջքի տոպրակը քիչ մը ալիւր, ցորեն լեցնելով, կ’երթային: Կ’երթային նորէն վերադառնալու համար: Բացի ատկէ, հայտարանցի Մուստաֆա բէյը, Համիտիէ գունդերու գայմագամը, իր ցեղով խռովեր էր թուրք կառավարութենէն եւ հաստատուեր պարսից սահմանի երկայնքը, կեդրոն ունենալով Կարէնին: Անոր ցեղի մէջ հաստատուած էր Պիթլիսցի Սլաքը (Արմենակ Օխիկեան) իբր Դաշնակցութեան դեսպան, եւ այնքան գրաւած էր Մուստաֆա բէյի սիրտը, որ դարձած էր անոր ընտանիքի մտերիմ անդամը. բժիշկ անուան տակ կը շրջէր անոր ազդեցութեան տակ եղած շրջանները: Երբ ես վանքն էի, այդ ատենը ձեռբակալուեցաւ տաճկաց սահմաներու մօտ եւ տարուեցաւ Վանի բանտը. Մուստաֆա բէյը ջանքեր կը թափէր անոր ազատման համար:
Մուստաֆա բէյի ցեղի դիմաց` Ալական լերան միւս երեսը, Աբաղայի շրջանի տէրն ու տիրականը նորէն Հայտարանցի Մեհմէտ Սըտըգ («Կոփ Մահմատ») կոչեցեալն էր, կարծեմ Համիտէի գնդապետի աստիճանով: Ան լաւ համակիր էր .անոր կեդրոնը (Աբաղայի մէջ), իսկ պաշտօնական կեդրոնը Բերկրին էր: Թէ ի՞նչ գործեր կը դառնային այդ շրջանին մէջ` կը վերաբերի Վասպուրականի պատմութեան, բայց այդ շրջանէն էր, որ շնորհիւ Կոփ Մահմատի բարեացակամութեան, կանոնաւոր սուրհանդակային եւ փոխադրական ճանապարհն էր բացուած դէպի Թադէի վանքը: Այս «հիւրերը» կ’անցնէին Յովհաննէս-Մելքոնի բովէն եւ անոնցմէ կարեւորները կ’ընդունէր Վարդապետը, իսկ անկարերւորներուն Յովհաննէս-Մելքոն ճամբան ցոյց կու տային:

Շար101

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Sunday, May 30, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-100- Ռուբէն

Թադէի վանքը շուրջ 100 քիլոմեթր հեռու է Խոյէն, 25 քիլոմեթր` Մակուէն, 40 քիլոմեթր` Պայազիտէն եւ 25 քիլոմեթր ալ` Ալագանէն, տաճկաց սահմանէն: Ան գլխաւոր ճանապարհներէն դուրս ինկած եւ մեկուսացած է եւ ատոր համար ալ Մենաւոր կը կոչուէր մեր կողմէ:
Այդ կէտէն, մէկ գիշերուան մէջ կարելի էր հասնիլ տաճկաց սահմանը, Ալատաղ կամ Ալագան լեռը: Առաջինով կարելի էր անցնիլ Բագրեւանդ, իսկ երկրորդով` Վան, Արաղայի վրայով: Մեր գործի համար այս կարեւոր էր:
Պարսից եւ տաճկաց սահմանի երկայնքով, Մասիսէն սկսած մինչեւ Թադէի վանքի դիմաց, մինչեւ Կոթուրի մօտերքը` Հայտարցի ցեղախումբն էր, իսկ հիւսիս` Ջելացիք: Այս երկու ցեղախումբերը մեզ հետ ունենալ` կը նշանակէր վերացնել պարսից եւ թուրքաց միջեւ եղած սահմանները եւ ազատ երթեւեկ հաստատել Երեւանէն Պարսկաստան եւ Պարսկաստանէն Տաճկաստան: Այդ տեսակէտէն` Թադէի վանքը շատ կարեւոր դիտարան էր, մանաւանդ որ ան միայն 15 քիլոմեթր հեռու էր Կարէնի քրտական կենտրոնէն, որ Հայտարցի ցեղապետ Մուստաֆա բէյի կենտրոնն էր: Վանքը պէտք էր դարձնել հայ-քիւրտ բարեկամութեան կայան:
Վանքէն ընդամէնը 25 քիլոմեթր հեռուն էր Մակուն` Արտազ գաւառի կենտրոնը. հոն էր Սարտարը, որ անուանապէս կ’ենթարկուէր Շահին եւ ինքզինք անկախ թագաւորի պէս կը զգար: Սարտարի բարեկամութիւնը, բարեացակամութիւնը ունենալ` համազօր էր ազատութեան:
Թէ Արտազ որքա՞ն բնակիչ կար, դժուար էր հասկնալ, բայց Սարտարի գիւղերու թիւը կ’ըսէին թէ 300ի չափ է: Ատոնց մէջ միայն հետեւեալ երեք կէտերուն մէջ հայեր կային. – մօտ 100 տուն Մակու, 100 տունի չափ` Քիշմիշ Թափա եւ 30 տուն ալ Վանքի մօտ եղած գիւղի մէջ: Ուրեմն, հայութիւնը բնակչութեան թիւով չնչին քանակ էր քիւրտ եւ թաթար տարրերու մէջ: Անոր որակն ալ շատ մեծ չէր – ոչ մէկ դպրոց, պարզ գիւղացիներ, քանի մը մանր առեւտրականներ ու արհեստաւոր: Այս բոլորին մէջ ցցուած կը մնային Թադէի վանքին հոյակապ գմբէթը, որ բոլորէն բարձրը եւ շքեղն էր նահանգին մէջ եւ անոր պետը` Գէորգ Ծայրագոյն Վարդապետը ՝ գմբէթանման էր, պատկառազդու վեղարով:
Դաշնակցութիւնը անփոխարինելի օգուտ կը քաղէր հինաւուրց վանքէն եւ անոր անհաւատ ծառայ` «Անծայր» վարդապետէն: Ահա թէ ինչպէս:
Ամէն ամիս մէկ երկու անգամ, անպայմանօրէն Շիա դաւանանքի սուրբ օրերուն, մեր Ծայրագոյն Վարդապետը կը հագնէր իր դրսնաւոր հագուստները, պատկառելի վեղարը կը դնէր գլխին եւ կը նստէր իր ձին: Երկու զինուած զինուորներ` Յովհաննէս եւ Մելքոնը կ’երթային անոր ետեւէն եւ այս ՙշքերթը՚ կ’ուղեւորուէր Մակու` Սարտարի մայրաքաղաքը: Նախ կը հանդիպէին Մեսրոպին, որ հաւատարմատարն էր վարդապետի եւ միաժամանակ Դաշնակցութեան: Անոր հետ միայն կ’երթային այցելութեան շիա դաւանանքի գլխաւոր պետին: Գէորգ վարդապետը անկէ լաւ գիտէր շիա կրօնը եւ անոնց պատմութիւնը: Կը սկսէին փոխադարձ զեղումները եղբայրութեան եւ մեր երկու դժբախտ դաւանանքներու հարազատութեան մասին: Չէ՞ որ Թադէոս Առաքեալը միեւնոյն Ալլահի համար էր, Իսա Փեղամբարի խօսքը տանելու համար էր, որ նահատակուեցաւ այս լեռներուն մէջ եւ վանքն ալ անոր վրայ շինուած է: Չէ՞ որ Իսա Փեղամբարը, որ նախորդն էր Փեղամբար Մուհամէտին եւ անոր յաջորդ ու ժառանգ Ալիին որ նոյնպէս նահատկուեցաւ անհաւատներու կողմէ անապատներուն մէջ, ուր Քերպալան է շինուած: Երկու նահատակները կը դառնային կամուրջ մը, երկու դաւանանքի մարդիկ միմեանց կապելու եւ անոնց մէջ սէր եւ միաբանութիւն հաստատելու:
Ապա կ’երթային միասին այցի, շրջանի միահեծան պետին` Սարտարին, որ ամէն ինչ էր` Աստուծմէն յետոյ: Անոնք ոչ մի նուէր չէին սպասեր Թադէի վարդապետէն. գիտէին որ ան լոկ պահակ է չորս չոր պատերու եւ ոչինչ, ոչ եկամուտ եւ ոչ ալ հասութաբեր ժողովուրդ: Անոնք իրենք կ’ուզէին օգնել այդ սգաւորին` նուէրով կամ նիւթականով, բայց վարդապետը չէր ընդուներ: Այդ պատճառ կը դառնար, որ անոր վարկը բարձրանար եւ ան դառնար անշահախնդիր վարդապետ մը, կենդանի նահատակ մը եւ հաւատարիմ ծառայ մը` նահատակ Թադէի: Անոր ըսածներու ուղն ու ծուծը պարզ եւ հասկնալի էր: Կեղծ չէր, թէկուզ փաստարկութեանց մէջ սխալներ լինէին:
- Ձեր ողբը Ալիի մահուան համար, մեր ալ ողբն է, ան Թուրանի բռնակալութիւնն է Իրանի վրայ, մենք միասին կը տառապինք Թուրանէն: Մենք ձեր կողքին ենք եւ պատրաստակամ ու հաւատարիմ` ձեր պայքարին: Ինչպէս որ Արշակ եւ Վաղարշակ եղբայրներ էին, մենք ալ ձեր եղբայրներն ենք: Մենք ոչինչ չենք ուզեր ձեզմէ, միայն գիտցէք որ մենք ձեր հարազատներն ենք:
Վարդապետի այս խօսքերը պարապի չէին երթար: Անոր զրուցակիցները այլ առիթներով եւ տարբեր բացատրութիւններով գիտէին այդ ամէնը: Գիտէին նաեւ, որ հայերը գործով ալ իրենց հետ են ամէն պարագաներու մէջ: Փաստերը դիտելով ու նկատի առնելով, կը գտնէին որ այս ուսեալ վարդապետը, որ իրենցմէ աւելի աշխարհ տեսած է եւ գիտէ ամէն ինչ, նոյնպէս իրենց հետ է. վստահութիւն ու հաւատ ունէին անոր հանդէպ: Եւ այդ պատճառով, փոքրաթիւ հայութիւնը եւ Թադէի վանքը առանձնաշնորհեալ վիճակի մէջ էին դրուած աւատապետական եւ բռնակալ այդ երկրին մէջ: Հայերը կը համարուէին հաւատարիմներ եւ Սարտարի յենարաններ. անոնց երթեւեկը եւ ապահովութիւնը առանձին խնամքով կը յարգուէին: Թափառաշրջիկներուն արգիլուած էր անցնիլ հայերու սահմանները եւ բռնանալ անոնց վրայ: Հայերուն իրաւունք տրուած էր զինուիլ եւ հարկ եղած պարագային պաշտպանել իրենց կեանքն ու գոյքը: Տուրքերն ալ որոշ չափի տակ էին դրուած եւ կամայականութիւններու առաջքն առնուած էր: Սարտարը հայերը կը համարէր իր հովանաւորեալները եւ միայն մէկ սպասելիք ունէր անոնցմէ` կ’ուզէր որ զէնք կրողները, որոնք իրենց տուներու պահապան զիուորներն էին, նեղ պարագային լինէին իր կողքին, իբրեւ իր «սարբազները»:
Այդ թուականին, Մակուայ մէջ Վարդապետի եւ Դաշնակցութեան դեսպանը ի հարկէ անպաշտօն Մեսրոպն էր, որին հետագային պատահեցի Վասպուրական:

Շար 100

Saturday, May 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-Ռուբէն99-

ԳԼՈՒԽ Ժ.

Թադէոս Առաքեալի վանքին մէջ.
Ընծայր վարդապետը
Վանքին դերը յեղափոխական գործի համար.
Լուրեր կռիւներու մասին.
Հաճի Լեւոնի խումբը.
Երկաթի եւ Թոխմախի խումբը.
Փոխիկի խումբը
Հնչակեաններու խումբը.
Պատրաստութիւններ երկիր անցնելու.

Ե՞րբ շինուած է Թադէոս Առաքեալի վանքը, ո՞վ է շինած եւ որո՞ւ համար` այդ ինձ անծանօթ է: Պարզ է, որ ան հայկական ոճով է շինուած, ինչպէս մեր բոլոր վանքերը, բայց անոր մէջ մի այլ քաղցրութիւն կայ. իր քանդակները, իր զարդանկարները մինչեւ այդ տեսածներուս ոչ մէկուն կը նմանին: Անոնք առանձին գնահատման եւ ուշադրութեան նիւթ կրնան դառնալ, որ վեր է իմ հասկացողութենէն, ուստի թողնենք վանքը իր տեղ, որովհետեւ ան չի ցանկանար որ զինք բամբասենք:
Վանքին մէջ շատ սենեակներ կային, բայց քիչերն էին բնակելի: Միաբանութիւնը բաղկացած էր աչքերը ցաւոտ պառաւ տնտեսէ մը, ջաղացպանէ մը, որ միաժամանակ ծառայ էր, տիրացու եւ բոլոր գործերուն հասնողը եւ վարդապետէ մը, Պուլկարիայէն եկած. անոր աչքերն ալ ցաւոտ էին: Բժիշկ Ռուբէն կը խօսէր, կը կատակէր, կը հայհոյէր եւ լռակեաց միաբանութեան մէջ աղմուկ կը հանէր, կարծես իր առջեւ վարդապետ կանգնած չլինէր:
- Դու գնա՛ քու գործերդ լմնցուր, մոմերը մարէ եւ արի մի լաւ չայ (թէյ) խմենք:
Բոլորուեցինք վարդապետին հետ սեղանի շուրջը, տուինք անոր նամակներն ու թերթերը եւ ան թաղուեցաւ անոնց մէջ: Վարդապետի անունը Գէորգ Նալբանդեան էր, բայց այդ անունը չէին գործածեր: Վարդնաը` Ընծայր, իսկ Բժ. Ռուբէնն ալ յամարօրէն Անծայր կը կանչէր: Հայր սուրբը այդ երկուքն ալ անտարբերութեամբ կ’ընդունէր:
- Անծայր, թերթ կարդալու ժամանակը չէ, դու բան չունի՞ս մեզ տալու: Երկրէն սուրհանդակ չեկա՞ւ, կը հարցնէր անհամբեր Ռուբէնը:
Վարդապետը, առանց պատասխանելու, դուրս եկաւ սենեակէն եւ մի փակ ծրար տուաւ Վարդանին, իսկ Ռուբէնին ըսաւ. - Ցաւօք սրտի քեզի բան չկայ»:
Գէորգ վարդապետը առաջին տեսքի մի արգահատելի մարդ կը թուէր: Այս դեռ եւս երիտասարդ, եռանդով լեցուն, աշխարհը տեսած հոգեւորականին ի՞նչն էր հարկադրել գալ եւ բանտարկուիլ այս վանքին մէջ, զոր իրաւացիօրէն Մենաւոր կ’անուանէինք: Բժ. Ռուբէն Սախալինի արգելարանին մէջ թերեւս աւելի ուրախ կեանք պիտի ունեցած ըլլար քան այս վարդապետը այս վանքն մէջ, ուր հասարակութիւնը կազմուած էր միայն երկու հոգիէ. իսկապէս, ձանձրալի՜ եւ տաղտկալի մի կեանք: Գէորգ վարդապետը ինծի կը պատկերանար իբրեւ մի կամաւոր աքսորական, որու կեանքի գաղտնիքը կ’ուզէի թափանցել: Արդեօք հաւա՞տքն է, թէ Թադէի վանքի պահպանումի հոգը, որ զայն հոս բերած է:
Օրական երեք անգամ այս մարդը վանքի ճակատին փորագրուած արեւի ժամացոյցին կը նայի եւ ըստ անոր շուքին` զանգակները կը քաշէ` ժամկոչի տեղը, որ չափազանց զբաղուած է այլ գործերով: Օրական երեք անգամ վանքը կը մտնի միայնակ, մարդ լինի թէ չլինի, բոլոր ծէսերը կը կատարէ եւ երբ ինքը մէն-մինակ, այդ հսկայ վանքին մէջ, կը դառնայ բեմէն եւ խաչը ի ձեռին` «Խաղաղութիւն ամենեցուն» կը կանչէ, զարամանալի եւ ծիծաղելի կը թուի, եւ կը մտածես, «Այս խաղաղութեան մէջ, ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար այս աղօթքը կ’ընէ»: Մարդ չկայ տարին 12 ամիս, հսկող ալ չկայ, ուրեմն այս վարդապետը մի բանի կը հաւատայ, որ իր պարտքը կը կատարէ անթերի կերպով: Ծէսը կատարելէն ետք, աւելը առած` Թադէի վանքը կ’աւլէ, յետոյ դուրս կ’ելլէ` ամուր կղպելով հաստ երկաթեայ դռները:
Ես կը նախանձէի վարդապետին այդքան լի հաւատ ունենալուն համար:
- Երջանիկ մարդ ես, վարդապետ, ըսի անոր օր մը առանձին: Ես Էջմիածին եղած եմ եւ տեսած որ ի ցոյց կամ ի խաբէութիւն մարդոց կ’աղօթեն. դուն անոնցմէ չես, չես կարող խաբել ոչ Աստուած եւ ոչ ալ ոգիները. քու ներքին հաւատն է որ քեզի կը թելադրէ աղօթել չորս պատերուն եւ գմբէթին: Վարդապետը իր հաստ կոպերի մէջէն փաղաքշական հայեացքով ինձ նայեց, յետոյ մտածելով ըսաւ. «Ես քեզ խաբել չեմ ուզեր»:
- Ես խաբուած չեմ, անձամբ տեսայ. ներս մտայ վանքին բաց դռնէն եւ սիւնի ետեւ թաքնուեցայ, երբ դու մէն մինակ չորս պատերին պատարագ կ’ընէիր վառած մոմերի միջէն. ծիծաղելի էր վեղարով պատարագ ընելդ, բայց ցուցանիշ էր քու ներքին հաւատին եւ խորհրդաւոր էր ու մեծ:
Վարդապետը նայեց տխուր եւ ըսաւ.
- Եթէ քու հաւատի մի տասներորդը ես ունենայի, իրօք ես երջանիկ կը լինէի. ես հաւատի նշոյլն իսկ չունիմ. ես անհաւատ մէկն եմ: Բայց գիտեմ, որ հաւատքը ամենամեծ զէնքն ու ինքնապաշտպանութիւնն է գոնէ անբան ամբոխների համար, դրա համար անոր դէմ չեմ: Անոր կը ծառայեմ առանց հաւատի:
Տեսայ անոր դէմքը, որ սուտ չէր խօսիր: Կը նայէի զարմացած եւ ան կը նեղուէր:
- Երջանիկը դուն ես, որ թէեւ կրօնքի չես հաւատար, բայց հաւատ ունիս ազդեցութեան համար, որին պատրաստ ես կեանքդ տալու այս Թադէի նման. ես ալ քու հաւատէն ունիմ. բայց ոչ այքնան որ ինձ մոռնամ: Երկու հաւատէն ելած մի աւարա եմ միայն:
- Թէ ըսածդ ճիշդ է, ինչո՞ւ ես եկեր եւ այս բանտը ինկեր: Աւելը ձեռքիդ փոշիները կը մաքրես, փորդ անօթի` թանջուր կը խմես, ճպռոտ տնտեսին երես կը տեսնես. մարդ չկայ այստեղ` սատանաներու հետ կը խօսիս. աշխարհն աւե՞ր է. Բուլգարիան այստեղէն վա՞տ էր, որ եկեր եւ մեր քթի ջուրը կը քաշես: Ես չեմ հասկնար:
- Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ անօթի հոգին: Ես միայն վարդապետ չեմ, աւելին մեծն եմ, ես Ծայրագոյն եմ, եւ գիտեմ Եպիսկոպոս, Արքեպիսկոպոս լինելու ճամբան, բայց իմ հոգին անօթի է: Անօթին միշտ ծառայ է, ուրիշի դրան մի շուն: Նոր առաքեալներ ահա այս վայրէն կու գան ու կ’երթան, ինչպէս դուք եկեր ու պիտի երթաք, ոմանք ալ պիտի երթան յաւիտեան... Ե՛ս եմ զանոնք ընդունողը, ե՛ս եմ ճամբողը, բայց կը զգամ, կը նախանձիմ անոնց, որովհետեւ անոնց հոգին լեցուն է, իսկ իմս դատարկ կը մնայ: Փամփուշտները, զէնքերը որ այստեղէն կը ճամբեմ, մէկ մէկ կը հաշուեմ եւ ամէն մէկին համար կը խորհիմ, թէ այս հրացանը կրողը ո՞ւր պիտի նահատակուի, այս գնդակը ո՞ր թշնամու մարմինը պիտի ծակէ եւ մեռցնէ. ատկէ աւելին անկարող եմ, թէպէտ այս ալ բան մըն է:
Ինձմէ առաջ եւ ինձմէ յետոյ եկած ու գացած բոլոր զինուորները, գործիչները, այս հետաքրքրական մարդուն պահած են, ուստի քիչ մըն ալ խօսքը անոնց թողենք, որ պակասը լրացնեն: Ըսեմ նախապէս, որ այս մարդու թերութիւնները աւելի աչքի կը զարնէին քան անոր անխարդախ հաւատարմութիւնը եւ ծառայութիւնները. այդպէս ենք սորված վարձատրել այն հաւատարիմ ծառաներին, եւ կամ, ինչպէս ինքը կ’ըսէր` շուներուն, որ կը սխալին պարապ տեղը հաջել կամ երբեմն խածնել:

Շար 99

Friday, May 28, 2010

Մ Ե Ծ Ե Ր Ո Ւ Կ Ե Ա Ն Ք Է Ն Օննիկ Պօղիկեան

Օր մը Չարլզ Տարուին հրաւիրուած էր ճաշկերոյթի: Սեղանին մօտ ան նստած էր շատ գեղեցիկ տիկնոջ մը կողքին:
- Պարոն Տարուին, - չարաճիճիօրէն հարցուց տիկինը գիտնականին,- դուք կ՜ապացուցանէք, որ մարդն առաջացած է կապիկէն. Կրնա՞մ այդ ասոյթը վերագրել նաեւ ինծի:
- Անպայմա՛ն,- պատասխանեց գիտնականը, բայց դուք սերած էք ոչ թէ սովորական, այլ հմայիչ կապիկէն:

----------------------------------------------------------------------------------------------------------------

Հռչակաւոր Փիէր Քիւրին անչափ մոռացկոտ էր: Օր մը մտնելով սափրչատուն,սափրիչէն խնդրեց մազերը կտրել:
-Սիրով, պարոն Քիւրի, բայց դուք ձեր գլխարկը չհանեցիք:

-Օ՜, կը ներէք:Ուշադրոութիւն չդարձուցի, որ այստեղ տիկիններ կան,- ըսաւ գիտնականը ու հանեց գլխարկը:

-----------------------------------------------------------------------------------------------------------

Մի սկսնակ երգահան իր սիմֆոնիան բերում է Մենտելսոնի մօտ: Մի քանի օր յետոյ անցնում է իմանալու նրա կարծիքը:
- Սա ձեր առաջին սիֆոնեան է այնպէս չէ՞- հարցնում է երգահանը:
- Այո,- պատասխանում է երիտասարդը:
- Այդ դէպքում գրեցէք եւս տասնըմէկը: Երբ ես գրեցի տասնըմէկերորդը, նոր միայն համարձակուեցի գրել «Առաջին սիմֆոնիայի պարտիտուրը:

Երիտասարդ նկարիչը գանգատւում էր հանրայայտ վարպետին, որ չի կարողանում գնորդներ գտնել իր նկարների համար:
- Վերջացնում եմ նկարը 2-3 շաբաթում, եւ յետոյ երկու- երեք տարի սպասում,որ ինչ-որմէկը գնի այն:
- - Իսկ ես հակառակն եմ անում,- պատասխնեց մեծավաստակ նկարիչը:-Աշխատում եմ նկարի վրայ 2-3 տարի, իսկ յետոյ վաճառում այն ամենաշատը մէկ շաբաթում:
-
Ն Ո Յ Ն Ի Ս Կ Ա Յ Ծ Մ Ը
Հանրի Դ.՝ Սպանիոյ թագաւորին մօտ իբրեւ դիւանագիտական ներկայացուցիչ ղրկեց Ժանը,,որ հակառակ շատ երիտասարդ ըլլալուն, հմուտ դիւանագէտ էր:
Սպանիոյ թագաւորը անպատուուած զգաց ինքզինքը եւ ընդունելութեան ատեն ըսաւ.
-Հաւանաբար ձեր թագաւորը պաշտօնեաներու կողմէ աղքատ է, այլապէս ինձ մօտ չէր ուղարկեր մէկը, որ մօրուք անգամ չունի:
- Ձերդ վեհափառութիւն, պատասխանեց Ժանը, եթէ իմ տէրս գիտնար, թէ Սպանիոյ մէջ մարդիկ կը յարգուին իրենց երկար մօրուքին համար, ձեր մօտ կը ղրկէր այծ մը:,

-------------------------------------------------------------------------------------------------------------
* * *
Օր մը հարցուցին Թաղէս Միլոսին.
- Ինչո՞ւ չես ամուսնանար:
- Դեռ ատենը չէ, պատասխանեց փիլիսոփան:
- Տարիներ ետք, երբ հարցուցին՝ պատասխանեց.
- Այլեւս անցաւ ատենը:

Օր մը Բիաս Բրիինացիին հարցուցին.
- Ո՞վ է ամենէն դժբախտը մարդոց մէջ:
- Պատասխանեց.
- - Ան որ դժբախտութեան տոկալ չէ սորված:

Thursday, May 27, 2010

Ստորեւ կը ներկայացնենք Օննիկ Պօղիկեանի հաւաքած կարգ մը վկայութիւններ մեծ մարդոց արտասանած վերջին խօսքերէն:
«Նշանակ»

«..«.«.«.«.«.«.«.«««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Նշանաւոր մարդոց վերջին խօսքերը

Վոլֆկանկ Մոց արտ

Մահից քիչ առաջ սկսեց անկողնում բարձրացնել ձեռքերը, ասես նուագախումբ էր ղեկավարում: Ինչ որ մէկը ցանկացաւ ուղղել վերմակը, սակայն նա նշան արեց ՝ չխանգարել իրեն:
- Թոյլ տուէք ինձ վերջին անգամ վայելել երաժշտութեան հնչիւնները:
Մի քանի րոպէ յետոյ մեծ կոմպոզիդորը վախճանուեց:

--------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------

ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՕՆԱԲԱՐԴ

- Զօրքերի շարասիւն......., Նա չաւարտեց միտքը:

------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------

ԱԼ.ԲԱՐԱՏԻՍԿԻ

- Բարձրացրէք ինձ անկողնուց: Զինուորը պէտք է կանգնած մեռնի:

ՕԿՏԱՎԻԱՆՈՍ Օգոստոս

Բժիշկին.. –ԵԹէ ես մեռնեմ, ապա վերջին րոպէին կը հրամայեմ կախել քեզ....
----------------------------------------------------------------------------------------------------------------------------

ՃՈՐՃ ԳՈՐԴՈՆ ՊԱՅՐԸՆ

Իր կեանքի վերջին րոպէին նա ասաց.

Այժմ ինձ քնել է պէտք:

----------------------------------------------------------------------------------------------

ԱԼԲԵՐՏ ԱՅՆՇԹԱՅՆ

Աղջկան:
-Ես այստեղ իմ գործը աւարտեցի

ՕՆՈՐԷ ՏԸ ՊԱԼԶԱՔ

- Դուք տուէք ինձ Վեց օր,- մահուանից քիչ առաջ դիմեց նա բժիշկին,- դա շատ չէ....Ես կը պոկեմ վատ էջերը:Ես մեծ ուժ կը հաղորդեմ լաւ էջերին: Մարդկային կամքը հրաշքներ կը գործէ:Վեց օրուայ ընթացքում ես անմահութիւն կուտամ այն աշխարհին, որ ինքս եմ ստեղծել....

ՀԱՅՆՐԻԽ ՀԱՅՆԷ

«.Տուէք ինձ թուղթ ու մատիտ...» Բայց մատիտը ընդմիշտ ընկաւ նրա ձեռքից....

-----------------------------------------------------------------------------------------------------------

ԼՈՒԴՎԻՔ ՊԵԹՀՈՎԷՆ

Անմահ անդորրութեամբ ու հանգստութեամբ դիմաւորեց իր Վերջին րոպէն, Պեթհովէնը:Նա ասաց լատիներէն.

Ծափահարեցէք, բարեկամներ, կատակերգութիւնն աւարտուեց.....

--------------------------------------------------------------------------------------------------------------

ԵՈՀԱՆ ՎՈԼՖԿԱՆԿ ԿԷՈԹԷ

1832 թուականի Մարտի 22-ին, նա առաւօտից նստել էր բազկաթոռին եւ խօսում էր բարեկամների ու բժիշկին հետ:
Յանկարծ նա խնդրեց.
- Բացէք պատուհանը: - Շրջուեց դէպի բաց պատուհանը:-Լո՜յս, աւելի լոյս: Յետոյ թիկնեց բազկաթոռին եւ քնեց առ յաւէտ:

Friday, May 21, 2010

Անեքտոթներ-Հաւաքեց Օննիկ Պօղիկեան

Գրական Մրցում մը « Հ » Տառով

Հերոսուհին՝ ՀՌԻՓՍԻՄԷ

Հաւատացեալներուն հանդէպ Հռովմի հնարած հրէշային հալածանքներէն հեռանալով՝ Հռիփսիմէ հասաւ Հայաստան: Հիանալի հասակը հրաշալի հրապոյրներն Հռիփսիմէին՝ հմայեցին Հայոց հզօր հասարակապետը:
Հուրը հրահրեցաւ հետզհետէ:
« Հոգեհատորս Հռիփսիմէ,- հառաչեց հասարակապետը հրայրքոտ համբոյրներով,- համոզուէ՛, հաճէէէէէ հարսնանալ հետս, հանդարտեցուր հիւանդ, հէք հոգիս: Հարստութիւն, հաճոյքներ, հրապոյրներ հրամցնեմ հանապազ: Համայն հասարակութեանս, հետեւակազօրքերուս, հեծելազօրքերուս, հպատակներուս հազարաւոր, հրամայէ՛,հրամայէէէ...»
Հաստատամիտ Հռիփսիմէ, հաւատքին հաւատարիմ, հակառակեցաւ հերոսաբար:
( Հանճարեղ Հայկին հրատարակոթեանը համար հեղինակեց՝

ՀՐԱՉԵԱՅ ՀԵՐՈՆԻՄՈՍԵԱՆ

Հալքի հինգ Հոկտեմբեր
Հինգշաբթի

------------------------------------------------------------------------------------------------------------
Ո Ս Կ Դ Ր Ա Մ

Ով որ Փարիզ Լուվրի թանգարանը այցելած է, տեսած է անշուշտ հոն յախճապակիէ պզտիկ պնակ մը, որու ճիշտ մէջտեղը իտլական ոսկեդրամ մը գծուած է հրաշալի վարպետութեամբ:
Այդ անզուգական նկարը Ռաֆայէլ Սանձիոյի գործն է ու ահաւասիկ ինչ առթիւ արտադրուած է: Անգամ մը Ռաֆայէլ պանդոկ մը երթալով աղէկ մը ուտելէ վերջ կը տեսնէ թէ դրամապանակը տունը մոռցած էր ու իր մօտն ալ ուրիշ դրամ չկար ճաշի գինը վճարելու համար: Ի՞նչ ընէ: Նկարիչը գեղեցիկ գաղափար մը կը յղանայ, գրպանէն վրձին մը ու տուփ մը ներկ կը հանէ ու առջեւի պնակներէն մէկուն մէջ, քանի մը վայրկեանի աշխատութեամբ տասը ֆրանքնոց ոսկի մը կը գծէ ու կը մեկնի:
Պանդոկապետը երբ վրայ հասնելով ձեռքովը ոսկին կը շօշափէ ու կը հասկնայ իրողութիւնը, իսկոյն հրաման կ’ընէ որ այդ անծանօթին ետեւէն վազեն ու բռնեն: Սակայն ուրիշ յաճախորդ մը, որ հոն կը ճաշէր նոյն պահուն,լաւ կը ճանչնար նկարչութեան թագաւորին տաղանդը, կ’առաջարկէ երկու իրական ոսկիի փոխարէն գնել այդ կեղծ ոսկին, ինչ որ անմիջապէս կ’ընդունուի:
Ռաֆայէլի մահուընէ տասը տարի վերջը այդ պնակը 1ՕՕ,ՕՕՕ Ֆրանքի կը ծախուի Լուվրի Թանգարանին:

Դ Ի Ո Ն Է Ս Ի Ո Ս ՈՒ Պ Ա Ռ Ա Ւ Կ Ի Ն Ը

Դիոնէսիոս՝ Սիրակուսայի անօրինակ բռնաւորը իր բոլոր հպատակներուն ատելութեան առարկյ եղած էր: Բոլորն ալ անոր մեռնիլը կ’ուզէին: Միայն կին մը ,չափազանց ծեր, ամէն օր աստուածներուն ողջակէզ կը մատուցանէր եւկ’աղօթէր որ բռնաւորը չմեռնի: Դիոնէսիոս այս բանը իմանալով չափազանց զարմացաւ ու հրամայեց որ այդ կինը իրեն բերեն ու հարցուց անոր թէ ինչ՞ու կ’աղօթէր իր կենաց համար: Պառաւ կինը պատասխանեց. «երիտասարդութեանս ատեն, մեր երկրին մէջ շատ անխիղճ բռնաւոր մը կար. կ’աղօթէի աստուածներուն որ մեզ անկէ ազատէ, ձայնս լսեցին, բայց անկէ շատ աւելի անխիղճ բռնաւոր մը յաջորդ կարգուեցաւ: Աղօթեցի որ ան ալ մեռնի,մեռաւ, բայց դուն անոր յաջորդեցիր եւ դուն անկէ աւելի անխիղճ ես: Ուրեմն կ’աղօթեմ հիմա որ զքեզ պահպանեն, որովհետեւ շատ կը վախնամ որ քու յաջորդդ քեզմէ ալ աւելի չար կ’ըլլայ»:

Դիոնէսիոս՝ պառաւին այս անկեղծ ու եզական յայտարարութեան վրայ չկրցաւ ծիծաղը զսպել:
------------------------------------------------------------------------------------------------------------------

Ո ՞Վ Պ Ի Տ Ի Վ Ճ Ա Ր Է

Չորս անկուտի նկարիչներ ճաշարանի մը մէջ փառաւոր կերպով փորերնին կշտացնելէ վերջ, կարսոնը վեր կը կանչեն որ վճարեն:-« Ես պիտի վճարեմ», կ’սէ արաջին նկարիչը ձեռքը գրպանը տանելով.- «, ես պիտի վճարեմ», կը պոռայ երկրորդը՝ քովինին թեւէն բռնելով.-« Չըլլար պարոն, ինծի միայն կ’իյնայ վճարել», կ’աղաղակէ անդիէն երրորդը: Չորրորդը կարսոնին կը դառնայ.
« Բացարձակապէս կ’արգիլեմ քեզ ինձմէ զատ ուրիշ մէկէ դրամ առնել, կը հասկնա՞ս»: Քանի որ ոչ մէկը կ’ուզէր տեղի տալ, կ’առաջարկուի լաթով մը կապել կարսոնին աչքերը, եւ ան որ առաջինը կը բռնուի՝ կը վճարէ ճաշագինը: Այս առաջարկութիւնը ի գործ կը դրուի:
Մինչ միամիտ կարսոնը աչքերը գոց, սենեակին մէջ կը խարխափէր, մեր չորս բարեկամները կծիկը կը դնեն: Յառաջ եկած աղմուկէն, պանդոկապետը վեր կը վազէ, կարսոնը իսկոյն կը բռնէ անոր օձիքէն եւ ուժով մը սեղմելով.
-« Հա, հիմա՜ բռնեցի», կը պոռայ, « դուն պիտի վճարես ճաշի գինը»

Զ Ա Տ Ո Յ Ի Ն Հ Ա Ւ Ա Տ Ք Ը

Վանայ Մաշկատակ գիւղացի Զատոն՝ դեռ տասնըհինգ օր է որ եկած էր Պոլիս եւ իր հօրեղբօր՝ Յարոյին մոտ կը բնակէր:
Օր մը, Յարոն իր եղբօրորդւոյն հետ Եէնի-Գաբու երթալու համար, երբ Լանկայէն կ’անցնէր, Զատօն տեսնելով Յունաց Այի-Եորկի եկեղեցիին փայտակերտ զանգակատունը, կ’ըսէ հօրեղբօրը թէ՝ ահա եկեղեցի հասանք:
Հօրեղբայրը.- Էդա մեր ժամը չի, Ռումերաց ժամն ի:
-Ա՜ վահ, Ռումերաց ժա՞մն ինչ ի, երթանք նայինք անգամ մը: Ու կը մտնեն ներս:
Օտար տաճարի մը մէջ, երբ Զատօն պատէն կախուած կը տեսնէ ճիշտ իր գիւղի Աստուածորդւոյն խաչելութեան պատկերը, բռունցք մը կ’իջեցնէ իր գլխուն, եւ աչքերը բարկութեան հուրէն խոլորած՝ Հա՜յ մեռնիմ քէ Քրիստոս, եկեր ես Սթամպոլ, լուս հաւատքդ կերեր, եղեր ես Ռու՞մ… կը պոռայ պատկերն իվեր, եւ դուրս ելլել կ’ճապարէ՝ ուխտելով, որ ինք իր պանդխտութեան մէջ, նոյնիսկ Քրիստոսէն աւելի անխախտ կենայ…..Քրիստոսի հաւատքին վրայ:

Լ Ո Ւ Ծ Ո Ւ Ա Ծ Վ Ր Է Ժ Ը

Ամերիկացի Պետական Պաշտոնեայ մը, Սըր Ճոն Քէնըն Ուիլս, խենթի պէս սիրահար էր….հանգիստի, ուստի, պարապոյ ժամերուն մեծագոյն մասը կ’անցընէր քնանալով:
Օր մը, ճաշէն վերջ, թիկնաթոռի մը մէջ մեղկօրէն մրափած ատենը իր երէց աղջիկը ահռելի աղաղակներ արձակելով վրան կը վազէ ու կը պատմէ թէ ամուսինը հաստ գաւազանով ծեծած էր զինքը անգթօրէն, եւ թէ իր հօրը միայն կ’իյնար ատանկ կոպտութեան մը վրէժը լուծել:
Քէնըն Վելս դժկամակութեամբ աչքերը կը բանայ, բայց անկարելի կ’ըլլայ իրեն աղջկան պահանջը չգոհացնել: Պէտք էր պատիժ մը գտնել այդ անփափկանկատ ամուսինին համար:
Ամենայն պաղարիւնութեամբ Ամերիկացին ոտքի կ’ելլէ, ձեռքը կը բանայ ու աղջկան քթին բերնին ահռելի ՜ապտակ մը կ’իջեցնէ ու այս վերջինը տակաւին ապշութենէն չսթափած՝- Գնա՜, ըսէ ամուսնոյդ՝ եթէ ինք իմ աղջիկս ծեծեց, ես ալ…իր կինը ապտակեցի:

-------------------------------------------------------------------------------------

Thursday, May 20, 2010

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ - Մշակոյթը՝ ամե՛ն բանէ վեր

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Մշակոյթը՝ ամե՛ն բանէ վեր
Թող ներուի ինծի փոխ առնել մեր երիտասարդական օրերու
նշանաբանը՝ »Հայաստան ամեն բանէ վեր«, ու զայն վերածել
մշակոյթին վերաբերող նշանաբանի մը, քաջ գիտնալով, որ ոչ միայն
մեղանչում չէ, որ կ՚ընեմ, այլ երկրորդով կ'ամրապնդեմ առաջինը,
քանի որ Հայաստանը մշակոյթ է ամեն բանէ առաջ, եւ մեր
մշակոյթը՝ մեր երկիրն է, մեր հայրենիքը:

Մշակոյթ ըսելով հասկնանք ե՛ւ լեզու ու գրականութիւն, ե՛ւ
արուեստներ ու ձեռարուեստներ, ե՛ւ կրօն ու պատմութիւն, ե՛ւ
բարքեր ու աւանդութիւններ:
Առանց մշակոյթի՝ չկայ երկիր, չկայ Հայաստան: Ինչպէս
առանց Հայաստանի՝ չկայ մշակոյթ, չկայ հայութիւն: Այո, առանց
Հայաստանի - թէկուզ Հայաստանի երազին միայն - չկայ հայութիւն:
Ուստի, մշակոյթին տէր կանգնիլ կը նշանակէ առաջին հերթին
երկրի՜ն տէր կանգնիլ:

Կ՚ակնկալէինք, որ անկախ հայրենիք ունենալով, մենք մեր
մշակոյթը պահելու եւ ծաղկեցնելու լաւագոյն միջոցը պիտի
ունենայինք, եւ ոչ միայն հո՜ն հայրենի հողին վրայ ան պիտի փթթէր
ու զարգանար, այլեւ հոս՝ հայրենի հողէն դուրս մենք ալ պիտի
ամրապնդուէինք այնտեղի նուաճումներով, ներշնչուէինք ու ա՜լ
աւելի ճիգ թափէինք մեր կողմէն:
Կ՚ակնկալէինք...

Մինչդեռ իրականութիւնը այսօր չի համապատասխաներ մեր
ակնկալութիւններուն եւ երազներուն:
Մեր մշակոյթը արհամարհանքի, աղաւաղման եւ կորուստի
կ՚ենթարկուի հոն՝ ամենէ՛ն առաջ, մեր միջնաբերդէ՛ն ներս:
Եւ ահա 2010-ի ապրիլին, երբ 95-ամեակը կը նշուէր մեր Մեծ
Եղեռնին, մեր Աղէտին, մեր Ցեղասպանութեան, հայրենի
մտաւորականութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէր ի տես մեր մշակոյթի
անմխիթար վիճակին: Պիտի նշեմ երկու պարագայ:
Առաջինը Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր եւ
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի սիւն՝ Լիլիթ Գալստեանի
ելոյթն է, ԱԺ-ի 6 ապրիլի նիստին: Ելոյթ՝ որուն
կ՚արձագանգէ »Երկիր«:
Ի՞նչ կ՚ըսէ Լիլիթ. ան կ՚ափսոսայ, որ հակառակ անոր, որ
հազարամեակներու ընթացքին ինքնապաշտպանութեան առողջ
բնազդով մեր ինքնութիւնը կարողացեր ենք պահպանել՝ զայն
խարսխելով լեզուի, մշակոյթի եւ հաւատքի վրայ, եւ հակառակ անոր
որ ՀՀ ազգաբնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հայեր են
եւ մեր լեզուին յատուկ տօն ալ կայ հիմա՝ Մայրենիի օր, եւ »Լեզուի
մասին« օրէնք, հայերէնը օր-ցերեկով աղաւաղման կ՚ենթարկուի ե՛ւ
բառապաշարի տեսակէտէն ե՛ւ շեշտադրութեան, ըլլայ
հեռուստատեսութեամբ, ըլլայ փողոցը՝ ցուցանակներուն վրայ:
»Շրջէք մայրաքաղաքում, ու ամենուր ձեզ կ՚ողջունեն լատինատառ
“Սթար”-ը, “Սիթի”ն, եւայլն«:
Օրէնքները կը խախտուին առանց այլեւայլի: Այո,
կ՚ըսէ պատգամաւորը, մեր լեզուն պահպանելու եւ պաշտպանելու
խնդիր ունինք... »պաշտպանելու... ինքներս մեզանից«:
Եւ ան կը վկայակոչէ Սենեկան, որ դասական ճշմարտութիւն
մը փոխանցած է մարդկութեան իր »աղաւաղուած լեզուն
աղաւաղուած բարքերի նշան է« խօսքով:
»Այո, ցաւալի է,« կ՚եզրակացնէ Գալստեան, »որ անկախ
Հայաստանում լեզուի կարեւորութեան ընկալման եւ
իմաստաւորման խնդիր ունենք թէ՜ հանրային, թէ՜ պետական
մակարդակներում«, եւ կ՚աւելցնէ, »որովհետեւ
լեզուագործածութիւնը պետութեան մենաշնորհն է ու խնդիրը, եւ
հայերէնի փաստացի գերակայութեան պահպանումը ոչ միայն
ազգային արժանապատուութեան, այլեւ անվտանգութեան գործօն
է: Բայց այս ամենը՝ առայժմ թղթի վրայ«:

Մեզ սպառնացող վտանգին երկրորդ անդրադարձը
կատարուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ գիտութիւններու
ազգային կաճառի )ակադեմիայի( »Մշակութային
ցեղասպանութիւն« գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ ապրիլ 20-ին,
եւ որուն մասին Գէորգ Աւչեան »Երկիր«ի ապրիլ 21-ի թիւին մէջ
ստորագրեց »Հոգեւոր արժէքների կորուստը շատ աւելի դժուար
է վերականգնւում« ակնարկը:
Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ
հաստատեց թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ սկսածը Ադրբեջանը շարունակեց
21-րդ դարու սկիզբը՝ ոչնչացնելով 10 հազարէն աւելի խաչքարեր ու
գերեզմաններ, »մարդկութեան սառն ու անտարբեր հայեացքի
ներքոյ«, եւ որպէս հակադարձութիւն՝ ընդդիմանալու համար
մշակութային ցեղասպանութեան այլազան երեւոյթներուն, որոնց
մաս կը կազմեն նաեւ »մշակութային ժառանգութեան իւրացում,
պատմութեան եւ իրողութիւնների կեղծում ու սեփականում,
եւայլն«, ան նշեց »օրինակ՝ ազգային գիտակցութեան մէջ
հարազատ պատմութեան, մշակոյթի հանդէպ յարգանքը, ինչու չէ՝
նաեւ պաշտամունքը վերականգնելը, հոգեւոր-մշակութային
արժէքները պահպանելն ու տարածելը«:

Այս ուղղութեամբ, դիտել տուաւ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան
ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, թէ »նկատուած է, որ
գաղթօճախները շատ աւելի աւանդապահ են, շատ աւելի
պահպանողական, քան մայր հայրենիքը: [...] Սա նշանակում է, որ
հայկական գաղութները հենց այն կոնսերուացուած )պահպանուած(
հին հայկական աւանդոյթներն են, հին հայկական ոգին է, որ կարելի
է օգտագործել Հայաստանի հոգեւոր վերածնունդի համար«:
Իսկ Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտոր
)վերատեսուչ( Արամ Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ »պէտք
է համազգային ծրագիր լինի, որպէսզի կարողանանք դիմակայել եւ
հնարաւորինս փրկել մեր մշակութային արժէքները«:
Այո, առանց մեր մշակոյթի հանդէպ համազգային կեցուածքի
ու վճռակամ աշխատանքի, վտանգուած է մեր գոյութիւնը իբր ազգ:
Ասոր գիտակցութիւնը պէտք է ունենանք Հայաստանի մէջ
թէ Սփիւռքի, ու տրամադրենք անհրաժեշտ նիւթականն ու
մարդուժը՝ ապահովելու համար մեր վերապրումը: Սա ամբողջովին
մեզմէ կախում ունի։ Կրնա՞նք թէ չենք կրնար։ Կ՜ուզե՞նք թէ չե՛նք
ուզեր...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-05-10 )1610(

Monday, May 17, 2010

Ո՞վ է Հայը - Վրէժ Արմէն

Ո՞վ է Հայը
Ի՞նչ է Հոգի՛ն, Հայու Հոգին՝ կը հարցընեմ դեռ, աւա՜ղ,
Ու կը գտնեմ զայն ցեխի մէջ կիսաթաղ...
Բայց զերդ զինուոր մ'որ կը կռուի անդադար՝
Ցեխն ալ, կ'ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար
Եւ ընդմէջէն իր այդ ցեխին, սարսռագին
Կը համբուրեմ Հայու յոգնած, սո՜ւրբ Հոգին...։
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Կարելի՞ է հարցնել՝ ո՞վ է Հայը եւ ստանալ գոհացուցիչ պատասխան:
Շատեր փորձած են, քերթողներ՝ Թէքէեանին, Սեւակին, Էմինին, կամ
Համաստեղին նման, ներբողնե՜ր են նուիրած անոր: Սարոյեան, հայերէն գրել
չգիտնալով հանդերձ, իր արձակով գծած է Հայու ուժեղ դիմանկար մը:
Ուրիշներ կատակի են տուած, կէս մը հեգնելով, կէս մը խղճալով
սահմանած են անոր ստորագելիները:
Արդեօք բաւարար չե՞ն այդ բոլոր փորձերը: Արդե՞օք կ՚արժէ դարձեալ
գրգռել մեր մտքերը, թուղթին յանձնել մեր մտորումները, որոնել մեր հոգիին
խորերը, ճանչնալ մենք զմեզ, ճանչնալ աւելի՜ լաւ:

»Ծանիր զքեզ« ըսեր է մեծ փիլիսոփան: Եթէ ճիշդ է ատիկա անհատին
պարագային, ճիշդ պէտք է ըլլայ նաեւ հաւաքականութեան պարագային, որ ի
վերջոյ անհատներէ կազմուած է:
Ինքզինք լաւ ճանչցող անհատը աւելի լաւ կրնայ իրեն ուղղուած
մարտահրաւէրները վերցնել, դժուարութիւնները յաղթահարել, նպատակները
իրագործել: Նոյնը չէ՞ ազգի պարագային, որ լաւ հասկնալու է իր
առաւելութիւններն ու տկարութիւնները, գիտակցելու է իր կարողութիւններուն
եւ պակասութիւններուն:

Արդ, իրապէս ո՞վ է Հայը:
Է՞ արդեօք Աստուծոյ ընտրեալ այն ժողովուրդը, որուն սրբազան լերան
վրայ հանգչած է Նոյան տապանը, որմէ եկած են մարդկութեան բոլոր
սերունդները: Թէ ոչ Տիրոջ կողմէ մոռցուած ժողովուրդն է, որ ամենէն վերջինը
իջած է տապանէն...
Արդեօ՞ք այն ժողովուրդն է, որուն երկիրը երկիրն է դրախտավայր,
մարդկութեան օրրանը, որմէ սակայն քանիցս դուրս դրուեցան մեր
նախահայրերն ու նախամայրերը, թէ ոչ այն ժողովուրդը որուն մնացորդներն
ալ »այս երկիրը երկիր չէ« ըսելով մինչեւ օրս անկէ դուրս կը ջանան ելլել:
Հայը ա՞յն է, որուն լեզուն այնքան հի՜ն է ու առնական, որ Աստուծոյ հետ
հաղորդակցելու լեզուն նկատուեր է )եւ որքա՜ն ուրախացանք վերջերս երբ
գիտցուեցաւ, որ Էջմիածնէն Տիրոջ հեռաձայնելը անվճար է եղեր, քանի որ
տեղական կանչ է, եւ ոչ միջ-քաղաքային կամ միջ-ցամաքային...(, թէ ոչ այն
է Հայը, որ ամեն վայրկեան իր լեզուէն հրաժարելու, զայն մոռնալու հակամէտ է
դարերէ՜ ի վեր, մանաւանդ այսօր՝ իր մայրաքաղաքի ցուցանակներուն վրայ...:

Հայը ա՞ն է, որ իր ինքնութենէն չհրաժարելու համար պատրաստ
է նահատակուելու, խաչուելու, թէ ան, որ գետնառիւծի (քամելեոնի) նման
կրնայ գոյն փոխել ու ստանձնել որեւէ ազգութեան պատմուճան, անո՜ր
անունով ներկայանալ աշխարհին, անո՜ր անունը բարձրացնել...
Ա՞ն է, որ գիտէ կռուիլ ու արեամբ տէր կանգնիլ իր հողին եւ իրաւունքին,
թէ ա՞ն, որ ճամպրուկները միշտ պատրաստ՝ կրնայ լքել հողն ալ, իրաւունքն
ալ...

Ո՞րն է, ի վերջոյ ճշմարիտ Հայը:
Ինչպէ՞ս հաւատանք, որ ան բարի, աշխատասէր ու պարկեշտ մարդն է,
որ ամենուրեք իր առաքինութիւններով կը մատնանշուի, երբ նաեւ այնքան
անօրինութիւն կրնայ գործել՝ առանց աշխատելու հարստանալու տենչով,
այնքան անպարկեշտ ու օրինազանց գտնուիլ, եւ օտար երկիրներու բանտերու
դառնալ բնակիչ:
Ճի՞շդ է, որ ընտանեկան սրբութիւնները եւ ընտանիքը հայ ծողովուրդի
գոյութեան առանցքը կը հանդիսանան, ապա ինչպէ՞ս բացատրել քայքայուող
ընտանեկան յարկերու հետզհետէ ահաւոր կերպով աճող թիւը...
Ճի՞շդ է, որ բազմահազարամեայ մեր մշակոյթով հպարտացող ազգ ենք,
ապա ինչպէ՞ս բացատրել համատարած անտարբերութիւնը մեր ոչ միայն
մշակութային ժառանգութեան, այլեւ այսօրուան մեր մշակութային
ստեղծագործութիւններուն եւ ստեղծագործողներուն նկատմամբ...
Ճի՞շդ է, որ կը հաւատանք, որ ազգովին ենթարկուած ենք մեծագոյն
անարդարութեան, ու կը յաւակնինք պայքարիլ յանուն արդարութեան
յաղթանակին, ապա ինչպէ՞ս բացատրել մեր համարե՛ա բացակայութիւնը
աշխարհի բեմերէն՝ ի պաշտպանութիւն արդարութեան՝ համայն մարդկութիւնը
յուզող մեծ հարցերու պարագային, կամ այլ անարդարուած ժողովուրդներու
դատերու պաշտպանութեան ի խնդիր...

Աշխարհն ու այլ ժողովուրդները մէկդի դնենք, մե՜ր Դատին
զինուորեալնե՞րը, մե՜ր Դատին նեցուկ կանգնողնե՞րը ինչ համեմատութիւն կը
ներկայացնեն մեր մէջ: Անո՞նք են հայերը, թէ ոչ անոնց հարիւրապատիկը
թուաքանակ ներկայացնողները, որոնք իրենց սեփական շուքէն անդին չեն
տեսներ...

Ո՞վ է Հայը ի վերջոյ:
Գաղափարական, նուիրեալ մարտի՞կը, որ պատրաստ է կեանքն իսկ
նուիրաբերելու - այո՜, կան նմաններն ալ, որոնցպէսները կը հանգչին
Եռաբլուրի, Ստեփանակերտի եւ բազմաթիւ այլ գերեզմանատուներու մէջ,
հարիւրներով, հազարներով,- թէ այն միւսները, որոնք ոչինչ կ'ընեն, մա՜տ իսկ
չեն շարժեր իրենց պատկանելութիւնը արդարացնելու համար:

Ո՞վ է Հայը:
Կրնա՞ք ըսել...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-05-03 )1610(«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Friday, May 14, 2010

«Մեզ Հետ Էք Թէ Ոչ» Ալ Շարք Ալ Աուսաթ

Լոնտոն հրատարակուող Ալ Շարք Ալ Աուսաթ թերթը տեղ տուած է իր խմբագիրներէն մի ոմն Պրն Շիպուքչիի վարի յօդուածին : Յօդուածի բովանդակութիւնը մերժելի է որեւէ հայու եւ կամ որեւէ անհատի կողմէ որ ծանօթ է հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան: Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակից Արշակ Զաւէնի Տաւթեան , հրապարակագրի վարպետութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ ,ինչպէս սովոր է ըսել՝ «իր տեղը նստեցուցած է » յօդուածի հեղինակը : Եզրակացութիւնները կը թողունք մեր ընթերցողներուն:

Նշանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հալէպաբնակ սիրելի Նանոր Միքայէլեանին , որ հարազատօրէն անգլերէնէ հայերէնի վերածեց այս յօդուածները յատուկ «Նշանակ» Կայքէջին համար: Պիտի խնդրէինք բոլոր պաշտօնակից թերթերէն եւ կայքէջներէն արտատպել յօդուածները տալով իրենց կարծիքներն ու մեկնաբանութիւնները:

«Նշանակ»

-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-

Մեզի Հե՞տ Էք Թէ Ոչ
“Ալ Շարք Ալ Աուսաթ»
Լոնտոն
29 Ապրիլ ,2010
Աշխարհով մէկ սփռուած հայկական համայնքնեը վերջերս նշեցին տարելից մը, որ բոլոր հայերուն համար մեծ նշանակութիւն ունի։ Տարելից մը, որ մեծ թիւով ազգակից–արիւնակիցներու կորուստը կը նշէ մինչ Օսմանեան կայսրութեան անկումը, տարբեր ճակատամարտերու ընթացքին։
Ըստ Հայերու, մէկ ու կէս միլիոն է օսմանցիներու կողմէ սպանուած հայերուն թիւը և դէպքերը անոնք կ՜ որակեն որպէս «ցեղասպանութիւն», Հրեաներու Հոլոքոսթին նման, գործադրուած Գերմանացի Նացիներուն կողմէ։ Համենայնդէպս, Թուրքերը կը պնդեն, թէ զոհուած Հայերուն թիւը չանցնիր 500,000-ը եւ թէ Հայերն ալ տասնեակ հազարներով թուրք սպաննած են։Վերջին տարիներուն Հայերը առաւել աշխուժացուցին իրենց պայքարը թուրքերուն դէմ թէ Թիւրքիոյ տարածքին եւ թէ Միացեալ նահանգներու մէջ։ ԱՄՆ– ի համաժողովը նոր օրէնք մը ընդունեց, ըստ որու կը դատապարտէ Թուրքիան ու կը հաստատէ թէ Հայերուն հետ կատարուածը “ցեղասպանութիւն” էր։ [Անցեալին] Հայերը աւերիչ բռնութիւններ կատարեցին, կազմելով ահաբեկչական խումբեր, որոնք ռմբակոծումներ ու մարդասպանութիւններ կատարեցին։Առաւել աչքի ինկող կազմակերպութիւնը Ասալա–ն եղած է (Հայաստանի ազատագրման Հակական գաղտնի բանակ), որ 1970- 80-ական թուականներուն , թիւով 42 թուրք դիւանագէտ սպաննած է։ՆերկայիԹուրքիան, Հայաստանի հետ գործակցելու և փոխադարձ շահեր ունենալու համար կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է , նաեւ Թուրքիոյ հայկական գաղութին կենսամակարդակը բարելաւելու համար։ Այդուհանդերձ, Հայերը շատ վերապահ են, հետևաբար ձախողեցան փոխադարձ նման քայլեր ձեռնարկել Թիւրքիոյ նկատմամբ։ Թիւրքիոյ նախագահ՝ Ապտուլլահ Կիւլի պատմական քայլը՝ Հայաստան այցն ու համաձայնութիւնը կարգ մը էական հարցերու շուրջ, տակաւին թարմ է շատերու յիշողութեան մէջ։ Այդուհանդերձ, Հայաստանը կասեցուց ստորագրուած համաձայնութիւնը, կրկին արծարծելով ցեղասպանութեան գրեթէ հարիւրամեայ վաղեմութիւն ունեցող հարցը։
Թուրքիան Օսմանական պետութիւնը չէ, ինչպէս որ Հրեաստանի համար Գերմանիան Հիթլերը կամ նացիզմը չէ։ Այսօր, Արաբ-Թրքական բացառիկ յարաբերութիւններու, փոխադարձ լուրջ ու էական շահեր հաստատելու ընթացքին , Արաբական Աշխարհէն, յատկապէս Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, հայկական ձայներ կը բարձրանան, որոնք կը դատապարտեն այս յարաբերութիւնները։Շատ մը Հայ քաղաքագէտներ ու գործարարներ “ տարօրինակ” պնդումներ կ՛ընեն, կասկածի ենթարկելով թուրքերու պատմութիւնն ու անոնց կապը այլ ազգերու հետ։Հայերը ողբալու պէտք չունին Արաբական Աշխարհի մէջ։ Հայերը անլուծելի խնդրի մը վերածած են հարցը:
Թուրքիան այսօր պատասխանատու պետութիւն մըն է, որ իր հպատակներուն ու համայնքներուն (Հրեաներուն, Քրիստոնեաներուն ու Քիւրտերուն) հարցերը կը լուծէ , արդար ու հաւասարակշիռ, բան մը, որ բանական Հայեր ևս կը վկայեն.
Բայց Հայկական “ողբը” խրամատի վերածել Արաբ-Թրքական յարաբերութեան մէջ, ստորաբար շահագործելով զայն համաշխարհային հասարակութեան մօտ (ինչը միայն ի շահ Հրեաստանի կ՛ըլլայ) անընդունելի է։
Հայկական համայնքը Արաբական աշխարհի մէջ յարգուած է, ան սերտաճած է տեղի ժողովուրդին հետ ու մարզական, գրական, գործարար, քաղաքական ու արուեստի ծիրերէն ներս մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է, շահելով բոլորին վստահութիւնն ու յարգանքը։
Դեռ աւելին, արաբները այսօր կասկածով կը մօտենան Հայերուն “ժամանակի ընտրութեան” ու յանդգնութեան, որ այդքան անպատասխանատու ձևով ըրին։
Ասիկայ հարց մըն է, որ չի կրնար չազդել Հայերուն նպատակներուն ու ծրագիրներուն վրայ, մանաւանդ որ անոնք երկար ժամանակ է, որ նախընտրած են լռութիւն պահպանել Արաբներուն դէմ կատարուած Հրէական ջարդին մասին (հակառակ որ անոնք Երուսաղեմի արեւելեան կողմը յայտնի առանձին շրջան մը ունին ու Հրէական գրաւման պատճառով իրենք ալ կորուստներ ունեցած են. ) Հայերը պէտք է կարենան որոշել. իրենք Արաբական աշխարհի անբաժանելի մասն են, թէ ոչ։ Թիւրքիոյ նման զօրաւոր երկրի մը հետ սերտ կապեր ունենալը Արաբական Աշխարհին շահերէն կը բխի։
----------------------------------------------------------
Ալշարք Ալ–աուսաթի սիրելի խմբագիրներ,մասնաւորաբար Պր. Շուպուքշի
Ես, մասնագէտօրէն խօսելով, Հայ եմ, թէև երբ հարց կուտան, կը պատասխանեմ թէ Հայու արիւն ունիմ բայց Պաղեստինեան,Սուրիական ու Լիբանանեան սիրտ, ուրեմն դուք որոշեցէք։ Կրնամ Հայ–Արաբ խառնածին կոչուիլ։ Հայրս Հայֆա ծնած է, մեծցած է Երուսաղեմ, ապրած է Դամասկոս ու փոխադրուած Պէյրութ, ուր և մահացած է եւ ուր ծնած ու մեծցած եմ ես։ Խորապէս կը յարգեմ ու կը սիրեմ արաբները, ոչ միայն այն պատճառով, որ մեծ դերակատարում ունեցան ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերը փրկելու ու իրենց երկիրներուն մէջ զանոնք հիւրընկալելու համար, այլև իրենց առաքինութիւններուն և առաւելապէս Աստուածավախութեան, արդարութեան և արդարադատութեան համար։ Սակայն այս բոլորը ի մտի ունենալով հանդերձ, պարոն Շուպուքշիի յօդուածը ոչ մէկ բան կ՛ըսէ իր արաբ ըլլալուն մասին։
Անտեսելով մանրուքները, թոյլ տուէք մատնանշել յօդուածին սխալ տեղեկութիւններէն մի քանին:
1- Ծիծաղելի է, երբ կ՛ըսեք թէ “Հայերը զանազան ճակատամարտներու մէջ մեծ թիւով ազգակիցներ կորսնցուցած են”։ Այդ ի՞նչ ճակատամարտ էր ուր մէկ ու կէս միլլիոն մարդ սպաննուեցան , ընդորում՝ յղի կանայք, տարեցներ, երեխաներ... և բոլորը զէնքի ուժով։
2- Կ՛ըսէք թէ “ Ներկայի Թուրքիան, Հայաստանի հետ գործակցելու և փոխադարձ շահեր ունենալու համար կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է , նաեւ Թուրքիոյ հայկական գաղութին կենսամակարդակը բարելաւելու համար”։ Կրնա՞մ հարց տալ, թէ ի՞նչ բարելաւումներու մասին է խօսքը։ Ձեր այս յայտարարութիւնը օդին մէջ կրակելուն կը նմանի, հասկցէք, որ պատահածը բարելաւման հակառակն է լրիւ, համայնքին շատ մը կալուածներն ու ունեցուածքները գրաւելէ ետք, մերթ ընդ մերթ ոսկոր մը կը նետեն անոնց դիմաց։ Ասիկա բարելաւու՞մ կը կոչէք։ Միայն Հայ են ըսելով այնքան տուրքեր գանձած ու չքաւորութեան սեմին հասցուցած են զանոնք, երբ ամէն ճիգ կի թափեն կասեցնելու համար համայնքի շէնքերուն նորոգութիւնն անգամ։ Արդեօք նոյն բանը պիտի ըսէ՞ք, եթէ օրինակի համար, Իսրայէլցիները սկսին Կազաի մէջ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել պաղեստինցիներուն, երբ զանոնք իրենց սեփական հողին վրայ ապաստանեալներու վերածած են։ Վստահ եմ Հրեաները շատ աւելին կ՛ընէին, եթէ միլիոնաւոր Պաղեստինցիներ սպաննելով, անոնց թիւը պակսեցնելով, Իսրաէլի մէջ ընդամէնը վաթսուն հազարանոց գաղութի մը վերածած ըլլային։
3-Ձեր նշումը, թէ ՝ «Թիւրքիոյ նախագահ՝ Ապտուլլահ Կիւլի պատմական քայլը՝ Հայաստան այցն ու համաձայնութիւնը կարգ մը էական հարցերու շուրջ, տակաւին թարմ է շատերու յիշողութեան մէջ։ Այդուհանդերձ, Հայաստանը կասեցուց ստորագրուած համաձայնութիւնը, կրկին արծարծելով ցեղասպանութեան գրեթէ հարիւրամեայ վաղեմութիւն ունեցող հարցը», ամօթալի սուտ մըն է. Նախ եւ առաջ, փոխադարձ յարաբերութիւններու առաջին քայլը Հայաստանի նախագահին կողմէ առնուեցաւ եւ համաձայնութիւննրը ստորագրուեցան առանց նախապայմաններու։ Հակառակ անոր, որ Հայաստանը (և հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս) բարոյական եւ օրինական բոլոր իրաւասիութիւնները ունէր նախապայմաններ դնելու, մասնաւորաբար ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցով, սակայն յարաբերութեան նոր էջ մը բանալու նպատակով, ոչ մէկ այդպիսի բան պահանջուեցաւ՝ որը ձեր ըսածին ճիշդ հակառակն է։ Բայց այս չի նշանակեր, թէ Հայերը ընդհանրապէս պէտք է մոռնան կամ դադրին արդարութեան համար պայքարելէ։
Պիտի ուրանայի՞ք արդեօք այն փաստը, որ ձեր դրացին ձեր կինը բռնաբարած է, պարզ այն պատճառով, որ աշխատանքային ընդհանուր շահեր ունիք անոր հետ…
Հայաստանը ընդամէնը առկախեց հատուցման ընթացքը, երբ պարզ ու յստակ դարձաւ, թէ Թուրքիան ի՛նք մտադիր չէր այդպիսի բան ընելու եւ թէ ան համաձայնագիրը կ՛օգտագործէր Արեւմուտքը խաբելու ու Ղարաբաղեան հարցով նախապայմաններ դնելու համար, հակառակ որ անոնք առանց նախապայմաններու ստորագրուած էին։
4-Կ՛ըսէք թէ “Թուրքիան Օսմանական պետութիւնը չէ, ինչպէս որ Գերմանիան Հրեաստանի համար Հիթլերը կամ Նացիզմը չէ”. ՍԽԱ՛Լ։ Գերմանիան ի հարկէ Նացիական Գերմանիան չէ այն պատճառաւ, որ ան բացայայտօրէն զղջաց, ներողութիւն խնդրեց ու մինչեւ այսօր կը շարունակէ Հրեաներուն կորսուստը հատուցել։ Թուրքիան ըրա՞ւ այդպիսի բան։ Գո՛ւցէ այսօր ձի չեն վարեր և կամ սուր ու կացին չեն օգտագործեր, այսօր անոնք աւելի զարգացած ու յառաջացած են, բայց ոչ մէկուն կրնաք համոզել, թէ թրքական պետութիւնը անցեալէն վերապրող Օսմանական պետութիւնը չէ։
5- Կ՛ըսէք թէ “ Շատ մը Հայ քաղաքագէտներ ու գործարարներ “ տարօրինակ” պնդումներ կ՛ընեն, կասկածի ենթարկելով թուրքերու պատմութիւնն ու անոնց կապը այլ ազգերու հետ։” Չէի գիտեր, թէ պատմական իրողութիւններուն մասին խօսիլը ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ԿԸ ԴՆԷ որեւէ բան։ Եթէ դուք անձնապէս կասկածներ ունիք, խնդրեմ պտոյտ մը կատարեցեք դէպի Տէր Զոր, վստահ եմ ոչ մէկ կասկածի տեղ չի մնար, ամբողջ բեռնակառք մը կրնաք լեցնել կիներու ու երեխաներու ոսկորներով, որոնք ըստ ձեզի, ճակատամարտի ընթացքին սպաննուեցան…
6- “ Հայերը ողբալու պէտք չունին Արաբական Աշխարհի մէջ։ ” Ոչ պարոն, Հայերը չե՛ն ողբար այլեւս, անոնք պահանջատէր են։ Հայերը, որ կը նշեք՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի ու այլ երկիրներու քաղաքացիներ են, անոնք իրաւունք ունին իրենց պետութենէն պահանջելու այն ինչ կը կամենան, անոնք իրենց նոր հայրենիքին մէջ ունեցած մեծ մասնակցութեամբ՝ բան մը որ բարեբախտաբար չէք ժխտած – վաստակած են այս իրաւունքը։
7- «Թուրքիան այսօր պատասխանատու պետութիւն մըն է, որ իր հպատակներուն ու համայնքներուն (Հրեաներուն, Քրիստոնեաներուն ու Քիւրտերուն) հարցերը կը լուծէ արդար ու հաւասարակշիռ, բան մը, որ բանական Հայեր ևս կը վկայեն”… Այս նախադասութիւնը իր նենգութեամբ Նոպէլեան մրցանակի կրնայ արժանանալ։ Գացէք և Քիւրտերուն ըսէք, թէ իրենց հետ “արդար ու հաւասարակշիռ” կը վարուի՞ն։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ձեր այսպէս անուանած “ բանական Հայերուն” – կը նմանին այն մուկին, որ կատուի վանդակին մէջ է և իրմէ կը խնդրուի ըսել, թէ իր հետ լաւ կը վարուին, ապա թէ ոչ՝ կատուն զինք կ՛ուտէ…
Ձեր ուրիշ մէկ նախադասութիւնը թէ Հայերը “ երկար ժամանակ է, որ նախընտրած են լռութիւն պահպանել Արաբներուն դէմ կատարուած Հրէական ջարդին մասին ” կրկին ճիշդ չէ։ Խնդրեմ, կարդացէք ձեր տեղական հայկական թերթերը, իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի պետութեան կեցուածքին, համաձայն եմ, որ անոնք բացայայտօրէն Իսրաէլի դէմ չեն կեցած։ Ես անձնապէս դէմ եմ այս կեցուածքին, բայց նաեւ կը հասկնամ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական նեղ դրութիւնը։ Փոքր երկիր մըն է Հայաստանը և փխրուն իրավիճակի մէջ։ Բայց խնդրեմ, նայեցէ՛ք ձեր շուրջ ձեր արաբ եղբայրներուն։ Արաբական Աշխարհի հսկաներէն մէկուն՝ Եգիպտոսին, մեզմէ աւելի լա՞ւը կ՛ընէ։ Ես նոյնիսկ կ՛ըսեմ, թէ մէզմէ վատը կ՛ընէ, Նոյնիսկ Սաուտցիները երկու թելի վրայ կը խաղան… Ուրեմն խնդրեմ, կը բաւէ Իսրայէլի դրօշակը Հայերուն աչքին առջև ծածանէք Հայերուն դէմ զգացումներ բորբոքելու համար.
Պարոն, այս բոլորը ըսելէ ետք, պիտի ուզէի հաւատալ, թէ ձեր յօդուածը պատմութեան մասին ձեր ստացած սխալ տեղեկութիւններուն արդիւնքն էր, բայց ինծի կը թուի, թէ Թուրքիոյ հետ որոշ գործարքային շահեր ունիք և փոխաարենը այս բարիքը կ՛ընեք իրենց։
Պարոն, Ձեր յօդուածը կը պղծէ Սուրբ քաղաքներու պահապան Շարիֆ Հուսայնի յիշատակը, որ անձամբ հրամանագիր մը ուղղեց Մուսլումաններուն, որ փրկեն ցեղասպանութեան բոլոր վերապրողները։ Կարծես կը թքեք այն բոլոր յարգելի պետեւիներուն գերեզմաններուն վրայ, որոնք հազարաւոր երեխաներ ու կիներ փրկեցին սովէ ու հաւաստի մահէ։
Նամակս փակելու համար միայն մէկ հարմար բառ կը գտնեմ......
Ամօ՛թ ձեզի։
----------------------------------
Արշակ Զաւէնի Դաւիթեան MD
Ստեփանակերտ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն