Յայտարարութիւն

Monday, May 31, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-101-Ռուբէն

Ամիսը մէկ անգամ, Վարդապետը քանի մը օրով դուրս կու գար իր վանքէն եւ դէպի Խոյ կ’ուղղուէր:
- Նամակով բան չի հասկցուիր, գնամ տեսնիմ իմ մեծաւորները ի՞նչ կ’ուզեն ինձմէ եւ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ աշխարհին մէջը:
«Մեծաւորները» Դաշնակցութեան Խոյի եւ Սալմաստի ներկայացուցիչներն էին: Խոյի մէջ այդ ժամանակները Կոստին էր (որ փոխարինուեցաւ Մալխասով), իսկ Սալմաստի մէջ` Սամսոնը:
Պաշտօնական ծանօթներու հետ տեսնուելէն ետքը, ան աջ ու ձախ կը յայտարարէր, որ վանքի պէտքերը հոգալու համար գնումներու եկած է... Առանց վեղարի, առանց ձեւերու կը տեսնուէր իր փնտռած մարդոց հետ, եւ թէեւ եկած էր առանց բեռնակիր ձիերու, բայց կը վերադառնար բեռնբարձ ձիերով, որոնց բեռան մէջ ինչե՛ր էին լեցուած, այդ մասին ինքը գիտէր. թէ ո՞ւր կը պահուէին այդ բեռները, այդ ալ ինք գիտէր միայն:

¢¢¢

Մնացած ժամանակը, ան վանքէն դուրս չէր գար, կը մնար մինակ ճպռոտ աչքերով տնտեսին եւ ծառային հետ: Քիչ կը խօսէր եւ արդէն որո՞ւն հետ պիտի խօսէր: Այդ պատճառով ալ զինքը ուրբաթախօս կ’անուանէին եւ կը համարէին նոյնիսկ անհիւրընկալ եւ չար: Ուխտաւոր չէր գար վանքը: Ո՞րտեղէն եւ ինչպէ՞ս պիտի գային այդ երկրի մէջ, ուր մարդոց գլուխը աւելի աժան էր քան սոխի գլուխը: Եթէ գային իսկ, օթեւանելու տեղ չունէին եւ ստիպուած գիւղին մէջ պիտի պատսպարուէին: Վանքի նախապէս շինուած հիւրանոցները քանդուած էին եւ վարդապետը բնաւ միտք չունէր զանոնք վերանորոգելու: Կային նորոգուած միայն երկու սենեակ, ուր ինքը կ’ապրէր եւ ուր պիտի սեղմուէին անխուսափելի եւ անհրաժեշտ անցորդները: Անծանօթ մարդիկ, ինչ ազգի ալ պատկանէին, տեղ չունէին վանքին մէջ: «Մեզմէ շատուոր, մեզմէ ուժեղ կրնան լինել եւ մեր գլուխը կրնան աղել, կ’ըսէր, մեր պաշարը պիտի սպառեն եւ մեր մենակութեան իմաստը հասկնան»:
Մէկ քիլոմեթր հեռու գտնուող գիւղացիք ալ չէին գար վանք, չտեսնելու համար անհիւրընկալ վարդապետը: Հոն` գիւղին մէջ, կ’ապրէին Յովհաննէսը եւ Մելքոնը, որոնք վարդապետի հաւատարմատարները, սարբազները եւ փոխանորդներն էին: Վանք եկողները նախ անոնց կը դիմէին եւ յետոյ վանք մտնելու իրաւունք կը ստանային: Անոնք սենեակներ ունէին վանքի հիւրերը ընդունելու, լինէին օտար թէ հայ, Երկրէն եկող սուրհանդակ, թէ զինուոր: Մեզ պէս «պարոնները» միայն վանքի մէջ կը պատսպարէին, երբ «հիւրերու» ինքնութիւնը արդէն պարզ էր վարդապետին: Անոր այս վարմունքը անհասկնալի եւ վանիչ էր անծանօթներուն եւ այդ պատճառաւ ան բնաւ չէր սիրուեր:
Ասկէ չպիտի հետեւցնել թէ վանքը կղզիացած էր եւ որ անոր վարդապետը` իր պատեանին մէջ քաշուած` աշխարհէն առանց լուրի կը մնար, թէ ան կտրուած էր ժողովուրդէն եւ գործէն: Մօտիկ Կարէնի կէտին մէջ, ան ունէր քիւրտ բարեկամներ, տարբեր խաւերէ, որոնց պարտքն էր շաբաթը մէկ անգամ այցելել վանքի գիւղը եւ անցած դարձածի մասին տեղեկութիւններ տալ: Նոյնը եւ այլ կէտերու մէջ: Անոնք կու գային Մելքոնի տունը եւ իրենց տեղեկութեանց տոպրակը դատարկելով, կ’ուտէին, կը խմէին ու իրենց մէջքի տոպրակը քիչ մը ալիւր, ցորեն լեցնելով, կ’երթային: Կ’երթային նորէն վերադառնալու համար: Բացի ատկէ, հայտարանցի Մուստաֆա բէյը, Համիտիէ գունդերու գայմագամը, իր ցեղով խռովեր էր թուրք կառավարութենէն եւ հաստատուեր պարսից սահմանի երկայնքը, կեդրոն ունենալով Կարէնին: Անոր ցեղի մէջ հաստատուած էր Պիթլիսցի Սլաքը (Արմենակ Օխիկեան) իբր Դաշնակցութեան դեսպան, եւ այնքան գրաւած էր Մուստաֆա բէյի սիրտը, որ դարձած էր անոր ընտանիքի մտերիմ անդամը. բժիշկ անուան տակ կը շրջէր անոր ազդեցութեան տակ եղած շրջանները: Երբ ես վանքն էի, այդ ատենը ձեռբակալուեցաւ տաճկաց սահմաներու մօտ եւ տարուեցաւ Վանի բանտը. Մուստաֆա բէյը ջանքեր կը թափէր անոր ազատման համար:
Մուստաֆա բէյի ցեղի դիմաց` Ալական լերան միւս երեսը, Աբաղայի շրջանի տէրն ու տիրականը նորէն Հայտարանցի Մեհմէտ Սըտըգ («Կոփ Մահմատ») կոչեցեալն էր, կարծեմ Համիտէի գնդապետի աստիճանով: Ան լաւ համակիր էր .անոր կեդրոնը (Աբաղայի մէջ), իսկ պաշտօնական կեդրոնը Բերկրին էր: Թէ ի՞նչ գործեր կը դառնային այդ շրջանին մէջ` կը վերաբերի Վասպուրականի պատմութեան, բայց այդ շրջանէն էր, որ շնորհիւ Կոփ Մահմատի բարեացակամութեան, կանոնաւոր սուրհանդակային եւ փոխադրական ճանապարհն էր բացուած դէպի Թադէի վանքը: Այս «հիւրերը» կ’անցնէին Յովհաննէս-Մելքոնի բովէն եւ անոնցմէ կարեւորները կ’ընդունէր Վարդապետը, իսկ անկարերւորներուն Յովհաննէս-Մելքոն ճամբան ցոյց կու տային:

Շար101



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝