Յայտարարութիւն

Saturday, June 12, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-108Ռուբէն-

Ես որոշ եզրակացութիւններու եկած էի Երկիր անցնելու ձեւերու մասին. անտեղի կը գտնէի գլխէն ձեռք քաշել ճամբորդութեան մը համար, «չալում» ծախած լինելու համար: «Մենք պիտի յարմարինք պայմաններուն, քանի որ պայմանները մեզ չեն յարմարիր»: Այսպէս մտածելով, իմ հագուստներս հանեցի վրայէս եւ մերկացած` արեւի տակ նստայ: Վճռած էի ամբողջ մարմինս արեւէն խանձել, սեւցնել ու նմանուիլ գիւզացի չլուտներուն:
Փոքրիկ միաբանութեան մէջ յուզում բարձրացաւ. ճպռոտ տնտեսը կը ծիծխաղէր, ջաղցպան ժամկոչը զարմացած կը նայէր, երեւի զիս խենթացած կը համարէր. Վարդապետը ինծի կը հարցնէր`«ՙաս ինչո՞ւ համար» եւ, պատասխան չառնելով, Վարդանի երեսին կը նայէր: Վերջինս կը ժպտէր միայն եւ բառ չէր արտասանէր:
Քանի մը օրէն, իմ մարմինը չարչարած եւ ամբողջովին սեւցուցած, աղտոտած էր: Ամենէն դժուարը ձեռներս ու ոտներս էին. մատներս բարակ էին եւ բռներս չէին կոշտանար: Կ’աշխատցնէի, որ հաստանան, կոշտանան, բայց պղպջակներ կը բացուէին, վէրքեր կը գոյանային եւ նորէն չէին դառնար մշակի ձեռներ: Ոտքերս աւելի յամառ էին. երբ փափուկ ցեխ եւ աղբ էր, շատ հաճելի էր կոխելը եւ փոշոտ ճամբայով քալելը զիս կը նեղէին եւ կը ստիպէին նստիլ:
Վարդան բան չէր հարցներ ինձմէ, բայց կը կարդար իմ միտքը, առանց բացատրութեան իմ կողմէ: Մի օր ինձ ըսաւ. «գանք ման գալու»: Դուրս ելանք եւ ուղղուեցանք դէպի լեռ, կանաչաւէտ խոտերի վրայով, փափուկ գետինով: Հաճելի էր ոտնաբոպիկ ծաղիկներու մէջ թռչկոտիլ. մարդու տրամադրութիւնն ալ կը բարձրանայ եւ կայտաը կը դառնայ երբ ամբողջ մարմնով բնութեան կապած է եւ զայն կը համբուրէ: Ես արդէն տեսութիւններ կը կազմեմ եւ պատճառներ կ’որոնեմ անասուններու երջանկութեան: Սկսայ պարծիլ Վարդանին, որ ինք չի կրնար հասնիլ իմ ետեւէն, իր ծանր կօշիկներով եւ հագուստներով: Վարդան, քրտնած, հաւանութեան նշաններ կու տար:
- Կարճ ճամբով երթանք, մէյ մը ջրաղցան ալ հանդիպինք, ըսաւ եւ ճամբան փոխեց: Ես անոր կը հետեւէի քարերու, մացառներու միջով, ատամներս սեղմած: Սուր սուր դանակի նման քարերը անտանենլի դարձուցած էին իմ քալելը, իսկ Վարդանը, առանց յետ նայելու, իր հաստ կօշիկներով կը թռչէր այծեամի նման: Ես կը կաղայի, ոտքերէս արիւն կ’երթար, կ’ուզէի ցաւիցս գոռալ, բողոքել, բայց ինքզինքս կը զսպէի: Վերջապէս կը հարկադրուիմ նստիլ: Վարդանը ծիծաղէն կու լար, ես ալ կուլայի, բայց ցաւէն: Ան հանեց գուլպաները, ինխի տուաւ որ հագնիմ, եւ աւելցուց.
- Շուն շան որդի, բա ի՞նչ կը կարծես, դիւրի՞ն է ունենալ լեռնցու ոտներ. դեռ երկար ժամանակ է պէտք` ոտքը դարձնել էշի սմբակներ:
Այդտեղ ես բացատրեցի, որ կ’ուզեմ ծպտուած ճամբորդել: Ան լսեց եւ, «գուցէ» ըսելով, խնդիրը փակեց:

108

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝