Յայտարարութիւն

Wednesday, June 30, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները 117 Ռուբէն

Խուսափելու համար ձերբակալումէն, ես ստիպուեցայ նորէն փախչիլ մեր տունէն: Ապաստանեցայ նախ Քռոյի-Մահլէն, ու յետոյ` Բերդի-թաղ տունի մէջ, ուր Սեւքարեցի Սաքոն էր թաքնուած:
Քիչ կային իմ նախկին ընկերներէն Կարսի նահանգը: Մեծ մասը իմ ծանօթներէն սպաննուած էին կամ ձերբակալուած ու փախած: Դուրսեցիները քիչ կ’երեւային քաղաքի մէջ: Մնացեր էր Չիլինգարեան Յակոբը, բայց ան ալ հեռացաւ, որովհետեւ զայն եւս կ’ուզէին բռնել: Նոր ոյժերն էին գործի վրայ: Բոլորն ալ կ’աշխատէին ծածուկ, միայն Պլօ թագաւորն էր, որ առաջուան նման շամաթայով ու զալմազալով իր խանութներուն մէջ շոռիկ կը կարէր եւ ազատ համարձակ կը խօսէր: Նրան կարծես թէ կը ներէին ազատ խօսիլ եւ երբեմն ալ գործել. առանձին կարեւորութիւն չէին տար եւ ձերբակալել չէին ուզեր:
Թէեւ արտաքուստ այս տարբեր ձեւին տակ, բայց ներքուստ գործը կը շարունակուէր նոյն թափով: Կ. Կոմիտէն կը ծրագրէր Թումանի եւ իր խումբի վրէժը առնել թէ ռուսերէն եւ թէ տաճիկներէն: Այդ նպատակով եկած էր եւ Սեւքարեցի Սաքոն: Կ’որոշուի կազմել խումբ մը, բաղկացած եօթ հոգիէ, որոնք միայն տասնոց ատրճանակներով եւ ռումբերով զինուած, պիտի գնային եւ ծածուկէն մօտենային տաճկական զօրանոցներուն եւ մութ գիշերով պատուհաններէն ներս պիտի նետէին ռումբերը: Այս ծրագիրը կ’առաջարկուի նախ Տուրբախին, բայց յետոյ զայն յանձն կ’առնէ իրագործել Ամերիկայէն եկած Յարութիւնը, որ դժոխային մեքենաներ եւ ռումբեր պատրաստելու եւ գործածելու մասնագէտ էր:
Անոնք կ’երթան սահմանագլուխ, կ’անցնին սահմանը, կը յարձակին զօրանոցներու վրայ ռումբերով ու վնասներ կը պատճառեն, բայց ոչ ակնկալուածին չափ: Որոշուած ծրագիրը` հիմնայատակ ընել եւ բոլորովին ոչնչացնել զօրանոցները` լիովին չ’իրագործուիր: Բայց այդ ալ պատիժ մըն էր, եւ վրէժը մասամբ առնուած էր տաճիկներէն:
Մինչ այդ գործողութիւնը կը կատարուէր, կը մտածուէր նաեւ Բիկովի մասին:
Մի օր եկաւ ինձ մօտ երտասարդ մը, իւղոտած եւ ներկոտած շորեր հագած, ինքն ամբողջովին ներկերու մէջ: Հազիւ ճանչցայ, որ այդ «ներկարարը» Համոն է (Ջանփոլատեան): Մենք համբուրուեցանք եւ շատ ուրախացանք, որ նորէն միմեանց հետ տեսնուեցանք: Բայց Սաքոն մեզ հանգիստ չձգեց: Քաշելով Համոն անկիւնը, սկսաւ ինչ որ բան փսփսալ անոր հետ, որմէ յետոյ այդ ներկոտած երիտասարդը, մի «ցը» կանչելով դուրս ելաւ: Ես նախ կարծեցի, թէ երեւի դուրս գնաց կարճ ժամանակով եւ շուտով պիտի կրկին վերադառնայ: Յետոյ հասկցանք, որ նա կ’երթար դէպի մահ: Ինչպէս որ ես զայն խաբած էի, սպասցնելով Երեւանի կայարանը, այնպէս ալ ան զիս սպասեցրեց Սաքոյի կողքին: Սաքոն ինծի բան մը չըսաւ: Միայն հինգ օր ետքը նա յայտնեց, որ մենք պիտի հեռանանք Կարսէն միառժամանակ: Եւ հաղորդեց նաեւ ուրախալի լուրը, որ Համոն սպաննած էր Բիկովը ու առած մեր ընկերներուն վրէժը:

Այստեղ մի քանի խօսք Համոյի եւ այդ տեռորի մասին: Համոն ամենէն փոքրն էր եւ, ինչպէս ըսի, ան կ’արհամարհուէր որէպս ֆրանտ (պճնամոլ): Ան չյաջողեցաւ Երեւան մտնել խմբի մէջ եւ գնալ նահատակուելու: Զայն չէին ընդունած նմանապէս ոչ Վաղարշակը եւ ոչ ալ Թումանը: Նա լաց էր եղած Թումանի մօտ ու գանգատած, թէ ինչու զինքը չառին խմբի մէջ, ըսած էր որ ինքը նոյնպէս քաջ է եւ պատրաստ է մեռնելու: Բայց ինչպէս Թումանը, նոյնպէս Որսորդ Գէորգը այդ երիտասարդը վիրաւորած էին: «Սպասիր, մի քիչ մեծացիր, եւ երբ լաց լինելը թողնես, այն ժամանակ կը լինես ոչ թէ զինուոր այլ խմբապետ»: Ան այդ ատենը կարծես թէ մարգարէացած, յայտարարած էր որ յեղափոխականներու վրէժը առնողը Համոն պիտի լինի: Եւ երբ Թումանի սպաննուիլը կը լսէ, Թիֆլիսէն կը վազէ Կարս Սաքոյի մօտ եւ անոր կը պատմէ իր ցաւը, Յակոբի հակառակութիւնը իր «նահատակութեան», կը խնդրէ իրեն ճամբել գործի մը եւ կ’առաջարկէ Բիկովի սպաննութիւնը կատարել: Սաքոն, առանց Կ. Կոմիտէին յայտնելու, կը համաձայնի, կ’աջակցի, կը զինէ զայն: Եւ Համոն` երեսը մրոտած` մազերը գզգզած, ոտքերին եամանի հագած, պատռուած հագուստներով, ծխնելոյզ մաքրողի կերպարանքով մէն-մինակ կը հասնի Օլթի: Հասնելով Օլթի, ան հետամուտ կը լինի եւ կը հասկնայ, որ Բիկով շատ զգոյշ կը պահէ ինքզինք: Երեւի տաճկական զօրանոցներու դէմ կատարուած յարձակումէն յետոյ կասկածած էր, որ ինքն ալ կրնայ ենթարկուիլ տեռորի: Այդ պատճառով ալ հսկողութիւն կ’ուժեղացնէ զօրանոցի վրայ եւ ինքն ալ միայն զինուորական ակումբը կը յաճախէ, որ քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր զօրանոցէն: Համոն կ’ուսումնասիրէ Բիկովի երթեւեկը եւ անգամ մըն ալ երբ ան դուրս կու գայ զօրանոցէն ակումբ երթալու համար, որսորդական հրացանով կը խփէ զայն եւ գետին կը տապալէ: Ատով ալ չգոհանալով` կը մօտենայ անոր եւ ատրճանակի քանի մը գնդակով կը գոցէ անոր հաշիւը:

Շար 117

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Tuesday, June 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները116 Ռուբէն

Այս դէպքը նշանակալից էր անով, որ ռուս եւ թուրք զօրքրեը միասին կռուեցան հայ ֆետայիներուն դէմ, ցոյց տալով թէ երկու կառավարութիւններն ալ թշնամաբար կը վերաբերուէին հայ ազատագրական շարժման: Լոպանովի քաղաքականութեան արտայայտութիւն էր այդ, որ յետոյ պիտի շարունակուէր Լենիններու եւ Լեգրաններու օրով:

Սերգէյ յուսալքուած կը պատմէր մանրամասնութիւնները մահուան այն ընկերներուն, զորս գուրգուրանքով ճամբած էր Երկիր եւ որոնք բոլորը համարեա սպաննուած էին, եւ ինքը միայն դժբախտութիւնն ունէր ապրելու անոնցմէ յետոյ:
- Անոնց մահը ինծի հանգիստ չի տար, կ’ըսէր ան, եւ ես կ’ուզեմ երթալ Երկիր ու իմ դիակս աւելացնել անոնց դիակներու վրայ: Այդքան զոհերէն յետոյ, ապրելը ամօթ է մեզի համար:
Եւ երբ յայտնեցի անոր իմ յուսալքումը, որ հակաակ եզրակացութեան բերած էր զիս, ան չառարկեց եւ չըսաւ, որ ես սխալ եմ:
- Ըրէ՛ այնպէս, ինչպէս կը դատես, իսկ ես վճռած եմ, ինչ գնով լինի, գնալ Իշխանի ճամբով Վասպուրական եւ այն ճանապարհը, որմէ դու ես դարձեր, ես պիտի շարունակեմ: Դու արդէն մկրտուեցար կռուի մէջ, ես ալ նոյնը պիտի փորձեմ Երկիրի մէջ:
Մենք նոյն վիշտն ունէինք, բայց այդ վիշտը բաժնուած էր մեզ եւ մեր ճանապարհները: Զիս դէպի յուսալքում տարած էր, իսկ Սերէգյին մղած էր ծայր աստիճան յամառութեան: Ես տուի Սերգէյի մանրամասնութիւնները ճանապարհներու մասին եւ ըսի որ ամենայարմարն է եւ ամենադիւրինը Երկիր անցնիլ Թադէոս Առաքեալով, ուրտեղէն ես կարող էի անցնիլ, եթէ ցանկանայի:

¢¢¢

Սերգէյ Ալեքսանդրապոլէն գնաց Թիֆիս, յանձնարարութիւններ ստանալու Երկրի համար եւ այնտեղէն ուղիղ մեկնեց դէպի Վասպուրական: Իսկ ես եղբօրս` Երուանդի հետ միասին գացի Կարս: Ճանապարհին ան ինծի յայտնեց, որ նա Կարսի Կ. Կոմիտէի անդամ է ընտրուած:
Կարսի հին կազմը փոփոխութեան էր ենթարկուած եւ այժմս Կ.Կոմիտէի մէջ էին` Նորհատեանը, Սեւ-Կարսն, Ղազանճեան Կարսն եւ, կարծեմ, նաեւ Բզնունին:
Մերինները, ինչպէս ըսի, կը կարծէին, թէ ես սպաննուած եմ եւ նոյնիսկ հոգեհանգիստ կատարած էին: Դժբախտ մայրս արդէն հաշտուէր էր իմ մահուան մտքի հետ, մանաւանդ որ հարիւրաւոր մարդիկ, քանի մը ամսուան մէջ, զոհուած էին հայրենիքի զոհարանին առջեւ: Իսկ այդ կինը տարօրինակ հայրենասիրութիւն ունէր եւ մոլեռանդ էր իր հաւատին մէջ: Ծանօթ լինելով անձամբ բոլոր սպաննուածներուն, իմ մահը նրաց կողքին թեթեւ կը թուար անոր եւ մասամբ մխիթարուած էր, որ ես սպաննուած եմ հայրենիքի համար: Եղբայրս կը զգուշացնէ մօրս, ըսելով որ ես մեռած չեմ, այլ ծանր վիրաւոր եւ տուն պիտի հասնիմ ողջ: Այդ նախապատրաստութիւնը նրան չի վնասեր: Մի երկու ժամ զայն յուզմունքներու ենթարկելէ յետոյ, կ’ըսեն, որ իմ վէրքը շատ ծանր չէ եւ ես առողջ եմ ու վաղը տունը կը լինիմ: Վաղը կը դառնայ այնուհետեւ երկու ժամ, որմէ յետոյ զիս կը ներկայացնեն անոր:
Երբ ան տեսաւ զիս, քարացաւ. անշարժ կեցած իր տեղը չէր կրնար ոչ խօսիլ, ոչ ուրախանալ եւ ոչ ալ լաց լինել: Եւ երկար րոպէներ անցան քաղցր լռութեան մէջ: Վերջապէս ան ըսաւ.
- Տղաս, քու բոլոր ընկերները գացին եւ սպաննուեցան, Աստուած հոգիները թող լուսաւորէ, բաց երբ մէկը ճամբայ մը կը բռնէ, պիտի շարունակէ. ես չեմ անիծեր զանոնք որոնք ողջ մնացեր են, բայց ով որ մեռածի ճամբան չի շարունակեր` ան անարժան է մեռածներուն: Գիտեմ, օղուլ, Ռուս Գէորգն ալ սպաննուեցաւ, շորերն ալ մօտս են. մօրը պիտի ղրկեմ, թող մխիթարուի...
Ու սկսաւ լաց լինել:
Ես կը պատմեմ մեր ընտանիքի մէջ պատահած այս դէպքը, որովհետեւ մօրս այդ օրուան խօսքերը դարձան իմ կեանքի միակ պատուիրանը: Ես սկսայ ամչնալ իմ մտքերէն: Մայրս չգիտէր որ ես յուսալքուած էի: Ես այդ վայրկեանէն բոլորվին փոխուեցայ եւ համոզուեցայ, որ Սերգէյը աւելի ճիշդ ճամբու վրայ էր կանգնած:
Քանի մը օր միայն անցած էր, ինչ տուն էի դարձած, երբ նկատեցի, որ զիս կը հետապնդեն, որպէսզի ձերբակալեն: Թէեւ գործերը առաջուան նման կը քալէին, բայց առաջուան նման ազատ համարձակ չէինք կարող ման գալ: Անցեր էին այն օրերը, երբ Սերգէյ նահանգապետէն ա՛լ աւելի ուժեղ էր եւ ոչ ոք կը համարձակէր ձեռք տալ յեղափոխականի մը:
Շար 116

Monday, June 28, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները 115 Ռուբէն

Ահա այդ խումբը իր ամբողջ կազմով կ’ոչնչանայ, իր հետ տանելով թանկագին ուժեր, եւ այդ բոլորը Սերգէյի աչքին առջեւ: Մերոնք թշնամիէն իրենց թիւէն աւելի սպանած էին` զօրքեր ու քրտեր, բայց ի՞նչ օգուտ, քանի որ մեր կորուստը աւելի զգալի էր, քանի որ խումբը չէր հասած իր նպատակին: Եւ որ գլխաւորն է, կորցրած էինք ապագայ խոստացող մի քանի կարեւոր ընկերներ:
Յետոյ կ’երթայ Թումանը:

Թումանի խումբը. – Թուման (Թորգոմ), երբ կը վերադառնայ Ընդհ. Ժողովէն, Որսորդ Գէորգի հետ կը կազմէ 61 հոգինոց Որսկան խումբը: Այս անգամ, սակայն Թուման պիտի չկրնար կրկնել իր Մրրիկ ձիաւոր խումբին յաջող փորձը:
Սասունն արդէն ինկած էր. Թուման չէր ուզեր ետ մնալ իր ընկերներէն եւ կը մտածէր, որ եթէ յարձակի թրքական սահմաններու վրայ, թերեւս թրքական զօրքերու մէկ մասը քաշէ դէպի սահմանը, եւ այսպիսով թեթեւցնէ Սասունի վիճակը:
Խումբին մէջ կը մտնեն բաւականին մեծ թիւով մտաւորականներ` ուսանող, բժիշկ, քահանայ: Կային նաեւ հարուստ ընտանքիներու զաւակներ, ինչպէս, օրինակ, Լեւոն Քալանթարեանը, որ Բագուի նաւթահորերը թողած եկած էր Հայաստանի համար կռուելու: Խումբին մէջն էր Վաղոն, կառավարական մեծ պահեստը դատարկողը: Հոն էին նաեւ Անուշաւանը եւ անոր պէս բազմաթիւ անձնուրացներ:
Ինչպէս ընդունած սովորութիւն էր, խումբի դրօշակը կ’օծուի գիշերը, եկեղեցիի մոմերու աղօտ լոյսին տակ, բոլորը կ’երդնուն եւ կը հաղորդուին: Միւս գիշերը ճամբայ կ’ելլեն Օլթիի շրջանէն: Թիւ 68 սիւնէն մէկուկէս վերստ հեռու, անոնք սահմանը կ’անցնին աննկատ, աղբիւրի մը վերեւ լեռ կը բարձրանան եւ դիրքրերը կը բռնեն: Չորս ռուս զինուորներ կու գան այդ աղբիւրը ջուր խմելու եւ հոն կը տեսնեն երկու շալակաւորներ` քնացած: Կը գողնան մէկուն շալակը եւ կը տանին պահակատուն: Երբ շալակաւորները կ’արթննան ու կը տեսնեն որ թալանուած են, անմիջապէս կը բարձրանան լեռը` տեղեկութիւն տալու Թումանին: Թաքնուած ռուսո զինուորները կը հետեւին միամիտ շալակաւորներուն եւ կը հասկնան ֆետայիներուն տեղը: 150ի չափ սահմանապահ զօրքեր կը շրջապատեն անոնց դիրքերը, միաժամանակ լուր տալով տաճիկ ուժերուն: Օլթիի կողմն ալ, ռուս սահմանապահ հրամանատար Բիկովը կը հասնի օգնական ուժերով:
Առաջին յարձակումը կը գործեն ռուսերը եւ կը ստիպեն ֆետայիները քաշուիլ դէպի տաճկական սահմանը: Որպէսզի թիւրիմացութիւն չծագի, Թումանը կը հրահանգէ որեւէ գնդակ չարձակել ռուսերու վրայ, այլ կռուիլ միմիայն տաճիկներուն դէմ: Միաժամանակ, պատգամաւոր մը կ’ուղարկէ ռուս հրամանատարին մօտ, բացատրելու համար իրենց նպատակը եւ հասկցնելու, թէ իրենց գործը միայն թուրքերուն հետ է: Ռուսերը վար կը դնեն պատգամաւերը (Անուշաւան): Անուշաւանի ետեւէն կ’երթայ Լեւոն Քալանթարեանը, բայց ան ալ բանտ կ’առաջնորդուի:
Բիկովի հրամանով, ռուս զօրքերը երեք կողմէ կը պաշարեն մեր տղաքը, իսկ չորրորդ կողմէն տաճիկ զօրքերն են: Խաչաձեւ կրակի տակ բռնուած, խումբը չի գիտեր թէ որու վրայ կրակէ: Ռուսերը, որեւէ վնաս չկրելով, աւելի կ’ոգեւորուին եւ կատաղի կրակ կը բանան: Միայն թուրքերն են որ կը տուժեն, 10ի չափ ասկեարներ կորսնցնելով:
Կռիւը կը տեւէ մինչեւ ժամը չորսը: Այլեւս ֆետայիները անիմաստ կը սեպեն դիմադրութիւնը եւ կ’որոշեն անձնատուր ըլլան ռուսերուն: Խումբի քահանան, խաչը ձեռքին, ընդառաջ կ’երթայ, բայց կը գնդակահարուի: Կը սպաննուի նաեւ Թումանը, 10 ընկերներու հետ: Որսորդ Գէորգը կը վիրաւորուի եւ իր վերջին շունչը կ’աւանդէ ռուս զինուորի մը սուինի հարուածին տակ: Այսպէս ամբողջ խումբը կը փճանայ կամ ցիրուցան կ’ըլլայ: Ֆետայիներէն կը սպաննուին 27 հոգի, 6 հոգի կը վիրաւորուին եւ 14 հոգի գերի կ’իյնան. մնացածները կը փախչին անտառներու միջով:
Բիկովը հաւաքելով նրանց դիակները, իր զինուորներով կը նկարուի, իբրեւ պարծանք ու կ’արժանանայ թէ՛ ռուս եւ թէ տաճիկ կառավարութեանց շնորհակալութիւններուն:

Շար 115

Sunday, June 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները114 Ռուբէն

Նախ կ’երթայ Մշեցի Վաղարշակի խումբը:
«Դժոխք» խումբը. – Մինչ Երկաթ-Թոխմախի խումբը այսպէս կը նահատակուէր Ախլաթի ճամբուն վրայ, Կարսի Բասէնի շրջանին մէջ կը պատրաստուէր Սասուն անցնելու ուրիշ խումբ մը, Վաղարշակի (Կայծակ) գլխաւորութեամբ:
Վաղարշակին մենք նոյնպէս ծանօթ ենք արդէն. զինքը տեսանք Մշոյ մէջ եւ Առաքելոց Վանքի կռիւներու ատեն: Սասնոյ աչքառու ֆետայիներէն էր, որ ունէր նաեւ կազմակերպական խորոշոր կարողութիւն: Ան եւս գացած էր Սոֆիայի Ընդհ. Ժողովին իբր պատգամաւոր Դուրան-Բարձրաւանդակի կողմէ: Կը փութար Սասուն նորէն 29 ձիաւորներով, որոնց մէջն էին քանի մը համալսարանական գործիչներ, Բժիշկ Խաչիկը, Ռուս Գէորգը (Դերպէնտցի), որ թէեւ կիսահայախօս էր, բայց ուխտած էր մեռնիլ Հայաստանի համար: Վաղարշակի հետ էին նաեւ շատ մը ընտիր զինուորներ, ինչպէս Առվարինջցի Սէյտօ Պօղոսի ընկեր Վարդանը, Մշեցի Պաղտասարը, Գէորգը, Նատոն եւ ուրիշներ:
Գիշերուայ մութին` լաւ պարենաւորուած` Վաղարշակի խումբը սահմանը կ’անցնի. կը նկատուի թշնամիէն. փոքրիկ կռիւ մը կ’ունենայ անոր հետ, բայց կը յաջողի սահմանէն ներս մտնել եւ Խորումի եւ Զեւինի հին բերդին մէջ, բլուրի մը վրայ, հանգիստ առնել: Վաղ արշալոյսին խումբը կը պաշարուի սահմանապահ զօրքերու եւ քիւրտ աշիրէթներու կողմէ: Ռուս զինուորները ռուսական սահմանէն կը դիտեն հայ ֆետայիներու հետ սկսուած կռիւը, որ մինչեւ կէսօր յաջող կ’անցնի, եւ թշնամին կորուստներ տալով չի յաջողիր մօտենալ ֆետայիներու դիրքերուն: Կէսօրէ վերջ թշնամին նոր օգնական ուժեր կը ստանայ եւ աւելի բուռն յարձակումներ կը սկսի ֆետայիներու վրայ: Վաղարշակ ձիու վրայ նստած կը շրջի դիրքերը եւ սիրտ կու տայ իր զինուորներուն դիմադրելու մինչեւ վերջ. բայց ֆետայիները անզօր են առաջքն առնելու թշնամիին հազարաւոր կռուողներու գրոհին: Վաղարշակ կը վիրաւորուի մահացու կերպով. անոր ետեւէն գնդակահար կ’իյնան շարք մը ուրիշ ֆետայիներ: Վերի դիրքերը կը գրաւուին, իսկ ներքեւը դիմադրութիւն դեռ կը շարունակուի: Ի վերջոյ ողջ մնացածները կ’ուղղուին դէպի ռուսական սահմանը:
Բլուրի վրայ հաւաքուած թուրք եւ քիւրտ բազմութիւնը կը շարժի առաջ, ողջ մնացած ֆետայիները եւս սպաննելու համար: Թուփերու մէջ կան վիրաւորներ ֆետայիներէն, որոնց մէջն է նաեւ Առվարինջցի Վարդանը: Վերջինս կը թաղէ ռումբերն ու տինամիթը թուրքերու եւ քրտերու ճամբուն վրայ եւ կը վառէ պատրոյգը: Ռումբերը կը պայթին եւ անոնց կտորները երկինք կը հանեն տասնեակներով թշնամիներ: Ինք` Վարդանը, սողսկալով թուփերու մէջէն, քարերու արանքով, երկու օր վերջ կը հասնի ռուսական սահմանը մէն-մինակ:
Ֆետայիներու մնացորդները Ռուս Գէորգի առաջնորդութեամբ ատկէ առաջ արդէն հասած կ’ըլլան ռուսական սահմանը, ուր կանգնած էին ռուսական սահմանապահ զօրքերը: Ռուսախօս Գէորգը վստահ ըլլալով, թէ ռուսերը ձեռք չպիտի տան իրեն եւ իր ընկերներուն առաջ կ’անցնի. բայց խեղճը դաժանօրէն սխալած էր. ռուս զինուորներու համազարկերը կը դիմաւորեն զինքն ու իր խումբը. եւ երկու կրակի մէջտեղ իյնալով Գէորգն ու իր ընկերները բոլորն ալ գնդակահար կ’ըլլան: 29 հոգիէ միայն երկու վիրաւորներ կ’ազատին: Սակայն, ինչպէս ոմանք կը պնդեն, ֆետայիներու այս խումբը ոչնչացաւ իրեն հետ ոչնչացնելով 300 թշնամիներ: Եթէ այս թիւը չափազանցուած ալ ըլլայ., ամէն պարագայի տակ կատարեալ վստահութեամբ կարելի է ըսել թէ թշնամիին կորուստը 90էն աւելի էր, որովհետեւ այդպէս կը վկայեն թուրք պաշտօնեաները, որոնք մասնակցած են այս կռիւներուն: Իսկ ռուսներու վկայութեամբ թուրքերու կորուստը 250ի մօտ էր:

Շար 114

Wednesday, June 23, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -113 -Ռուբէն

¢¢¢

Հասնելով Ալեքսանդրապոլ, կ’երթամ ուղիղ Վաղոյի պատուալը, բայց Վաղոն այնտեղ չեմ գտներ: Անոր փոխարէն նրա եղբայրն էր հոն նստած: Երբ անկէ կը հարցնեմ Վաղոյի մասին, ան կը պատասխանէ թէ Ռուսաստան է գնացեր: Համարձակ քայլերով դիմեցի դէպի Գէորգի հիւրանոցը: Այստեղ ես այլեւս անծանօթ չէի, ինչպէս Երեւան, եւ վախնալու ալ ոչինչ չունէի, քանի որ բոլորն ալ կը ճանչնայի: Կը մտեմ հիւրանոց, յոգնած ու բեզրած եւ, առանց տատանուելու, կը ներկայանամ ոչ թէ ծառաներուն, այլ ուղղակի Գէորգին ու կ’ըսեմ`«Ինծի նոմեր (սենեակ) տուր»:
Ան կը նայէ ինծի ու կ’ըսէ. «Գնա օբշչին» (ընդհանուր) եւ ծառային ալ կը պատուիրէ, թէ տար «օբշչին»: Ես բարձր ձայնով կ’ըսեմ.
- Տուր ինձ առաջին նոմերը:
- Զանիտա (բռնուած է), ծօ՛, եա, ի՞նչ առաջին նոմերը:
Երբ ես յամառօրէն կը պնդեմ, որ տայ ինծի առաջին նոմերը եւ ուղիղ կ’երթամ հոն, ինծի կը հայհոյէ, գոռալով
- Ղուրումսաղ, ո՛ւր կը քշես:
Ես ալ նոյն ձեւով կը փոխադարձեմ: Ապա ան կը մօտենայ ինծի, կը նայէ եւ կը տեսնայ, որ կարծես ծանօթ դէմք է: Վայրկեան մը ետքը անմիջապէս կը ճանչնայ զիս եւ կղպած նոմերը բաց անելով, որ ի հարկէ դատարկ էր, կը տրամադրէ ինծի: Կը յայտնէ նաեւ, որ եղբայրս ալ այստեղ է: Քիչ ետքը կը հաւաքուին իմ ծանօթները, կը ծիծաղին տարօրինակ հագուստիս եւ մանաւանդ գլխուս մէջտեղ թրաշածին վրայ: Անմիջապէս կը տանին զիս բաղնիք եւ նոր շորեր կը հագցնեն: Ես, վերջապէս, կ’ազատուիմ ոջիլներէն եւ այդ գիշեր հանգիստ կը քնանամ:

¢¢¢

Ես այն սենեակն եմ, ուր քանի մը ամիս առաջ հաւաքուած էինք եւ ծրագիրներ կը մշակէինք Երկիր գնալու համար, ուր ամէն տեսակ կատակներ կ’ընէինք` նոյնիսկ մահուան մասին: Այժմ իմ այս բոլոր ընկերները, որոնք մահն անգամ կատակի կու տային, զոհ են գացեր իրենց գաղափարներուն: Սպաննուած էին թէ Մշեցի Կայծակ Վաղարշակը, թէ Ալեքսանդրապոլցի Պատուալի Վաղոն, թէ ասլանակերպ Ռուս Գէորգը եւ թէ Թումանը` մեր բոլորի հոգիին ձգողական կեդրոնը, եւ ուրիշ շատերը մեր այն ընկերներէն, ինչպէս Երկաթն ու Յովհաննէսը (Մակարեան), որոնց հետ գեղեցիկ երազներ կը հիւսէինք, երազներ, որոնք այժմ ցնդած էին իմ մէջ: Լքում եւ յուսահատութիւն կը տիրէր այժմ իմ հոգիին մէջ: Եւ այն աստիճան հիասթափուած էի, որ այլեւս անմիտ կը համարէի նոյն ճանապարհով գնալը եւ գործելը:
Մինչ սուտ քուն եղած, վերմակը գլուխս քաշած կ’ուզեմ ծածուկ լաց լինել եւ քիչ մը հանգստանալ, յանկարծ ներս կը մտնէ Սերգէյը, վերջին մնացորդը իմ ընկերներէս: Ան լուռ կը նայէ ինծի, կարծես թէ նա կը զգայ տառապանքը, կը թափանցէ իմ հոգիի ներսը, կը հասկնայ զիս; Արդեօ՞ք այն պատճառով, որ ինք ալ նոյն ցաւը կը զգայ, ինքն եւս կը տանջուի տեսնելով զիս, որ մեր խմբակի վերջին մնացորդն էի:
- Ինչպէ՞ս վերջացաւ, ինչպէ՞ս դու ողջ մնացիր, երեւի դուն ալ ինծի նման սեւ բու լինելու բախտն ունես:
Եւ խեղճ Սերգէյը սկսաւ լալ: Նա իրաւունք ունէր լալու, քանի որ մէկը միւսի ետեւէն կորսնցուցած էնք մի ոգով եւ մի գաղափարով տոգորուած, մի ուղղութեամբ աշխատող երիտասարդ եւ գաղափարական մեր ընկերները: Այս մի տարուան մէջ մեր դպրոցական կամ յեղափոխական տղաներէն, որոնց հետ ուխտած էինք միասին գործել, միասին մեռնիլ, գրեթէ բոլորը մեռած էին. չկային Եգորը, Իսաջանը, Խաչիկը, Թումանը, Վաղոն, Վաղարշակը, Երկաթը, Յովհաննէսը, Ռուս Գէորգը: Միւսները ձերբակալուած կամ փախած էին: Մնացեր էինք թոյլերը. լաւերը բոլորը կորսուած էին: Սերգէյը մանրամասն պատմեց Կարսի անցուդարձը, անձնական եւ կուսակցական հարիւրաւոր ընկերներու կորուստը, մեր խումնբերու նահատակութիւնը: Ցնցող էին անոր պատմածները:
Շար 113

Tuesday, June 22, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 112 - Ռուբէն

Երեւանի մասը վերջացնելուն համար` մի երկու խօոք Մրգաստանի Կ. Կոմիտէի կազմակերպած արշաւանքի մասին:
Գայլ Վահան եւ Միհրանի խումբերը (Գայլ Վահանի եւ Միհրանի խումբի, ինչպէս նաեւ «Դժոխք» խումբի, Թումանի խումբի կռիւներու նկարագրութիւնը վերամշակուած է Ռուբէնի կողմէ «Հայրենիք» 1925 թ. Յունուար). – Նկատի ունենալով Ֆետայիներու անյաջողութիւնները սահմանի վրայ եւ վերագրելով զանոնք ռուս սահմանապահ զօրքերու, Հ.Յ.Դ. Երեւանի (Մրգաստանի) Կեդր. Կոմիտէն կ’որոշէ, Երկաթի ու Թոխմախի խումբի բնաջնջումէն յետոյ քանի մը ահաբերկումներ կատարել ռուս սահմանապահ պաշտօնեաներու վրայ: Այդ որոշման հետեւանքով, ի միջի այլոց Իգտիրի մէջ կը սպաննուի հայատեաց ռուս գաւառապետ Պոկուսլաւոսկին: Միաժամանակ վրէժ լուծելու նպատակով հայ խումբերու ոչնչացման համար Կեդ. Կոմիտէն կ’որոշէ ոչնչացնել Մոսունի եւ Զորի թուրք սահմանապահ զօրանոցները` զօրքերու հետ միասին: Այդ ծրագիրը իրագործելու համար երկու խումբ կը կազմուի, Արտաւազդ եւ Մասիս անուններով, բաղկացած 112 ֆետայիներէ: Արտաւազդի հրամանատարը կը դառնայ Գայլ Վահան (Մինաս Տոլպաշեան), իսկ Մասիս խմբինը` Բաբերդցի Միհրանը, որ յետոյ տխռահրչակ Միհրանական շարժման ղեկավարը դարձաւ: Այս երկու խումբերու մէջն ալ կային կրթուած երիտասարդներ, ինչպէս էին, օրինակ Յովհ. Մակարեանը եւ Նիկողոս Տէր Խաչատրեանը:
Երկու խումբերը միասին անվտանգ կ’անցնին սահմանը ու կը հասնին Ռեսի-Գոմերի կոչուած բարձունքը, ուրկէ կը բաժնուին երկու մասի եւ տարբեր ուղղութիւններով առաջ կը շարժին: Արտաւազդ խումբը կ’ուղեւորուի դէպի Մոստուն, Գայլ Վահանի առաջնորդութեամբ, իսկ Մասիս խումբը, Միհրանի առաջնորդութեամբ դէպի Քոռուն` Զիլանցի աշիրէթին վրայ:
Գիշերուան ժամը 2ին Արտաւազդ խումբը կը պաշարէ հեռուէն Մոստունի թրքական զօրանոցը, նախապէս կտրելով Պայազիտի հեռագրաթելը եւ զօրանոցէն քիչ հեռու երկու զինուորական վրանները եւս առնելով պաշարման օղակի մէջ: Չորս ֆետայիներ մթութեան մէջ կը մտնեն զօրանոց ու երդիքը կը բարձրանան, ուր քնած կ’ըլլան բազմաթիւ զինուորներ, 150է աւելի: Պահապանը կը նկատէ, բայց տեղն ու տեղը կ’ինայ ֆետայիներու գնդակէն: Անմիջապէս չորս ռումբեր կը նետուին քնած զինուորներուն մէջ: Ռումբերը կը պայթին եւ այդ նշանին վրայ չորս կողմէն ֆետայիները կրակ կը բանան: Յանկարծակի եկած թուրք զօրքերը խուճապի մը մատնուին, եւ ժամ մը չանցած ամբողջ թրքական զօրքը կը վերածուի դիակներու կոյտի: Կը սպաննուին նաեւ մօտակայ հայ գիւղի մէջ գտնուող թուրք զինուորներ ալ, այնպէս որ ի սպառ կը բնաջնջուին թէ՛ զօրանոցի, թէ՛ վրաններու եւ թէ գիւղի մէջ եղած թուրք զինուորները: Հայ գիւղացիները, վախնալով վաղուան պատասխանատուութենէն, դեռ լոյսը չբացուած կը դիմեն դէպի ռուսական սահմանը:
Մասիս խումբը, բաժնուելով Արտաւազդ խումբէն, կ’երթայ ու կը բռնէ Զորի շրջակայքը եւ այն հովիտը, ուր օպա են դրած Զիլանցի քրտերը: Հայ ֆետայիները կը սպասեն Մոսունի ձեռնարկի սկսուելուն, որ իրենք ալ միաժամանակ յարձակում գործեն: Երբ գիշերուան ժամը 2ին ռումբի ձայներ կը լսուին հեռուէն, Զորի պահապանը կը լսէ այդ ձայները եւ հրացանի տրաքոցով հաւար կը ձգէ: Այդ իսկ վայրկեանին դարնամուտ ֆետայիները կրակ կը բանան եւ յարձակում կը գործեն զօրանոցի ու քրտերու վրայ: Ժամ մը չանցած անոնք կը գրաւեն թէ՛ զօրանոցը եւ թէ օպաները: Զօրքերու եւ քրտերու մէկ խոշոր մասը կը սպաննուի, իսկ միւս մասը կ’ազատի փախչելով:
Այսպիսով երկու ձեռնարկներն ալ կատարեալ յաջողութեամբ կը պսակուին: Երբ լոյսը կը բացուի, նոր դժուարութիւններու եւ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններու առջեւ կը գտնեն ինքզինքնին ֆետայիները, հայ գիւղերը տեղահան կ’ըլլան վախնալով այլեւս մնալ նախկին տեղերուն մէջ եւ կ’ուղղուին դէպի ռուսական սահմանը. պէտք է զանոնք ապահով հասցնել ռուսական հողը: Մինչեւ Չինկիլ ֆետայիները կ’ուղեկցին հայ գաղթողներուն, արգիլելով տաճիկ զօրքերուն եւ քիւրտ աշիրէթներուն յարձակիլ եւ գաղթողներուն առաջքը առնել: Մեծ հերոսութեամբ ֆետայիներըվ կ’ազատեն ժողովուրդը թշնամու գրոհէն, բայց կը զոհաբերեն Գայլ Վահանը, Նիկողայոսը (Բաբգէն) եւ շատ մը ուրիշ անձնուրաց ֆետայիներ:
Խակայն նոր դժուարութեան մը կը հանդիպին ֆետայիները եւ գաղթական ժողովուրդը: Այս անգամ ռուսական սահմանապահ զօրքրեը, կոզակները եւ քրտերը, բռնելով նահանջի ճանապարհները, կրակ կը բանան ֆետայիներու եւ ժողովուրդի վրայ: Շատերը կ’իյնան այդտեղ ռուսական գնդակներէն. ոմանք ալ կը փախչին կ’ազատին, իսկ ֆետայիներու մնացած մասն ալ ժողովուրդին հետ գերի կ’իյնան ռուսաց ձեռքը:
Այդ բոլոր կռիւներու ընթացքին 112 ֆեռտայիներէն կը սպանուին 36 հոգի:
Այս արշաւանքին լուրը կը տարածուի մինչեւ Կարս եւ շատերը, որոնց կարգին նոյնիսկ ընկերներէն ոմանք, որոնք չէին գիտեր իմ ուր լինելը, կը կարծէին, որ ես եմ արշաւաինքի ատեն զոհուած Մինասը (Տոլպաշեան), քանի որ իմ իսկական անունս Մինաս է: Քանի մը տեղ, ինչպէս եւ մեր տնեցիք, նոյնիսկ հոգեհանգիստենր կը կատարեն ինծի համար:

Շար 112

Անթարգմանելին եւ թարգմանելին

«Հորիզոն Գրական»ի 25-ամեակին առիթով

Այս տողերուն հեղինակը յայտնի բանաստեղծ մը չէ,Այս տողերու հեղինակը անյայտ կամ սկսնակ բանաստեղծ մը չէ, Ոչ ալ օտար լեզուով արտայայտուող հայ բանաստ եղծ մը:
Այս տողերը գրելու համար օգտագործուած չէ ոչ անգլերէն եւ ոչ ալ հայերէն լեզուն. ոչ նոյնիսկ Մարաշի բարբա-
ռը: Եւ որովհետեւ ոչ մէկ յստակ լեզու օգտագործուած է այդտեղ կարելի չէ նաեւ թարգմանել զայն հայերէնի:
Ոչ մէկ լեզուաբանի տրամաբանութեամբ այս տողերը չեն սահմանուիր ոչ հայերէնի, ոչ անգլերէնի եւ ոչ ալանգլիատառ հայերէնի պարունակին մէջ:

«Քափրի» խորագրեալ այս բանաստեղծութիւնը ընդամէնը մէկ տող ունի հայերէնով դիպագրուած՝ «հայ եմ» (կրկներգի նման քանի մը անգամ օգտագործուած), «հայ եմ եւ հայ ես դուն» իբրեւ սկիզբ, իբրեւ վախճան եւ բնաբան եւ զարգացում: Կայ նաեւ միակ բառ մը «զօրաւոր»
գրուած լատինատառ «zoravor»:
ՔԱՓՐԻ
Հա’յ եմ
Երակներուս մէջ է, արեանս մէջ է
Ես այն հունտն եմ, զոր թրքութիւնը չսպաննեց
Զոր թուրքերը չսպաննեցին.
Ես սէրը գտայ Քափրի կղզիին մէջ _ գտայ արիւնս,
գտայ արիւնակիցս
Եւ այն վայրը որուն կը պատկանիմ:
Այն պահուն եnբ լսեցի Հայերէն բա’ռը
Տեսայ գեղեցի’կ սեւ աչքերը երիտասարդ աղջիկներուն եւ
հայկական ծանօթ քիթը
Հայ եմ եւ Հայ ես դուն
Հետեւաբար պէտք է սիրեմ ձեզի առանց յուզումի,
Այս սէրը, կու գայ հին գաւառներէն
Զօրաւոր (zoravor) զինուորներէ,
Որոնք կռուեցան մեր հողին համար
Որպէսզի մենք ապրինք առ այսօր _ Իտալիոյ մէջ
Քափրիի հողին վրայ եւ կարողանանք ըսել _
Հա’յ եմ, Հայ եմ եւ Հայ ես դո’ւն
ՎԷՐՈՆԻՔԱ
Քափրի, օգոստոս 2008
(Պարզ տառատեսակով բառերը բՆագրին մէջ
հայերէնով են)
Ընդամենը այսքան եւ արդիւնքը այն որ այս բա-
նաստեղծութիւնը կարելի չէ ճիշդ ձեւով ու ճշգրտօրէն
թարգմանել հայերէնի. պարզ այն պատճառով որ անիկա
թարգմանն է իր կէները Մարաշէն քաղելով, Ուրուկուէյ
ծնած ու սնուած, իտալական ափին զբueաշրջիկութեան
առաջնորդ, իր ցեղի ներկայացուցիչները որոնող այլ՝ որս
ացող, կենսաբանականօրէն քսանհինգ տոկոս այնուամե-
նայնիւ լիարժէք հայո’ւ Վերոնիքայի գերզգայական ճամ-
բanդութեան, Cբnեւ պոռթկում ու պատգամ հասցէագրու
ած Աւստրալահայ ուղեւոր Սիլվիա Մոմճեան-Իսկէնտ
էրեանի «հայ եմ եւ հայ ես դուն» ցաւին: Ձօն մը, կտակ
մը փոխանցուող սիրտէ սիրտ, արիւնէ արիւն: Մասունք մը
Վերոնիքա առ Սիլվիա հետեւեալ մակագրութեաUբ. «փա-
փաքեցայ քեզի տալ այս մէկը (բանաստեղծութիւններու
փունջը) քանի որ գիտէի որ պիտի հասկնայիր զայն...»,
պարզ այն պատճառով որ «իմ արիւնս դրոշմուած է ցե-
ղասպանութեաUբ», պարզ այն պատճառով որ «ես այն
հունտն եմ զոր թուրքերը չկրցան սպաննել...»:
«Հորիզոն»ի գրական յաւելուածի 2010 Յունուարի
թիւին մէջ արտատպուած Աւստրալիոյ «Արմինիըն Ուիքլի
»ի մէջ անգլերէնով լոյս տեսած «Ձեռքեր ծովերէն ան-
Դին» նշմարը, խորհրդածութեան առիթ ընծայեց ինծի ան-
գամ մը եւս թերթատելու եւ աւելի ուշադիր ընթերցելու
թերթի նոյեUբեր-դեկտեUբեր 2009-ի 25-ամեայ երթին
նուիրուած բացառիկը:
Սկիզբ 1979 մայիս 28, Ա. թիւ: Այսօր թեւակոխած
307-րդը, աւելի քան 300 աշխատակիցներով ստորագրութիւնն
եր արտերկրի եւ հայրենի գրողներու, մտաւորականն
երու, բանասէրներու եւ մտքի երէց եւ երիտասարդ մշակն
երու կողմէ: Այսօր, Հորիզոնի գրական յաւելուածը, որ
լոյս կը տեսնէ Գանատայի պաշտօնակից «Հորիզոն շաբա-
թաթերթ»ի առընթեր ամենամսեայ հերթականութեաUբ,
դարձած է ժամադրավայրը բազմաթիւ ականաւոր գրողնե-
րու իր բaiանդակութեաUբ, այլազանութեաUբ եւ եռալե-
զու հրատարակութեաUբ: Յիշատակելու համար քանի մը
անուն թուենք՝ Վահէ Օշական, Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ
Նշանեան, Աբnահամ Ալիքեան, Ալեքսանդր Թոփճեան,
Արծուի Բախչինեան, Պողօս Գaoբէլեան, Մովսէս Պչաքճ-
եան, Վեհանոյշ Թէքեան, Մարուշ Երամեան եւ խոստմնա-
լից նոր գրողներ, որոնց առջեւ գրականի դռները միշտ
բաց եղած են: Եւ տակաւին բացառիկ թիւեր, որոնք գրողի
մը Uaբելեանէն անկախ կը շօշափեն բանասիրական ինչպէս
գրականագիտական, լեզուական թեմաներ եւ կլոր սեղանն
եր նուիրուած այժմէական հարցերու(համացանց):
Բնոյթով սիրողական, գործնապէս մասնագիտական
պատրաստուածութեաUբ այս թերթի ամեն մէկ թիւի լոյս
ընծայման ետին կանգնած էր սակայն անձ մը, անձ մը
ասպարէզով ճարտարապետ այնուամենայնիւ էութեաUբ ու
նուիրուածութեաUբ գրող, հրապարակախօս, EUբագիր
Վրէժ-Արմէն:
Անուն մը, ծանօթ ստորագրութիւն մը Վ. Ա. Ա., որ
մեզի համար ոչ սովորական, եզակի նախաձեռնութեաUբ
թերթի «նաւավար»ի (ինչպէս կը սիրէ անուանել ինքզինք)
ղեկը EUբագրապետի պաշտօնը ի խնդիր գործի շարունա-
կականութեան կը փոխանցէ EUբագրական կազմի ան-
դամներէն արժանաւորի մը՝ Վիգէն Աբnահամեանի, այն
յստակ համոզումով որ «EUբագրապետ»ի պաշտօնը
ցկեանս չի կրնար ըլլալ: Նոյն թիւի (25-ամեակի բացառիկ)
իր «Սահմանական եղանակ, անցման ժամանակ» խօսքին
մէջ Վրէժ-Արմէն կը ճշդէ թէ ասիկա աւելի շուտ «Փո-խանցման ժամանակ» է, խոստանալով
միաժամանակ աջակցիլ Վիգէնին:
Պաշտօնը կամովին եւ գիտակցաբար իր
հնոցին մէջ թրծուած երիտասարդի մը
յանձնումը մտաւորականի մը մեծութ
ենէն, տաղանդի գիտակցութենէն,
ինքնավստահութենէն ու լայնախոհութ
ենէն կուգայ. արժանիք մը որ տար-
բեր է վարքագիծէն այլոց, որոնք իրենց
աթոռներուն վրայ երկար տարիներ
մնալով եւ ինքզինք կրկնելու գնով կը
խափանեն նորերու յառաջընթացը,
դատապարտելով զանոնք յաճախ յուս
ահատութեան ու լռութեան:
Մեր հասկացողութեաUբ ասիկա
բՆաւ աւարտ մը չէ, այլ նոր սկիզբ մը
Հորիզոն-գրականի համար եւ սիրելի է
յուսալ որ Վ. Ա. Ա. այս անգամ ոչ Cբnեւ
«նաւապետ» այլ Cբnեւ խոնարհ նա-
ւաստի կը շարունակէ նաւարկել «Հորի-
զոն»ի ուղեւորութեան ընդմէջէն:
Ինչքանով որ անթարգմանելի
կը թուի ըլլալ Վերոնիքայի բանաստ
եղծութիւնը, նոյն ուժգնութեաUբ
թարգմանելի եւ ուսանելի է Վրէժ-
Արմէնի որոշումը, յանուն Արմենա-
կան հունտերու գոյատեւման, զորս
թուրքը չկրցաւ սպաննել:
ԷԼՕ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Friday, June 18, 2010

«ԽՈՓԱՆԸ»(*)ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Վահէ Սարգսեանի վարի գրութիւնը շարունակութիւն մը կարելի է համարել Մելքոն Կիւրճեանի, Երուխանի եւ այլ իրապաշտ թէ գեղապաշտ հեղինակներու կողմէ գրուած այն տխուր պատմուածքներուն որոնք , այն օրերուն կ՜առնչուէին Պոլսոյ իսկ այժմ Մոսկուայի հետ: Ճիշդ է որ Սարգսեան Երուխան կամ Զօհրապ չէ, սակայն ան կրցած է ընթերցողին փոխանցել պանդուխտին հոգեբանական տագնապը, անոր որպէս գործիք գործածուիլը , Ջաւախքի անհեթեթ քաղաքական իրավիճակին առթած մարդկային դժուարութիւնները:Իր այս տուելներուն համար կը հրապարակենք յօդուածը:
Նշանակ

«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Իւրաքանչիւր գարնանամուտին Ջաւախքում եռու-
զեռը գնալով շատանում է. ֆիզիկական աշխատանքի ըն-
դունակ իւրաքանչիւր տղամարդ յայտնւում է տենդագին
նախապատրաստութեան մէջ: Նրանք պատրաստւում են
մեկնելու »խոփան«: Դժուար է ասել, թէ միջինասիական
խոպանների մշակման մեկնողներից ով է այս բառն առա-
ջին անգամ բերել ՞Ջաւախք, սակայն մի բան յստակ է‘
»խոփանն« այլեւս ջաւախքեան մշակոյթի անբաժան մասնիկն
է: Դեռ աւելին‘ »խոփանչիները«, հակառակ իրենց
սեւագործ աշխատանքին, Ջւախքի իրենց շէներում ուն
են բաւականին ծանրակշիռ տեղ ու դեր: Գիւղական շա-
տուշատ կանանց բերանից կարող ես լսել, օրինակ‘ »թըմ-
բենց տունը պառկել է, խոփան չի ուզէ էրթալ«, կամ էլ‘
»մարդ օր խոփան չէրթայ‘ էլ ում է պէտք« արտայայտութիւնն
երը: Եւ իրօք, Ջաւախքում տղամարդը գարնանից
մինչ աշուն անելիք չունի, իսկ ձմռանն »իրաւունք« ունի
պարզապէս հանգստանալու:
Վրէժը Ջաւախքի Ն գիւղում յայտնի է որպէս լաւա-
գոյն շինարար: Յաճախ է պատահում, եnբ ձմրան ամիսնե-
րին‘ դեռ նոր-նոր արտագնայ աշխատանքից տուն դարձ
ած, վերանորոգում է համագիւղացիների տները: Վերջին
շրջանում բաւականին յարմարաւետ եւ նրբաճաշակօրէն
վերանորոգման ենթարկեց նաեւ իր սեփական տունը: Շատ
էր ուզում իր երիտասարդ ընտանիքին մի բանով ուրա-
խացնել. »մենք ապրուստ չտեսանք, գոնէ տղաքս տեսնին
«, _ յաճախ սիրում էր կրկնել երիտասարդ ընտանիքի
հայր Վրէժը: Եւ իրօք‘ անասելի կերպով նա կապուած էր
իր փոքրիկների‘ տասնմէկամեայ Գէորգի ու վեցամեայ
Վարդանի հետ: Յատկապէս կրտսեր որդուն պաշտելու
չափ սիրում էր:
Այդ տարին Վրէժը դեռ նոր էր վերադարձել Ռուսաստ
անից եւ դեռ չէր հասցրել տեղը տեղին գուրգուրել ու
փայփայել, կարօտն առնել իր որդիներից, եnբ Ռուսաստա-
նից կրկին կանչեցին նրան: Գործերն այդ տարին շուտ էին
սկսուել, եւ գրեթէ Յունուար ամսին նա պէտք է լիներ
Մոսկուայում: Հեռախօսափողը վայր դնելուն պէս‘ Վրէժն
ընկաւ մտքերի մէջ: »Ախր նոր եմ տուն մտել է, էս Մասկվ
այի հարուստները խիղճ չունեն հէչ, իրենց ինչ կայ‘ ամ-
բողջ օրը իրենց ընտանիքի գլխին, զաւակներով ու հարա-
զատներով շրջապատուած: Մի հատ չեն մտածէ էստեղ‘ Ջա-
ւախքում մի գործ դնեն, մի բան ստեղծեն‘ մենք էլ աշխա-
տենք, չգնանք էդ անտէր երկիրը«, _ տխուր մտորումների
մէջ ընկնելով իրեն-իրեն խօսում էր նա: Իսկ եnբ առաջին
դասարանի Այբբենարանը ձեռքին վազէվազ մօտը եկաւ
փոքրիկ Վարդանն ու գոչեց‘ »պապա, տեսի‘ մենքա էսօր
թըզը տառ ենք անցել, հայմի կըյնամ կայդա. “Արա”,
“սուր”, “ուս”«, Վրէժի սիրտը չդիմացաւ: Ժպտալով գրկին
սեղմեց որդուն, վայր դրեց ու ատամները սեղմելով‘ հեռա-
ցաւ: Հասուն տարիքում նա գրեթէ չէր արտասուել, անգամ
հարազատ մարդկանց յուղարկաւորումների պահին նա
տխուր եւ գլխիկոր էր դառնում, բայց արտասուել երբէք
չէր պատահել նրա մօտ: Այս անգամ‘ չգիտես ինչու, նրա
սիրտը ճմլուեց: Առանձնանալով կողքի սենեակում‘ կնոջից
թաքուն նա հեկեկում էր: Տղամարդկային հպարտութիւնը
թոյլ չէր տալիս, որ նրան այդ պահին որեւիցէ մէկը տեսներ,
անգամ կինը, որի հետ նա եnբէք վատ չէր վարուել, սակայն
նրան այդ պահին ոչ մէկը չէր կարող օգնել: Վրէժը, որն
ամբողջ կեանքում ունեցել եւ յաղթահարել էր բազում
դժուարութիւններ, իրեն այդ պահին զգում էր թոյլ ու
անօգնական, խեղճացած, եւ, ամենակարեւորը‘ խորապէս
վիրաւորուած: Ումից կամ ինչից էր նա վիրաւորուած‘ ինքն
էլ չգիտեր այս հարցերի պատասխանները: Սակայն փաստը
մնում էր փաստ, որ ներքին խռովքը տանջում էր հոգին,
ալեկոծել ու փոթորկել էր նրա խաղաղ ու ստեղծագործ
կեանքը: Որդիների առաջ նա իրեն զգում էր յանցագործի
պէս‘ անգամ այն աստիճան, որ այլեւս խուսափում էր նայել
նրանց աչքերին։ Կեանքում առաջին անգամ նա այլեւս չէր
ուզում տեսնել նրանց։
_ Ա, ս, ա‘ ասա, ս, ու, ր‘ սուր, ու, ս‘ ուս, մա, այ մա,
պապան ո՞ւր քնաց, գար, տեսնիր, թէ ինչղ կը կարդամ,_
կողքի սենեակից լսւում էր փոքրիկ Վարդանիկի ձայնը:
Կինը‘ Աննան, զգացել էր ամուսնու խառնաշփոթ վիճակը,
սակայն ձգտում էր հանգիստ թողնել եւ չխանգարել նրան:
»Երեւի գործերուն հետ է կապուած, ջղայնացել է, թողնեմ
հանգիստ, թող քիչմ դինջնայ«, _ որոշեց նա: Սակայն
ամուսինը չէր »դինջանում«, ընդհակառակը‘ նրա թախիծն
ու հոգեկան լարուածութիւնը գնալով աւելի ու աւելի էին
մեծանում: Մի գիշեր եւս եւ նա կրկին հեռանալու է հա-
րազատ տնից, կրկին օտար ափերում նրան հետապնդող
կարօտը դառնալու էր նրա միակ ուղեկիցն ու երջանիկ
օրերի միակ վկան:
»Ծօ ինչ ես էշըցել, կայնել, չե՞ս տեսնի, օր ասֆալտը
սառիկը, պրծի, գործի անցի, _ վերակացուի ձայնն էր,
որից ցնցուեց Վրէժը,_ ծօ ես անգլոխներուն ուրտից հա-
ւաքեցինք մեր գլխուն, մոլըրած հաւ կլմանին, _ թունոտ
կշտամբանքները շարունակում էր տեղալ բանուորների
գլխին նա: Իսկ ասֆալտը իրօք որ սառչում էր, հարկաւոր
էր արագ այն օգտագործել, քանի որ շուտով նոր աւտոմե-
քենայ էր գալու ասֆալտով բեռնուած, եւ բանուորները,
որոնց մէջ եւ Վրէժը, քափ ու քրտինքի մէջ կորած շարուն
ակում էին հարթեցնել ու ասֆալտապատել Մոսկուայի
բակերը«: Այսպիսի դէպքերը շատ-շատ են պատահել Վրէ-
ժի կեանքում‘ գրեթէ ամեն անգամ, եnբ նա մտքերով տե-
ղափոխւում էր հայրենի գիւղ, որդիների մօտ եւ մոռանում
աշխատանքի մասին: Հիմա նստած տանը‘ յիշում էր
դրանք մէկ առ մէկ: Չնայած միշտ ատել էր այդ »վերա-
կացուական« ձայները, սակայն դրանք բարձր այդ պահին
հնչում էին նրա ականջին, չէր կարող նաեւ մոռանալ ու
չյիշել բնաւ այն վիրաւորանքները, որոնք ստացել էր նա‘
»խոփանի« տարիներին: Եւս մէկ օր եւ նա կրկին յայտնու
ելու է այդ ամենի մէջ, եւ կրկին իր սիրասուն Վարդանի
զիլ ու քաղցրահնչիւն ձայնին փոխարինելու է գալու անտ
աշ ու անգրագէտ վերակացուի նոյնքան անտաշ ու
նեարդայնացնող ձայնը։
_ Ա, ս, ա, ասա, ս, ու, ր, սուր, ու, ս, ուսս
Վաղ առաւօտ էր, յունուարեան պաղ ու մռայլ առա-
ւօտ: Ջաւախքեան սառնութիւնը դաղում էր մարդու քիթ-
բերանը, այտերը: Ճամբաներում մեռելային լռութիւն էր.
գիւղը դեռ քնած էր: Միայն գիւղի տներից մէկի լուսա-
մուտներն էին, որ առկայծում էին էլեկտրալամպի շողքե-
րից: Մի ինչ-որ արտասովոր բան էր կատարւում այնտեղ:
Դա Վրէժի տունն էր, որտեղ արթուն էին բոլորը: Փոքրիկ
Վարդանի քունը տանում էր, սակայն ծնողները նրան
չկարողացան համոզել, որ չարթնանայ եւ գնայ քնելու:
Այդ առաւօտեան նա սովորականի պէս զուարթ չէր, այլ‘
դարձել էր աւելի զայրացկոտ ու զգայուն: Վրէժը թաքուն
նկատում էր որդու խռոված հոգին, եւ նրա սիրտը դրանից
աւելի ու աւելի էր ալեկոծւում: Ուզում էր մօտենալ նրան,
գրկել ու երկար-երկար գուրգուրել, սակայն չէր ուզում
աւելի բորբոքել նրան: Աւելի ճիշտ‘ չէր ուզում ինքն էլ
բորբոքուել, առանց այն էլ‘ ամբողջ գիշեր տառապել էր:
Եկաւ բաժանման պահը: Վրէժը համբուրեց կնոջն ու
աւագ որդուն: Հերթը հասաւ Վարդանին: Վերջինս զգա-
լով, որ հայրը մօտենում է իրեն‘ արագ վեր թռաւ, պինդ
փաթաթվեց հօր ազդրին եւ բարձրաձայն հեկեկաց: Վրէժը
դարձեալ յուզուեց: Ատամները սեղմելով‘ նա փորձում էր
ժպտալ եւ ցոյց տալ որդուն, որ ոչ մի բան չկայ, ինքը
ամեն տարուայ պէս գնում է, որպէսզի նորից վերադառն
այ, որպէսզի նորից նրան նուէրներ բերի: Սակայն փոքրիկ Վարդանին այդ պահին նուէրը չէր հետաքրքրում:
Մանկական խռոված հոգին այլ բանի կարիք
ունէր: Վրէժը նոյնպէս դա լաւ էր հասկանում, սակայն
այդ պահին ոչինչ անել չէր կարող: Եւ այդ անզօրութիւնը,
բախուելով տղամարդկային հպարտութեանը, կրկին ու
կրկին փոթորկում էր Վրեժի ողջ ներաշխարհը, դարձնում
նրան աւելի դիւրագրգիռ ու մտածկոտ:
Բաժանումի տխուր տեսարանը շուտով աւարտուեց,
Վրէժի աւտոմեքենան մեկնեց Երեւան, որտեղից նա պէտք
է ինքնաթիռով թռչեր Մոսկուա: Վրէժի դէմքի ժպիտն իսպ
առ անհետացել էր, իսկ երբ առիթի դէպքում նա փորձում
էր ժպտալ, ապա դէմքն աւելի շատ ծամածռւում էր,
քան դա կարելի էր ժպիտ համարել: Սիրտը կարծես թողել
էր տանը, որտեղ իր սիրասուն ընտանիքն էր, իր փոքրիկ
Վարդանը:
_Դուքա Ռուսաստան կերթա՞ք:
_Հա, չգնամ ի՞նչ էնեմ: Էստեղ մնալով ի՞նչղ պահեմ
ընտանիքս, երկու փոքր տղայ ունիմ: Տիա, պզտկիս առա-
ւօտը էլել էր‘ կու լար, կ՜ըսէր‘ պապա մի էրթա, հազիւ
կրցայ ոտքիցս պոկել: Գիտէք հե՞շտ է, օր տեղում հնար
ունենայի‘ ինչի՞ տի էրթայի:
_Է՜, ճիշտ կ՜ըսէք, »խոփանն« աշխարքի ամենագէշ
բաներէն մէկն է, տնէ-տեղէ հեռու, կարօտը մեթուն, ծանդր
աշխատանքը մեթուն մարդու հոգին երկու կտոր կ՜ենեն:
_Գլուդ վերեթին կայնողին ճւոց-բզզոցին բան չես ըսէ,
քուգ իշու գործդ հերիք չէ, մէկմա անընդհատ ինչխոր դըգինըկով
զայնէ գլխուդ, մարդու կենդանու տեղ բանեցնեն կը:
_Մեր Ջաւախքն աշխարքին ամենալաւ տեղն է,
ուղղակի հոս գործ, աշխատելու հնարաւորութիւն տի
ստեղծուի, մեր տղոցը համար ապագայ տի ստեղծուի, օր
ժողովուրդը մնայ էստեղ ու էլ չէրթայ դուս: Էդիգա պե-
տութիւնը չի էնէ, մենք տի էնենք, էնա չենք էնէ ըշտը:
Երեւան հասնելուն պէս‘ ճանապարհային այս խօս
ակցութիւնն աւարտուեց: Վրէժը մէկ օր անց մեկնեց
օդակայան:
_Ծօ Վրէժ, դունա կ՜երթա՞ս:
_Հա, տղաք, կ՜երթամ հըմը սիրտս հէչ չի քաշէ:
Տղոցս մեննըկ թողի: Էն պզտիկս, Վարդանիկս...
_Սիրելի ուղեւորներ, դէպի Մոսկուա չուերթի հաշու
առումն աւարտուած է։
Վրէժը գլխիկոր բարձրացաւ ինքնաթիռ: Եւս երկու
ժամ եւ նա կը յայտնուի այնտեղ, որտեղ երբեք չէր ուզի
գնալ։
»Ա, ս, ա‘ ասա, ս, ու, ր‘ սուր, ու, ս‘ ուս, մա, այ մա,
պապան ու՞ր քնաց, գար, տեսնիր, թէ ինչղ կը կարդամ«,
ինքնաթիռի սուլոցի հետ նրա ականջին դեռ հնչում էին
նրա սիրելի Վարդանի բառերը, որին այժմ նա թողել էր
հեռու-հեռւում։

31յունուար 2010, Երեւան
*( Վահէ Սարգսեանի նախորդ՝ »Արուս Տատիկը« պատմուածքի՝
հրապարակումէն ետք )»Հորիզոն գրական«, մարտ 2010(, մի
քանի դժգոհութիւններ իմացանք առ այն, որ ան »գրականութիւն
չէ«, կամ նման բաներ։ Գուցէ. կրնանք այդ մասին վիճիլ »ի
կատարումն աշխահի«, բայց Ջաւախքի խնդիրն այսօ՛ր կը
սպասէ իր գրողին. թող այս երկրորդ պատմուածքի լոյս
ընծայումը համարուի աւելի լաւը արտադրելու հրաւէր մը մեր
բոլոր գրողներուն։

Thursday, June 17, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 111 -Ռուբէն

Առաւօտեան կ’երթամ այն տունը, ուր կը բնակէր Դարվիշը (Գալուստ Ալոյեան): Այս տունէն ես դուրս էի եկած քանի մը ամիս առաջ մեկնելու Նիկոլի հետ Պարսկաստան: Դարվիշը, սակայն, այլեւս հոն չէր բնակեր, ան փոխած էր իր տունը: Ես ստիպուած եմ խիստ զգոյշ լինել: Չեմ կարող հարցուփորձ ընել ամէն մարդու, մանաւանդ իմ ցնցոտիներով եւ պարսկական շորերով, որոնց տակը, շապիկիս վրայ կարուած կային գաղտնի նամակներ: Ստիպուած եմ վերադառնալ «բուլվարը» (ծառուղին), որպէսզի գտնեմ մէկը, որուն կարենամ հարցնել Դարվիշի հասցէն: Գորոտովոյներուն (փողոցի ոստիկաններուն) հարցնելը վտանգաւոր է, մանաւանդ ի՞նչ լեզուով պիտի հարցնէի: Անոնք ռուսեր են իսկ իմ շորերով մարդը ռուսերէն չի կարող գիտնալ, նա պիտի գիտնայ միայն թրքերէն: Բայց դժբախտութիւնն այն է, որ թէեւ գլուխս ալ թուրքի նման ածիլած եմ, թրքերէն չգիտեմ: Եւ երբ ես նստարաններէն մէկուն վրայ նստած կը սպասեմ յուսահատ վիճակի մէջ, կը մօտնենայ ինձ գորովոտոյ մը եւ կը խփէ ոտքով, ըսելով.
«Կորի՛ր, ինչ քու տեղն է հոս...»:
Ես վախցած, վեր կը կենամ տեղիցս եւ լուռ ու մունջ կը քաշուիմ ուրիշ փողոց մը: Յանկարծ ուսանող մը կ’անցնի կողքիցս եւ մէկուն կը կանչէ հայերէն: Հայ ուսանողը վստահելի կը լինի եւ ես կ’որոշեմ ինչ ալ որ լինի, հարցնել անոր Դարվիշի հասցէն: Ես չէի սխալած: Ուսանողը նայեց իմ հագուստներուս եւ ուղեկցեց մինչեւ Դարվիշենց տունը:
Ճանապարին չէի կրնար խուսափիլ խօսակցութենէն եւ իմ արտասանած քանի մը խօսքէն ան, ըստ երեւոյթին, հասկցաւ որ ծպտեալ մէկն եմ: Անոր հայեացքը, կարծես թէ ինծի կ’ըսէր. «Դուն, բարեկամ, պարսկահայ չես եւ նոյնիսկ ինտելիկենտ մարդ կ’երեւաս...»:
Երբ հասանք Դարվիշենց տունը, ես համարձակ ներս մտայ, բայց ինծի ըսին որ ան տունը չէ: Կինը զիս չէր ճանչնար: Ես արդէն մտած էի նախասենակ, բայց տիկինը դիմեց ինծի` «Մի՛ կեղտոտեր, կանգնի դուռը» ըսելով: Հոգիս բերանս էր հասած, ա՛լ համբերել անկարելի էր: Իմ հագուստներս դարձած էին դժբախտութեան պատճառ ինծի համար: Ես արագ հանեցի նամակները վրայիցս եւ տուի տիկնոջը, ըսելով որ յանձնի Դարվիշին:
Դուրս եկայ տունէն զայրացած ու յուսահատ: ի՞նչ պիտի ընեմ, ո՞ւր պիտի գնամ: Եւ ահա կը տեսնեմ նոյն ուսանողը փողոցը կանգնած ինծի կը սպասէ: Ես շատ յուզուեցայ անոր այդ վերաբերմունքէն եւ սիրտս բացի անոր: Ըսի որ Դարվիշը տունը չէր, զիս ներս չառին, չունի տեղ ալ չդրին, եւ այժմ չեմ գիտեր թէ ո՛ւր պիտի գնամ եւ ո՛ւր պիտի անցնեմ գիշերը:
Ո՞վ էր այդ բարի ուսանողը, չգիտեմ: Ան շատ լաւ վերաբերուեցաւ ինծի հադէպ:
- Չլինի թէ սոված ես, ըսաւ:
Ես պատասխանեցի որ անօթի չեմ:
Ան հանեց գրպանէն երկու ռուբլի եւ տուաւ ինծի: Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ խոստացայ վերադարձնել երբ ստանամ Դարվիշէն: Անշուշտ, ճիշդ չէր ըսածս, քանի որ Դարվիշին այլեւս պիտի չի հանդիպէի: Ուսանողը ցոյց տուաւ ինծի Խանի (հասարակ իջեւան) մը տեղ, որտեղ կրնայի գիշերել, եւ աւելցուց, որ դրամը վերադարձնելու պայմանաով չէ որ տուած է ինծի: Խնդրեց որ ատոր փոխարէն պատմեմ իրեն Երկրի վիճակի մասին: Ես խոստացայ վաղն ընել ատիկա եւ մենք բաժնուեցանք իրարմէ:
Աշչի-Խաները (հասարակ ճաշարանները) մտնել կը վախնայի, կրնային հարց ու փորձ ընել, թէ ո՞վ եմ, ուրկէ՞ կու գամ եւայլն: Գերադասեցի հաց ու պտուղ գնել եւ գացի Ղանթարի տակը (Երեւանի կեդրոնական շուկան) ու կուշտ մը կերայ: Երեկոյեան դէմ գացի բուլվար (ծառուղի), ուր երեւանցիք կը զբօսնուն, բայց կողքէն անցայ: Տեսայ իմ նախկին դասընկերներս, որոնք այժմ Երեւանի թեմական դպրոցի ուսուցիչներ էին, կը զբօսնուն հոն: Ես չհամարձակեցայ մօտենալ անոնց, չուզենալով մատնել իմ ինքնութիւնս: Դարվիշն ալ չուզեցի տեսնել այլեւս եւ ուղղուեցայ դէպի կայարան` Ալեքսանդրապոլ գնալու համար: Ապրանքատար գնացքի կոնդոկտորի հետ յարմարեցինք եւ մեկնեցայ այդ գնացքով: Հազիւ քանի մը կայարան անցած էի, երբ զիս վար բերին ու ստիպուեցայ ոտքով շարունակել ճամբաս մինչեւ Ալեքսանդրապոլ:

Շար 111

Wednesday, June 16, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-110-Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

Վերադարձ դէպի Կովկաս.
Երեւան. Գայլ Վահանի եւ Միհրանի խումբերը
(Քոռուն-Մոսունի կռիւները)
Ալեքսանդրապոլ. կրկին Գէորգի նոմերաները.
Սերգէյ կը տեղեկացնէ Կարսի բոլոր խումբերու
կոտորուիլը
Դժոխք խումբը (Վաղարշակ).
Թումանի Որսկան խումբը.
Կ’երթամ տուն` Կարս.
Խումբերու վրէժը կ’առնեն
Բիկովի սպանութիւնը Ջանփոլատեանի կողմէ

Վանէն ստացուեց նամակիս շատ չոր ու խրատական պատասխան մը, որու միտքն այ էր, թէ այդ տրամադրութեամբ մարդիկ աւելորդ են այնտեղ եւ սահմանի վրայ կանգած խորհուրդ տալը նոյնպէս աւելորդ բան էր: Իրօք տեղին էր այդ նամակը:
Ատկէ յետոյ, ի հարկէ, ես պիտի թողնէի հեռանայի ու չմտնէի Երկիր: Վարդանն ալ համաձայն էր ինծի հետ: Նա տուաւ ինծի նամակ մը Քիշմիշ Թափա, իսկ նամակ մըն ալ Արաբլու` Մեմէտ աղային, որպէսզի անցկացնեն զիս դէպի Կովկաս: Տուաւ նաեւ ընդամէնը 4 ղռան դրամ, իբր ճանապարհածախս մինչեւ Երեւան, նամակներ Երեւանի վրայ, որ եկած էին Վասպուրականէն:
Հագուստներս փոխած, որպէս գաղթական, չարուխներ ոտքերուս ու պարսկական մի հին քեչա գլխարկ գլուխս դրած ճամբայ կ’իյնամ դէպի Քիշմիշ Թափա: Այդ գիւղը տարօրինակ էր: Կարելի էր ըսել, որ ամբողջ գիւղը մի տանիք ունէր եւ տներն ալ իրարու հետ ծակերով կապուած էին, այնպէս որ առանց դուրս ելլելու փողոց, մի ծայրէն միւսը կարելի էր անցնիլ: Ինքնապաշտպանութիւնն էր անշուշտ ստիպել գիւղացիները, որ այդ ձեւի գիւղ հիմնեն: Ատկէ հեռու չէր Պայազիտը, ընդամէնը քանի մը ժամուան ճամբայ:
Այստեղ կը պատմէին, թէ ինչ որ կռիւներ եղած են Քոռուն եւ Մոսուն, որոնք թէ՛ զօրքերու եւ թէ քրտերու վրայ մեծ տպաւորութիւն թողած են: Նոյնպէս կռիւներ տեղի ունեցեր են Ղարաքիլիսէի (Ուչ Քիլիսէ) վանքի մօտ:
Երկար չենք սպասեր Քիշմիշ Թափա եւ քանի որ յարմար առիթ ալ կար, ճամբայ կ’իյնանք դէպի Արաբլու: Յովսէփը, որ այդ գիւղէն էր, կ’առաջնորդէ զիս եւ ես կ’երթամ Մեհմէտ աղայի տունը: Երկու ղռանը կու տամ Մելիքին իբրեւ թութունի դրամ եւ Մեհմէտ աղայի տունը կը մնամ միայն մէկ օր: Հետեւեալ օրը ան զիս կը տանի շամբը, որտեղ կը սպասցնէ երկու օր եւս: Հոն հակերով շաքար կար դատարկուած եւ երբ միւս ափէն մեզի նշան կ’ընեն, շաքարները շալկած մենք իսկոյն կ’անցնինք այն ափը: Երկու գլուխ շաքար առած եմ իմ շալակը, բայց անոնք կ’իյնան ջրի մէջ եւ կը թրջուին: Դուրս ելնելուն` վզակոթիս լաւ հարուած մը կու տան:
Երկու ղռանով մօտ 10 ֆ. հաց կը գնեմ եւ ճամբայ կ’իյնամ դէպի Երեւան, ոտքով: Կը հասնիմ Խանլուխար գիւղը, ուր կը յուսամ, թէ այն բարձրահասակ միականի մարդը, որ Նիկոլի հետ զիս պատուած էր, պիտի կերակրէ զիս եւ տեղ տայ քնանալու համար: Բյաց նա զիս չճանցաւ իմ հագուստներուս մէջ, ես ալ չուզեցի պարզել անոր իմ ինքնութիւնս, կարծելով թէ ան պարտական է զիս ճանչնալ: Ան ինծի առաջարկեց քնանալ շուկայի սաքուներուն մէջ: Ամբողջ գիշերը մոծակները հանգիստ չէին տար, մանաւանդ որ փողոցն եմ պառկած: Կէս գիշեր դեռ չէր դարձած., երբ ես, փոխանակ տանջուելու մոծակներու ձեռքէն, կ’որոշեմ ճամբաս շարունակել: Միւս գիշերը լուսաբացին կը հասնիմ Երեւան:

Շար 110

Monday, June 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-109-Ռուբէն

Երեք ճամբորդներ կանգ առին Վանքի դրան առջեւ: Երբ զիս տեսան մերկ, մի քիչ խրտչեցան: Ես ուշադրութեամբ կը դիտէի մէկը, որ իր տրեխները կախած ուսին` կը քալէր բոպիկ ոտքերով: Կը նախանձէի անոր, որ տրեխ կրելը իրեն համար բեռ էր դարձած:
- Հայր սուրբը «դա՞ ի» (այստեղ է): Հասկցայ, որ հայ է եւ որ հայերէն կը խօսի:
- Հայր սուրբը «գէօ դաղ է» (ահա այնտեղ է), պատասխանեցի եւ առաջնորդեցի:
Ցնցոտիներու մէջ կորած կիսամերկ եկուորը, որ Աբաղայէն կու գար, մի ծրար հանեց իր չուլելու մէջէն եւ, Հայր սուրբի ձեռքը համբուրելով, անոր մեկնեց: Այդ նամակները շօշափելու, կարդալու եւ համբուրելու բուռն ցանկութիւն ունէի: Երկրի զոհարանին առջեւ այնքան ըկերներ նահատակուեցան, այնքան ընկերներ առանց Երկիր տեսնելու մեռան գնացին, որ Երկրէն եկած մի թուղթի կտոր, մի նամակ` սրբութիւն կը համբուրէր: Զանոնք ձեռք առնելը, կարդալը, հասկնալ` քուրմերուն վայել էր եւ հասարակ մարդոց չէր թոյլատրուեր: Դարձայ Վարդապետին, երբ դէմ դէմի մնացինք առանձին.
- Վարդապետ, կարծեմ թէ դու չես կասկածիր իմ վճռին վրայ` Երկրին համար զոհաբերելու. այս մէկ փորձը արեցի, բան դուրս չեկաւ, նորէն պիտի փորձեմ, գուցէ բան դուրս գայ. միայն թէ, առանց Երկրի նամակները կարդալու, անոնց ցաւը ուղղակի հասկնալու, թէ որ մեռնիմ գուցէ վերջին պահուն շատ ցաւիմ: Վարդապետ, այդ նամակները ինծի չեն ուղղուած, ես կարդալու իրաւունք չունիմ, բայց շատ կ’ուզեմ զանոնք լրջօրէն կարդալ եւ եթէ վիճակուած է ինծի մեռնիլ, առանց ցաւի վերջին վայրկեաններս անցկացնել:
Վարդապետը նայեց, նայեց երեսիս եւ անոր աչքերը լեցուեցան տխրութեամբ, ապա կանգնած մնաց քանի մը վայրկեան եւ, ծրարն ինծի ուղղելով` ըսաւ.
- Գիտեմ որ դու ուխտեալ ես. անոնց մէջ ինչ որ գրուած լինի` քեզի աւել կը վայելէ գիտնալը քան անոր` ում որ ուղղուած են այս նամակները: Ես իրաւունք չունիմ եւ չեմ կարդար ինծի չուղղուածները. դուն ուզածդ ըրէ:
Երանի թէ այս վստահութիւնը չունենար վրաս: Առանձնացայ եւ լրջութեամբ ուզեցի հասկնալ Երկրի կացութիւնը: Մի քանի հատ էին նամակները` ճգնաժամային օրերուն գրուած. անոնք ո՛չ հրձիգի եւ ոչ ալ հրշէջի նամակներու տպաւորութիւն կը թողնէին, այլ հրդեհով շրջապատուած դժբախտի մը, որուն կը մօտենան բոցերը եւ ան «եանղուն, եանղուն» կը գոռայ, օգնութիւն կը կանչէ: Բայց ինքն այնքան շփոթած է, որ նաւթը կրակի մէջ լեցնէ, իսկ ջուրը նաւթի մէջ, մինչ հրդեհը երկիրը կը լափէ (Այստեղ կը վերջանան Ռուբէնի յուշերու այն մասը, զոր ինք վերամշակած է: Ասկէ ետքը եղած նիւթերը, որ կը մտնեն Ա. եւ Բ. հատորներուն մէջ (Գ. Դ. Ե. եւ Զ. հատորները, որ տպագրուեր են աւելի առաջ, ամբողջապէս վերամշակուած են Ռուբէնի կողմէ), անոր նոթերն են, զորս կ’օգտագործէր ան իր յուշերը վերջնական խմբագրութեան ենթարկելու համար: Կան հեղինակի կողմէ վերամշակուած քանի մը հատուածներ ալ, որ ասկէ ետքը կը մտնեն Ա. կամ Բ. հատորներուն մէջ: Ասոնց իւթաքանչիւրին յիշատակութիւնը պիտի ընենք իր տեղը: (Ծանօթ Ա. Խ.) ):
Այս նամակները շատ վատ տպաւորութիւն ձգեցին վրաս: Պէտք է ըսեմ, որ իմ մէջ այդ ատեն տեսակ մը բեկում առաջացած էր: Վանքի մենակութիւնս եւ աշխարհէն կտրուած լինելս մէկ կողմէ, մեր խումբի անյաջողութիւնը միւս կողմէ եւ, վերջապէս, Վանէն ստացած այ ն տեղեկութիւնները, թէ իմ այնպիսի ճեմարանական ընկերները` Համազասպը (Բաղէշցեան), Ղեւոնդը (Մելոյեան), Արտակը (Դարբինեան) ոչ թէ դաշնակցականներ են, այլ պահպանողական - Արմենականներու պարագլուխներ, պատճառ դարձած էին, որ ես սկսէի տարակուսիլ յեղափոխութեան եւ ապստամբութեան նպատակայարմաութեան վրայ: Ես կարծես դարձեր էի պահպանողական եւ մտքով թունդ հակայեղափոխական: Սկսեր էի հակուիլ դէպի այն մտայնութիւնը թէ նախ պէտք է բարձրացնել ժողովուրդի մշակութային մակարդակը, նախապատրաստել տաճկահայ ժողովուրդը եւ ապա աստիճանաբար փոխել տաճիկ վարչակարգը: Թէեւ մկրտուած կռուի մէջ, կ’ուզէի նահանջել եւ դառնալ ուսուցիչ Փորթուգալեանի նման, կամ գործիչ` Սլաքի նման: Այս երկուքը դարձեր էին օրինակ ինծի համար, թէեւ զանոնք չէի տեսած:
Այս տարակարծութիւններուն մէջ կը փոթորկուէր միտքս, երբ Կոմսի ստորագրութեամբ նամակ մը եկաւ, որու մէջ ան կ’ըսէր թէ Երկիր եւ մասնաւորապէս Սասունի վիճակը շատ ծանր է եւ կրնայ իյնալ, եթէ արագ օգնութիւն մը չլինի դուրսէն, ուստի կ’առաջարկէի խումբեր մտցնել Երկիր եւ կամ յարձակումներ գործել սահմաններու վրայ, որպէսզի տաճկական ամբողջ ուժերը չկեդրոնանան Սասունի դէմ:
Ես նամակ մը գրեցի ի պատասխան, բացատրելով որ դժուար թէ ներկայ պայամաններուն մէջ Անդրկովկասը կարողանայ էական օգնութիւն մը հասցնել Երկրին եւ եթէ այդ ուղղութեամբ փորձեր առնուին ալ, անոնք պիտի ձախողին եւ նոր ու ի զուր զոհերու առիթ պիտի տան: Արտայայտեով իմ տարակուսանքները եւ մտորումները, խորհուրդ կու տամ կանգնիլ խաղաղ գործունէութեան գետնի վրայ:

Շար .109

Saturday, June 12, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-108Ռուբէն-

Ես որոշ եզրակացութիւններու եկած էի Երկիր անցնելու ձեւերու մասին. անտեղի կը գտնէի գլխէն ձեռք քաշել ճամբորդութեան մը համար, «չալում» ծախած լինելու համար: «Մենք պիտի յարմարինք պայմաններուն, քանի որ պայմանները մեզ չեն յարմարիր»: Այսպէս մտածելով, իմ հագուստներս հանեցի վրայէս եւ մերկացած` արեւի տակ նստայ: Վճռած էի ամբողջ մարմինս արեւէն խանձել, սեւցնել ու նմանուիլ գիւզացի չլուտներուն:
Փոքրիկ միաբանութեան մէջ յուզում բարձրացաւ. ճպռոտ տնտեսը կը ծիծխաղէր, ջաղցպան ժամկոչը զարմացած կը նայէր, երեւի զիս խենթացած կը համարէր. Վարդապետը ինծի կը հարցնէր`«ՙաս ինչո՞ւ համար» եւ, պատասխան չառնելով, Վարդանի երեսին կը նայէր: Վերջինս կը ժպտէր միայն եւ բառ չէր արտասանէր:
Քանի մը օրէն, իմ մարմինը չարչարած եւ ամբողջովին սեւցուցած, աղտոտած էր: Ամենէն դժուարը ձեռներս ու ոտներս էին. մատներս բարակ էին եւ բռներս չէին կոշտանար: Կ’աշխատցնէի, որ հաստանան, կոշտանան, բայց պղպջակներ կը բացուէին, վէրքեր կը գոյանային եւ նորէն չէին դառնար մշակի ձեռներ: Ոտքերս աւելի յամառ էին. երբ փափուկ ցեխ եւ աղբ էր, շատ հաճելի էր կոխելը եւ փոշոտ ճամբայով քալելը զիս կը նեղէին եւ կը ստիպէին նստիլ:
Վարդան բան չէր հարցներ ինձմէ, բայց կը կարդար իմ միտքը, առանց բացատրութեան իմ կողմէ: Մի օր ինձ ըսաւ. «գանք ման գալու»: Դուրս ելանք եւ ուղղուեցանք դէպի լեռ, կանաչաւէտ խոտերի վրայով, փափուկ գետինով: Հաճելի էր ոտնաբոպիկ ծաղիկներու մէջ թռչկոտիլ. մարդու տրամադրութիւնն ալ կը բարձրանայ եւ կայտաը կը դառնայ երբ ամբողջ մարմնով բնութեան կապած է եւ զայն կը համբուրէ: Ես արդէն տեսութիւններ կը կազմեմ եւ պատճառներ կ’որոնեմ անասուններու երջանկութեան: Սկսայ պարծիլ Վարդանին, որ ինք չի կրնար հասնիլ իմ ետեւէն, իր ծանր կօշիկներով եւ հագուստներով: Վարդան, քրտնած, հաւանութեան նշաններ կու տար:
- Կարճ ճամբով երթանք, մէյ մը ջրաղցան ալ հանդիպինք, ըսաւ եւ ճամբան փոխեց: Ես անոր կը հետեւէի քարերու, մացառներու միջով, ատամներս սեղմած: Սուր սուր դանակի նման քարերը անտանենլի դարձուցած էին իմ քալելը, իսկ Վարդանը, առանց յետ նայելու, իր հաստ կօշիկներով կը թռչէր այծեամի նման: Ես կը կաղայի, ոտքերէս արիւն կ’երթար, կ’ուզէի ցաւիցս գոռալ, բողոքել, բայց ինքզինքս կը զսպէի: Վերջապէս կը հարկադրուիմ նստիլ: Վարդանը ծիծաղէն կու լար, ես ալ կուլայի, բայց ցաւէն: Ան հանեց գուլպաները, ինխի տուաւ որ հագնիմ, եւ աւելցուց.
- Շուն շան որդի, բա ի՞նչ կը կարծես, դիւրի՞ն է ունենալ լեռնցու ոտներ. դեռ երկար ժամանակ է պէտք` ոտքը դարձնել էշի սմբակներ:
Այդտեղ ես բացատրեցի, որ կ’ուզեմ ծպտուած ճամբորդել: Ան լսեց եւ, «գուցէ» ըսելով, խնդիրը փակեց:

108