Յայտարարութիւն

Tuesday, May 4, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 94 - Ռուբէն

Սարբազը ծոծրակը քերեց եւ ըսաւ.
«Բիզ է՛սկի սարբազ աք, բիզ համ սըչաք, համ կաչարաք» (Մենք հին զինուորներ ենք, թէ՛ կաղտոտենք, թէ կը փախչինք):
Ծիծաղը բռնեց բոլորիս, նոյնիսկ Նիկոլը սրտանց կը ծիծաղէր պարսկական այս առածին վրայ, իսկ Բժ. Զաւրիեւը կը հարցնէր. – Ի՞նչ, ի՞նչ ըսաւ:
Սարբազը մանրամասնութեամբ պատմեց բոլոր անցուդարձը, նոյնիսկ չմոռնալով իմ եւ Առաքելի միջեւ անցածը, ինչ որ պատճառ եղաւ Նիկոլէն կորզելու խօսք մը, աւելի շուտ` հայհոյանք մը Առաքելի հասցնէին: Թադոսի եւ Սարբազի պատմածներով, մեր կռուի ամբողջ պատկերը ամբողջացած էր եւ Նիկոլ գոհունակութեամբ ասաց.
- Ես չէի կարծեր, որ այնքան թեթեւ պիտի ազատինք: Երկու մարդ եւ հինգ ձի այս փոթորիկին` շատ մեծ կորուստ չէ:
Ես պապանձուածի նման կը լռէի: Չգիտեմ ինչո՞ւ, ես ալ խօսեցայ:
- Կը յիշեմ Սերոբի վերջին խօսքերը, զորս Սուրէնն ու այս Սարբազը կատակի կու տան: «Սերոբ, Սերոբ, ըսաւ ան, ես քու պապու գանկ...: Ո՞ւր ես եկեր, ի՞նչ գործ ունիս այս լեռներուն մէջ...»: Սերոբէն աւելի մեզմէ եւ ոչ մէկը գիտէր, թէ ո՞ւր եւ ինչո՞ւ կ’երթանք այս կռուին մէջ, թէ ո՞վքեր են մեր դէմ եւ ո՞ւրտեղ ենք: Այս հացումներուն պատասխանը մինչեւ այս վայրկեան ես չունիմ:
«Կը յիշեմ տղուն զարնելս: Մէկ տղայ կար, քիւրտ մը, որ յամարեց մնալ մեր դիրքերուն տակ եւ շարունակ ժայռէ ժայռ անցնելով, կը մօտենար մեզի եւ իր կրակով շատ կը նեղէր: Արդէն 50 քայլի վրայ էր երբ ես կրակեցի ու գամեցի զայն գետին: Հեռուէն մի աղիողորմ ճիչ բարձրացաւ` «Լաօ, լաօ. Աստուծոյ սիրոյն, մի զարնէք, իմ զաւակ մեռաւ», այսպէս ձայնելով եւ ժայռէ ժայռ ցատկելով սլացաւ իր որդու դիակին վրայ: Իմ ձեռքերը դողացին, բայց Սուրէնը նշան առաւ եւ, հայրն էր թէ ով էր, աւելցուց տղուն դիակին վրայ: Կռուի ընթացքին ես այդ մոռցայ, բայց երեկոյեան դէմ երբ տեսայ Մստոյին, այն Մստոյին, որ իր կեանքը զոհելով մեզ ազատեց, իմ խիղճս սկսաւ տանջել. ներկայիս չեմ կրնար հասկնալ թէ ինչ է մեր ըրածը:
«Չեմ կրնար հասկնալ նաեւ Փոխիկը, նախքան կռիւ գնալը ես զայն ոխակալ եւ վայրենի մէկը կը կարծէի: Երբ կռիւէն վերադարձանք, ան հրեշտակ մըն էր դարձած: Մեզի գուրգուրաց, մեր ուխտը «ընդունական» համարեց, եւ ուխտ ունի մեր ճամբով գնալ եւ նահատակուիլ: Ինչո՞ւ այս ուխտը. ես չեմ հասկնար: Գուցէ յոգնած եմ եւ շշմած, բայց այս ամէնը ինծի անհասկնալի կը մնայ»:
Ըստ երեւոյթին ես յուզուած կը խօսէի. Զաւրիեւ մօտեցաւ եւ գլուխս շփեց:
- Գոլուբչիկ մոյ, տի ստռադայեշ... (աղաւնեակս, դու կը տանջուիս), քնի՛ր, քնիր եւ հանգստացիր:

Շար. 94

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝