Յայտարարութիւն

Thursday, June 3, 2010

ՀայՅեղափոխականի մը Յիշատակները- 104 -Ռուբէն

Երկաթի խմբի աղէտի օրերուն էր, որ Նիկոլ Դումանի խումբը միաժամանակ կը փորձէ անցնիլ Ռազիի վրայով դէպի Վարագ: Այդ մենք տեսանք արդէն:
Երբ, անկէ վերադառնալով, ես արդէն վանքը կը գտնուէի, մի սեւ օր, Գէորգ Վարդապետ սգաւորի նման վերադարձաւ գիւղի իր գործակալներու մօտէն, եւ հազիւ ինքն իրան պահելով ըսաւ.
- Փոխին իր ձիաւորներով ջարդուած է. մարդ չէ ազատած...
Այդ բօթի վրայ ես պապանձուեցի եւ քար դարձայ, կարծես մի գնդակ եկած գլուխս էր զարկած: Վարդան, որ դանակով մի փայտ կը տաշէր եւ ինչ որ բան կը շինէր, նայեց վարդապետին, իր կոպերը արագ արագ շարժեց եւ կանչեց.
- Մարդ իր բոյէն աւելի չի կրնար փռչիլ...
- Այդպէս մի խօսիր, Վարդան ջան, դուն ալ մի օր քու բոյէդ վեր կը թռիս, երբ երկրի մէջ եղած ընկերները «օգնութիւն, օգնութիւն...» կանչեն:
Վարդան չպատասխանեց. տաշած փայտը գետին զարկեց, դանակը ծալլեց եւ մեզմէ հեռացաւ: Ես ալ հեռացայ անխօս: Եւ երեք հոգի երեք բաժին եղանք. ամէն մէկս մեր գլխու եկածի մասին կը մտածէր: Ճպռոտ տնտեսի թանապուրը կը սառէչ, ոչ ոքի բկէն (կոկորդէն) ներս չէր երթար:
Այս բացականչութիւնները երկու ծանր քարերու նման իր սրտի վրայ ամուր նստեցան:
Գիշերը Մելքոնին ճամբած են Խոյ, առաւօտ գիշերանց Վարդապետն է կորած, գնացած է Կարէնի, լուր հաւաքելու: Կէսօրին վարդապետը վերադարձաւ եւ ըսաւ.
- Լուրը հաստատ է: Տարբեր աղբիւրներէ եկած սեւ լուրերը ճշդուեցան եւ տեղն ու տեղը հասկցանք հետեւեալը:-

Փոխիկի խմբի բնաջնջումը, - Վանէն լուր կու գայ Սալմաստ եւ Խոյ, թէ Սասունը վաղուց ինկած է, բայց կռիւը ահա կը սկսի Վանի մէջ: «Սաղ էք թէ սաղ չէք, մեզ օգնութեան հասէք»: Երբ այս կը լսեն Փոխիկը եւ տղերքը, մէկ խօսք կը լինին եւ կ’որոշեն անմիջապէս Երկիր անցնիլ: Խօսքեր ալ կը լինին, որ Նիկոլ հակառակ է զինուած կերպով Երկիր անցնելուն, բայց եղած են առարկողներ, թէ Նիկոլ Երկրէն չէ, անոր սիրտ չի ցաւի, երկու փշտոց զարնելով յետ փախած կորած է եւ դրա համար ալ Երկիր գնալուն հակառակ է: Այսպէս ըսելով կ’որոշեն երթալ Արաուլ լերան փէշերով, բայց խուսափել Չուխը անցնելէ, այլ Սարայի տակով գնալ ուղիղ դէպի Վարագ:
Անոնք 14 ձիաւոր կը լինին: Առաջնորդը նորէն այն Մստոն է, որ փրկած էր մեր խումբը իր հաւատարմութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ: Կային նաեւ Սահակն ու Գրէն, Սարայի շրջանի ասորիներէն, թէ հին քաջ ֆետայիներ եւ թէ տեղի բոլոր պայմաններուն ծանօթ: Բացի մի քանիսէն, խմբի անդամները հին զինուորներ էին, Երկրի լեռներուն մէջ մեծցած եւ բազմաթիւ կռիւներու մասնակցած, այնպէս որ ամէնքն ալ վստահ եղած են, թէ պիտի հասնին իրենց նպատակին: Այդ վստահութիւնը, սակայն, չարդարացաւ եւ ամէնքն ալ մեռան, ըստ իս մի շատ պարզ պատճառով, զոր թերացած էին հաշուի առնել եւ զոր Նիկոլ Դումանի գլխաւոր մտահոգութեան առարկան կը կազմէր: Նիկոլի պատգամն էր` «այնպիսի ամայի ճանապարհով գնալ որ ոչ ձիերու սմբակներու ձայն լսուի, ոչ մեզ տեսնող լինի գիշեր թէ ցերեկ, եւ կամ եթէ տեսնեն` գոնէ ուշ տեսնեն»: Այդ հնարաւոր էր միայն ձմեռը, մինչեւ Ապրիլ ամիսը կամ այս ամսոյն վերջը: Այդ ատեն, սակայն, ձիւնը կը խանգարէր քալելուն: Ճամբորդել կարելի էր ուրեմն, Մայիսի վերջը, ըստ եղանակի, Արաուլի բարձրունքները քերելով, երբ հովիւ ու քոչուոր լեռներ չեն ելած: Միւս ժամանակները, անպայաման գնացած ուղին ժամ առ ժամ կը հասկցուէր, շուտ կը նկատուէր եւ այդ պատճառ կը լինէր գացողներու մահացման:

Շար.104



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝