Յայտարարութիւն

Tuesday, June 1, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -102 -Ռուբէն

Մի երրորդ կէտն ալ կար, որ խիստ կարեւոր էր տեղեկութեանց, սուրհանդակային եւ մասամբ փոխադրական գործին համար: Իր մականի տակ էր Քիշմիշ Թափա գիւղը. ան կը գտնուէր Պայազիտէն 30 քիլոմեթրի վրայ, իսկ Ծաղկանց լեռներէն` նոյն հեռաւորութեան: Ծաղկանց լեռները (Ալատաղ) բնակաուած էին Հայտարանցի ցեղերով, որոնց մէջ Ալի բէկը իր ընտանիքով մեզ շատ համակիր եւ գործակից էր: Անոր մօտ կը գտնուէր Քղեցի Պօղոսը (որուն Գեղեցիկ Պօղոս կ’ըսէին). ան հոն էր Երեւանի Կ.Կ.ի եւ Երկաթի կողմէ: Այդ կէտը սուրհանդակային, զէնքի եւ մարդկանց անցկացնելու կայան էր եւ ամէն լուրերի կեդրոն: Երբ կը վտանգուէին գիծերը, Պօղոս կ’օգտուէր Ծաղկանց լեռներէն, կապուելու համար ուղղակի Քիշմիշ Թափայի հետ, ուր կը սպասէր Վարդապետի եւ Պօղոսի հաւատարիմ, խուփ բերան Յովսէփը: Վարդապետը շատ մտահոգ էր, որ վաղուց է ինչ լուր չունի Քղեցի Պօղոսէն եւ Յովսէփ ալ գրած էր, որ շատ մտահոգ է անոր մասին:

¢¢¢

Վերի բացատրութիւններէն պիտի հասկցուի, որ Թադէի վանքը, թէպէտ մեկուսացած, ճամբաներէն դուրս ընկած մի ճգնաժամ էր, բայց այնպէս էին գործերը դասաւորուած, որ գիշեր ու ցորեկ աշխատանքի մէջ էր: «Մենաւորը» աշխարհի լուրերու աղբիւր էր, շնորհիւ քիւրտերու եւ սուրհանդակներու: Պիտի զարմանաք ըսածներուս, եթէ չէք գիտեր քիւրտերու բնաւորութիւնը:
Քիւրտը, մանաւանդ թափառաշրջիկը, ծարաւի է լուրերու, որովհետեւ չի կրնար իր հօտերու հետ խօսիլ. ան կարօտ է խօսքի: Խօսքը անհրաժեշտ է անոր` իր գոյութեան եւ շրջանի ապահովութեան համար ալ: Ուստի, լերան կատարը լինի ան, ճամբու վրայ, թէ գիւղի մէջ, ճամբորդը կը չափէ, կը կշռէ եւ անկէ տեղեկութիւններ կը քաղէ, կարեւորէն մինչեւ անկարերւորը: Ան անմիջապէս լուրը կու տայ իր հարեւանին եւ լուրը բերնէ բերան իսկոյն կը տարածուի. կարեւոր լուրեր անմիջապէս գոռալով լեռնէ լեռ կը կանչէ, վտանգը նշաններով կը յայտնէ, ծանօթ անծանօթի իր գիտցածը կ’ըսէ, հարցումներ կու տայ եւ օդի մէջ տեղեկութիւնները կայծակի պէս կ’երթան: Ձիաւորը անոր չի հասնիր, ոչ ալ հեռադիտակը անոր կը հասնի:
Լուրերը «բերնէ բերան կը դառնային գերան», բայց էութեան մէջ ճշմարտութեան կորիզը կը պահէին եւ բնաւ շինծու եւ սուտ չէին լինիր: Յետոյ վանք կը հասնէին սուրհանդակները նամակներով, որոնց մէջ լուրերը մաղուած չափազանցութիւններէ` կու տային եղելութիւնը մերկութեամբ: Այսպիսով Թադէի վանքի վարդապետը ծանօթ էր Երկրի անցուդարձին, ինչպէս Կովկասի նոյնպէս Պարսկաստանի մէջ եղածներուն եւ լինելիքներուն:
Այս տեղեկութեանց հիման վրայ էր, որ դէպի Երկիր կ’ուղղէին շալակաւորներ, գործիչներ, զինուորական խումբեր: Ոմանք` բախտաւորները, տեղ կը հասնէին, ոմանք կէս ճամբան կը մնային. այդ կախուած էր հաւաքուած լուրերու արժէքաւորումէն: Թադէի վանքը ընդհանրէպէս քիչ կը սխալէր եւ լաւ կ’ընթանային անոր գործերը, որոնք Գէորգ Ծայրագոյն Վարդապետի խորհուրդին արժէք կու տային:
Վարդապետը համեստ էր: Ան ինքզինք ծառայ կը համարէր Թադէի վանքին եւ իր այդ հանգամանքով ալ կ’ենթարկուէր իր հոգեւոր պետերուն, սակայն անոնք հեղինակութիւններ չէին իրեն համար: Ան կ’երնթարկուէր նաեւ կուսակցական աստիճանաւորումին, իրմէ անարժաններու հրամանը կը կատարէր: Բայց անոր համար միակ հեղինակութիւնը Ռոստոմ ըսուած մէկն էր, որը զինք գտած էր եւ մղած դէպի Թադէի վանքը եւ զոր մինչ այդ ես ոչ տեսած էի եւ ոչ ալ գիտէի թէ ո՛վ է:

¢¢¢

Արդէն 10 օր կար, որ վանք էինք: Բժիշկ Ռուբէնը վաղուց վերադարձած էր Խոյ: Այլեւս ոչ աղմուկ, ոչ ծիծաղ, ոչ իսկ խօսակցութիւն: Շահպազ Վարդանը բոլորվին համր էր դարձած, երեսին նայողը կը կշտանար իր մտահոգ դէմքէն: Ան շարունակ վանքի ջաղացքը կ’երթար, ինքն իրան աշխատանք էր ստեղծած, - կը նորոգէր քանդուածները եւ կը քանդէր շինուածները: Տնտեսի հետ խօսիլ չէր լինի, բացի բացականչութիւններէն: Վարդապետի օգնականը միշտ զբաղած էր: Որո՞ւ հետ ուրեմն պէտք էր խօսիլ: Կը մնար միայն Վարդապետը, եթէ անոր հաճելի մարդ դառնայի: Այդ ինձ յաջողուեց եւ ան կամաց կամաց սկսաւ բացուիլ ինծի:
Ինծի մեծ զարմանք պատճառեց, որ Ռազի կռուի մանրամասնութիւնները ինձմէ լաւ գիտէր: Ան գիտէր մեր եկած ճամբաները, որ ես չգիտէի. գիտէր մեր սահման անցնելու եւ նկատուելու պարագաները, զոր մեզմէ ոչ ոք գիտէր. թշնամու ովքեր լինելը գիտէր եւ անունով կը յիշէր սպաննուածները, մանաւանդ քրտերունը: Եթէ Վարդապետին ըսածները միտքս պահէի, մանրամասնութեամբ պիտի հասկնայի Ռազիի կռուի նկարագիրը, առանց բանաստեղծութեան:
Սկսայ հետաքրքրուիլ անցեալ դէպքերով, որոնք քիչ մը տարբեր էին ցարդ լսածներէս, եւ այդ լսածներս խառնելով մեր գիտցածին հետ, կ’ուզեմ ներկայացնել 1904ին սահմաններուն վրայ պատահածները, որքան որ մնացած են յիշողութեանս մէջ:

Շար 102



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝