Յայտարարութիւն

Monday, May 3, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 93 -Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ Թ.


Խոյ կ’երթամ եւ կը հանդիպիմ Նիկոլ Դումանին
Կռուի տպաւորութիւններ
Նիկոլ Դումանի խմբի հաւաքումը.
Քաջազնունիի կարծիքը Նիկոլ Դումանի մասին.
Խոյից Թադէի վանք
Բժիշկ Ռուբէն
Վարդան Շահպազ


Նոյն գիշերը սուրհանդակ եկաւ Ղալասարէն: Սամսոնը իր մօտ կը կը կնաչէր Սարգիսը, Դաշնակցական Խեչոն եւ մնացածմները, իսկ Սարբազ Խեչոյի եւ ինձ` կը հրահանգէր անմիջապէս անցնիլ Խոյ: Սարգիսի եւ իր ընկերներու գործը դիւրին էր. միայն մի քանի քիլոմեթր ճամբայ ունէին կտրելիք. որքան էլ յոգնած ու ջարդուած լինէին, կրնային այդ տեղափոխութիւնը դիւրութեամբ ընել: Իմ եւ Սարբազի ճամբան երկար էր, աչքս վախցած այն յոգնեցուցիչ վազքէն, որուն ենթարկուած էի քանի մը շաբաթ առաջ:
- Քու ձին վիրաւոր, իմս հալէ ինկած, - դարձաւ ինձ Սարբազը, - գոնէ գրէր թէ ի՞նչու անմիջապէս պիտի մեկնինք... Փոխիկ ջան, երկու թարմ ձի կրնա՞ս մեզ տրամադրել եւ մեր ձիերը բժշկել մինչեւ մեր վերադառնալը:
- Այդ ալ խօ՞սք է, իմ աչքին վրայ, պատասխանեց Փոխիկը եւ պատուիրեց Գրէին եւ Սահակին, որոնք ասորի էին, որ երկու ձի պատրաստեն մեզ համար:
- Որ այդպէս է, մենք պէտք է քիչ մը քնենք: Երկու ժամէն աւելի չթողնիք քնելու: Արշալոյսին «գեատուկ»ն անցած պիտի լինինք:
Դեռ մութն էր երբ արդէն ձիերու վրան ենք: Գրէ եւ Սահակ եկած են մեզ ուղեկցելու մինչեւ «գեատուկ»: Այդ Փոխիկի փափկանկատութիւնն է: Սահակի քիթը մեծ է, կռուազան խոյի կերպարաք կու տայ անոր դէմքին. Գրէի վիզը կարճ է եւ անոր թիկնեղ մարմինը նման է ամուր կոճղի մը, զոր անյարիր է կոտրել: Երկուսն ալ սահուն կը խօսին հայերէնը եւ բնաւ չես զգար թէ անոնք մեզմէ չեն: Արդէն ժամանակ ալ չկար անոնց հետ խօսելու, որովհետեւ հազիւ կը հասնէինք, այնքան յոգնած էինք: Արշալոյսին անցած էինք վտանգաւոր կէտը եւ կանգնած «գեատուկ»ի գլխին: Համբուրուելով, մենք իրարմէ բաժնուեցանք: Այդ բաժանումը վերջնական եղաւ. մի երկու շաբաթէն անոնք պիտի թողնէին ընդմիշտ այս աշխարհը: Ոչ իրենք եւ ոչ ալ մենք կը նախատեսէինք, թէ պիտի սպաննուէին Փոխիկին հետ: Այդ մասին յետոյ կը պատմենք:
Արեւի տակ կը կտրենք ճամբան: Սարբազ Խեչոն կարծես ճամբաների հսկիչը լինի, պատահողին քէֆը-հալը կը հարցնէ, անուշ խօսք մը կ’ըսէ: Ես անոր փոքրաւորի դերի մէջն եմ, հարսի պէս կը լռեմ, ժպիտ մը կ’ընեմ եւ Սարբազի ետեւէն կ’երթամ: Արդէն Խոյի փողոցներու մէջն ենք: Կը բանանք «մեր տանը» դուռը եւ ներս կը մտնենք:
Բայց ի՜նչ տեսնենք... Սանդուխների գլխին կանգնած է Թադոսը: Ան երբոր մեզ տեսաւ, կարծես միւս աշխարհէն փախած ուրուական մը տեսաւ: Զարհուրելի աղմուկ մը հանեց եւ ներս վազեց սենեակը. մենք ալ` անոր ետեւէն: Հոն տեսանք բժիշկ Զաւրիեւը, որ ոտքի ելած էր մեզ դիմաւորելու համար, տեսանք Նիկոլ Դումանը, որ անկողնին մէջ երկնցած էր հանգիստ դէմքով: Զաւրիեւ, Թադոս, կորսուածը գտածի նման, մեզ կը համբուրէին, իսկ Նիկոլը` ձեռքը մեկնած, կը հրաւիրէր մեզ նստելու իր կողքին:
Թադոսն ու Սարբազը այնքան զգացուած էին, որ միմեանց պատմելէն չէին յագենար: Այդ լաւ էր, քանի որ Զաւրիեւ հայերէն չէր կրնար խօսիլ. Նիկոլ արդէն չէր ուզեր խօսիլ, ես ալ այնքան յոգնած էի ու այնքան երջանիկ, որ խօսելու կարիքը բնաւ չէի զգար: Լուռ կը լսէի Թադոսի պատմածները եւ կը հասկնայի թէ ինչպէս ազատած էին ստոյգ մահէ եւ ընկած Խոյ:

- Երեկոյեան յարձակումը մեր դիրքին վրայ եղած էր կանոնաւոր զօրքի կողմէ. այդ յարձակման ատեն խլեցին մեր ձիերը, որ դիրքերու տակ էինք կապած. մեզ կտրեցին միւս դիրքերէն եւ ամրացան 50-100 քայլ հեռաւորութեան վրայ: Կը գոռային` «թասլիմ»: Աւոն վաղուց սպաննուած էր եւ մենք երեքով անկարող էինք դիմանալ վայրկեան առ վայրկեան ուժեղացող թշնամիէն: Մութին` չորս կողմէն յարձակուեցին եւ մենք իրար խառնուեցանք: Հրացանները մեր ուսերուն` կը կռուէինք տասնոցներով: Նիկոլը յանկարծ կանչեց` «զա մնոյու» (հետեւեցէք ինծի) եւ դուրս թռաւ դիրքէն, մենք ալ անոր ետեւէն: Այնքան յանկարծակի հարուածեց, որ իր կրակի տակ ճամբայ բացուեցաւ եւ մենք` ժայռերէն ցատկռտելով, շղթայէն անցանք եւ, լեռն ի վար վազելով, հասանք ձորը: Ժայռի մը ճեղքին մէջ զիրար գտանք եւ Նիկոլը պատուիրեց` որ «այլեւս ոչ մի պայթում եւ ոչ մի հրացանի ձայն. այս ձորով եւ այս ջրերու հոսանքի ուղղութեամբ արագ շարժուեցէք, ճամբայ լինի թէ չլինի, եւ ոչ մի բանի ուշադրութիւն մի դարձնէք»: Երկու ժամ արագութեամբ շարժուեցանք առաջ եւ ապա կանգ առինք: Նիկոլը մեզ ըսաւ` որ կամ Պարսկաստան ենք, կամ անոր սահմանին մօտերը: Դեռ հրացանի ձայն կու գար մեր կռուի տեղէն, բայց մեզ հետապնդող չկար:
Ամբողջ գիշերը կրիայի քայլերով առաջ գացինք եւ արշալոյսին ինկանք մեծ ճամբու մը վրայ, բայց այլեւս ոյժ չկար քալելու, հիւանդացած էինք: Անցորդներէն էշ մը վարձեցինք եւ վերջապէս մեզ ձգեցինք այտեղ: Այժմս` Սարբազ ջան, դու ըսէ թէ ինչ պատահեցաւ ձեզի հետ:


Շար.93

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝