Յայտարարութիւն

Wednesday, June 2, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 103 -Ռուբէն

Հաճի Լեւոնի խումբը, - Լեւոնը հաճի չէր, բայց այդպէս կը կոչէին: Ախլցխացի էր, այն խումբէն որ դիւցազուններու խումբ կոչուելու արժանի է, - Ասլանը. Ուսուլ Խաչոն, Աշըգը եւ միւսները, համեստ, անձնազոհ ու քաջ: Արդէն երբ Գիւմրի էր, ինձ ըսած էին որ Վան գնալու համար ուշացած եմ. «Հաճին գնաց արդէն»: Ահա թէ ինչպէս.-
Հաճի Լեւոնի խումբը, բաղկացած էր ընդամէնը վեց ձիաւորէ, ռազմամթերք կը տանէր իր հետ: Ապրիլ 17ին, ձիւնհալքին, կը մեկնին Սալմաստէն դէպի տաճկական սահմանը: Առաջին օրը կ’անցնի առանց փորձարքի. երկրորդ օրը անոնց ընդառաջ կու գան վեց բարեկամ քրտեր, որոնք կը նախազգուշացնեն թէ մատնուած են ճանապարհները բռնուած են թշնամիին կողմէ: Սակայն ետ դառնալը նամուսի դէմ էր: Աստուած կը կանչեն ու առաջ կ’երթան:
Հասնելով քրտական շրջանները` խումբը կը հեդապնդուի քրտերու կողմէ: Արագավազ ձիերու վրայ ֆետայիները առաջ կը շարժին եւ, քանի մը քրտեր գետին փռելով, ճամբայ կը բանան ու կը հասնին Լիմ գիւղի մօտերը: Քրտերը հանգիստ չեն տար այստեղ ալ, կը պաշարեն ֆետայիները, որոնք կը ստիպուին ձիերէն վար իջնել եւ դիրք բռնելով կռիւ ընդունիլ: Ձիերու մէկ մասը կը սպաննուի թշնամիի գնդակներէն, իսկ մնացեալ ձիերն ալ կը կոտորուին ֆետայիներու գնդակով, որպէսզի չիյնան թշնամիի ձեռքը: Այսպէս կռիւը կը շարունակուի մինչեւ երեկոյ. քանի մը քրտեր եւ ոստիկաններ եւս գետին կը փռուին, բայց կը սպաննուի վանեցի Յովհաննէսը, Ջոջ Աղան, որ այնքան կը շտապէր Վան` օր առաջ զեկուցում տալու ընկերներուն Ընդհ. Ժողովի որոշումներու մասին:
Խումբը գիշերը կը ճեղքէ թշնամիին շղթան եւ յաջողութեամբ կը հասնի Վարագ, ուր արդէն ազատ էր ամէն վտանգէ:
Վանի զինապահեստները կարգի կը դրուին, բայց ամենէն անհրաժեշտը Վանի համար, անոր Ընդհ. Ժողովի պատգամաւորը չկար. ան սպաննուած էր թշնամիէն:
Երկաթի եւ Քղեցի Պօղոսի խումբը, - Եթէ այնպէս կը պատահէր որ զիս համոզած ըլլար եւ որոշած լինէի անոր հետ գնալ Նեմրութ, այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայի, կը մտածէի, լսելով, անոր մասին եղած պատմութիւնները:
Երկաթ եւ Քղեցի Պօղոս Մայիսի կէսերուն կը վերցնեն ռազմամթերք, դրամ եւ 35 ֆետայիներ ու Իգտիրէ ճամբայ կ’իյնան: Կը կտրեն սահմանի լեռները, կ’անցնին Ալաշկերտի դաշտը ու կը հասնին Միրզաջանի մօտերը, ուր հանգստանալէ ետք Մայիսի վերջին օրերուն ճամբայ կ’ելլեն դէպի Ախլաթ, Սասուն հասնելու նպատակով:
Արճէշի մէջ, Սոսկուն ըսուած հայ գիւղին քով, Խոջալուի հովիտին մէջ, խումբը հանգիստ կ’առնէ, հանդիպակաց քարայրներուն մէջ: Քղեցի Պօղոսը (Թոխմախ) երկու Աբրոներու հետ կ’իջնէ Սոսկունի ջաղացքը հաց բերելու համար: Կը ճանցուի հոն գտնուող քրտերու կողմէ եւ կը սպաննուի անկնկալ կերպով Աբրոներէն մէկուն հետ, իսկ միւս Աբրոն հազիւ կ’ազատի:
Քրտերը հաւար կը ձգեն եւ շուտով ամէն կողմէ աշիրէթներ, ոստիկաններ եւ զօրքեր կը պաշարեն Խոջալուի հովիտը եւ բռնելով քարայրներու բերանը` անձնատուութիւն կը պահանջեն: Ֆետայիները հարկաւ կը պաշտպանուին եւ կատաղի կռիւ կը մղեն: Կը սպաննեն բաւականաչափ քրտեր: Բայց ահա գնդակ մը կ’ինայ այն վայրին մէջ, ուր կը գտնուէր Երկաթը եւ կը դպնայ ձեռնառումբի մը, որ կը պայթի եւ իրեն հետ կը պայթեցնէ վառօդի եւ ռումբի շեղջերը: Այրը իր մէջի մարդկանցով տեղէն կը ցնցուի եւ քարաժայռեր ֆետայիներու արիւնոտ դիակներու կտորուանքներ կը ժայթքեն, թաղելով իրենց տակ ոստիկաններու եւ քրտերու դիակներ եւս: Ամբողջ խումբէն հազիւ եօթ հոգի ողջ կը մնայ. ընդհանուր գոռում-գոչումէն օգտուելով, անոնք դուրս կը թռչին եւ կը բարձրանան լեռը: Այդ փոքրիկ խումբը մինչեւ երեկոյ լաւ կռիւ կը մղէ եւ քանի մը տասնեակ քրտեր ու ոստիկաններ կը սպաննէ: Եօթը ֆետայիներէն մէկը, Քանաքեռի կողմերէն հին ռուսական զինուոր մը կարծեմ Գասպար անունով, մեծ հռչակ կը հանէ քրտերու մէջ իր քաջագործութիւններով: Ան կը սպաննէ բաւական թիւով քիւրտ թոռուններ: Երբ գիշերը վրայ կը հասնի ու կռիւը կը դադրի, ֆետայիներէն ոչ ոք ի վիճակի կ’ըլլայ գտնելու ճամբան. միայն առաւօտուն, երբ Մասիսը կ’երեւայ, զայն կը բռնեն իբրեւ ուղեցոյց:
Քրտերը սակայն հանգիստ չեն ուզեր տալ ֆետայիներուն, որոնք ոչ մէկ գնով կ’ուզեն անձնատուր ըլլալ, եւ դարձեալ ամբողջ օրը կը հարկադրուին կռիւ մղել թշնամիին դէմ: Քարերու ետեւ դիրք բռնած` անոնք բազմաթիւ քրտեր գետին կը գլորեն, բայց իրնեք ալ կը հիւծին: Ի վերջոյ ողջ կը մնան միայն երկու հոգի, որոնց մէջ նաեւ Գասպարը: Յոգնած ու քաղցած` անոնք կ’երթան Մասիսի ուղղութեամբ: Միւս օրը նորէն կռուի կը բռնուին հետապնդող քրտերու հետ: Այս անգամ կը սպաննուի Գասպարի ընկերը, իսկ ինքը Գասպարը, կիսամեռ վիճակի մէջ գերի կ’ինայ քրտերուն ձեռքը, որոնք անոր անսահման քաջութեան ի պատիւ չեն սպաններ զայն, այլ կը խնամեն ու կը տանին Պայազիտի փաշային նուէր: Մինչեւ Սահմանադրութիւն, Գասպար կը մնայ բանտին մէջ, յետոյ կ’ազատուի: Յայտնի չէ թէ ի՛նչ եղաւ այդ հերոսը: Քրտերու երգերուն մէջ մինչեւ այժմ ալ կը փառաւորուին անոր քաջագործութիւնները (1908ի վերջերը, երբ Պայազիտէն անցայ, տեսայ Գասպարի բանտը, բայց ինքը դուրս էր ելած: Անոր առասպելական քաջութեան մասին նորէն ինձ կը պատմէին` համեմատած գերմարդկային առասպելներով:
Կը կարծեմ թէ Ե. Սարգսեանի մանկական յուշերի մէջ յիշուած հերոսը այդ նոյն Գասպարը պիտի լինի):

Շար.103

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝