Յայտարարութիւն

Tuesday, May 11, 2010

ԳՐԵ՞Լ, ԹԷ ՉԳՐԵԼ Երան Զէյթունցեան

Հալէպահայ մանկավարժ Երան Զէյթունցեան կիսաերգիծական իր յօդուածով մատը վէրքին վրայ դրած կը քննադատէ յոռի երեւոյթ մը ,որ մաս կը կազմէ , ցաւօք ,մեր քաղքենի այլ յոռի սովորութեանց : Գնահատելի է Երանի սուր տեսողութիւնը եւ մակերեսայինին չհանդուրժողի իր լրջութիւնը:
«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«


ԳՐԵԼ, ԹԷ ՉԳՐԵԼ


Բանական մարդը իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ հասկցաւ եւ կարեւորեց գրելը։ Ան նախ եւ առաջ քարայրներու ժայռերուն վրայ պատկերեց իր աշխարհաընկալումը եւ փորձեց յաջորդող սերունդներուն փոխանցել իր կենսափորձը։ Գիտակցաբար թէ բնազդօրէն, ամենայնդէպս քարէ դարուն ապրած մարդը հասկցաւ, որ իր բարքերն ու ապրելակերպի գաղտնիքները պէտք է ժառանգէ իր յաջորդներուն։ Միթէ պէտք չէ՞ խոնարհիլ այն մարդուն առջեւ, որ հակառակ միջոցներու չգոյութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ մարդկութեան պատմութեան։
Աշխարհի զարգացման համընթաց զարգացաւ նաեւ գրելու արուեստը։ Ան դարձաւ հիմնական գործօնը մարդկութեան միտքի զարգացման եւ յառաջդիմութեան։
Սակայն ինչո՞ւ համար «գրել»ը, որ դարերու ընթացքին նպաստած է մարդկութեան եւ ժողովուրդներու զարգացման ու քաղաքակրթութեան վերելքին, յանկարծ մեր գողտրիկ գաղութին մէջ կրնայ մեծ խնդիր ըլլալ։
Գրականութեան եւ «Գրել»ու ողջ զարգացման ընթացքին վստահ եմ աշխարհի ամէնէն հանճարեղ գրողներն ան•ամ, հակառակ իրենց տաղանդին, միշտ մեծ պատասխանատուութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցած են Աստուածատուր այս շնորհքին։ Անոնք գիտակցած են, որ իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր նախադասութիւն կրնայ իր հետքը ձգել եւ իր դերը խաղալ ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ։ ՐաՖՖիի նման գրող մը գիտակցաբար կ՛ընտրէր իր բառերը, որովհետեւ գիտէր, թէ ժողովուրդ մը ամբողջ կը տանի դէպի պայքար։ Հակառակ այն իրողութեան, որ շատ մը գրողներ գիտէին, որ իրենք աշխարհ եկած են անմահանալու եւ իրենց առաքելութիւնը կատարելու համար, բայց եւ այնպէս մնացին միշտ համեստ եւ միշտ կրեցին այն բարձր պատասխանատուութիւնը որ ի վերուստ վստահուած էր իրենց։
21-րդ դարուն նշանաւոր դառնալու ամէնէն կարճ ճամբաներէն մէկը գիրք գրելն է։ Ո՞վ ձեզմէ չէ դիտած ամերիկացի նշանաւոր Օփրա ՈւինիՖրիին վարած ծրագիրը։ Վստահաբար անդրադարձած էք, որ այս կնոջ իւրաքանչիւր տասը հիւրին ինը գիրք գրած են։ Եւ հետաքրքրականը այդ գիրքերուն նիւթերն են։ Այսպէս օրինակ. ըսենք թէ մէկը բաղնիք գացած ժամանակ ոտքը կոտրած է ու այդ պատճառով ամիսներ ինկած է բժիշկներուն դուռը. այս ցաւալի փորձառութեան մասին կարելի է գիրք գրել։ Կամ վստահաբար հանդիպած էք Տոքթոր Ֆիլին։ Բացի Տոքթոր Ֆիլէն գիրքի հեղինակներ են նաեւ իր կինն ու տղան։ Այս ընտանիքին անդամները իրար նկատմամբ ունեցած իրենց զգացումները գիրքի վերածած են։ Հիմա կը սպասուի իր երկրորդ որդիին գիրքը, որ կարծես թէ բաւական ուշացաւ գիրք մը գրելու։
Է՜հ, ինչ որ է. ձգենք Ամերիկան ամերիկացիներուն, գանք մեր քաղաքին եւ հիմնական մեր նիւթին՝ «Գրել, թէ չգրել»։
Մարդիկ միշտ կ՛ըսեն գրէ՛։ Ինչո՞ւ չես գրեր։
Ե՛ս ալ կ՛ուզեմ գրել, թէեւ ինչի մասին գրելը միշտ ալ հարց է: Երբեմն շատ բարկացած կու գաս տուն,մանաւանդ որ գաղութին մէջ բարկանալու պատճառներ չեն պակսիր: Եթէ թուելու սկսինք, շարքը այնպէս մը կ՛երկարի, որ ես կրնամ շատ հանգիստ իմ իսկ լարած ծուղակիս մէջ իյնալ եւ գրել բոլոր այն հարցերուն մասին, որոնք զիս կը մտահոգեն ու կը յուզեն… Իսկ յետոյ ի՞նչ կ՛ըլլայ գրելուս արդիւնքը ես այլեւս պատասխանատու չեմ։
Ուրեմն, եթէ կ՛ուզես գրել, միշտ կայ հիմնական այդ հարցը՝ ինչի՞ մասին գրել։
Երնէ՜կ գրելու Աստուածատուր շնորհք ունեցողներուն, որովհետեւ բանաստեղծութիւն կամ արձակ գրելը ամէն մարդու գործ չէ։ Այդ մէկը իսկապէս ի վերուստ կը տրուի մարդուն։ Ըսենք նաեւ, որ այս օրերուս բանաստեղծութիւն գրելը երբեք չի նմանիր Դանիէլ Վարուժանի ապրած օրերուն գրուած բանաստեղծութեան։ Ինչպէս որ 21-րդ դարուն ամէն ինչ դիւրացած է, այնպէս ալ բանաստեղծութիւն գրելու կերպերն ու ձեւերը զարգացման բաւական երկար շրջաններ անցած են։ Այս օրերուս գրականութիւնը բաւականին ազատ ասպարէզ դարձած է եւ երբեք ալ կարեւոր չէ թէ ինչ միտքի եւ աշխարհայեացքի տէր մարդ ես։ Աւելին, հաւանաբար •րականութիւնը այն տեղն է, ուր ինչ որ կ՛անցնի ձեր միտքէն կրնաք բանաստծութեան տեսքով յանձնել թուղթին։
Ուրեմն, եկէք համաձայնինք, որ բանաստեղծութիւն գրելը ամէն մարդու գործ չէ։ Փոխարէնը գուցէ կարելի է յօդուած գրել։ Բայց յօդուած գրելը երկողմանի սուր է, որմէ պէտք է զգուշանալ։
Բնոյթով անկեղծ եւ ճշմարտախօս մարդ ես. ճիշդ այդ պատճառով ալ ձեռնարկի մը ներկայ կը գտնուիս եւ կ՛ուզես կարծիքդ արտայայտել այդ ձեռնարկին մասին։ Կը ներէք, այստեղ հարկ է աւելցնել, որ կը փորձես քննադատել, թէկուզ մեղմ բառերով եւ արտայայտութիւններով, կը բացատրես թէ տուեալ երգչախումբը կամ ներկայացումը ոչ մէկ կապ ունէր արուեստի հետ եւ աւելի անկեղծ ըլլալու համար ոչ միայն արուեստի առումով որակական մակարդակ չէր ապահովեր, այլեւ աւեր մըն ալ կրնար գործել։
Անգամի մը համար կը պատկերացնէ՞ք նման համարձակ տողեր գրողին վիճակը: Քիչ կը մնայ գաղութէն արտաքսեն, որպէս ապազգային ու վնասակար տարր: Այ մարդ արաբական առածը կ՛ըսէ. « Այն պատուհանը ուրկէ հով կու գայ, գոցէ եւ հանգստացիր»: Աւելի լաւ է կարծիքներդ քեզի պահես եւ երբ հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս էր ձեռնարկը՝ Պատասխանը ժպիտ մը թող ըլլայ միայն։ Այդպէս աւելի ճկուն վերաբերած կ՛ըլլաք։ Հասկցողին շատ բարեւ։
Ես վստահ եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ներկայ եղած է այնպիսի ձեռնարկներու, ուրկէ յուսախաբ դուրս ելած է։ Բայց ցաւալին այդ չէ բնաւ, այլ այն որ շաբաթ մը վերջ այդ նոյն ձեռնարկին մասին յօդուած մը կը կարդաք թերթին մէջ եւ կը զարմանաք, թէ արդեօք նոյն այդ ձեռնարկին մասին է, որուն դուք ներկայ եղած էիք։
Լաւ… Նորէն քեզ շրջապատողները կը պնդեն որ բանի մը մասին գրես…
Վերջ ի վերջոյ դուն ալ մարդ ես եւ կ՛ուզես ընդվզումներդ արտայայտել։ Որպէս երիտասարդ կ՛ուզես շատ մը ազգային եւ դաստիարակչական հարցերու շուրջ քու կարծիքներուդ կամ մօտեցումներուդ մասին խօսիլ։ Որքան բան կայ շուրջդ որ պիտի ուզես փոխել, եւ կը կարծես որ այդ մէկը իրականացնելու համար չեն պակսիր ոչ կարողութիւն, ոչ բառեր եւ ոչ ալ փափաքը։ Մեր պատանեկութեան տարիներուն կարդացած ենք մեր մեծերուն գործերը եւ գիտենք թէ անոնք ինչպէս երիտասարդութիւնը խանդավառելով կը մղէին դէպի ազատագրական պայքար։
Չէ՜, յանկարծ չկարծէք թէ ինքզինքս մեծերու հետ համեմատել կ՛ուզեմ։ Աստուած մի արասցէ…։ Ես ընդամէնը որպէս հայ երիտասարդ, մտահոգուած իմ գաղութիս հարցերով, միշտ այդ յոյսն ու երազանքը ունեցած եմ, թէ կրնամ թէկուզ չնչին բան մը փոխել։
Բայց հարցը գրելուն մէջ չէ…
Հիմնական խնդիրը «յետոյ»ն է…
Դուն արդեօք, որպէս երբեմն ալ քննադատող գրիչ ունեցող մարդ պատրա՞ստ ես դիմանալու այն առածին, որ կ՛ըսէ. «ճշմարտութիւնը խօսողին գլուխը ծակ կ՛ըլլայ»…
Արդեօք կրնա՞նք այդ յօդուածներուն մէջ ըսել, թէ բոլոր միութիւնները գիրքի ցուցահանդէս կը կազմակերպեն։ Մարդիկ արդէն աչքերնին գոց գիտեն թէ ինչ գիրքեր պիտի ներկայացուին այդ ցուցահանդէսներուն ընթացքին։ Միթէ՞ ժամանակը չէ նորութիւններ բերելու։
Երգչախումբերու ներկայ կ՛ըլլաս եւ կը ցաւիս, որ «ամէն գլուխէ ձայն մը կ՛ելլէ»։
Տասը հայկական դպրոց եւ տասը հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագիր։
Տասնմէկ մշակութային միութիւն, բայց տասներկու թատերախումբ։
Շարունակե՞նք…
Մարդիկ արդէն մոռցած են քննադատութիւն բառին դրական իմաստը:
Արդեօք ես ա՛լ պատրա՞ստ եմ այդպիսի յանդուգներուն շարքին դասուելու…
Սակայն հետաքրքրական իրողութիւններու գագաթնակէտը այլ երեւոյթ է, որուն համար մարդը կրնայ խնդալէն ուշաթափիլ: Ահա նոյն անոնք որոնք քեզի կ՛ըսեն •րէ՝ միեւնոյն ժամանակ կրնան բոլորովին հակառակը խրատել՝ Ճանըմ ինչ պէտք ունիս քեզի չվերաբերող հարցերու խառնուիլ։ Պայման է՞ ճշմարտութիւնը ըսողը դուն ըլլաս. թող ուրիշներ ըսեն։
Ինծի կը թուի, թէ ամէն մարդ այնքան կը սպասէ, որ ըսուելիքը ուրիշը ըսէ, բան մը ըսող չէ մնացած մեր քաղաքին մէջ. իսկ անոնք որ կը համարձակին երբեմն-երբեմն բան մը ըսել, այնքան քողարկուած եւ •եղեցիկ բառերով շպարուած կ՛արտայայտուին, որ իրենց ըսելիքը կը կորսնցնէ իր նպատակային քննադատական բնոյթը եւ կը վերածուի իւրօրինակ •ովասանա•իրի։
Ահա այսպէս … եւ այս պատճառով ալ ամէն մարդ կը կարծէ թէ ամէն բան շատ լաւ է։
Հիմա դուք ըսէք՝ •րե՞լ թէ չ•րել…


Երան Զէյթունցեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝