Յայտարարութիւն

Sunday, May 2, 2010

Առողջ ապրելու արուեստը Բանջարեղէններու Անհրաժեշտութիւնը

Առողջ ապրելու արուեստը

Բանջարեղէններու Անհրաժեշտութիւնը

Մեր մարմնի պաշտպանութեան, անոր վերանորոգման եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար բանջարեղէնները օգտակար են եւ շատ կարեւոր:
Անոնք արժէքաւոր բաղադրութիւններ կը պարունակեն որոնք յաջողութեամբ կը գործածուին մարմնի նորոգումի եւ կառուցման համար:
Մարմնին մէջ պահելու համար Alkaline-ի պահեստները, բանջարեղէնները անհարժեշտ են: Անոնք կ’արժեւորուին գլխաւորաբար, իրենց բարձրորակ կենսանիւթով եւ հանքային պարունակութեամբ:
Բանջարեղէններու մէջ A, B, C կենսանիւթերը բաւարար չափով ներկայ են, միայն եփելու սխալ կերպը եւ երկարատեւ անխնամ մթերումի ձեւը կը փճացնէ անոնց արժէքաւոր տարրերը:
Բազմազան են բանջարեղէնները, անոնք կրնան ըլլալ ճաշակելի արմատներ, ցօղուններ, տերեւներ, պտուղներ եւ հունտեր: Իւրաքանչիւր խմբաւորում իր ուրոյն ձեւով կ’օժանդակէ սնունդին:
Մսոտ արմատները յայտնի են իրենց B կենդանիւթերու աղբիւրով: Միւսներու հետ բաղդատելով հունտերը, carbohydrate-ներով եւ protein-ով բարձր են:
Կանաչ բանջարեղէններէ անկախ կ’օգտագործուին նաեւ նշայ պարունակող արմատները, ինչպէս` գետնախնձորը եւ անոյշ գետնախնձորները:
Բանջարեղէններէն լաւագոյնը կենսանիւթեր ստանալու համար, կարելիութեան չափով զանոնք թարմ բերել տուն: Ասոնց մեծամասնութիւնը կ’ուտենք իրենց բնական հում վիճակով, աղցանի մէջ: Աղցանի պարագային կարեւոր է յիշեցնել հոս թէ բանջարեղէններու թարմութիւնը չխախտելու համար (դդում, ստեպղին, կաղամբ եւայլն...) մէկ երկու վայրկեան շոգիով տաքցնել եւ նաեւ եփելու ընթացքին, ուշադրութիւնը կեդրոնացնել պատրաստութեան վրայ անոնց թարմութիւնը եւ կենսունակութիւնը չկորսնցնելու համար:
Ասիկա յաջողցնելու համար հետեւեալ ակնարկը կրնայ օգտակար ըլլալ:
1. Բանջարեղէնները լաւ լուալէ ետք, մեծ շերտերու վերածել:
2. Այս կտորները նետել եռացող ջուրին մէջ որուն աղ աւլեցուած է, ասիկա կարեւոր է արգիլելու համար B եւ C կենսանիւթերու կորուստը:
3. Բանջարեղէնները, ծածկելու չափ ջուր դնել, սակայն շոմինը եւ տարբեր կանաչ բանջարեղէնները խաշելու համար ջուր չգործածել լուալէ ետք կաթսային մէջ դնել, վրան կափարիչը գոցել, յետոյ կրակին դնել:
4. Օդի հետ հաղորդակցութիւնը փակելու համար բանջարեղէնները կափարիչով եփել:
5. Կարելիութեան չափ եփը կրճատել այնքան որ ծամելը դիւրանայ:
6. Ուտել երբ դեռ տաք են:
Կենսանիւթերու պահպանման համար զանոնք եփել ցած կրակով եւ իրենց հիւթով: Արատ ջուրով երկար եռացնելով կը կորսուին կենսանիւթերը եւ բուժիչ յատկութիւնները:
Չկեղուել բանջարեղէնները, միայն այն ատեն երբ հինցած է կեղեւը եւ կամ չուտուիր: Բազմաթիւ բանջարեղէններու մէջ ամենէն արատ նիւթերը եւ հանքային նիւթերը կեղեւին տակ կը գտնուին, երբ կեղուենք կը կորսնցնենք զանոնք: Նոյնպէս, լուալու համար երկարատեւ ջուրի մէջ պահուած (միայն 1 վայրկեան) բանջարեղէնները եւ կանաչութիւնները իրենց համը եւ արժէքաւոր կենսանիւթերը կը կորսնցնեն եւ վերջապէս բանջարեղէնը Aluminum-ներու մէջ չեփել:
Aluminum-ը կակուղ մետաղ մըն է որ կը ներգործէ ուտելիքին acid/alkali յատկութեան:
Գիտական փաստեր յստակ ցոյց կու տան Aluminum-ի մասնիկներու մուտքը դէպի ստամոքս կը վնասեն անոր զգայուն պատերուն, որմէ կրնայ յառաջանալ ստամոքի բորբոքում, մարսողական եւ աղիքային հիւանդութիւններ:
Առողջութիւնը պահելու համար իւրաքանչիւրիս օրական 780 կրամ կանաչեղէն անհրաժեշտ է: Կանաչ տերեւները հարկ է կազմեն 40%-ը իսկ արմատ բանջարեղէնները (շողգամ, ստեպղին եւ այլն) 30 %-ը, մնացեալները նաեւ 30 %-ը:
Բազմաթիւ բանջարեղէններ կը պարունակեն նիւթ մը որ ճանչցուած է carotene անունով, ասիկայ մարմինին մէջ, կենսանիւթ A-ի կը վերածուի:
Vit. A-ի կարեւոր է բնական կառոյցի, կենսունակութեան, լաւ տեսողութեան, մորթի գեղեցկութեան համար: Կը պաշտպանէ մանաւանդ շնչական հիւանդութիւններէն: Մութ կանաչ, դեղին եւ նարնջագոյն բանջարեղէնները, տերեւ բանջարեղէնները papaya-ն, դեղին դդումը, carotene-ի աղբիւր են եւ դեռ ուրիշներ:
Բազմաթիւ տերեւ բանջարեղէններ, ինչպէս Fenugreek-ի (չաման) տերեւները (ազատքեղի նմանող) շողգամի եւ ճակընդեղի տերեւները (որոնք անգտանելի դարձած են հիմա, կողոպուտի պատճառով) Riboflavin կը պարունակեն: Այս կենսանիւթը կարեւոր է մարմինի կառոյցին, ընդհանուր առողջութեան, աչքերու, մորթի, եղունգի եւ մազի համար: Այս նիւթին պակասը պատճառ է բերանի ծայրամասերու ճաթռտումին, կանխահաս կնճիռներու եւ eczema-ի:
Յոյժ կարեւոր եւ հանքային նիւթեր կրածինիը (calcium) եւ երկաթը (iron) մարմինին համար օգտա•ործելի են: Կրածինը կարեւոր է ոսկորներու եւ ատամներու համար: Երկաթը կարեւոր է արեան կազմութեան համար, Haemoglobin-ի կարեւոր մէկ բաղկացուցիչն է եւ կ’օգնէ մարմինին որպէսզի բոլոր բջիջներուն թթուածին երթայ:
Կրածինը եւ երկաթը կը ստանանք կանաչ բանջարեղէններէն, ստեպղինէն, սոխէն, լոլիկէն եւ fenugreek-ի տերեւներէն:
Թարմ եւ հում բանջերէղեններու հիւթը կարեւոր է քանի որ բջիջներուն եւ հիւսկէններուն կարեւոր enzyme-ներ եւ տարրեր կը հայթայթէ:
Ճիշդ է թէ բանջարեղէններէն կը հայթայթուին այս նիւթերը, բայց թարմ նիւթերը աւելի արագ կը մարսուին եւ կ’ընկալուին: Կենսանիւթի մը կամ հանքային նիւթի մը պակասը կրնայ արագ սրբագրուիլ խմելով թարմ բանջարեղէնի հիւթ քան զանոնք ուտելով:
Բանջարեղէններու հիւթը կը հանդարտեցնէ յոգնած ջիղերը եւ մեղմիւ դուրս կը քշէ կուտակուած թոյները եւ անպէտք նիւթերը:
Բանջարեղէնները բուժիչ նիւթեր կը պարունակեն ինչրպէս` սոխը, կարոսը (celery):
Բողկը,որ ջիղերու վրայ դրականապէս կ’ազդէ եւ նաեւ իւղերը կը հալեցնէ:
Զանազան հիւանդութիւններ դարմանելու համար կարգ մը բանջարեղէններ օգտակար են: Ստեպղինը լաւ է արեան համար, կարոսին (celery) կոթերու հիւթը կ’օգնէ rheumatism-ին եւ dyspepsia -ին (ստամոքսի խնդիր), կռաբանջարը (dandelion) օգտակար կրնան ըլլալ երիկամունքի խնդիրներու համար: Հազարը (lettuce) կ’օգտագործուի իբրեւ անքնութեան դեղ: Սոխը, հազի, influenza-ի, պաղառութեան եւ պնդութեան համար:
Fenugreek-ի (չաման) տերեւները, զգալապէս կը նպաստեն անմարսողութեան, աղիքներու մէջ օդի եւ ծոյլ լիարդը դարամանելու համար: Սխտորը` սրտի հիւանդութեան համար, արեան գերճնշումի, hypoglycemia-ի, շաքարախտի, meningitis-ի, cholesterol-ը իջեցնելու եւ արիւնը բարակցնելու համար (եթէ թանձր է):
Ճակընդեղին, կաղամբին, սետպղինին, վարունգին, կանաչ ոլոռնին (peas) եւ կանաչ լուբիաներու նիարդը cholesterol-ը կ’արտաքսեն:
Աղիքներու բորբոքումի պարագային պէտք է խմել քիչ նիարդով (fiber) բանջարեղէններու հիւթը ինչպէս` հազարը, գետնախնձորը:
Բանջարեղէններու մէջ pectin անունով նիւթ մը կը գտնուի որ մարմինին աւելորդ ջուրերը կը քաշէ նեւ կարգ մը bacteria-ներ եւ թոյներ կը սպաննեն եւ մարմինէն դուրս կ’արտաքսեն: Սխտորը, սոխը, բողկը, անանուխը (mint) pectin կը պարունակեն եւ նաեւ մանրէներ կը սպաննեն:
Բանջարեղէններ տարբեր (trace elements) կը հայթայթեն որոնք մարմինին մէջ կարեւոր են օրինակ iodine-ը կարեւոր է thyroid-ի հորմոնին համար որ կը կանունաւորէ ֆիզիքական եւ մտային գործածութիւնները: Cobalt-ը vit. B12-ի մաս կը կազմէ, կ’աւելցնէ արեան բջիջները եւ հիւսկէնները, իսկ zinc-ը մարմինին կառոյցին համար անհրաժեշտ է:

Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան








«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝