Յայտարարութիւն

Monday, May 10, 2010

Նոր Հանգրուան Նոր Պարտաւորութիւններ 2- Արամ Սեփեթճեան


Դ.

Արդարեւ, 1965-էն՝ Եղեռնի 50-ամեակէն մինչեւ այսօր, ցեղասպանութեան
միջազգային ճանաչումն ու հանրային կարծիքը հետզհետէ արդարօրէն տեղ կը
գրաւեն համաշխարհային ատեաններու եւ քաղաքական մեծ դէմքերու ցուցաբերած
նպաստաւոր կեցուածքին եւ արտայայտութեանց մէջ։ Եթէ ո՝չ ամբողջական, գէթ՝
մեծագոյն տոկոսը արդարամիտ քաղաքական մտածողութեան յանձնառու
գործիչներու, երբ անկեղծօրէն կ'ուզեն խոստովանիլ, կու գան ընդունելու հայութեան
պատմական գոյութեանը սպառնացող թրքական այս բնաջինջ քաղաքականութիւնը։

Իրօք՝ Եղեռնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր՝ այս անգամ քաղաքական բազմապիսի
ճնշումներով եւ շրջափակումներով։ Ազգերու եւ ժողովուրդներու հաւաքական
իտէալներուն, ազգային տեսիլքներուն եւ ինքնորոշման համար մղուած գոյամարտին
մէջ, յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ Հայութեան ճակատագիրը։ Եւ Հայութիւնը մինչեւ
այսօր չկրցաւ տակաւին, իր վրայէն թօթափել երկբեւեռացման եւ երկփեղկուած
հոգեկան վիճակի բարդոյթը։ Հայաստանը կը տառապի իր ներքին հաւասարակշռութեան բարդոյթէն։ Սփիւռքը՝ նոյնպէս, քանի որ տակաւին կը շարունակուին թապուի վերածուած մեր ազգային‐եկեղեցական‐ընկերային հակամարտութիւններն ու անհանդուրժողութիւնները։ Համակրանքի եւ հակակրանքի ներքին ալեկոծումները տակաւին չեն խաղաղած այստեղ։ Տակաւին ի վիճակի չենք յայտարարելու Սփիւռքի համահայկական գերագոյն խորհուրդի մը գոյութիւնը։ Տարիէ տարի կը հեռանանք մեր կորուսեալ հայրենիքէն թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ հոգեբանական մեր բարդոյթներով։

Մեծ Եղեռնի իւրաքանչիւր ամեակ թող ըլլա՛յ մոգական այն ՈՅԺը որ անգամ մը եւս
ցնցէ, զգաստացնէ մեզ, համախմբէ մեզ՝ տէր‐տիրական կանգնելու համար 1915‐ով
խորհրդանշուած մեր ազգային իրաւունքներուն։
Չմոռնա՜նք որ մեր հայրենիքը, այժմ՝ թէեւ ազատ եւ անկախ, սակայն քաղաքական
հակակշիռին տակ միջազգային իրարամերժ պայմանաւորուածութիւններու, մեր
պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն կը ստիպեն կատարել
«դիւանագիտական» այնպիսի յայտարարութիւններ որոնք մեր հողային
պահանջատիրութիւնը կրնան յետաձգել անորոշ ժամկէտով։ Սակայն դժբախտաբար,
այս վարկածն է որ միջազգային քաղաքականութիւնը հաշուի կ'առնէ եւ
արեւմտահայութեան պատմական հողային իրաւունքը անտեսելու իր նպատակէն չի
հրաժարիր։

Ցարդ անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան 95-ամեակին կատարուած այս արագ
մատնանշումներով, հարց կու տանք Սփիւռքի ղեկավարութիւնը ստանձնող
կողմերուն, թէ ցարդ տարուած աշխատանքները ունի՞ն իրենց վախճանական
հետապնդումները, թէ ոչ՝ օր մը յանկարծօրէն մենք զմեզ պիտի գտնենք
ինքնախաբէութեան ծխածածկոյթին ներքեւ։

Արեւմտահայաստանի ճակատագիրին 95-ամեակը, առաւելաբար սփիւռքահայն է որ
կը զգայ իր սրտին խորը, եւ ԱՅՍ՝ որեւէ ատեն չի կրնար զոհ երթալ քաղաքական
հաշուարկներու եւ դաւադրութիւններու։

Ուրեմն, պարտաւոր ենք ազգովին տէր կանգնիլ, մեր իրաւունքներուն, ու բացատրել
աշխարհին, թէ ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը պէտք չէ շփոթել
ազգայնամոլութեան հետ:
Ե.
Ապրիլ 24 է կրկին, եւ՝
95րդ տարեդարձը Մեծ Եղեռնին։
95 տարի վիշտ ու ցաւ, յոյս եւ հիասթափութիւն ապրած մեր ժողովուրդը, արդեօք նոր
որոգայթներու առջե՞ւ կը գտնուի։

Մեր համազգային ճիգով, կարելիութիւններու եւ կարողութիւններու համազօր ջանքերու մէկտեղումով պիտի դիմագրաւենք 21րդ դարու նորատեսակ փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները։

Զգո՛յշ, պատմութիւնը կրնայ կրկնել ինքզինք, ու մենք ազգովին կը կանչուինք
պատասխանելու ԺԱՄԱՆԱԿ կոչուած արդար դատաւորին։

Զ.

«Ապրիլ» ամիս ու մահուան տարելի՞ց։
«Կոչեմ ապրողաց».‐ կ'արձագանգենք բանաստեղծին հրաւէրին։

Այս տարի կը բոլորենք 95-ամեակը 20րդ դարու առաջին մեծագոյն Ցեղասպանութեան։ 1915 Ապրիլ 24-ով խորհրդանշուած ճակատամարտը, մենք ՀԱՅԵՐս կորսնցուցինք։ Սակայն՝ պատերազմը մեր լինելութեան կը շարունակուի տակաւին։
Մեծագո՛յնը եւ ծանրակշի՛ռը մեր կորուստին՝
ՀՈՂն էր հայրենի,‐ 90 առ հարիւր տոկոսը մեր պատմական հայրենիքին։

Այնտեղ, իր բնօրրանին մէջ ապրող մեր երկու միլիոն նահատակներուն հետ՝
կորո՛ւստն է նաեւ մեր դարաւոր մշակութային ժառանգութեան։ Անվերականգնելին:
Մեծ Եղեռնի 95-ամեակին, մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք հիմնական հետեւեալ
կէտերուն վրայ.

ա) Հայկական Դատին վերլուծումն ու քննութիւնը դուրս բերել իր ներազգային նեղ պարունակէն եւ յանձնել զայն մասնագէտ հայ թէ օտար իրաւաբաններէ կազմուած միջազգային չափանիշով յատուկ յանձնաժողովի մը։ Երբ փոքր տարողութեամբ դատեր կ'ունենան իրենց թղթածրարներն ու փաստաբանները, ինչո՞ւ չհետապնդենք մեր Դատը բարձրագոյն մակարդակով։

բ) Առ այդ, հարկ է կազմութիւնը
Հայկական (հայրենի եւ արտերկրի) Իրաւաբանական Կաճառ ի մը, որ վայելէ նաեւ ճանաչումը միջազգային ատեաններուն, եւ այս Կաճառը պաշտօնապէս հետապնդէ մեր ազգային դատը։

գ) Ցարդ, անտեսուած եւ ճանաչումի չարժանացած հայկական ցեղասպանութիւնը
արդէն իսկ սկսած է վայելել համակրանքը մեծ տէրութիւններուն: Հարկ է տէր կանգնիլ
եւ աչալրջօրէն հետեւիլ Հայ Դատի զարգացումներուն։

Ահաւասի՛կ, ա՛յս է պատգամը մեր նահատակներուն, որոնց յիշատակը ամէն տարի
Ապրիլ 24-ին կ'ոգեկոչենք ազգովին Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձանէն մինչեւ
ծայրամասերը սփիւռքահայ գաղթօճախներուն, ուր կրկին կը բռնցքուին
պահանջատէր բազուկները հայ նորահաս սերունդներուն, մինչեւ իրականացումը մեր
ՄԵԾ ԵՐԱԶին։
Է.
«ԱՆՀՊԵԼԻ» Ն՝
Արժան եւ Իրաւ

95-ԱՄԵԱԿը Հայկական Ցեղասպանութեան, այսօր առաւե՛լ քան երբեք իր
ահագնութեամբ կը ցնցէ համայն աշխարհի քաղաքական Միտքն ու Խիղճը։
Համացանցային լրահոսքն ու տեղեկատու կեդրոնները, միջազգային մեզի ծանօթ
օտար լեզուներով, պատմական ճշմարտութիւններու որոնումներով եւ վերլուծաբաններու յօդուած‐ուսումնասիրութիւններով, առօրեայ հայ եւ միջազգային մամուլին կու տան անսպառ նիւթ, 1894-1923 տարիներուն հայ ժողովուրդին կրած հողային, մարդկային, մշակութային եւ նիւթա‐բարոյական անփոխարինելի կորուստին եւ անով խորագրուած մեր ազգային պահանջատիրութեան։

«Ապրիլ 24»ը կը խորհրդանշէ Մարդկային Խիղճին բազկերակը։

Եթէ երբեք յիսուն տարիներ առաջ, մեր հայրերուն համար ան կը նշուէր իբրեւ սգատօն
եւ սգահանդէս, 1965-էն ի վեր իւրաքանչիւր «Ապրիլ 24» վերածուեցաւ համազգային
բողոքի, Երեւանեան համընդհանուր ու խիզախ «Մեր հողերը, Մեր Հողերը»
պահանջող արդարակորով ցոյցերու։

«Ապրիլ 24»ը վերածուեցաւ Յուշարձան‐Կոթողներու եւ բազմահազար ստորագրահաւաք‐ԿՈՉ‐երու՝ ուղղուած մեր պետութիւններու դիւանագիտական
ներկայացուցիչներու։

Մեծագոյնը այս բոլորին մէջ Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձան‐Կոթողի համալիրն է,
Ցեղասպանութեան նուիրուած իր թանգարանով եւ բազմարժէք հրատարակութիւններով։ Ու կը շարունակուի երթը Հայուն պահանջատիրութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումին անվիճելի եւ անհերքելի վաւերականութեան։
ԱՆԿՇՌԵԼԻն ա՛յս է, որուն դիմաց ՈՉԻՆՉ կայ զայն փոխարինող։

ԱՆՀՊԵԼԻն ա՛յս է, որ չ'ենթարկուիր որեւէ վերստուգումի ու վերանայումի… այնքա՛ն
ժամանակ երբ Արդարութիւնը իր վճիռը չէ արձակած։

Շուրջ յիսնամեակէ մը ի վեր, հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ Սփիւռք, միահամուռ կը
պահանջէ Միջազգային Դատարանային հայանպաստ վճիռը, որպէսզի Հայաստան
աշխարհը, իր հարեւան երկիրներու հետ կարենայ բնականոն յարաբերութիւններ
մշակել։

Այսինքն, այնքան ատեն որ ցեղասպան թուրքը տակաւին պետականօրէն չէ
դատապարտած 1914-23 տարիներուն մեր պատմական հողերու վրայ գործադրուած
մէկուկէս միլիոն հայերու բնաջնջումն ու կոտորածը, եւ աւելի քան կէս միլիոն
հայութեան տեղահանումն ու տարագրութիւնը… ամէն ճիգ ու ջանք, ամէն տեսակի
երկխօսութիւն դժուա՜ր թէ կարենայ հասնիլ իր «Բարեյուսոյ Հրուանդան»ին։

Մինչ այդ սակայն, մեր սեպուհ պարտաւորութիւնն է առարկայական ու գիտական
սկզբունքայնութեամբ վերակազմակերպել մեր ազգային կառոյցները, ունենալ
Համահայկական Կեդրոնական Մարմին մը, որ լայնօրէն օգտագործէ ժամանակակից
համակարգչային եւ համացանցային դիւրութիւնները ու կարենայ մէկտեղել
հայութեան մարդուժը, ու մասնագիտական լիարժէք մասնակցութեամբը հայրենի թէ
սփիւռքահայ հայկական գործօնին։

Բոլորիս աչքերը ուղղուած են դէպի հայրենի պետականութիւնը։

Սփիւռքի Նախարարութիւնը միակ վայրն է, իբրեւ Տո՛ւն ու Գրասենեակ, որ կրնայ
միացնել աշխարհասփիւռ հայութեան բաղադրատարրերը։

Եկած է ժամանակը, որ մեր Ազգային ու Պետական գաղափարախօսութիւնները
չըլլան երկբեւեռ, այլ՝ Առանցքը մեր քաղաքական մտածողութեան։

Հայրենի անկախ պետութիւնը վերջին տասնամեակին, նպաստաւոր ամէն առիթ
օգտագործեց «Ապրիլ 24»ը վերածելու Հայուն ազգային ինքնագիտակցութեան եւ
պատմական իրաւուքներու վերատիրացման բարձրաձայն մտածողութեան։

Սփիւռքահայը, յատկապէս տարագիր՝ եւ ո՛չ թէ տարաբնակ հայը, շատ զգայուն է իր
սեփական անցեալին նկատմամբ։

Ճիշդ է որ Թուրքը խլեց բռնօրէն մեր պատմական հողերը, մարդկային‐մշակութային
անվերադարձ եւ անհաշիւ կորուստներ արձանագրուեցան մեր հայրերու եւ մեծ
հայրերու սերունդները եղան տարագիր ու գաղթական՝ մինչեւ այն ատեն՝ երբ իբրեւ
նորաբնակ, ունեցան իրենց քաղաքացիական իրաւուքնները վայելելու մարդկային
ամենատարրական շնորհները։ Սակայն՝

Այս բոլորին մէջ, 90-ամեայ սփիւռքահայը իր մէջ պահեց ու ամրապնդեց ոգին՝
‐Ազգային ինքնաճանաչութեան եւ գիտակցութեան,
‐Իմացութիւնը հայերէն լեզուին եւ
‐Հաւատքը՝ հանդէպ իր հոգեւոր արժէքներուն։

Այս ծիրէն ներս ունինք հսկայական գիր ու գրականութիւն, գիծ ու գեղանկարչութիւն,
երգի ու գեղարուեստի բազմաձեւ արտայայտութիւն։

Սփիւռքահայը՝ որքան ալ ինքզինք զգայ իբրեւ քաղաքացի իր օտարերկրեայ
բնակավայրին, սակայն ան խորապէս կը սիրէ ու կը հաւատայ իր պատմական
հայրենիքին հարազատ մասնիկը եղող Հայաստան աշխարհին, անոր Ա. Բ. եւ Գ.
Հանրապետութիւններու յաջորդական շրջաններով։

Արդարեւ,
Ա. Հանրապետութիւնը մեզի պարգեւեց աշխարհագրականօրէն գծուած այն
հողաշերտը, որ ճանչուեցաւ համայն աշխարհի կողմէ։

Բ. Հանրապետութիւնը, պահեց եւ աճեցուց զայն, եւ 70-ամեայ իր տեւողութեամբ, 700
հազար իր ազգաբնակչութիւնը հասցուց երեքուկէս միլիոնի։ Առաւել, հսկայական
նուաճումներ արձանագրեց գիտութեան ու մշակոյթի բնագաւառներէն ներս։

Գ. Հանրապետութիւնը, առաւե՛լ ինքնիշխան եւ անկախ, Հայուն վերադարձուց իր
արմատներուն հզօրութիւնը, մեր պահանջատիրական զգացումներուն բարձրաձայն
արտայայտութիւնը, սակայն, ափսո՜ս, չկրցաւ կասեցնել սպիտակ արիւնահոսութիւնը
մարդուժի եւ մտաւորականի։
Գիտնանք բարձր պահել մեր Հայրենիքին, ժողովուրդին ու պետականութեան արժէքն
ու արժանապատուութիւնը։

Գիտնա՛նք տէ՛ր կանգնիլ մեր պատմական (առ այժմ, դեռ բռնախլուած)
իրաւունքներուն։
«Ապրիլ 24» է այսօր։


Պատմութեան բիրտ շղթային 95-րդ օղակը։

Մեր ազգային պատմութեան մեծ գիրքին 95-րդ դասաւանդութիւնը՝ ուղղուած մեզի ու
մեր նորահաս սերունդներուն։

Գիտնա՛նք աշակերտել մեր ժամանակի պատմութեան դասագիրքին։

Լսենք Ձայնը ահեղ դատաստանին

Մենք՝ անցաւոր։
Յաւերժը՝ Ժողովուրդ եւ Հայրենիք։
Պէյրութ, Լիբանան

Արամ Սեփեթճեան
Շար 2 եւ վերջ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝