Յայտարարութիւն

Monday, June 7, 2010

ՀայՅեղափոխականի մը Յիշատակները- 107 -Ռուբէն

Լեռներու կատարները ձիւնէն ազատ են եւ կանաչով պատուած: Խաշնարածները քայլ առ քայլ լեռները բարձրացած են իրենց հօտերով:
- Շարժիլ չի լինի, պիտի սպասել, եթէ Երկաթի ու Ջոջ Աղայի հալին չենք ուզեր ընկնիլ, կ’ըսէր Վարդանը;
Ես համամիտ էի: Եւ ահա մի նոր սեւ լուր եկաւ Մակուի եւ Քիշմիշ Թափայի կողմէն:

Հնչակեաններու խումբը, - Դաշնակցականեր չէին միայն, որ տոգորուած էին Սասունին օգնելու բուռն մղումով, այլ ամբողջ Անդրկովկասի հայութիւնը. նոյնիսկ Դաշնակցութեան հակառակորդ կազմակերպութիւնները դէպի Սասուն կը ձգտէին: 14 կոգիէ բաղկացած հնչակեաններու խումբ մը Յուլիսի սկիզբին կ’անցնի ռուսական սահմանը ու կը մտնէ Ալաշկերտ` Սասուն-Մշոյ Դաշտ երթալու համար: Քիւրտերն ու տաճիկներտը տեղեկութիւն կ’առնեն խումբի մասին եւ կը շրջապատեն զայն Իւչքիլիսէի մօտ: Երկար եւ յուսահատ կռիւ մը տեղի կ’ունենայ, որու ընթացքին խումբը հերոսական դիւմադրութիւն ցոյց կու տայ: Ի վերջոյ բոլորն ալ կը սպաննուին, իրենց հետ գերեզման տանելով 20է աւելի թշնամիներ:

Այս լուրը եկաւ լրացնելու մեր վիշտը: Ճիշդ է որ տեղեկութիւններ չունէինք թէ ովքեր էին այս խումբի մասնակցողները եւ ովքեր` ղեկավարները, բայց նոյն ցաւը կը պատճառէր մեզի եւ կը մղէր մահուան արժէքը եւ նպատակը վերաքննել:
- Ընդհանուր նպատակը եւ ցաւը նոյն նահատակութեան կը մղեն բոլոր հայերը, կ’ըսէր Վարդապետը:
Բայց առանց բարձր խօսելու, ես ինքս իմ մէջ կը խորհրդածէի. «հրացանի փողէն պոկուած անմիտ գնդակ է նահատակութիւնը»: Կը չարանայի եւ համարձակ կը դառնայի, կ’ուզէի մի բան փոխել, բայց չէի գիտեր, թէ ինչը պիտի փոխել:

Շար. 107


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝