Յայտարարութիւն

Wednesday, May 12, 2010

ՈՍՏԱՅՆ Երբ կը սկսինք նոր տարին...Վրէժ Արմէն

Վրէժ Արմէնի այս յօդուածը ,տպուած Յունուար ին Մոնթրէալի Հորիզոնին մէջ ,քիչ մը ուշ՝ դպրոցական տարեշրջանի աւարտին կ՜արտատպենք: Իր այլ յօդուածներուն կողքին, այս յօդուածն ալ Վրէժ Արմէնի այժմէական յօդուածներէն է,թէկուզ գրուած Նոր Տարուան առթիւ: Այնտեղ ուսանելի շատ բաներ կան ,որոնք որպէս գիտելիք եւ որպէս մտահոգութիւններ տարուան բոլոր օրերուն կը պատկանին:

«Նշանակ»

,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,-,--


Երբ կը սկսինք նոր տարին, հի՛նը կը վերյիշենք, անցած տարին, անցած տարիները:
Մանուկ՝ կը փնտռենք դպրոցական մեր ընկերները, որոնցմէ կամ որոնց մեծ մասէն կտրուեր էինք մի քանի շաբաթէ ի վեր, ու վերադառնալով դպրոց՝ շատ պատմելիքներ ունինք անոնց՝ ուրախութեամբ խօսելու Կաղանդ Պապային բերած )կամ դեռ չբերած( նուէրներուն մասին:
Պատանի՝ մեր դասե'րը կը փնտռենք, եւ ուսուցիչները՝ նոր բանե՛ր սորվելու տենչով: Ինչպէս ամէն վերամուտի, նոյնպէս Կաղանդի եւ Զատկուան արձակուրդներէն ետք, անհամբեր կը սպասենք դպրոցի վերաբացման, թէկուզ մեր դասընկերները վերագտնելու համար միայն:
Երիտասարդ՝ արդէն նոր տարին տարբեր յոյզեր, տարբեր ցանկութիւններ կ'արթնցնէ մեր մէջ. մեր սիրած ընկերը կամ ընկերուհին ինչպէ՞ս պիտի վարուի մեզի հետ, պիտի կարենա՞նք տիրանալ անոր սրտին...
Տակաւին, գործի ասպարէզը ի՞նչ անակնկալներ պիտի վերապահէ մեզի համար. պիտի յառաջդիմե՞նք մեր ասպարէզին մէջ, պիտի կարենա՞նք նոր յաջողութիւններ արձանագրել, նոր բարձունքներ նուաճել:
Իբր ծնողք, պիտի կարենա՞նք լաւ դաստիարակել մեր զաւակները, հրճուիլ անոնց հասակ առնելով, անոնց նուաճումներով:
Իբր հաւաքականութեան մէկ անդամը, պիտի կարենա՞նք մեր նպաստը բերել այդ հաւաքականութեան զարգացման, յառաջադիմութեան: Պիտի տառապի՞նք անոր տագնապներով, դարման պիտի գտնե՞նք այդ տագնապներուն:
Իբր մարդկութեան մէկ մասնիկը, պիտի կարենա՞նք յաւելեալ կաթիլ մը աւելցնել անոր մարդկայնութեան վրայ, լուծել անոր բիւր խնդիրներէն թէկուզ մէկը...
Յետոյ, յետոյ անցած-գացած տարիներուն հետ պիտի վերյիշենք բոլոր մեր սիրելիներ՝ ծնողք, ազգական, բարեկամ եւ ընկեր, որոնք հեռացած են այս աշխարհէն - անոնց հետ ապրած մեր տաք ու պաղ օրերը, մեր անմոռանալի պահերը եւ մոռցուելո՛ւ արժանի պահերը, մեր բաժնած աղն ու հացը եւ ունեցած վէճերը...
***

Երբ կը սկսինք նոր տարին, Հայրենիքն ալ անբաժան մասը կը հանդիսանայ մեր մտածումներուն: Հայրենիքը, որ մեզ հետ էր եւ մեզ հետ չէր մեր մանուկ հասակէն:
Հայրենիքը, որ լեցուցած էր - լեցուցած է' - մեր ամբողջ էութիւնը:
Հայրենիքը ուր գաղթեց մանկութեան առաջին ընկերս՝ մանկապարտէզի օրերուն: Եւ արտագաղթեց տասնամեակներ ետք...
Հայրենիքը, որուն գրքերը, սկսեալ մեր ուղղագրութեան ամենէն ահաւոր աղաւաղման այդ առաջին տարիներու՝ որպէս թէ մանուկներու համար պատրաստուած բայց զուտ քարոզչութեան նուիրուած անհրապոյր հրատարակութիւններէն մինչեւ հիմա արդէն գրադարանիս կէսը լեցուցած փայփայած գրքերս, բառարաններս, համայնագիտարանը, մեծ մասամբ է՜ր երբեմն Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի ու մասամբ ալ այդ մանկապարտէզի ընկերոջս կամ իր ծնողքին կողմէ առաքուած ինծի, մեզի...
Հայրենիքը, որուն քարտէսները կը սիրէի գծել ամէն դպրոցական ամառնային արձակուրդի՝ սկսեալ Տիգրան Մեծի, Արտաշէսի եւ անոնց յաջորդներու ժամանակներու սահմաններէն...
Հայրենիքը, ո՛ւր յաջորդ Կաղանդը ամէն ամանորի կը մաղթենք տօնել՝ այլեւս ազատած զինք կապկապող շղթաներէն...
Հայրենիքը, որուն կռունկները իրենց բերած »խապրիկ«ներով, երգ ու պարով կու գային թրթռացնել մեր հոգիները...
Հայրենիքը, որուն ազատագրութեան Դատին ուխտեր էինք ծառայել՝ մեր պատանի' օրերէն...
Եւ Հայրենիքը, որ մէկ օրէն միւսը դարձաւ իրականութիւն, դառն իրականութիւն եւ միաժամանակ երջանկութեան ժամադրավայր...
... եւ աղջկանս ընտրած բնակավայրը՝ գէթ ահա երեքուկէս տարիէ իվեր։
Ահա այս բոլորը, եւ դեռ աւելին կ'անցնին մեր մտքէն, եւ ակամայ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ որքանո՞վ մնացինք մեր Ուխտին հաւատարիմ՝ ծառայելու մեր Ազգին, արդարացնելով մեր վրայ դրուած յոյսերը:
Եւ փորձել պատասխանել այն միւս հարցումին, թէ ի վերջոյ, ի՞նչ տուինք մեր առածին փոխարէն, ի՞նչ տուինք, որ բան մը կարենանք բարեփոխել մեր շուրջ, ի՞նչ տուինք, որ մեր զաւակներուն եւ թոռներուն ժառանգ ձգելիք աշխարհը գէթ նուազագոյն չափով մը աւելի լա՛ւ ըլլայ մեր հայրերէն ու մեծ հայրերէն ժառանգ ստացած մեր աշխարհէն, աշխարհ մը, որուն յօդս ցնդած երազներուն տեղ միշտ նորերը հիւսելու կարելիութիւնը ըլլայ գէթ, աշխարհ մը, ուր Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը յարանորոգ Վերածնունդի իր ամբողջ իմաստով ապրուի:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-01-18 (1594)


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝