Յայտարարութիւն

Thursday, May 6, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 95 - Ռուբէն

Ծանր եւ միակտուր քնով ես քնացայ մինչեւ միւս օրը: Երբ աչքս բացի, անօթի էի: Կերայ եւ բոլորովին առողջ մարդ դարձայ: Արդէն կը զղջայի նախորդ օրուան ըսածներուս համար: Կը խորհէի, թէ մի գուցէ վիրաւորած էի Նիկոլը: Բայց տեսայ, որ այդ չոր՞ մարդն ալ փոխուած է. հաւասարէ հաւասարի վերաբերումք ունի ինձ հանդէպ. զիս ոչ խամ մոզի եւ ոչ ալ լակոտ կը համարէ` այլ մի մարդ, որուն կարծիքը կը հարցնէ: Մի քանի նամակներ էր գրած Սալմաստ (անշուշտ այդ նամակները կորսուած չեն եւ մի օր թերեւս երեւան գան Մինարէթի ծրարներուն մէջ), զորս տուաւ ինծի, որ կարդամ:
- Ամբողջը կարդա՞մ, թէ որոշ մասեր միայն, հարցուցի:
- Մասերը կարդաս, բան չես հասկնայ:
Մի նամակը կը վերաբերէր մեր խմբի ազատուածներուն, որոնք անմիջապէս պէտք էր հեռացուէին Սալմաստից դէպի Թաւիրզ, աննկատելի կերպով: Նիկոլն ալ պիտի մեկնէր Թաւիրզ: Ան կը գրէր, որ այդ անհարժեշտ է ընել Մահլամի աղէտը չընկնելու համար (Խանասորի արշաւանքէն յետոյ, թուրք կառավարութեան սպառնալիքին տակ` պարսից իշխանութիւնը հարկադրուեցաւ միջոցներ ձեռք առնել հայ յեղափոխականներու դէմ: Եօթ անմեղ գիւղացիներ, որ ոչ մի կապ չէին ունեցած Խանասորի արշաւանքին հետ, գլխատուեցան, քաւութեան նոխազ դառնալով թրքական քմայքին):
Երկրորդ նամակը կը վերաբերէր Փոխիկի եւ Երկիր անցնող խումբերուն: «Արդէն անմտութիւն էր, բանը բանէն անցնելէն յետոյ, կը գրէր Նիկոլը, կադր պատրաստելը եւ իմ Երկիր անցնելու փորձը կատարելը, զոր ըրի հարկադրաբար: Ատոր համար շատերուն մերժեցի վերցնել ինձ հետ, ինչպէս եւ Փոխիկին: Սասունը չկայ, բոլոր ղեկավարները սպաննուած են, զինուորները Երկրէն փախչելու ճիգին մէջ են եւ հաւանօրէն շուտով անոնց մնացորդները այս կողմերը երեւին: Խելացնորութիւն չէ՞ այս պայմաններու մէջ Փոխիկի Երկիր անցնելու միտքը, որու մասին կը հաւաստիացնեն տղերքը որ մօտս են եկած»:
Նիկոլ ինձ հարցուց թէ ի՞նչ է իմ կարծիքը, ինչ հետեւանք կ’ունենան այս նամակները:
- Դժուար թէ հետեւանքի մասին կռահելը, բայց ինծի դժուար է դատել գրածներդ, որովհետեւ անոր մէջ անհասկնալի կէտեր կան: Օրինակ, եթէ անմտութիւն էր ձեռնարկդ, ապա ինչու սկսար եւ ինչն էր հարկադրողը: Եթէ Սասունը չկայ, ուրեմն ամէն ինչէ պիտի ձեռնաթա՞փ լինել:
- Դրանք դու մէկ կողմը թող, դու հետեւանքի մասին յայտնիր կարծիքդ:
- Ճիշդ կը գտնեմ զգուշութիւնդ` թողել Սալմաստը եւ անցնիլ Թաւիրզ: Բայց եթէ կարելի է ինծի համար բացառութիւն ընել, ես կը գերադասէի անցնիլ Թադէոս Առաքեալի վանքը եւ այնտեղէն Վան. կը նախընտրէի իմ նախնական նպատակը հետապնդել, եթէ այդ մասին քու հաւանութիւնը լինի եւ ինծի յանձնարարականներ տաս: Գալով Փոխիկի եւ ուրիշ խումբերու Երկիր անցնելու հարցին, չեմ կարծեր որ քու բացասական կարծիքդ հաւանութեան արժանանայ: Այդ գործը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ դուն այս նամակը գրես Երկրէն, եւ կամ Երկրի ընկերները այս քու տեսակէտի նպատակայարմարութիւնը ըմբռնեն: Քանի Երկրէն «օգնութիւն, օգնութիւն» կանչերը կը լսուին, բոլորն ալ ընդառաջ պիտի երթան ատոնց եւ քեզի պիտի չի լսեն:
Նիկոլի չարացած աչքերը ընկան իմ աչքերի վրայ, բայց ան չբարկացաւ եւ տրտում կերպով ըսաւ.
- Այո, պիտի չլսեն: Առանց հաշիւի ցանկութիւնը եւ զգացումները աւելի ուժեղ են քան բանականութիւնը եւ հաշիւը: Ինչ կ’ուզեն` թող մտածեն, բայց այս նամակները թող երթան: Պիտի ըսեն թէ Նիկոլի աչքը վախցել է, Նիկոլ ինքը չյաջողեցաւ, նախանձէն չուզեր որ ուրիշներ յաջողին... Հոգ չէ, թող ըսեն:
Եւ նամակները գացին:
Միւս օրը, Նիկոլ ճամբայ ընկաւ դէպի Թաւիրզ, իր ընկերներուն հետ: Ինձ թողեց Խոյ, որ ցանկութեանս համաձայն անցնիմ Վանք եւ անկէ` Վան: Հասկցայ որ Սարգիսն ու Դաշնակցական Խեչոն, մեր խմբի մնացած մասն իրենց հետ առնելով, նոյնպէս անցած էին Թաւիրզ, համաձայն Նիկոլի հրահանգին եւ միացած էին անոր: Մուժումբար հայ գիւղին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի մը պատճառով, անոնք ցրուած էին դէպի Անդրկովկաս: Ես ասոնց այլեւս չի հանդիպեցայ մինչեւ Օսմանեան Սահմանադրութիւն: Մեր խմբէն Սալմաստ մնացեր էր միայն Սուրէնը, Փոխիկի հետ: Շատ չանցած անոնք երկուքն ալ պիտի սպաննուէին:
95


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝