Յայտարարութիւն

Wednesday, June 16, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-110-Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

Վերադարձ դէպի Կովկաս.
Երեւան. Գայլ Վահանի եւ Միհրանի խումբերը
(Քոռուն-Մոսունի կռիւները)
Ալեքսանդրապոլ. կրկին Գէորգի նոմերաները.
Սերգէյ կը տեղեկացնէ Կարսի բոլոր խումբերու
կոտորուիլը
Դժոխք խումբը (Վաղարշակ).
Թումանի Որսկան խումբը.
Կ’երթամ տուն` Կարս.
Խումբերու վրէժը կ’առնեն
Բիկովի սպանութիւնը Ջանփոլատեանի կողմէ

Վանէն ստացուեց նամակիս շատ չոր ու խրատական պատասխան մը, որու միտքն այ էր, թէ այդ տրամադրութեամբ մարդիկ աւելորդ են այնտեղ եւ սահմանի վրայ կանգած խորհուրդ տալը նոյնպէս աւելորդ բան էր: Իրօք տեղին էր այդ նամակը:
Ատկէ յետոյ, ի հարկէ, ես պիտի թողնէի հեռանայի ու չմտնէի Երկիր: Վարդանն ալ համաձայն էր ինծի հետ: Նա տուաւ ինծի նամակ մը Քիշմիշ Թափա, իսկ նամակ մըն ալ Արաբլու` Մեմէտ աղային, որպէսզի անցկացնեն զիս դէպի Կովկաս: Տուաւ նաեւ ընդամէնը 4 ղռան դրամ, իբր ճանապարհածախս մինչեւ Երեւան, նամակներ Երեւանի վրայ, որ եկած էին Վասպուրականէն:
Հագուստներս փոխած, որպէս գաղթական, չարուխներ ոտքերուս ու պարսկական մի հին քեչա գլխարկ գլուխս դրած ճամբայ կ’իյնամ դէպի Քիշմիշ Թափա: Այդ գիւղը տարօրինակ էր: Կարելի էր ըսել, որ ամբողջ գիւղը մի տանիք ունէր եւ տներն ալ իրարու հետ ծակերով կապուած էին, այնպէս որ առանց դուրս ելլելու փողոց, մի ծայրէն միւսը կարելի էր անցնիլ: Ինքնապաշտպանութիւնն էր անշուշտ ստիպել գիւղացիները, որ այդ ձեւի գիւղ հիմնեն: Ատկէ հեռու չէր Պայազիտը, ընդամէնը քանի մը ժամուան ճամբայ:
Այստեղ կը պատմէին, թէ ինչ որ կռիւներ եղած են Քոռուն եւ Մոսուն, որոնք թէ՛ զօրքերու եւ թէ քրտերու վրայ մեծ տպաւորութիւն թողած են: Նոյնպէս կռիւներ տեղի ունեցեր են Ղարաքիլիսէի (Ուչ Քիլիսէ) վանքի մօտ:
Երկար չենք սպասեր Քիշմիշ Թափա եւ քանի որ յարմար առիթ ալ կար, ճամբայ կ’իյնանք դէպի Արաբլու: Յովսէփը, որ այդ գիւղէն էր, կ’առաջնորդէ զիս եւ ես կ’երթամ Մեհմէտ աղայի տունը: Երկու ղռանը կու տամ Մելիքին իբրեւ թութունի դրամ եւ Մեհմէտ աղայի տունը կը մնամ միայն մէկ օր: Հետեւեալ օրը ան զիս կը տանի շամբը, որտեղ կը սպասցնէ երկու օր եւս: Հոն հակերով շաքար կար դատարկուած եւ երբ միւս ափէն մեզի նշան կ’ընեն, շաքարները շալկած մենք իսկոյն կ’անցնինք այն ափը: Երկու գլուխ շաքար առած եմ իմ շալակը, բայց անոնք կ’իյնան ջրի մէջ եւ կը թրջուին: Դուրս ելնելուն` վզակոթիս լաւ հարուած մը կու տան:
Երկու ղռանով մօտ 10 ֆ. հաց կը գնեմ եւ ճամբայ կ’իյնամ դէպի Երեւան, ոտքով: Կը հասնիմ Խանլուխար գիւղը, ուր կը յուսամ, թէ այն բարձրահասակ միականի մարդը, որ Նիկոլի հետ զիս պատուած էր, պիտի կերակրէ զիս եւ տեղ տայ քնանալու համար: Բյաց նա զիս չճանցաւ իմ հագուստներուս մէջ, ես ալ չուզեցի պարզել անոր իմ ինքնութիւնս, կարծելով թէ ան պարտական է զիս ճանչնալ: Ան ինծի առաջարկեց քնանալ շուկայի սաքուներուն մէջ: Ամբողջ գիշերը մոծակները հանգիստ չէին տար, մանաւանդ որ փողոցն եմ պառկած: Կէս գիշեր դեռ չէր դարձած., երբ ես, փոխանակ տանջուելու մոծակներու ձեռքէն, կ’որոշեմ ճամբաս շարունակել: Միւս գիշերը լուսաբացին կը հասնիմ Երեւան:


Շար 110
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝