Յայտարարութիւն

Thursday, May 20, 2010

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ - Մշակոյթը՝ ամե՛ն բանէ վեր

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Մշակոյթը՝ ամե՛ն բանէ վեր
Թող ներուի ինծի փոխ առնել մեր երիտասարդական օրերու
նշանաբանը՝ »Հայաստան ամեն բանէ վեր«, ու զայն վերածել
մշակոյթին վերաբերող նշանաբանի մը, քաջ գիտնալով, որ ոչ միայն
մեղանչում չէ, որ կ՚ընեմ, այլ երկրորդով կ'ամրապնդեմ առաջինը,
քանի որ Հայաստանը մշակոյթ է ամեն բանէ առաջ, եւ մեր
մշակոյթը՝ մեր երկիրն է, մեր հայրենիքը:

Մշակոյթ ըսելով հասկնանք ե՛ւ լեզու ու գրականութիւն, ե՛ւ
արուեստներ ու ձեռարուեստներ, ե՛ւ կրօն ու պատմութիւն, ե՛ւ
բարքեր ու աւանդութիւններ:
Առանց մշակոյթի՝ չկայ երկիր, չկայ Հայաստան: Ինչպէս
առանց Հայաստանի՝ չկայ մշակոյթ, չկայ հայութիւն: Այո, առանց
Հայաստանի - թէկուզ Հայաստանի երազին միայն - չկայ հայութիւն:
Ուստի, մշակոյթին տէր կանգնիլ կը նշանակէ առաջին հերթին
երկրի՜ն տէր կանգնիլ:

Կ՚ակնկալէինք, որ անկախ հայրենիք ունենալով, մենք մեր
մշակոյթը պահելու եւ ծաղկեցնելու լաւագոյն միջոցը պիտի
ունենայինք, եւ ոչ միայն հո՜ն հայրենի հողին վրայ ան պիտի փթթէր
ու զարգանար, այլեւ հոս՝ հայրենի հողէն դուրս մենք ալ պիտի
ամրապնդուէինք այնտեղի նուաճումներով, ներշնչուէինք ու ա՜լ
աւելի ճիգ թափէինք մեր կողմէն:
Կ՚ակնկալէինք...

Մինչդեռ իրականութիւնը այսօր չի համապատասխաներ մեր
ակնկալութիւններուն եւ երազներուն:
Մեր մշակոյթը արհամարհանքի, աղաւաղման եւ կորուստի
կ՚ենթարկուի հոն՝ ամենէ՛ն առաջ, մեր միջնաբերդէ՛ն ներս:
Եւ ահա 2010-ի ապրիլին, երբ 95-ամեակը կը նշուէր մեր Մեծ
Եղեռնին, մեր Աղէտին, մեր Ցեղասպանութեան, հայրենի
մտաւորականութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէր ի տես մեր մշակոյթի
անմխիթար վիճակին: Պիտի նշեմ երկու պարագայ:
Առաջինը Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր եւ
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի սիւն՝ Լիլիթ Գալստեանի
ելոյթն է, ԱԺ-ի 6 ապրիլի նիստին: Ելոյթ՝ որուն
կ՚արձագանգէ »Երկիր«:
Ի՞նչ կ՚ըսէ Լիլիթ. ան կ՚ափսոսայ, որ հակառակ անոր, որ
հազարամեակներու ընթացքին ինքնապաշտպանութեան առողջ
բնազդով մեր ինքնութիւնը կարողացեր ենք պահպանել՝ զայն
խարսխելով լեզուի, մշակոյթի եւ հաւատքի վրայ, եւ հակառակ անոր
որ ՀՀ ազգաբնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հայեր են
եւ մեր լեզուին յատուկ տօն ալ կայ հիմա՝ Մայրենիի օր, եւ »Լեզուի
մասին« օրէնք, հայերէնը օր-ցերեկով աղաւաղման կ՚ենթարկուի ե՛ւ
բառապաշարի տեսակէտէն ե՛ւ շեշտադրութեան, ըլլայ
հեռուստատեսութեամբ, ըլլայ փողոցը՝ ցուցանակներուն վրայ:
»Շրջէք մայրաքաղաքում, ու ամենուր ձեզ կ՚ողջունեն լատինատառ
“Սթար”-ը, “Սիթի”ն, եւայլն«:
Օրէնքները կը խախտուին առանց այլեւայլի: Այո,
կ՚ըսէ պատգամաւորը, մեր լեզուն պահպանելու եւ պաշտպանելու
խնդիր ունինք... »պաշտպանելու... ինքներս մեզանից«:
Եւ ան կը վկայակոչէ Սենեկան, որ դասական ճշմարտութիւն
մը փոխանցած է մարդկութեան իր »աղաւաղուած լեզուն
աղաւաղուած բարքերի նշան է« խօսքով:
»Այո, ցաւալի է,« կ՚եզրակացնէ Գալստեան, »որ անկախ
Հայաստանում լեզուի կարեւորութեան ընկալման եւ
իմաստաւորման խնդիր ունենք թէ՜ հանրային, թէ՜ պետական
մակարդակներում«, եւ կ՚աւելցնէ, »որովհետեւ
լեզուագործածութիւնը պետութեան մենաշնորհն է ու խնդիրը, եւ
հայերէնի փաստացի գերակայութեան պահպանումը ոչ միայն
ազգային արժանապատուութեան, այլեւ անվտանգութեան գործօն
է: Բայց այս ամենը՝ առայժմ թղթի վրայ«:

Մեզ սպառնացող վտանգին երկրորդ անդրադարձը
կատարուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ գիտութիւններու
ազգային կաճառի )ակադեմիայի( »Մշակութային
ցեղասպանութիւն« գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ ապրիլ 20-ին,
եւ որուն մասին Գէորգ Աւչեան »Երկիր«ի ապրիլ 21-ի թիւին մէջ
ստորագրեց »Հոգեւոր արժէքների կորուստը շատ աւելի դժուար
է վերականգնւում« ակնարկը:
Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ
հաստատեց թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ սկսածը Ադրբեջանը շարունակեց
21-րդ դարու սկիզբը՝ ոչնչացնելով 10 հազարէն աւելի խաչքարեր ու
գերեզմաններ, »մարդկութեան սառն ու անտարբեր հայեացքի
ներքոյ«, եւ որպէս հակադարձութիւն՝ ընդդիմանալու համար
մշակութային ցեղասպանութեան այլազան երեւոյթներուն, որոնց
մաս կը կազմեն նաեւ »մշակութային ժառանգութեան իւրացում,
պատմութեան եւ իրողութիւնների կեղծում ու սեփականում,
եւայլն«, ան նշեց »օրինակ՝ ազգային գիտակցութեան մէջ
հարազատ պատմութեան, մշակոյթի հանդէպ յարգանքը, ինչու չէ՝
նաեւ պաշտամունքը վերականգնելը, հոգեւոր-մշակութային
արժէքները պահպանելն ու տարածելը«:

Այս ուղղութեամբ, դիտել տուաւ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան
ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, թէ »նկատուած է, որ
գաղթօճախները շատ աւելի աւանդապահ են, շատ աւելի
պահպանողական, քան մայր հայրենիքը: [...] Սա նշանակում է, որ
հայկական գաղութները հենց այն կոնսերուացուած )պահպանուած(
հին հայկական աւանդոյթներն են, հին հայկական ոգին է, որ կարելի
է օգտագործել Հայաստանի հոգեւոր վերածնունդի համար«:
Իսկ Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտոր
)վերատեսուչ( Արամ Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ »պէտք
է համազգային ծրագիր լինի, որպէսզի կարողանանք դիմակայել եւ
հնարաւորինս փրկել մեր մշակութային արժէքները«:
Այո, առանց մեր մշակոյթի հանդէպ համազգային կեցուածքի
ու վճռակամ աշխատանքի, վտանգուած է մեր գոյութիւնը իբր ազգ:
Ասոր գիտակցութիւնը պէտք է ունենանք Հայաստանի մէջ
թէ Սփիւռքի, ու տրամադրենք անհրաժեշտ նիւթականն ու
մարդուժը՝ ապահովելու համար մեր վերապրումը: Սա ամբողջովին
մեզմէ կախում ունի։ Կրնա՞նք թէ չենք կրնար։ Կ՜ուզե՞նք թէ չե՛նք
ուզեր...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-05-10 )1610(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝