Յայտարարութիւն

Friday, May 14, 2010

«Մեզ Հետ Էք Թէ Ոչ» Ալ Շարք Ալ Աուսաթ

Լոնտոն հրատարակուող Ալ Շարք Ալ Աուսաթ թերթը տեղ տուած է իր խմբագիրներէն մի ոմն Պրն Շիպուքչիի վարի յօդուածին : Յօդուածի բովանդակութիւնը մերժելի է որեւէ հայու եւ կամ որեւէ անհատի կողմէ որ ծանօթ է հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան: Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակից Արշակ Զաւէնի Տաւթեան , հրապարակագրի վարպետութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ ,ինչպէս սովոր է ըսել՝ «իր տեղը նստեցուցած է » յօդուածի հեղինակը : Եզրակացութիւնները կը թողունք մեր ընթերցողներուն:

Նշանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հալէպաբնակ սիրելի Նանոր Միքայէլեանին , որ հարազատօրէն անգլերէնէ հայերէնի վերածեց այս յօդուածները յատուկ «Նշանակ» Կայքէջին համար: Պիտի խնդրէինք բոլոր պաշտօնակից թերթերէն եւ կայքէջներէն արտատպել յօդուածները տալով իրենց կարծիքներն ու մեկնաբանութիւնները:



«Նշանակ»

-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-



Մեզի Հե՞տ Էք Թէ Ոչ
“Ալ Շարք Ալ Աուսաթ»
Լոնտոն
29 Ապրիլ ,2010
Աշխարհով մէկ սփռուած հայկական համայնքնեը վերջերս նշեցին տարելից մը, որ բոլոր հայերուն համար մեծ նշանակութիւն ունի։ Տարելից մը, որ մեծ թիւով ազգակից–արիւնակիցներու կորուստը կը նշէ մինչ Օսմանեան կայսրութեան անկումը, տարբեր ճակատամարտերու ընթացքին։
Ըստ Հայերու, մէկ ու կէս միլիոն է օսմանցիներու կողմէ սպանուած հայերուն թիւը և դէպքերը անոնք կ՜ որակեն որպէս «ցեղասպանութիւն», Հրեաներու Հոլոքոսթին նման, գործադրուած Գերմանացի Նացիներուն կողմէ։ Համենայնդէպս, Թուրքերը կը պնդեն, թէ զոհուած Հայերուն թիւը չանցնիր 500,000-ը եւ թէ Հայերն ալ տասնեակ հազարներով թուրք սպաննած են։Վերջին տարիներուն Հայերը առաւել աշխուժացուցին իրենց պայքարը թուրքերուն դէմ թէ Թիւրքիոյ տարածքին եւ թէ Միացեալ նահանգներու մէջ։ ԱՄՆ– ի համաժողովը նոր օրէնք մը ընդունեց, ըստ որու կը դատապարտէ Թուրքիան ու կը հաստատէ թէ Հայերուն հետ կատարուածը “ցեղասպանութիւն” էր։ [Անցեալին] Հայերը աւերիչ բռնութիւններ կատարեցին, կազմելով ահաբեկչական խումբեր, որոնք ռմբակոծումներ ու մարդասպանութիւններ կատարեցին։Առաւել աչքի ինկող կազմակերպութիւնը Ասալա–ն եղած է (Հայաստանի ազատագրման Հակական գաղտնի բանակ), որ 1970- 80-ական թուականներուն , թիւով 42 թուրք դիւանագէտ սպաննած է։ՆերկայիԹուրքիան, Հայաստանի հետ գործակցելու և փոխադարձ շահեր ունենալու համար կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է , նաեւ Թուրքիոյ հայկական գաղութին կենսամակարդակը բարելաւելու համար։ Այդուհանդերձ, Հայերը շատ վերապահ են, հետևաբար ձախողեցան փոխադարձ նման քայլեր ձեռնարկել Թիւրքիոյ նկատմամբ։ Թիւրքիոյ նախագահ՝ Ապտուլլահ Կիւլի պատմական քայլը՝ Հայաստան այցն ու համաձայնութիւնը կարգ մը էական հարցերու շուրջ, տակաւին թարմ է շատերու յիշողութեան մէջ։ Այդուհանդերձ, Հայաստանը կասեցուց ստորագրուած համաձայնութիւնը, կրկին արծարծելով ցեղասպանութեան գրեթէ հարիւրամեայ վաղեմութիւն ունեցող հարցը։
Թուրքիան Օսմանական պետութիւնը չէ, ինչպէս որ Հրեաստանի համար Գերմանիան Հիթլերը կամ նացիզմը չէ։ Այսօր, Արաբ-Թրքական բացառիկ յարաբերութիւններու, փոխադարձ լուրջ ու էական շահեր հաստատելու ընթացքին , Արաբական Աշխարհէն, յատկապէս Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, հայկական ձայներ կը բարձրանան, որոնք կը դատապարտեն այս յարաբերութիւնները։Շատ մը Հայ քաղաքագէտներ ու գործարարներ “ տարօրինակ” պնդումներ կ՛ընեն, կասկածի ենթարկելով թուրքերու պատմութիւնն ու անոնց կապը այլ ազգերու հետ։Հայերը ողբալու պէտք չունին Արաբական Աշխարհի մէջ։ Հայերը անլուծելի խնդրի մը վերածած են հարցը:
Թուրքիան այսօր պատասխանատու պետութիւն մըն է, որ իր հպատակներուն ու համայնքներուն (Հրեաներուն, Քրիստոնեաներուն ու Քիւրտերուն) հարցերը կը լուծէ , արդար ու հաւասարակշիռ, բան մը, որ բանական Հայեր ևս կը վկայեն.
Բայց Հայկական “ողբը” խրամատի վերածել Արաբ-Թրքական յարաբերութեան մէջ, ստորաբար շահագործելով զայն համաշխարհային հասարակութեան մօտ (ինչը միայն ի շահ Հրեաստանի կ՛ըլլայ) անընդունելի է։
Հայկական համայնքը Արաբական աշխարհի մէջ յարգուած է, ան սերտաճած է տեղի ժողովուրդին հետ ու մարզական, գրական, գործարար, քաղաքական ու արուեստի ծիրերէն ներս մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է, շահելով բոլորին վստահութիւնն ու յարգանքը։
Դեռ աւելին, արաբները այսօր կասկածով կը մօտենան Հայերուն “ժամանակի ընտրութեան” ու յանդգնութեան, որ այդքան անպատասխանատու ձևով ըրին։
Ասիկայ հարց մըն է, որ չի կրնար չազդել Հայերուն նպատակներուն ու ծրագիրներուն վրայ, մանաւանդ որ անոնք երկար ժամանակ է, որ նախընտրած են լռութիւն պահպանել Արաբներուն դէմ կատարուած Հրէական ջարդին մասին (հակառակ որ անոնք Երուսաղեմի արեւելեան կողմը յայտնի առանձին շրջան մը ունին ու Հրէական գրաւման պատճառով իրենք ալ կորուստներ ունեցած են. ) Հայերը պէտք է կարենան որոշել. իրենք Արաբական աշխարհի անբաժանելի մասն են, թէ ոչ։ Թիւրքիոյ նման զօրաւոր երկրի մը հետ սերտ կապեր ունենալը Արաբական Աշխարհին շահերէն կը բխի։
----------------------------------------------------------
Ալշարք Ալ–աուսաթի սիրելի խմբագիրներ,մասնաւորաբար Պր. Շուպուքշի
Ես, մասնագէտօրէն խօսելով, Հայ եմ, թէև երբ հարց կուտան, կը պատասխանեմ թէ Հայու արիւն ունիմ բայց Պաղեստինեան,Սուրիական ու Լիբանանեան սիրտ, ուրեմն դուք որոշեցէք։ Կրնամ Հայ–Արաբ խառնածին կոչուիլ։ Հայրս Հայֆա ծնած է, մեծցած է Երուսաղեմ, ապրած է Դամասկոս ու փոխադրուած Պէյրութ, ուր և մահացած է եւ ուր ծնած ու մեծցած եմ ես։ Խորապէս կը յարգեմ ու կը սիրեմ արաբները, ոչ միայն այն պատճառով, որ մեծ դերակատարում ունեցան ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերը փրկելու ու իրենց երկիրներուն մէջ զանոնք հիւրընկալելու համար, այլև իրենց առաքինութիւններուն և առաւելապէս Աստուածավախութեան, արդարութեան և արդարադատութեան համար։ Սակայն այս բոլորը ի մտի ունենալով հանդերձ, պարոն Շուպուքշիի յօդուածը ոչ մէկ բան կ՛ըսէ իր արաբ ըլլալուն մասին։
Անտեսելով մանրուքները, թոյլ տուէք մատնանշել յօդուածին սխալ տեղեկութիւններէն մի քանին:
1- Ծիծաղելի է, երբ կ՛ըսեք թէ “Հայերը զանազան ճակատամարտներու մէջ մեծ թիւով ազգակիցներ կորսնցուցած են”։ Այդ ի՞նչ ճակատամարտ էր ուր մէկ ու կէս միլլիոն մարդ սպաննուեցան , ընդորում՝ յղի կանայք, տարեցներ, երեխաներ... և բոլորը զէնքի ուժով։
2- Կ՛ըսէք թէ “ Ներկայի Թուրքիան, Հայաստանի հետ գործակցելու և փոխադարձ շահեր ունենալու համար կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է , նաեւ Թուրքիոյ հայկական գաղութին կենսամակարդակը բարելաւելու համար”։ Կրնա՞մ հարց տալ, թէ ի՞նչ բարելաւումներու մասին է խօսքը։ Ձեր այս յայտարարութիւնը օդին մէջ կրակելուն կը նմանի, հասկցէք, որ պատահածը բարելաւման հակառակն է լրիւ, համայնքին շատ մը կալուածներն ու ունեցուածքները գրաւելէ ետք, մերթ ընդ մերթ ոսկոր մը կը նետեն անոնց դիմաց։ Ասիկա բարելաւու՞մ կը կոչէք։ Միայն Հայ են ըսելով այնքան տուրքեր գանձած ու չքաւորութեան սեմին հասցուցած են զանոնք, երբ ամէն ճիգ կի թափեն կասեցնելու համար համայնքի շէնքերուն նորոգութիւնն անգամ։ Արդեօք նոյն բանը պիտի ըսէ՞ք, եթէ օրինակի համար, Իսրայէլցիները սկսին Կազաի մէջ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել պաղեստինցիներուն, երբ զանոնք իրենց սեփական հողին վրայ ապաստանեալներու վերածած են։ Վստահ եմ Հրեաները շատ աւելին կ՛ընէին, եթէ միլիոնաւոր Պաղեստինցիներ սպաննելով, անոնց թիւը պակսեցնելով, Իսրաէլի մէջ ընդամէնը վաթսուն հազարանոց գաղութի մը վերածած ըլլային։
3-Ձեր նշումը, թէ ՝ «Թիւրքիոյ նախագահ՝ Ապտուլլահ Կիւլի պատմական քայլը՝ Հայաստան այցն ու համաձայնութիւնը կարգ մը էական հարցերու շուրջ, տակաւին թարմ է շատերու յիշողութեան մէջ։ Այդուհանդերձ, Հայաստանը կասեցուց ստորագրուած համաձայնութիւնը, կրկին արծարծելով ցեղասպանութեան գրեթէ հարիւրամեայ վաղեմութիւն ունեցող հարցը», ամօթալի սուտ մըն է. Նախ եւ առաջ, փոխադարձ յարաբերութիւններու առաջին քայլը Հայաստանի նախագահին կողմէ առնուեցաւ եւ համաձայնութիւննրը ստորագրուեցան առանց նախապայմաններու։ Հակառակ անոր, որ Հայաստանը (և հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս) բարոյական եւ օրինական բոլոր իրաւասիութիւնները ունէր նախապայմաններ դնելու, մասնաւորաբար ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցով, սակայն յարաբերութեան նոր էջ մը բանալու նպատակով, ոչ մէկ այդպիսի բան պահանջուեցաւ՝ որը ձեր ըսածին ճիշդ հակառակն է։ Բայց այս չի նշանակեր, թէ Հայերը ընդհանրապէս պէտք է մոռնան կամ դադրին արդարութեան համար պայքարելէ։
Պիտի ուրանայի՞ք արդեօք այն փաստը, որ ձեր դրացին ձեր կինը բռնաբարած է, պարզ այն պատճառով, որ աշխատանքային ընդհանուր շահեր ունիք անոր հետ…
Հայաստանը ընդամէնը առկախեց հատուցման ընթացքը, երբ պարզ ու յստակ դարձաւ, թէ Թուրքիան ի՛նք մտադիր չէր այդպիսի բան ընելու եւ թէ ան համաձայնագիրը կ՛օգտագործէր Արեւմուտքը խաբելու ու Ղարաբաղեան հարցով նախապայմաններ դնելու համար, հակառակ որ անոնք առանց նախապայմաններու ստորագրուած էին։
4-Կ՛ըսէք թէ “Թուրքիան Օսմանական պետութիւնը չէ, ինչպէս որ Գերմանիան Հրեաստանի համար Հիթլերը կամ Նացիզմը չէ”. ՍԽԱ՛Լ։ Գերմանիան ի հարկէ Նացիական Գերմանիան չէ այն պատճառաւ, որ ան բացայայտօրէն զղջաց, ներողութիւն խնդրեց ու մինչեւ այսօր կը շարունակէ Հրեաներուն կորսուստը հատուցել։ Թուրքիան ըրա՞ւ այդպիսի բան։ Գո՛ւցէ այսօր ձի չեն վարեր և կամ սուր ու կացին չեն օգտագործեր, այսօր անոնք աւելի զարգացած ու յառաջացած են, բայց ոչ մէկուն կրնաք համոզել, թէ թրքական պետութիւնը անցեալէն վերապրող Օսմանական պետութիւնը չէ։
5- Կ՛ըսէք թէ “ Շատ մը Հայ քաղաքագէտներ ու գործարարներ “ տարօրինակ” պնդումներ կ՛ընեն, կասկածի ենթարկելով թուրքերու պատմութիւնն ու անոնց կապը այլ ազգերու հետ։” Չէի գիտեր, թէ պատմական իրողութիւններուն մասին խօսիլը ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ԿԸ ԴՆԷ որեւէ բան։ Եթէ դուք անձնապէս կասկածներ ունիք, խնդրեմ պտոյտ մը կատարեցեք դէպի Տէր Զոր, վստահ եմ ոչ մէկ կասկածի տեղ չի մնար, ամբողջ բեռնակառք մը կրնաք լեցնել կիներու ու երեխաներու ոսկորներով, որոնք ըստ ձեզի, ճակատամարտի ընթացքին սպաննուեցան…
6- “ Հայերը ողբալու պէտք չունին Արաբական Աշխարհի մէջ։ ” Ոչ պարոն, Հայերը չե՛ն ողբար այլեւս, անոնք պահանջատէր են։ Հայերը, որ կը նշեք՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի ու այլ երկիրներու քաղաքացիներ են, անոնք իրաւունք ունին իրենց պետութենէն պահանջելու այն ինչ կը կամենան, անոնք իրենց նոր հայրենիքին մէջ ունեցած մեծ մասնակցութեամբ՝ բան մը որ բարեբախտաբար չէք ժխտած – վաստակած են այս իրաւունքը։
7- «Թուրքիան այսօր պատասխանատու պետութիւն մըն է, որ իր հպատակներուն ու համայնքներուն (Հրեաներուն, Քրիստոնեաներուն ու Քիւրտերուն) հարցերը կը լուծէ արդար ու հաւասարակշիռ, բան մը, որ բանական Հայեր ևս կը վկայեն”… Այս նախադասութիւնը իր նենգութեամբ Նոպէլեան մրցանակի կրնայ արժանանալ։ Գացէք և Քիւրտերուն ըսէք, թէ իրենց հետ “արդար ու հաւասարակշիռ” կը վարուի՞ն։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ձեր այսպէս անուանած “ բանական Հայերուն” – կը նմանին այն մուկին, որ կատուի վանդակին մէջ է և իրմէ կը խնդրուի ըսել, թէ իր հետ լաւ կը վարուին, ապա թէ ոչ՝ կատուն զինք կ՛ուտէ…
Ձեր ուրիշ մէկ նախադասութիւնը թէ Հայերը “ երկար ժամանակ է, որ նախընտրած են լռութիւն պահպանել Արաբներուն դէմ կատարուած Հրէական ջարդին մասին ” կրկին ճիշդ չէ։ Խնդրեմ, կարդացէք ձեր տեղական հայկական թերթերը, իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի պետութեան կեցուածքին, համաձայն եմ, որ անոնք բացայայտօրէն Իսրաէլի դէմ չեն կեցած։ Ես անձնապէս դէմ եմ այս կեցուածքին, բայց նաեւ կը հասկնամ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական նեղ դրութիւնը։ Փոքր երկիր մըն է Հայաստանը և փխրուն իրավիճակի մէջ։ Բայց խնդրեմ, նայեցէ՛ք ձեր շուրջ ձեր արաբ եղբայրներուն։ Արաբական Աշխարհի հսկաներէն մէկուն՝ Եգիպտոսին, մեզմէ աւելի լա՞ւը կ՛ընէ։ Ես նոյնիսկ կ՛ըսեմ, թէ մէզմէ վատը կ՛ընէ, Նոյնիսկ Սաուտցիները երկու թելի վրայ կը խաղան… Ուրեմն խնդրեմ, կը բաւէ Իսրայէլի դրօշակը Հայերուն աչքին առջև ծածանէք Հայերուն դէմ զգացումներ բորբոքելու համար.
Պարոն, այս բոլորը ըսելէ ետք, պիտի ուզէի հաւատալ, թէ ձեր յօդուածը պատմութեան մասին ձեր ստացած սխալ տեղեկութիւններուն արդիւնքն էր, բայց ինծի կը թուի, թէ Թուրքիոյ հետ որոշ գործարքային շահեր ունիք և փոխաարենը այս բարիքը կ՛ընեք իրենց։
Պարոն, Ձեր յօդուածը կը պղծէ Սուրբ քաղաքներու պահապան Շարիֆ Հուսայնի յիշատակը, որ անձամբ հրամանագիր մը ուղղեց Մուսլումաններուն, որ փրկեն ցեղասպանութեան բոլոր վերապրողները։ Կարծես կը թքեք այն բոլոր յարգելի պետեւիներուն գերեզմաններուն վրայ, որոնք հազարաւոր երեխաներ ու կիներ փրկեցին սովէ ու հաւաստի մահէ։
Նամակս փակելու համար միայն մէկ հարմար բառ կը գտնեմ......
Ամօ՛թ ձեզի։
----------------------------------
Արշակ Զաւէնի Դաւիթեան MD
Ստեփանակերտ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն









«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

1 comments:

Vahakn Keshishian said...

ճիշդ է որ Շուպուքշիի յօդուածը անընդունելի շատ կէտեր ունի, եւ Դաւիթեան բաւական գիտակից ձեւով կ'արծարծէ հարցերը -թեկուզ այդքան ալ պաղարիւնիւթեամբ չէ-:

Սակայն իրականիւթիւն մըն է որ հայերը այսօր իսկապէս այս հարցադրումին առջեւ են՝ «Մեզի Հե՞տ Էք Թէ Ոչ»:

Կարծեմ այսպէս յօդուածի մը պէտք է չէ պատասխանել վերստին ու կրկին փաստելով ցեղասպանութիւնը.. այլ թերեւս իսկական սառնասրտութեամբ բացատրել որ հայերը արաբներուն հետ են միշտ, իրենց կողքին, կը հարգեն արաբներուն քաղաքական նոր դիրքորոշումները, բայց թող ներողամիտ գտնուին որ Թուրքիոյ հետ իրենց սիրալիրութեան մէջ, ոչ իրենց հետ չեն, այնքան ատեն որ չեն լուծած սեփական հարցերը...

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝