Փոխիկ մեզմէ մի երկու շաբաթ յետոյ ճամբայ ելաւ. լեռները բռնուած էին արդէն հովիւներով եւ քոչուրներով, եւ անոր խմբի շարժումնրը բոլոր վայրերում կը նկատուէր: Թէեւ Մստոն նոյն ճամբով կը տանէր ինչ որ մեր խումբը առաջնորդած էր, բայց այդ ճամբան արդէն թակարդ էր, որ կ’երթար Ռազիի ձորը, ուր նախապէս կը սպասէին թէ սահմանապահները, թէ Համիտիէ գնդերը եւ խուժանը: Արշալոյսին Փոխիկի փոքր խումբը արդէն ծանր կռուի մէջ էր եւ մինչեւ կէսօր անոր հաշիւը փակուած էր:
Ոչ ոք խմբէն չազատեցաւ, որ մօտաւոր գաղափար տար անցած դարձածէն: Պատմողները քրտեր են եղած, որ յարգանքով կը յիշէին այս կռիւը: «Համրեա նոյն դիրքերն էին բռնած այս կռիւին, ինչ առաջին անգամ: Բայց մենք պատրաստ էինք այս անգամ եւ գիտէինք անոնց քանի հոգի լինելը եւ ինչպէս դասաւորուիլը: Երբ արեւն ելաւ, մենք մօտեցած էինք անոնց առանց աղմուկի մինչեւ մի քանի հարիւր քայլ հեռաւորութեամբ: Սարայի զօրքի տուած նշանին վրայ, չորս կողմէն յարձակում արինք, ամէն մէկը իրեն համար նշանակած դիրքին վրայ: Երեք դիրքերէն երկուքը առինք. ոչ ոք չուզեց անձնատուր լինել, սպաննեցինք: Մէկ դիրք էր մնացել, չորս հոգիով գրաւուած, վրան դրօշակ քաշուած: Ներս մտանք անոնց մէջ, եւ իրարու խառնուեցանք քարերու մէջ: Կը կռուէին մաուզէրով, դանակով: Վիրաւորները չհաշուած ` ութը դիակ մնաց դիրքին մէջ եւ կանգնած դրօշակը: Կէսօրէ յետոյ նորէն յարձակեցանք եւ այս անգամ երկու դիակ գտանք ջան ֆետայիներէն: Դրօշակը վար առինք, բայց միւս դիակները չգտանք, կարծեցինք որ փախած ազատած են: Հարիւր քայլ հետուն, մի ժայռի մէջ երկուքի տեղը գտանք: Ինչ արինք, անձնատուր չեղան: Մէկը ռուս էր, միւսը քրտերէն կը հայհոյէր: Հասկացողներ եղան, որ այդ մէկը Մստոն էր, Կառզարցի Մստոն: Ինչքան համոզեցինք, անձնատուր չեղան: «Ազ ջան ֆիտանամ», կը կանչէ. «Ազ բաւ է Հայտարեմ», կը գոռար: Մէկ գնդակ գլխուն հասաւ եւ ան մեռաւ: Գլուխը կտրեցինք տարինք Վանի վալիին նուէր: Ռուսը մինչեւ վերջ կռուեցաւ եւ նոյնիսկ քիչ մնաց, որ մեր մէջէն փախչէր: Մէկ զօրք մօտեցաւ ետեւէն եւ խանչալով թիկունքէն հասցուց եւ կռիւը վերջացաւ: Իրենց թիւէն աւելիով մենք մեր դիակները հաւաքեցինք»:
Այս պատմութեններէն կարելի էր եզրակացնել, որ այն դիրքին մէջ ուր դրօշակ էր կախուած, Փոխիկին էր եղած: Մստոյին անոր կողքին լինելը հաստատ էր, ինչպէս եւ Սուրէնը, որ իր յամառութեամբ Գուգարքի քաջերը կը յիշեցնէր: Ես անոր շատ կապուեցայ մեր կռուի ատեն, երբ իմ ձեռք դողաց հօրը զարնել, իր որդու դիակին վրայ, իսկ ան չվախեցաւ ու խփեց ծերունին, առաջնորդուելով այն սկզբունքէն, որ կռուի մէջ խնայել չկայ: Այսքանը կռուի մասին լսածներէս:
Մի քանի խօսք ալ Փոխիկի խմբին մասնակցող իմ ծանօթներու մասին: Ատոնք էին` Փոխիկը, Յակոբը (Յակոբը Դարմոյի տեռորը կատարողն էր: Նա սպաննած էր իր հին ընկերը, կուսակցութեան որոշումով: Դարմոն վասպուրականցի զինուորներից էր եւ յայտնի էր իր քաջութեամբ: Բայց մի թերութիւն ունէր` ուրիշների կիները գլխէ կը հանէր եւ երբեմն ալ բռնութիւններ կը գործադրէր հասարակ ժողովրդեան վրայ: Այդ անհամապատասխան էր թէ կուսակցութեան կարգապահական օրէնքներուն եւ թէ ընկերներուն մէջ արմատացած վարք ու բարքին: Եւ անոր համար հրաման բերին մահուան վճիռ, զոր ստորագրեց Սամսոն եւ գործադրուեցաւ), Սուրէնը, Մստոն, որ քիւրտ էր, Գրէն եւ Սահակը, որոնք ծագումով ասորի էին եւ կրօնքով ալ` նեստորական, բայց հայէն աւելի հայացած էին եւ կը խօսէին մեր լեզուն: Մնացածներին տեսած եմ, բայց մոռացած եւ չեմ խօսած անոնց հետ:
Շար. 105
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝