Յայտարարութիւն

Monday, June 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-109-Ռուբէն

Երեք ճամբորդներ կանգ առին Վանքի դրան առջեւ: Երբ զիս տեսան մերկ, մի քիչ խրտչեցան: Ես ուշադրութեամբ կը դիտէի մէկը, որ իր տրեխները կախած ուսին` կը քալէր բոպիկ ոտքերով: Կը նախանձէի անոր, որ տրեխ կրելը իրեն համար բեռ էր դարձած:
- Հայր սուրբը «դա՞ ի» (այստեղ է): Հասկցայ, որ հայ է եւ որ հայերէն կը խօսի:
- Հայր սուրբը «գէօ դաղ է» (ահա այնտեղ է), պատասխանեցի եւ առաջնորդեցի:
Ցնցոտիներու մէջ կորած կիսամերկ եկուորը, որ Աբաղայէն կու գար, մի ծրար հանեց իր չուլելու մէջէն եւ, Հայր սուրբի ձեռքը համբուրելով, անոր մեկնեց: Այդ նամակները շօշափելու, կարդալու եւ համբուրելու բուռն ցանկութիւն ունէի: Երկրի զոհարանին առջեւ այնքան ըկերներ նահատակուեցան, այնքան ընկերներ առանց Երկիր տեսնելու մեռան գնացին, որ Երկրէն եկած մի թուղթի կտոր, մի նամակ` սրբութիւն կը համբուրէր: Զանոնք ձեռք առնելը, կարդալը, հասկնալ` քուրմերուն վայել էր եւ հասարակ մարդոց չէր թոյլատրուեր: Դարձայ Վարդապետին, երբ դէմ դէմի մնացինք առանձին.
- Վարդապետ, կարծեմ թէ դու չես կասկածիր իմ վճռին վրայ` Երկրին համար զոհաբերելու. այս մէկ փորձը արեցի, բան դուրս չեկաւ, նորէն պիտի փորձեմ, գուցէ բան դուրս գայ. միայն թէ, առանց Երկրի նամակները կարդալու, անոնց ցաւը ուղղակի հասկնալու, թէ որ մեռնիմ գուցէ վերջին պահուն շատ ցաւիմ: Վարդապետ, այդ նամակները ինծի չեն ուղղուած, ես կարդալու իրաւունք չունիմ, բայց շատ կ’ուզեմ զանոնք լրջօրէն կարդալ եւ եթէ վիճակուած է ինծի մեռնիլ, առանց ցաւի վերջին վայրկեաններս անցկացնել:
Վարդապետը նայեց, նայեց երեսիս եւ անոր աչքերը լեցուեցան տխրութեամբ, ապա կանգնած մնաց քանի մը վայրկեան եւ, ծրարն ինծի ուղղելով` ըսաւ.
- Գիտեմ որ դու ուխտեալ ես. անոնց մէջ ինչ որ գրուած լինի` քեզի աւել կը վայելէ գիտնալը քան անոր` ում որ ուղղուած են այս նամակները: Ես իրաւունք չունիմ եւ չեմ կարդար ինծի չուղղուածները. դուն ուզածդ ըրէ:
Երանի թէ այս վստահութիւնը չունենար վրաս: Առանձնացայ եւ լրջութեամբ ուզեցի հասկնալ Երկրի կացութիւնը: Մի քանի հատ էին նամակները` ճգնաժամային օրերուն գրուած. անոնք ո՛չ հրձիգի եւ ոչ ալ հրշէջի նամակներու տպաւորութիւն կը թողնէին, այլ հրդեհով շրջապատուած դժբախտի մը, որուն կը մօտենան բոցերը եւ ան «եանղուն, եանղուն» կը գոռայ, օգնութիւն կը կանչէ: Բայց ինքն այնքան շփոթած է, որ նաւթը կրակի մէջ լեցնէ, իսկ ջուրը նաւթի մէջ, մինչ հրդեհը երկիրը կը լափէ (Այստեղ կը վերջանան Ռուբէնի յուշերու այն մասը, զոր ինք վերամշակած է: Ասկէ ետքը եղած նիւթերը, որ կը մտնեն Ա. եւ Բ. հատորներուն մէջ (Գ. Դ. Ե. եւ Զ. հատորները, որ տպագրուեր են աւելի առաջ, ամբողջապէս վերամշակուած են Ռուբէնի կողմէ), անոր նոթերն են, զորս կ’օգտագործէր ան իր յուշերը վերջնական խմբագրութեան ենթարկելու համար: Կան հեղինակի կողմէ վերամշակուած քանի մը հատուածներ ալ, որ ասկէ ետքը կը մտնեն Ա. կամ Բ. հատորներուն մէջ: Ասոնց իւթաքանչիւրին յիշատակութիւնը պիտի ընենք իր տեղը: (Ծանօթ Ա. Խ.) ):
Այս նամակները շատ վատ տպաւորութիւն ձգեցին վրաս: Պէտք է ըսեմ, որ իմ մէջ այդ ատեն տեսակ մը բեկում առաջացած էր: Վանքի մենակութիւնս եւ աշխարհէն կտրուած լինելս մէկ կողմէ, մեր խումբի անյաջողութիւնը միւս կողմէ եւ, վերջապէս, Վանէն ստացած այ ն տեղեկութիւնները, թէ իմ այնպիսի ճեմարանական ընկերները` Համազասպը (Բաղէշցեան), Ղեւոնդը (Մելոյեան), Արտակը (Դարբինեան) ոչ թէ դաշնակցականներ են, այլ պահպանողական - Արմենականներու պարագլուխներ, պատճառ դարձած էին, որ ես սկսէի տարակուսիլ յեղափոխութեան եւ ապստամբութեան նպատակայարմաութեան վրայ: Ես կարծես դարձեր էի պահպանողական եւ մտքով թունդ հակայեղափոխական: Սկսեր էի հակուիլ դէպի այն մտայնութիւնը թէ նախ պէտք է բարձրացնել ժողովուրդի մշակութային մակարդակը, նախապատրաստել տաճկահայ ժողովուրդը եւ ապա աստիճանաբար փոխել տաճիկ վարչակարգը: Թէեւ մկրտուած կռուի մէջ, կ’ուզէի նահանջել եւ դառնալ ուսուցիչ Փորթուգալեանի նման, կամ գործիչ` Սլաքի նման: Այս երկուքը դարձեր էին օրինակ ինծի համար, թէեւ զանոնք չէի տեսած:
Այս տարակարծութիւններուն մէջ կը փոթորկուէր միտքս, երբ Կոմսի ստորագրութեամբ նամակ մը եկաւ, որու մէջ ան կ’ըսէր թէ Երկիր եւ մասնաւորապէս Սասունի վիճակը շատ ծանր է եւ կրնայ իյնալ, եթէ արագ օգնութիւն մը չլինի դուրսէն, ուստի կ’առաջարկէի խումբեր մտցնել Երկիր եւ կամ յարձակումներ գործել սահմաններու վրայ, որպէսզի տաճկական ամբողջ ուժերը չկեդրոնանան Սասունի դէմ:
Ես նամակ մը գրեցի ի պատասխան, բացատրելով որ դժուար թէ ներկայ պայամաններուն մէջ Անդրկովկասը կարողանայ էական օգնութիւն մը հասցնել Երկրին եւ եթէ այդ ուղղութեամբ փորձեր առնուին ալ, անոնք պիտի ձախողին եւ նոր ու ի զուր զոհերու առիթ պիտի տան: Արտայայտեով իմ տարակուսանքները եւ մտորումները, խորհուրդ կու տամ կանգնիլ խաղաղ գործունէութեան գետնի վրայ:

Շար .109

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝