Յայտարարութիւն

Sunday, May 9, 2010

Նոր Հանգրուան Նոր Պարտաւորութիւններ 1 Արամ Սեփեթճեան


Մտաւորական բարեկամիս՝ Հրաչ Արզումանեանի առաջարկով եւ խմբագրութեանս հաւանութեամբ կը հրապարակեմ այլ մտաւորական մօտիկի մը ՝ գրագէտ Արամ Սեփեթճեանի Ապրիլեան խոհրը լոյս տեսած ՌԱԿ Մամուլին մէջ: Կարգ մը խոհերուն նկատմամբ թէեւ քիչ մը վերապահ եմ սակայն ընդհանրութեան մէջ զայն շահեկան կը գտնեմ: Արամ Սեփեթճեանը կը ճանչնամ աւելի քան երեսուն տարի. ան է՜ր եւ կը մնա՜յ նորին փնտռտուքի մարդը, «Նոր Հանգրուաններ» որոնողը, նոյնիսկ «նոր պարտաւորութիւններ » սահմանող ՝ հայութեամբ տագնապած ու տագնապող մարդը:

Նշան Պասմաճեան

-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-



Մայիս 6, 2010
ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ,
ՆՈՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
(Ապրիլեան խոհեր ու պահեր՝ հինը նորին շաղկապող)
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹճԵԱՆ

Գիր Մուտքի ‐ Տխուր Օրագիր

Մեր մանկութեան եւ պատանութեան տարիներուն՝ «Ապրիլ 24 հանդիսութիւնները
կը կոչուէին «Սգահանդէս» կամ «Յուշահանդէս»։

Առաջինը՝ որուն ներկայ գտնուած եմ, 1950‐ի Ապրիլեան Յուշահանդէսն էր,
առաջնորդութեամբ հոգելոյս հօրս, երբ հետիոտն՝ ուխտաւորի զգացումներով
ժողովուրդ մը ամբողջ կ'ուղղուէր դէպի հանդիսավայր, ուր բանախօսը իր ոգեշունչ
ճառը կ'եզրափակէր. «Անցո՛րդ, գնա՛ Երեւան, գնա՛ աշխարհի ամէն կողմ ուր
վերապրող հայեր կան, եւ ըսէ անոնց, որ Մեծ Եղեռնի թուականէն 35 տարիներ ետք,
Հայ Ժողովուրդը կայ ու կը մնայ Սփիւռքի տարածքին ու կը սպասէ Ազգահաւաքի այն
մեծ կոչին, որ պիտի համախմբէ զինք իր իսկ հայրերու ու մեծ հայրերու ծննդավայր
հայրենիքին մէջ»։

Ներկաներէն շատեր վերապրող սերունդը կը ներկայացնէին։ Անոնք տեսած եւ
ապրած էին Սուրիոյ անապատային քաղաքները։ Ծնողքս՝ նորապսակ զոյգ մը՝ իրենց
առաջնեկ ու երկրորդ մանչ զաւակները յանձներ էին Համայի կիզիչ աւազուտքին,
առաւել, իրենց հայրն ու մայրը՝ դեռ յիսունամեայ…։

Այդ առաջին հանդիսութեան աւարտին, նոյն գիշերն իսկ՝ խոհ եւ ապրում
կենդանացան իբրեւ արձակ էջ, որ լոյս տեսաւ պատանեկան մեր պարբերաթերթին
մէջ («Ցայգալոյս» 1950, Պէյրութ)։

Մեկնարկին ազդանշանը տրուած էր։

Այսօր, վաթսուն տարիէ ի վեր, ամէն «Ապրիլ 24»ին, «հոգու պարտք»ս կը յանձնեմ մերթ
թուղթին՝ գիրի ճամբով, մերթ «խոհ եւ ապրում» անգիր ինքնախօսութիւն, ու մերթ՝
ուկնդիր կամ ընթերցող այն հսկայ ժառանգութեան, որ արձանագրուած է յետ‐
եղեռնեան մեր գրողներուն ու քերթողներու կողմէ։

95‐ամեակի այս օրերուն, կ'ուզեմ վերաքաղ մը կատարել եւ յանձնուիլ «անցեալ» եղած
յուշ‐քանդակներուս։ Ժամ մը միայն, քակել իմ ԵՐԷԿս ԱՅՍՕՐիս կապող ոսկի շղթայէս
քանի մը օղակ, որոնք իբրեւ ծաղկեպսակ կը նուիրեմ Համայի աւազուտքին մէջ
անշիրիմ մնացած նորածին զոյգ եղբայրներուս յիշատակին։

Ա.

Այսպէ՛ս էր երէկ, 1967 երբ նոր էր բարձրացեր Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին
կառուցուած գեղարուեստական յուշակոթողը Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ, եւ
այդ թուականէն ետք ամէն Ապրիլ ամիսը… ծաղիկները չէին թառամեր Անմար Կրակի աւազանին շուրջ։

Եւ նոյնն է ԱՅՍՕՐ, երբ հայրենի հեռուստատեսութեան կայաններէն, ուղիղ եթերով կը
հեռասփռուի տողանցքը բազմահարիւր հազար հայորդիներու, նորածին
երախաներէն մինչեւ 95-ամեայ ծերունիներ, հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ, որոնց ի
ձեռին ունեցած ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները կը բնորոշեն Հայուն անմար
հաւատքը, յար եւ նման մշտարծարծ եւ անշէջ կրակին որ կը բոցավառի շարունակ ու
չի հատնիր։

Ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր՝ հոն է հայ ժողովուրդի աւագանին, հայրենի պետութիւն
եւ Հայց. եկեղեցին իր իշխանաւորներով եւ ներկայացուցիչներով։ Անվերջ եւ
անդադրում է հոսքը մարդկային ալիքներու, որոնք մղուած գիտակից յարգանքէ կը
խոնարհին յիշատակին մեծ Եղեռնի երկու միլիոն զոհերուն։ Ու ծաղիկները կը
դիզուին, կը բրգանան Անշէջ Կրակին շուրջ։ Հեռատեսիլի խօսնակէն ուղղուած
անակնկալ հարցումներուն կը պատասխանեն հնգամեայ երախաներէն մինչեւ 95‐
ամեայ առոյգ ծերունիներ, խիզախ ու գիտակից լրջութեամբ։ Եղեռնը միայն յիշատակ
եւ ոգեկոչում չէ իրենց համար, այլ՝ խորհրդանիշ վերապրումի եւ մնայու՛ն օրակարգ
պահանջատիրութեան։
Յարգա՛նք քեզ հայրենի ժողովուրդ։

Բ.

Ապրիլեան մեծ եղեռնի, տակաւին անպատիժ մնացած հայոց ցեղասպանութեան
նկատմամբ մեր արդա՛ր զայրոյթն ու ցասումն է այս, որ կը պահանջէ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ:

Մեր հայրերու սերունդը, անապատի տարագրութիւնը անձամբ ապրած վերապրո՛ղ
այդ սերունդը, գոհացեր էր միայն վառ պահելով եղեռնի յուշ‐յիշատակը, իբրեւ
սգատօն, հոգեհանգստեան պաշտամունքով սրբագործուած։ Յիսնամեակը (1965) եղած էր անկրկնելի հանգրուան մը՝ տալով ցեղասպանութեան միջազգային‐
քաղաքական իմաստ եւ բովանդակութիւն։ Խորհրդային Հայաստանէն մինչեւ
աշխարհատարած հայահոծ գաղութներ, հայութեան հետ՝ նաեւ հայասէր եւ
արդարակորով քաղաքական մեծանուն դէմքեր ու պետական հեղինակութիւններ,
մերթ՝ առանձնապէս, ու մերթ երկիրներ՝ իրենց խորհրդարաններով նեցուկ
կանգնեցան Հայկական պահանջատիրութեան, դատապարտեցին Մեծ Ոճիրն ու
Ոճրագործը, ու ներկայացան աշխարհի դատաստանին իբրեւ
Համայն մարդկութեան խիղճը։ Սակայն, ցարդ՝ «Ձայն բարբառոյ յանապատի»։Օր ցերեկով, մեծ ոճրագործը դեռ կը յամառի ուրանալ եւ մոռացութեան գիրկը յանձնել 1915-ով սկիզբ առած եղեռնապատումը։ Առաւել՝ պատմութեան արիւնոտ էջերուն նենգափոխումն է որ կը կատարէ, եւ ի նպաստ իր թէզին կը մօտեցնէ թուրք եւ թրքաբարոյ օտար պատմաբաններ։ Ու տակաւին, անասելի անպատկառութեամբ հայ պատմագրութեան մշակներուն միջեւ երկփեղկում կը յառաջացնէ… քաղաքական ճամարտակութիւններով։

Ապրիլ 24-ի տարեդարձային իւրաքնչիւր նշում՝ մեզ զգաստութեան հրաւիրող, մեզ
վերամիաւորել ահազանգող, լուսանցքային տրամադրութիւններէ դէպի շարքային
հայ գործելու ժամը կը հնչեցնէ։ «Անլռելի Զանգակատուն»ն է ան մեր Մեծ Երազին,
որուն իւրաքանչիւր ղօղանջը նորահաս սերունդներուն լսելի դարձնելը մե՛ր
սերունդին պարտքն է։ Միանգամ ընդմիշտ թող որ յստակ ըլլայ պատմական այս
ճշմարտութիւնը, թէ՝ 1894-96-ի, 1909-ի եւ 1915-22 եռեակ արարքները ցեղասպանութեան, ո՛չ պատճառներն էին եւ ո՛չ ալ հետեւանքները հայ ժողովուրդի ազատատենչութեան եւ
ազատագրական‐քաղաքական մտածողութեան ու գործելակերպին։ Ընդհակառակը, երբ 1795-1850 յիսնամեակի մը ընթացքին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ բնակչութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կ'ենթարկուէր բռնի կրօնափոխութեան անոր հետեւանք՝ ազատագրական պայքարներուն յղացքն ու ծնունդը սկզիբ առին յաջորդող տասնամեակներուն։Ահա՛ թէ ինչու, ինքնապաշտպանութիւնը հռչակուեցաւ իբրեւ «անհնազանդութիւն» եւ անկախ Հայաստանի մը ներկայութիւնը խոչընդոտ՝ օսմանեան կայսրութեան կամ անոր յաջորդող երիտ‐թուրքերու համաթուրանական ախորժակներուն։ Պատմութեան ուսանողներուն՝ անծանօթ չէ համաթուրանական բիրտ եւ անյագ կայսերապաշտութեան մը հաստատումը որ պիտի ընդգրկէր այն հսկայ տարածութիւնը որ կ'երկարի Եգէականէն մինչեւ Սինքիանկ ու Սիպերիայէն մինչեւ Միջագետք ու Պարսկաստան։ Այո՛ երիտ‐թուրքեր էին Զիա Կէօք Ալփ, Աղայեւ, Աքշուրին, Ռեսուլզատէ եւ անոնց գաղափարի ընկերները, որոնք հանդիսացան ինքնակոչ մարգարէները քաղաքական բիրտ ուժի այս նոր կրօնքին։
Արդարեւ, 1911 Սեպտեմբեր 21-ի Թանին թերթի հերթական թիւին մէջ Էնիս Աւնի պէյ (Աքա Կիւտիւզ գրչանունով) Մեծ Եղեռնի թուականէն չորս տարի առաջ, Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմետի դամբանին առջեւ ծնրադիր՝ կը յայտարարէր.
«Կոխած տեղերուս ամէն մէկ մասէն արիւն պիտի ժայթքէ Երկարած թաթիս տակ գարուններ աշնան եւ աշուններ զնտանի պիտի վերածուին …
Եթէ քար քարի վրայ ձգեմ, ետիս թողած օճախս թողքանդուի»(*)
‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐
(*) Տե՛ս, Գերսամ Ահարոնեան «Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին»,Պէյրութ 1966, էջ 171:
Այսօր, շուրջ 95 տարիներ ետք, հակառա՛կ երկու միլիոն հայութեան բնաջնջումին եւ
մեր պատմական հայրենիքին շուրջ 250 հազար քառ. քլմ. տարածքի բռնագրաւումին,
եթէ երբեք համաթուրանական երազը մնաց չիրականացած բաղձանք մը թուրքին
համար, սա՛ կը պարտինք եօթանասուն տարիներու Խորհրդային Միութեան հզօր
ներկայութեան, որ զսպեց անասնային ախորժակները Էնիս Աւնի պէյերու եւ անոնց
յաջորդներուն։

Ապրիլ 24-ը իր պատմութեամբ եւ խորհրդատու պատգամներով սքանչելի դասագիրք
մըն է, որուն իւրաքանչիւր դասապահը մեզ պիտի վերահայկականացնէ։

Նոր սերունդին պարտքն է թղթատել Ցեղասպանութեան 50-ամեակի եւ 60-ամեակի
զոյգ ժամանակներու հայութեան ղեկավար մարմիններու գործունէութիւնները Խորհ.
Հայաստանի թէ սփիւռքի համայն տարածքին։

Ներկայ անկախ Հայաստանի ազատ եւ անկաշկանդ պայմաններու տակ շնչող
հայրենի նորահաս քերթողները հարկ է որ վերստին կարդան 1960-1970
թուականներու երկնուած քերթողագիրքերը Շիրազներու, Կապուտիկեաններու,
Սեւակներու, Դաւթեաններու, Էմիններու եւ բոլոր անոնց որոնք ի գին ամէն
զոհողութեան ենթահողը պատրաստեցին Ծիծեռնակաբերդի երկնասլաց կոթողին թէ՛
ֆիզիքական եւ թէ բարոյական յաղթերգութեան։


Գ.

Այսօր, երբ կ'ոգեկոչենք Ապրիլ 24-ի խորհուրդը, ազգովին կ'ըլլանք ունկնդիր անկէ
բխած պատգամին։

Պահ մը կանգ առնենք բազմազգ ժողովուրդներու պատմութեան գիրքին առջեւ եւ
ընտրենք քանի մը կէտ միայն հայ ժողովուրդին յատկացուած էջերէն, ուր
արձանագրուած ճշմարտութիւնները, մանաւանդ նոր դարաշրջանի մը սեմին ե՛ւ
դաստիարակիչ են եւ թէ ՝ ցնցիչ։
Ամփոփենք մեր միտքերը.

(ա.) Ապրիլեան Եղեռնին մտայղացումին արմատները կ'երթան ետ՝ մինչեւ առաջին
կէսը 19րդ դարուն, երբ աւելի քան մէկ միլիոն թրքահայութեան պարտադրուեցաւ
բռնի կրօնափոխութիւն եւ թրքացում։ Այս երեւոյթը իբրեւ նախընթաց, իր
շարունակութիւնը պիտի գտնէր ու կրկնուէր յառաջիկայ տասնամեակներուն եւս, եթէ
երբեք «Վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց» մղուած չըլլային ազատագրական մեր
պայքարները։ Հայ Միտքն ու Հոգին կ'ապրէր իր նոր զարթօնքը։
(բ.) 1878 Յունիս 4ին, ստորագրուած Կիպրոսի Համաձայնագիրը,. կնքուած ընդմէջ
Մեծն Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան,‐ կը պայմանաւորէր Անգլիոյ տուած
երաշխիքը՝ վասն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան։ Հետեւաբար, արեւմտահայ
ժողովուրդին ճակատագիրը յանձնուած էր Օսմանեան Կայսրութեան վեհապետին
քմայքին։ Ա՛յս էր առաջին էջը Եղեռնապատումի։

(գ.) Հայ յեղափոխական կարգ մը ղեկավարներու դիւրահաւատ միամտութիւնը,
հանդէպ Երիտ. Թուրքերու (1908-1914) եւ անոնցմէ ստացուած խոստումներու
նկատմամբ։ Թակարդուած էր ամբողջ թրքահայ մտաւորականութիւնը։ Ապրիլ 24ի
գիշեր, երկա՜ր եւ անարշալոյս։

(դ.) Փան‐թուրքիզմի ծրագրին անտեղիտալի յառաջխաղացքը, որուն զոհ կ'երթային
1894-96ին, 1909-ին եւ 1915-22ին աւելի քան 2 միլիոն նահատակներ։ Իսկ հողային
կորու՞ստը՝ 90 տոկոսը մեր պատմական հայրենիքին։ Սփիւռքահայը ժառանգորդն է
Եղեռնի նահատակներուն արձանագրած այս մեծ կորուստին, ուրեմն՝
պահանջատէ՛րը իր անժամանցելի դատին։

(ե.) Այսօր, թուրքը եւ իր սնուցիչ դայեակները կը յամառին տակաւին զայն ժխտել ու կը
մերժեն ընդունիլ ճանաչումի եւ հատուցումի ճանապարհը։ Պիտի կարենա՞նք սառն
անտարբերութեան այս քարը շարժել ու լսելի դարձնել Արդարամտութեան ու
Խղճմտանքի ձայնը՝ ինչ որ արդէն կու տայ իր նախանշանները։ Պատի՛ւ ընենք անոնց,
որոնք անկեղծ բարեկամներն են հայութեան։


(զ.) Կարելի ամէն չափով զօրացնենք սփիւռքահայ զանգուածներուն «տարագիր»ի
հանգամանքը։ Նահատակեալ հայ ժողովուրդին հարազատ ժառանգորդն է մեր սերունդը։ Ըլլանք գիտակից ու հետեւողական մեր արդար դատին։ Հայկական Դատին
իրաւատէրը՝ արեւմտահայութիւնն է, իսկ այդ Դատին առաջին պաշտպանը՝
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ լիազօր եւ համահաւասար անդամ ՄԱԿի։

(է.) Հետեւաբար, Հայ Դատը պարտի ունենալ իր սեփական փաստաբանական
աշխատակազմը՝ բաղկացած հայ եւ օտար մասնագէտներէ։


(ը.) Հարկ է ըմբռնել, թէ տուեալ դատի մը յաջողութեան համար դժբախտաբար չի
բաւեր միայն անոր արդարացիութիւնը։ Զուգահեռաբար՝ պայման է տիրող
ժամանակներու ստեղծած նպաստաւոր գետինը: Յոռետեսութիւն չէ՛ երբեք
յարափոփոխ վիճակներու դրսեւորած երկսայրի պարտադրանքը, երբ մեր ազգային
գաղափարախօսութիւնն ու պետական մտածողութիւնը յաճախ կը հակադրուին
իրարու դէմ ու մենք կը հակասենք իրարու՝ ընդմէջ բացարձակի եւ
յարաբերականութեան։ Ներկայիս՝ տնտեսա‐քաղաքական փոխ–շահաւէտ ու
«դաւադիր» երկխօսութիւններն են որ մարտահրաւէր կը կարդան ընդդէմ մեր
ազգային իտէալին ու Դատին։
(թ.) Մենք անոնցմէ ենք, որոնք հաւատքը չեն կորսնցուցած տակաւին ողջունելու նոր
մէկ արեւածագը Հայ Ժողովուրդին։ Կը հաւատանք թէ միջազգային
դիւանագիտութեան մէջ կրնան յառաջանալ մեզի ի նպաստ տեղաշարժեր՝ որոնք
նպաստաւոր առիթներ կրնան ստեղծել Հայ Դատի արդար լուծման ճանապարհին։
Հետեւաբար, հա՛րկ է գիտակից զոհողութիւններով ամրապնդել Հայաստանի հողայ՛ին
թէ մարդկային ամբողջականութիւնը։ Գուրգուրա՛նք մեր սահմաններուն
անվտանգութեան եւ նոյն ատեն առաջքը առնենք այն ահաւոր ու մահացու ԱԽՏին՝ որ
արտագաղթ կը կոչուի: 1990-ին հազիւ 80 հազար կը հաշուէր թիւը հայրենաթող
զանգուածին։ Այսօր՝ նուազագոյն գնահատումներով տասնապատկուած է այս թիւը։

Երկրորդ Եղեռն մըն ալ ա՛յս է։ Սպիտակ արիւնահոսութիւն։

Արամ Սեփեթճեան

Շար 1
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝