Յայտարարութիւն

Tuesday, May 4, 2010

Le Devoir-ի դասերը Վրէժ Արմէն

Մոնթրէալի օրաթերթերէն Le Devoir այս անցնող յունուար 10-ին նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել Քեպէք նահանգը նշեց այդ պատմական տարեդարձը:
Արդարեւ հպարտառիթ յոբելեան մըն է ասիկա, եւ օրաթերթի անձնակազմէն, աշխատակիցներէն, ընթերցողներէն մինչեւ նահանգի վարչապետը անխառն ուրախութեամբ մասնակից եղան տօնակատարութիւններուն:
Հարիւր տարի առաջ՝ 1910 յունուար 10-ին հիմնուելով Henri Bourassa-ի կողմէ, անոր եւ իրեն յաջորդող բոլոր տնօրէն-խմբագրապետներու օրով մնաց պատնէշի վրայ ու պաշտպանեց Քեպէքի ժողովուրդին ազ•ային-մարդկային իրաւունքները, ինչպէս նաեւ համամարդկային սկզբունքներ եւ դատեր՝ առանց ընկրկելու բազմապիսի դժուարութիւններու առջեւ:
Իր առաջին թիւի խմբագրականին մէջ Պուրասա կը գրէր. »Ապահովելու համար գաղափարներու յաղթանակը ախորժակներուն վրայ, հասարակութեան բարիքը կուսակցական մտածողութեան վրայ, մէկ միջոց կայ՝ ժողովուրդին մէջ, մանաւանդ իր ղեկավար տարրին մէջ արթնցնել հասարակական պարտականութեան զգացումը՝ իր բոլոր ձեւերով – կրօնական պարտականութիւնը, ազգային պարտականութիւնը, քաղաքացիական պարտականութիւնը։«
Ինչ որ մեզի համար ուսանելի է, այն իմաստուն մօտեցումն է, որ Le Devoir որդեգրեց յաղթահարելու համար այդ դժուարութիւնները, որոնք յատկապէս երկուք էին՝ տնտեսականը եւ գաղափարականը: Ինչպէ՞ս դիմանալ տնտեսապէս եւ միաժամանակ մնալ անկախ՝ կուլ չերթալ մեծ դրամատիրութեան կամ քաղաքական կուսակցութիւններու երախին մէջ: Կասկած չկայ, որ երկուքը սերտօրէն կապուած էին իրարու:
Այս երկրին մէջ, ի տարբերութիւն հայկական )սփիւռքեան( իրականութեան, թերթերը կը ղեկավարուին դրամատիրական մեծ ընկերութիւններու կողմէ: Անոնք են նաեւ, որ գլխաւոր կուսակցութիւնները կենդանի կը պահեն: Ուրեմն, որեւէ թերթ կամ զանգուածային լրատուական միջոց )ԶԼՄ-Media) իր գոյութիւնը կ՚ապահովէ երկրի տնտեսութեան լծակները իր ձեռքը ունեցող այս կամ այն մեծ ընկերութեան կողմէ, կամ ուղղակիօրէն, կամ այդ ընկերութեան )ընկերութիւններու( պաշտպանութիւնը վայելող, անոր )անոնց( խօսափողը դարձած կուսակցութեան)ց( ճամբով, ինք եւս իր կարգին խօսափողը դառնալով այդ կուսակցութեան)ց(:
Հակառակ իր վրայ դրուած ճնշումներուն, Le Devoir պիտի յաջողի չիյնալ այդ ծուղակին մէջ եւ ոչ ոքի խօսափողը կամ բեմը դառնալ - ոչ մէկ կուսակցութեան կամ առեւտրական-դրամատիրական ընկերութեան, վայելելով բոլորի'ն յարգանքն ու գուրգուրանքը: Ինչպէ՞ս - ստեղծելով բարեկամներու շրջանակ մը, որ յանձն պիտի առնէ ապահովել թերթին տնտեսական անկախութիւնը: Այդ բարեկամները կրնան բոլո'ր կողմերէն ըլլալ, նոյնիսկ իր մրցակիցները, որոնք նախանձախնդիր են, որ իրենցմէ տարբեր, ոչ- առեւտրական կամ սեփական շահեր հետապնդող, անկախ մամուլ մը գոյութիւն ունենայ՝ ի հարկին զիրենք քննադատող եւ կարգի հրաւիրող նոյնիսկ: Այդ բարեկամներու ջանքերով ստեղծուած հիմնադրամ մը, որուն բաժնետոմսերուն ալ 51% կը դրուի ամբողջութեամբ թերթի տնօրէնի տրամադրութեան ներքեւ՝ կ'ապահովէ անոր անկախութիւնը:
Անշուշտ միշտ հեզասահ չէ եղած թերթին կեանքը, յաճախ պատահած է, որ փակուելու վտանգին առջեւ գտնուի, բայց հաւաքական ճիգերով, ու մանաւանդ անձնակազմի ալ զոհաբերութեան գիտակցութեամբ վերապրած է ան:
Վերապրած է՝ հանդիսանալու համար այն բեմը, այլ բանավայրը կամ խօսավայրը, ուր քննարկուած են հասարակութեան զարգացման գլխաւոր խնդիրները, կարծիքներու եւ մտածումներու ամենալայն երանգապնակով, թեր եւ դէմ, եւ հետզհետէ ձեւ առած են Քեպէքի կամ ֆրանսախօս Գանատայի քաղաքական, մշակութային, տնտեսական, կրթական եւ ընկերային նախապատուութիւնները, հասունացած են հարցերը լուծելու մօտեցումները, ստեղծուած է հասարակական կարծիք:
Եթէ ճիշդ է, որ Le Devoir հայելին է եղած Քեպէքի ու Գանատայի ընկերութեան հոլովոյթին, ճիշդ է նաեւ այն, որ այդ հոլովոյթը մեծ բան կը պարտի իր կարքին այս օրաթերթին, որ եղած է թէ' անքուն հսկող աչք եւ թէ անխոնջ մղիչ ոյժ:
Այս երկրին մէջ, եւ գուցէ ալ այլուր մամուլի դերը աւելի հարազատօրէն մարմնաւորուող թերթ դժուար թէ քտնուի:
Վերջապէս, Le Devoir քիտցած է, իր ամբողջ լրջութեան ու խստամբերութեան կողքին նաեւ քայլ պահել ընկերութեան գեղարուեստական զարքացման հետ, ու հետզհետէ կերպարանափոխուած, տեսքով թէ բովանդակութեամբ երիտասարդացած է ու արժանացած մրցանակներու, այս գետնի վրայ, ապացուցնելով որ խորքը, մտաւորական մակարդակը եւ ճաշակը զիրար լրացնող եւ ոչ իրարու հակադրուող երեսներն են մամուլին:
Հարիւրամեակի նուիրուած բացառիկին մէջ թերթին ներկայ տնօրէնը՝ Bernard Descteaux վերահաստատելէ ետք, որ թերթը ոչ մէկ գաղափարաբանութեան կամ կուսակցութեան կը ծառայէ, այլ ան՝ »մտքի ազատութեան դաւանելով, կը պաշտպանէ ինչ որ լաւ եւ ճիշդ կը դատէ«, կ՜եզրակացնէ.- »Եթէ նուաճում մըն է 100 տարեկան ըլլալը, ադկէ չենթադրենք երբեք որ ատիկա երաշխիքն է տեւականութեան։ Ատիկա կը կառուցուի օրըստօրէ։ Ոչ ինքզինքին համար, այլ ձեզի՛ համար, ընթերցողներ, որ մեր գոյութիւն ունենալուն առաջին պատճառն էք«։
Ով ականջ ունի՝ թող լսէ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-02-01 (1596)



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝