Յայտարարութիւն

Saturday, May 1, 2010

Մորթին Տարիքը - Տալիտա Գալըպճեան

«»«»«»«»



Գեղեցկագիտական – Առողջապահական
Ին չ Մորթին տարիքը
Ստորեւ ունինք 11 հարցում: Ամէն անգամ որ “այո” է ձեր պատասխանը, ձեր տարիքին համապատասխան թուանշանը հանեցէք կամ աւելցուցէք:
1.-Օրական մէկ տուփ ծխախոտ կը ծխէք:+5
2.- Օրական 5 պտուղ եւ բանջարեղէն կ’ուտէք:-5
3.- Օրական 2 բաժակ գինի կը խմէք:+2
4.- Ամէն անգամ որ առիթը ներկայանայ, դուք ձեզ արեւին կը պարզէք: +5
5.- Քանի մը քիլօ գիրցած էք: -3
6.- Մեծ եւ խճողուած քաղաքի մէջ կ’ապրիք: +2
7.- Տեւաբար սննդականոնի կը հետեիք: +5
8.- Լաւ կը քնանաք:-2
9.- Գիւղը կ’ապրիք:-3
10.- Ձեր մայրը շատ քիչ կնճիռ ունի:-4
11.- Մարզանք կը կիրարկէք: -1
Արդիւնք
-Եթէ ընդհանուր գումարը ձեր տարիքէն պակաս է, ապրի ք, ձեր մորթը աւելի երիտասարդ է , քան դուք:
Առողջ սննդառուիթիւն, կանոնաւոր քուն, քիչ մը մարզանք` ասոնք են ձեր թարմ մնալու պատճառները: Մի մոռնաք օրական 1,5 լիթր ջուր խմելու, պտուղ եւ բանջարեղէն ուտելու եւ արեւին ճառագայթներէն պաշտպանուելու:
-Եթէ ընդհանուր գումար ձեր տարիքէն աւելի է, ուշադիր, ձեր մորթը ձեր տարիքէն աւելի տարեց է: Երբեք ուշ չէ ծխախոտը դադրեցնելու, խմիչքը նուազեցնելու եւ արեւէն պաշտպանուելու:
Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր ճաշացուցակը եւ տունը պատրաստուած, բնական ծեփուկներով դարմանեցէք ձեր յոգնած մորթը:

ՏԱԼԻՏԱ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝