Յայտարարութիւն

Sunday, May 30, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-100- Ռուբէն

Թադէի վանքը շուրջ 100 քիլոմեթր հեռու է Խոյէն, 25 քիլոմեթր` Մակուէն, 40 քիլոմեթր` Պայազիտէն եւ 25 քիլոմեթր ալ` Ալագանէն, տաճկաց սահմանէն: Ան գլխաւոր ճանապարհներէն դուրս ինկած եւ մեկուսացած է եւ ատոր համար ալ Մենաւոր կը կոչուէր մեր կողմէ:
Այդ կէտէն, մէկ գիշերուան մէջ կարելի էր հասնիլ տաճկաց սահմանը, Ալատաղ կամ Ալագան լեռը: Առաջինով կարելի էր անցնիլ Բագրեւանդ, իսկ երկրորդով` Վան, Արաղայի վրայով: Մեր գործի համար այս կարեւոր էր:
Պարսից եւ տաճկաց սահմանի երկայնքով, Մասիսէն սկսած մինչեւ Թադէի վանքի դիմաց, մինչեւ Կոթուրի մօտերքը` Հայտարցի ցեղախումբն էր, իսկ հիւսիս` Ջելացիք: Այս երկու ցեղախումբերը մեզ հետ ունենալ` կը նշանակէր վերացնել պարսից եւ թուրքաց միջեւ եղած սահմանները եւ ազատ երթեւեկ հաստատել Երեւանէն Պարսկաստան եւ Պարսկաստանէն Տաճկաստան: Այդ տեսակէտէն` Թադէի վանքը շատ կարեւոր դիտարան էր, մանաւանդ որ ան միայն 15 քիլոմեթր հեռու էր Կարէնի քրտական կենտրոնէն, որ Հայտարցի ցեղապետ Մուստաֆա բէյի կենտրոնն էր: Վանքը պէտք էր դարձնել հայ-քիւրտ բարեկամութեան կայան:
Վանքէն ընդամէնը 25 քիլոմեթր հեռուն էր Մակուն` Արտազ գաւառի կենտրոնը. հոն էր Սարտարը, որ անուանապէս կ’ենթարկուէր Շահին եւ ինքզինք անկախ թագաւորի պէս կը զգար: Սարտարի բարեկամութիւնը, բարեացակամութիւնը ունենալ` համազօր էր ազատութեան:
Թէ Արտազ որքա՞ն բնակիչ կար, դժուար էր հասկնալ, բայց Սարտարի գիւղերու թիւը կ’ըսէին թէ 300ի չափ է: Ատոնց մէջ միայն հետեւեալ երեք կէտերուն մէջ հայեր կային. – մօտ 100 տուն Մակու, 100 տունի չափ` Քիշմիշ Թափա եւ 30 տուն ալ Վանքի մօտ եղած գիւղի մէջ: Ուրեմն, հայութիւնը բնակչութեան թիւով չնչին քանակ էր քիւրտ եւ թաթար տարրերու մէջ: Անոր որակն ալ շատ մեծ չէր – ոչ մէկ դպրոց, պարզ գիւղացիներ, քանի մը մանր առեւտրականներ ու արհեստաւոր: Այս բոլորին մէջ ցցուած կը մնային Թադէի վանքին հոյակապ գմբէթը, որ բոլորէն բարձրը եւ շքեղն էր նահանգին մէջ եւ անոր պետը` Գէորգ Ծայրագոյն Վարդապետը ՝ գմբէթանման էր, պատկառազդու վեղարով:
Դաշնակցութիւնը անփոխարինելի օգուտ կը քաղէր հինաւուրց վանքէն եւ անոր անհաւատ ծառայ` «Անծայր» վարդապետէն: Ահա թէ ինչպէս:
Ամէն ամիս մէկ երկու անգամ, անպայմանօրէն Շիա դաւանանքի սուրբ օրերուն, մեր Ծայրագոյն Վարդապետը կը հագնէր իր դրսնաւոր հագուստները, պատկառելի վեղարը կը դնէր գլխին եւ կը նստէր իր ձին: Երկու զինուած զինուորներ` Յովհաննէս եւ Մելքոնը կ’երթային անոր ետեւէն եւ այս ՙշքերթը՚ կ’ուղեւորուէր Մակու` Սարտարի մայրաքաղաքը: Նախ կը հանդիպէին Մեսրոպին, որ հաւատարմատարն էր վարդապետի եւ միաժամանակ Դաշնակցութեան: Անոր հետ միայն կ’երթային այցելութեան շիա դաւանանքի գլխաւոր պետին: Գէորգ վարդապետը անկէ լաւ գիտէր շիա կրօնը եւ անոնց պատմութիւնը: Կը սկսէին փոխադարձ զեղումները եղբայրութեան եւ մեր երկու դժբախտ դաւանանքներու հարազատութեան մասին: Չէ՞ որ Թադէոս Առաքեալը միեւնոյն Ալլահի համար էր, Իսա Փեղամբարի խօսքը տանելու համար էր, որ նահատակուեցաւ այս լեռներուն մէջ եւ վանքն ալ անոր վրայ շինուած է: Չէ՞ որ Իսա Փեղամբարը, որ նախորդն էր Փեղամբար Մուհամէտին եւ անոր յաջորդ ու ժառանգ Ալիին որ նոյնպէս նահատկուեցաւ անհաւատներու կողմէ անապատներուն մէջ, ուր Քերպալան է շինուած: Երկու նահատակները կը դառնային կամուրջ մը, երկու դաւանանքի մարդիկ միմեանց կապելու եւ անոնց մէջ սէր եւ միաբանութիւն հաստատելու:
Ապա կ’երթային միասին այցի, շրջանի միահեծան պետին` Սարտարին, որ ամէն ինչ էր` Աստուծմէն յետոյ: Անոնք ոչ մի նուէր չէին սպասեր Թադէի վարդապետէն. գիտէին որ ան լոկ պահակ է չորս չոր պատերու եւ ոչինչ, ոչ եկամուտ եւ ոչ ալ հասութաբեր ժողովուրդ: Անոնք իրենք կ’ուզէին օգնել այդ սգաւորին` նուէրով կամ նիւթականով, բայց վարդապետը չէր ընդուներ: Այդ պատճառ կը դառնար, որ անոր վարկը բարձրանար եւ ան դառնար անշահախնդիր վարդապետ մը, կենդանի նահատակ մը եւ հաւատարիմ ծառայ մը` նահատակ Թադէի: Անոր ըսածներու ուղն ու ծուծը պարզ եւ հասկնալի էր: Կեղծ չէր, թէկուզ փաստարկութեանց մէջ սխալներ լինէին:
- Ձեր ողբը Ալիի մահուան համար, մեր ալ ողբն է, ան Թուրանի բռնակալութիւնն է Իրանի վրայ, մենք միասին կը տառապինք Թուրանէն: Մենք ձեր կողքին ենք եւ պատրաստակամ ու հաւատարիմ` ձեր պայքարին: Ինչպէս որ Արշակ եւ Վաղարշակ եղբայրներ էին, մենք ալ ձեր եղբայրներն ենք: Մենք ոչինչ չենք ուզեր ձեզմէ, միայն գիտցէք որ մենք ձեր հարազատներն ենք:
Վարդապետի այս խօսքերը պարապի չէին երթար: Անոր զրուցակիցները այլ առիթներով եւ տարբեր բացատրութիւններով գիտէին այդ ամէնը: Գիտէին նաեւ, որ հայերը գործով ալ իրենց հետ են ամէն պարագաներու մէջ: Փաստերը դիտելով ու նկատի առնելով, կը գտնէին որ այս ուսեալ վարդապետը, որ իրենցմէ աւելի աշխարհ տեսած է եւ գիտէ ամէն ինչ, նոյնպէս իրենց հետ է. վստահութիւն ու հաւատ ունէին անոր հանդէպ: Եւ այդ պատճառով, փոքրաթիւ հայութիւնը եւ Թադէի վանքը առանձնաշնորհեալ վիճակի մէջ էին դրուած աւատապետական եւ բռնակալ այդ երկրին մէջ: Հայերը կը համարուէին հաւատարիմներ եւ Սարտարի յենարաններ. անոնց երթեւեկը եւ ապահովութիւնը առանձին խնամքով կը յարգուէին: Թափառաշրջիկներուն արգիլուած էր անցնիլ հայերու սահմանները եւ բռնանալ անոնց վրայ: Հայերուն իրաւունք տրուած էր զինուիլ եւ հարկ եղած պարագային պաշտպանել իրենց կեանքն ու գոյքը: Տուրքերն ալ որոշ չափի տակ էին դրուած եւ կամայականութիւններու առաջքն առնուած էր: Սարտարը հայերը կը համարէր իր հովանաւորեալները եւ միայն մէկ սպասելիք ունէր անոնցմէ` կ’ուզէր որ զէնք կրողները, որոնք իրենց տուներու պահապան զիուորներն էին, նեղ պարագային լինէին իր կողքին, իբրեւ իր «սարբազները»:
Այդ թուականին, Մակուայ մէջ Վարդապետի եւ Դաշնակցութեան դեսպանը ի հարկէ անպաշտօն Մեսրոպն էր, որին հետագային պատահեցի Վասպուրական:

Շար 100



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝