Յայտարարութիւն

Sunday, June 6, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -106 -Ռուբէն

Փոխիկի եւ Յակոբի հետ ունեցած տեսակցութեանս եւ խօսակցութիւններու մասին յիշատակած եմ արդէն: Առաջին անգամ վատ տպաւորութիւն ձգեցին վրաս, բայց յետոյ ամենալաւ կերպով տպաւորուեցայ անոնցմէ: Այս երկուքը արտաքինով իրարու հակապատկեր էին. Փոխիկը թուխ էր, Յակոբը` շէկ գերմանացու նման, բայց երկուքի ալ ծնօտները լայն էին եւ հաստատուն, ինչպէս կը լինին կամակորներունը: Անոնք թիկնեղ էին, արեւով թրծուած եւ խոժոռ աչքերով, թէեւ մէկուն աչքերը թուխ էին, իսկ միւսինը` կապոյտ; Երկուքի նմանութեան պատճառն այն էր, որ միեւնոյն երկրից` Լեռնապարի անդունդներէն ծնուած էին: Երբ միմեանց հետ կը խօսէին, ես բնաւ չէին հասկնար: Այս երկուքն ալ իրարու մտերիմ էին: Անոնք ընկերներ էին Չաթոյի, Շերոյի եւ Բազիկի, ուրեմն հին զինուորներ էին: Կը սիրէին մեծ Վարդանը, որ իր վերջին խօսքը ամէնքէն ետքը կ’ըսէր, իսկ Նիկոլը շատ չէին, որովհետեւ վերջին խօսքը առաջ կ’ըսէր եւ ճակտին կ’ըսէր: Ատոր համար, թէեւ զայն կը յարգէին, բայց անկէ չէին ախորժիր: Փոխիկը եւ Յակոբը երկար ժամանակ եղած էին Նիկոլի եւ Վարդանի ընկերը, աւելի շուտ` անոնց զինուորները: Դերիկի կռիւներուն մէջ բազմաթիւ արկածներ անցուցած էին: Ի վերջոյ, անոնց շնորհիւ էր, որ Վարդան դարձած էր Խանասորի ընդհանուր հրամանատար, Նիկոլ` միայն յիսնապետ, Փոխիկը, որ անոր զինուորն էր` հարիւրապետ: Փոխիկ զարմացած որ մեր գալուն ինքը չընդունուեց Նիկոլի կողմէ ոչ իսկ պարզ զինուոր, այդ վիրաւորական չէր գտներ եւ չէր բացատրեր քէնով, ու կը հասկնար որ ատոր միակ պատճառն այն է, որ ինք պէտքական չէր համարուեր Երկրի համար:
Երկար տարիներ, անոնց մօտիկ ընկերներ եղած էին քիւրտ Մստոն, Գրէն եւ Սահակը (ասորիներ) եւ Աւտոն, որ մեր կռուին սպաննուեց: Անոնք Փոխիկի արկածներուն մասնակից եղած էին, եւ այս երկու կռուին անոնք նորէն միացան միւս աշխարհին մէջ (Եթէ մենք ունինք շատ զոհեր քրտերու համար, Մստոն այն քրտերէն էր, որոնք նահատակուեցան հայերու համար: Ինչպէս գնահատելի է Սէյտոյի, Զաւէնի արիւնը յանուն քրտական գործի, եւ պիտի ապագային թանկ լինին այդ մարդիկ քրտերի համար, ինչպէս եւ Թոխմախի եւ Քղեցի Պօղոս, եւ կամ Տերսիմի Քեռին եւ ընկերները, այնպէս ալ հայերուս համար թանկ պիտի լինի եւ արժէքաւոր Մստոյի արիւնը, որ աւելի գնահատելի է, քան թէ նրա հետ ընկած բոլոր հին եւ հայ ընկերներունը):
Սուրէնը անոնց հին ընկերը չէր: Ան աւելի երիտասարդ էր եւ անոնց համար` ՙ«օտար երկրէն». բայց եւ այնպէս շատ գնահատուած էր իբր գիտուն զինուորական. ան դասակապետ էր եւ զինուորական մարզիչ: Փոխիկն անոր կարիքն ունէր, ուստի եւ բաժանեց զայն իր զոյգէն` Գրիշէն եւ Սարբազ Խեչոյէն: Ի՞նչ էր բուն անունը, չգիտցանք: Ան ախալքալքցի էր, կարծեմ Խանչալի գիւղէն: Ես անոր մասին գիտցածս արդէն ըսած եմ, բայց անոր գեղեցիկ դէմքը բնաւ չեմ կրնար մոռնալ: Ան պէտք չէ, որ մեռնէր այդպիսի մահով, թէկուզ մեռցնելու արհեստը լաւ գիտէր:

Ծանր ազդած էր բոլորիս վրայ Փոխիկի եւ իր խմբի կորուստը, եւ ես ու Վարդանը, որ այստեղ եկած էինք նոյն ճամբով գնալու, կը մտածէինք որ շտապելը եւ յամառիլը սատանի գործին կու գայ: Եւ կը համբերէինք:

Շար. 106


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝