Յայտարարութիւն

Monday, May 17, 2010

Ո՞վ է Հայը - Վրէժ Արմէն

Ո՞վ է Հայը
Ի՞նչ է Հոգի՛ն, Հայու Հոգին՝ կը հարցընեմ դեռ, աւա՜ղ,
Ու կը գտնեմ զայն ցեխի մէջ կիսաթաղ...
Բայց զերդ զինուոր մ'որ կը կռուի անդադար՝
Ցեխն ալ, կ'ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար
Եւ ընդմէջէն իր այդ ցեխին, սարսռագին
Կը համբուրեմ Հայու յոգնած, սո՜ւրբ Հոգին...։
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ


Կարելի՞ է հարցնել՝ ո՞վ է Հայը եւ ստանալ գոհացուցիչ պատասխան:
Շատեր փորձած են, քերթողներ՝ Թէքէեանին, Սեւակին, Էմինին, կամ
Համաստեղին նման, ներբողնե՜ր են նուիրած անոր: Սարոյեան, հայերէն գրել
չգիտնալով հանդերձ, իր արձակով գծած է Հայու ուժեղ դիմանկար մը:
Ուրիշներ կատակի են տուած, կէս մը հեգնելով, կէս մը խղճալով
սահմանած են անոր ստորագելիները:
Արդեօք բաւարար չե՞ն այդ բոլոր փորձերը: Արդե՞օք կ՚արժէ դարձեալ
գրգռել մեր մտքերը, թուղթին յանձնել մեր մտորումները, որոնել մեր հոգիին
խորերը, ճանչնալ մենք զմեզ, ճանչնալ աւելի՜ լաւ:

»Ծանիր զքեզ« ըսեր է մեծ փիլիսոփան: Եթէ ճիշդ է ատիկա անհատին
պարագային, ճիշդ պէտք է ըլլայ նաեւ հաւաքականութեան պարագային, որ ի
վերջոյ անհատներէ կազմուած է:
Ինքզինք լաւ ճանչցող անհատը աւելի լաւ կրնայ իրեն ուղղուած
մարտահրաւէրները վերցնել, դժուարութիւնները յաղթահարել, նպատակները
իրագործել: Նոյնը չէ՞ ազգի պարագային, որ լաւ հասկնալու է իր
առաւելութիւններն ու տկարութիւնները, գիտակցելու է իր կարողութիւններուն
եւ պակասութիւններուն:

Արդ, իրապէս ո՞վ է Հայը:
Է՞ արդեօք Աստուծոյ ընտրեալ այն ժողովուրդը, որուն սրբազան լերան
վրայ հանգչած է Նոյան տապանը, որմէ եկած են մարդկութեան բոլոր
սերունդները: Թէ ոչ Տիրոջ կողմէ մոռցուած ժողովուրդն է, որ ամենէն վերջինը
իջած է տապանէն...
Արդեօ՞ք այն ժողովուրդն է, որուն երկիրը երկիրն է դրախտավայր,
մարդկութեան օրրանը, որմէ սակայն քանիցս դուրս դրուեցան մեր
նախահայրերն ու նախամայրերը, թէ ոչ այն ժողովուրդը որուն մնացորդներն
ալ »այս երկիրը երկիր չէ« ըսելով մինչեւ օրս անկէ դուրս կը ջանան ելլել:
Հայը ա՞յն է, որուն լեզուն այնքան հի՜ն է ու առնական, որ Աստուծոյ հետ
հաղորդակցելու լեզուն նկատուեր է )եւ որքա՜ն ուրախացանք վերջերս երբ
գիտցուեցաւ, որ Էջմիածնէն Տիրոջ հեռաձայնելը անվճար է եղեր, քանի որ
տեղական կանչ է, եւ ոչ միջ-քաղաքային կամ միջ-ցամաքային...(, թէ ոչ այն
է Հայը, որ ամեն վայրկեան իր լեզուէն հրաժարելու, զայն մոռնալու հակամէտ է
դարերէ՜ ի վեր, մանաւանդ այսօր՝ իր մայրաքաղաքի ցուցանակներուն վրայ...:

Հայը ա՞ն է, որ իր ինքնութենէն չհրաժարելու համար պատրաստ
է նահատակուելու, խաչուելու, թէ ան, որ գետնառիւծի (քամելեոնի) նման
կրնայ գոյն փոխել ու ստանձնել որեւէ ազգութեան պատմուճան, անո՜ր
անունով ներկայանալ աշխարհին, անո՜ր անունը բարձրացնել...
Ա՞ն է, որ գիտէ կռուիլ ու արեամբ տէր կանգնիլ իր հողին եւ իրաւունքին,
թէ ա՞ն, որ ճամպրուկները միշտ պատրաստ՝ կրնայ լքել հողն ալ, իրաւունքն
ալ...

Ո՞րն է, ի վերջոյ ճշմարիտ Հայը:
Ինչպէ՞ս հաւատանք, որ ան բարի, աշխատասէր ու պարկեշտ մարդն է,
որ ամենուրեք իր առաքինութիւններով կը մատնանշուի, երբ նաեւ այնքան
անօրինութիւն կրնայ գործել՝ առանց աշխատելու հարստանալու տենչով,
այնքան անպարկեշտ ու օրինազանց գտնուիլ, եւ օտար երկիրներու բանտերու
դառնալ բնակիչ:
Ճի՞շդ է, որ ընտանեկան սրբութիւնները եւ ընտանիքը հայ ծողովուրդի
գոյութեան առանցքը կը հանդիսանան, ապա ինչպէ՞ս բացատրել քայքայուող
ընտանեկան յարկերու հետզհետէ ահաւոր կերպով աճող թիւը...
Ճի՞շդ է, որ բազմահազարամեայ մեր մշակոյթով հպարտացող ազգ ենք,
ապա ինչպէ՞ս բացատրել համատարած անտարբերութիւնը մեր ոչ միայն
մշակութային ժառանգութեան, այլեւ այսօրուան մեր մշակութային
ստեղծագործութիւններուն եւ ստեղծագործողներուն նկատմամբ...
Ճի՞շդ է, որ կը հաւատանք, որ ազգովին ենթարկուած ենք մեծագոյն
անարդարութեան, ու կը յաւակնինք պայքարիլ յանուն արդարութեան
յաղթանակին, ապա ինչպէ՞ս բացատրել մեր համարե՛ա բացակայութիւնը
աշխարհի բեմերէն՝ ի պաշտպանութիւն արդարութեան՝ համայն մարդկութիւնը
յուզող մեծ հարցերու պարագային, կամ այլ անարդարուած ժողովուրդներու
դատերու պաշտպանութեան ի խնդիր...

Աշխարհն ու այլ ժողովուրդները մէկդի դնենք, մե՜ր Դատին
զինուորեալնե՞րը, մե՜ր Դատին նեցուկ կանգնողնե՞րը ինչ համեմատութիւն կը
ներկայացնեն մեր մէջ: Անո՞նք են հայերը, թէ ոչ անոնց հարիւրապատիկը
թուաքանակ ներկայացնողները, որոնք իրենց սեփական շուքէն անդին չեն
տեսներ...

Ո՞վ է Հայը ի վերջոյ:
Գաղափարական, նուիրեալ մարտի՞կը, որ պատրաստ է կեանքն իսկ
նուիրաբերելու - այո՜, կան նմաններն ալ, որոնցպէսները կը հանգչին
Եռաբլուրի, Ստեփանակերտի եւ բազմաթիւ այլ գերեզմանատուներու մէջ,
հարիւրներով, հազարներով,- թէ այն միւսները, որոնք ոչինչ կ'ընեն, մա՜տ իսկ
չեն շարժեր իրենց պատկանելութիւնը արդարացնելու համար:

Ո՞վ է Հայը:
Կրնա՞ք ըսել...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-05-03 )1610(«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝