Յայտարարութիւն

Saturday, June 5, 2010

ՀայՅեղափոխականի մը Յիշատակները- 105 -Ռուբէն

Փոխիկ մեզմէ մի երկու շաբաթ յետոյ ճամբայ ելաւ. լեռները բռնուած էին արդէն հովիւներով եւ քոչուրներով, եւ անոր խմբի շարժումնրը բոլոր վայրերում կը նկատուէր: Թէեւ Մստոն նոյն ճամբով կը տանէր ինչ որ մեր խումբը առաջնորդած էր, բայց այդ ճամբան արդէն թակարդ էր, որ կ’երթար Ռազիի ձորը, ուր նախապէս կը սպասէին թէ սահմանապահները, թէ Համիտիէ գնդերը եւ խուժանը: Արշալոյսին Փոխիկի փոքր խումբը արդէն ծանր կռուի մէջ էր եւ մինչեւ կէսօր անոր հաշիւը փակուած էր:
Ոչ ոք խմբէն չազատեցաւ, որ մօտաւոր գաղափար տար անցած դարձածէն: Պատմողները քրտեր են եղած, որ յարգանքով կը յիշէին այս կռիւը: «Համրեա նոյն դիրքերն էին բռնած այս կռիւին, ինչ առաջին անգամ: Բայց մենք պատրաստ էինք այս անգամ եւ գիտէինք անոնց քանի հոգի լինելը եւ ինչպէս դասաւորուիլը: Երբ արեւն ելաւ, մենք մօտեցած էինք անոնց առանց աղմուկի մինչեւ մի քանի հարիւր քայլ հեռաւորութեամբ: Սարայի զօրքի տուած նշանին վրայ, չորս կողմէն յարձակում արինք, ամէն մէկը իրեն համար նշանակած դիրքին վրայ: Երեք դիրքերէն երկուքը առինք. ոչ ոք չուզեց անձնատուր լինել, սպաննեցինք: Մէկ դիրք էր մնացել, չորս հոգիով գրաւուած, վրան դրօշակ քաշուած: Ներս մտանք անոնց մէջ, եւ իրարու խառնուեցանք քարերու մէջ: Կը կռուէին մաուզէրով, դանակով: Վիրաւորները չհաշուած ` ութը դիակ մնաց դիրքին մէջ եւ կանգնած դրօշակը: Կէսօրէ յետոյ նորէն յարձակեցանք եւ այս անգամ երկու դիակ գտանք ջան ֆետայիներէն: Դրօշակը վար առինք, բայց միւս դիակները չգտանք, կարծեցինք որ փախած ազատած են: Հարիւր քայլ հետուն, մի ժայռի մէջ երկուքի տեղը գտանք: Ինչ արինք, անձնատուր չեղան: Մէկը ռուս էր, միւսը քրտերէն կը հայհոյէր: Հասկացողներ եղան, որ այդ մէկը Մստոն էր, Կառզարցի Մստոն: Ինչքան համոզեցինք, անձնատուր չեղան: «Ազ ջան ֆիտանամ», կը կանչէ. «Ազ բաւ է Հայտարեմ», կը գոռար: Մէկ գնդակ գլխուն հասաւ եւ ան մեռաւ: Գլուխը կտրեցինք տարինք Վանի վալիին նուէր: Ռուսը մինչեւ վերջ կռուեցաւ եւ նոյնիսկ քիչ մնաց, որ մեր մէջէն փախչէր: Մէկ զօրք մօտեցաւ ետեւէն եւ խանչալով թիկունքէն հասցուց եւ կռիւը վերջացաւ: Իրենց թիւէն աւելիով մենք մեր դիակները հաւաքեցինք»:
Այս պատմութեններէն կարելի էր եզրակացնել, որ այն դիրքին մէջ ուր դրօշակ էր կախուած, Փոխիկին էր եղած: Մստոյին անոր կողքին լինելը հաստատ էր, ինչպէս եւ Սուրէնը, որ իր յամառութեամբ Գուգարքի քաջերը կը յիշեցնէր: Ես անոր շատ կապուեցայ մեր կռուի ատեն, երբ իմ ձեռք դողաց հօրը զարնել, իր որդու դիակին վրայ, իսկ ան չվախեցաւ ու խփեց ծերունին, առաջնորդուելով այն սկզբունքէն, որ կռուի մէջ խնայել չկայ: Այսքանը կռուի մասին լսածներէս:
Մի քանի խօսք ալ Փոխիկի խմբին մասնակցող իմ ծանօթներու մասին: Ատոնք էին` Փոխիկը, Յակոբը (Յակոբը Դարմոյի տեռորը կատարողն էր: Նա սպաննած էր իր հին ընկերը, կուսակցութեան որոշումով: Դարմոն վասպուրականցի զինուորներից էր եւ յայտնի էր իր քաջութեամբ: Բայց մի թերութիւն ունէր` ուրիշների կիները գլխէ կը հանէր եւ երբեմն ալ բռնութիւններ կը գործադրէր հասարակ ժողովրդեան վրայ: Այդ անհամապատասխան էր թէ կուսակցութեան կարգապահական օրէնքներուն եւ թէ ընկերներուն մէջ արմատացած վարք ու բարքին: Եւ անոր համար հրաման բերին մահուան վճիռ, զոր ստորագրեց Սամսոն եւ գործադրուեցաւ), Սուրէնը, Մստոն, որ քիւրտ էր, Գրէն եւ Սահակը, որոնք ծագումով ասորի էին եւ կրօնքով ալ` նեստորական, բայց հայէն աւելի հայացած էին եւ կը խօսէին մեր լեզուն: Մնացածներին տեսած եմ, բայց մոռացած եւ չեմ խօսած անոնց հետ:

Շար. 105



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝