Յայտարարութիւն

Saturday, May 8, 2010

ՈւտելուՄարմաջը Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան

Առողջ ապրելու արուեստը

Որեւէ մէկուն եթէ հարց տրուի թէ ինչո՞ւ կ’ուտէ. – “Շատ պարզ է” կ’ըսէ, “կ’ուտեմ որ չմեռնիմ”:
Ճիշդ է, ուտելիքը մեր վառելանիւթն է, այն է որ մեզ կ’աշխատցնէ: Սակայն հարկադրանքով ուտողին համար (compulsive eater) պատահականօրէն կ’իրագործուի այս աշխատանքը: Իրական անօթութեան նշանը հազուադէպօրէն կը զգայ հարկադրանքով ուտողը: Յաճախ, այս տեսակ անհատը մտահոգութենէ եւ անoթութենէ տարուած կ’ուտէ:
Ուրեմն, երկու տեսակ անօթութիւններու մասին կարելի է խօսիլ, մին` ստամոքսի անօթութիւնը իսկ միւսը բերանին անօթութիւնը:
Ստամոքսի անօթութիիւնը կը նշանակէ, ֆիզիքական անօթութիւնը որ կապուած է մեր ֆիզիքական պէտքերը նորոգելու կամ վառելանիւթ ստանալու համար: Ասիկա այն անօթութիւնն է որ կեանքը կը պահէ:
Բերանի անօթութիւնը կամ “Հոգեբանական անօթութիւնը” կապ չունի կեանքի պահպանութեան հետ: Այս մարդը այս ձեւով կը սկսի ուտել, - “Քանի որ ուտելիքը դիմացս է”: “Կ’ուտեմ քանի որ բերանս բան մը պէտք է դնեմ”: “Քանի որ համով է”: “Քանի որ ուտելու ժամն է”: “Քանի որ ճաշը թափելը մեղք է”: “Քանի որ տանտիկինը մեզի համար յոգնած է”: “Քանի որ առանձին կը զգամ”: “Քանի որ տօնական օր է եւ ուրախ եմ”: “Քանի որ մտահոգ եմ” : “Քանի որ ընկճուած եմ”:
Բերանի անօթութիւնը կը ստիպէ մեզ դգալել ամբողջ պաղպաղակը մինչեւ որ անհանգստանանք:
Վստահաբար բոլորս ալ մեր անտրամադրութեան մէկ վայրկեանին զօրաւոր տենչով մը կերած ենք խոշոր cake մը:
Վատառողջ carbohydrate (Refined carbos) ուտելու այս տենչը կրնայ հանդերտեցնել մեր վատ հոգեվիճակը, կրնայ նաեւ ըլլալ ֆիզիքական պատճառ մը:
Կարգ մը դէպքեր, պատահարներ կը տխրեցնեն ու կը դժբախտացնեն մեզ եւ ուտելու այս ոճը մեր զգացական բնոյթէն կ’ըլլայ: Սակայն, առանց պատճառի երբ կը մթագնենք, այս պարագային ուտելու տենչը կրնայ ֆիզիքականնին հետ կապ ունենալ:
Մեր արեան մէջ շրջող քիմիական բանբերներ կան (Neurotransmitters) որոնք կ’ազդեն մեր զգացումներուն եւ պատճառ կ’ըլլան բազմազան ֆիզիքական ընթացքներու:
Այս բանբերներէն է Serotonin-ը որ կը կառավարէ մեր հոգեվիճակը: Մեր արեան մէջ serotonin-ի բաւարարութիւնը կը բարձրացնէ մեր տրամադրութիւնը իսկ ցածնալու պարագային վատ կը զգանք:
Serotonin-ը յատուկ է այն բանով որ արեան մէջ իր քանակը կապ ունի մեր կեցուածքներէն:
Serotonin-ի քանակը երբ իջնէ կը սկսինք վատոյժ carbohydrate-ներ ուտել (հաց, cakes, biscuits, խմերողէն):
Մարմինը Serotonin պատրաստելու համար անբնական carbohydrate-ներ չեն գործածուիր բայց զանոնք ուտելով կը ստեղծուի վիճակ մը որ կարող կը դարձնէ մասնաւոր Amino acid մը (Protein-ի մասնիկ մը, որ ուտելիքներէն կու գայ) Serotonin-ի վերածել: Այս տեսակ carbohydrate-ներ ուտելէ ետք մեր հոգեվիճակը կը լաւանայ բայց մեր նիհարնալու եւ առողջանալու ջանքը ի դերեւ կ’ելլէ:
Բարեբախտաբար ուրիշ միջոցներ կան որոնք առանց վատառողջ carbohydrate-ներ ուտելու նոյն արդիւնքը կու տան: Վերոյիշեալ Amino acid-ը որ serotonin-ի կը վերածուի, կենսարար ուտելիքներու մէջ եւս կը գտնուի որոնց կանոնաւոր սպառումով կ’ապահովենք մեր serotonin-ի մակարդակը եւ մեր բարձր տրամադրութիւնը:
Հետեւեալները կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը, - Ոսպը, սիսեռը, ձուկը, նուշը, դդումի թարմ կուտը, շուշմայի (սըմսոմ) հունտը, Brazil nuts, խեցգետին (shrimps), լուբիաներ, պանան եւ avocado:

Մարօ Գ. Նիկողոսեան




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝