Յայտարարութիւն

Tuesday, June 22, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 112 - Ռուբէն

Երեւանի մասը վերջացնելուն համար` մի երկու խօոք Մրգաստանի Կ. Կոմիտէի կազմակերպած արշաւանքի մասին:
Գայլ Վահան եւ Միհրանի խումբերը (Գայլ Վահանի եւ Միհրանի խումբի, ինչպէս նաեւ «Դժոխք» խումբի, Թումանի խումբի կռիւներու նկարագրութիւնը վերամշակուած է Ռուբէնի կողմէ «Հայրենիք» 1925 թ. Յունուար). – Նկատի ունենալով Ֆետայիներու անյաջողութիւնները սահմանի վրայ եւ վերագրելով զանոնք ռուս սահմանապահ զօրքերու, Հ.Յ.Դ. Երեւանի (Մրգաստանի) Կեդր. Կոմիտէն կ’որոշէ, Երկաթի ու Թոխմախի խումբի բնաջնջումէն յետոյ քանի մը ահաբերկումներ կատարել ռուս սահմանապահ պաշտօնեաներու վրայ: Այդ որոշման հետեւանքով, ի միջի այլոց Իգտիրի մէջ կը սպաննուի հայատեաց ռուս գաւառապետ Պոկուսլաւոսկին: Միաժամանակ վրէժ լուծելու նպատակով հայ խումբերու ոչնչացման համար Կեդ. Կոմիտէն կ’որոշէ ոչնչացնել Մոսունի եւ Զորի թուրք սահմանապահ զօրանոցները` զօրքերու հետ միասին: Այդ ծրագիրը իրագործելու համար երկու խումբ կը կազմուի, Արտաւազդ եւ Մասիս անուններով, բաղկացած 112 ֆետայիներէ: Արտաւազդի հրամանատարը կը դառնայ Գայլ Վահան (Մինաս Տոլպաշեան), իսկ Մասիս խմբինը` Բաբերդցի Միհրանը, որ յետոյ տխռահրչակ Միհրանական շարժման ղեկավարը դարձաւ: Այս երկու խումբերու մէջն ալ կային կրթուած երիտասարդներ, ինչպէս էին, օրինակ Յովհ. Մակարեանը եւ Նիկողոս Տէր Խաչատրեանը:
Երկու խումբերը միասին անվտանգ կ’անցնին սահմանը ու կը հասնին Ռեսի-Գոմերի կոչուած բարձունքը, ուրկէ կը բաժնուին երկու մասի եւ տարբեր ուղղութիւններով առաջ կը շարժին: Արտաւազդ խումբը կ’ուղեւորուի դէպի Մոստուն, Գայլ Վահանի առաջնորդութեամբ, իսկ Մասիս խումբը, Միհրանի առաջնորդութեամբ դէպի Քոռուն` Զիլանցի աշիրէթին վրայ:
Գիշերուան ժամը 2ին Արտաւազդ խումբը կը պաշարէ հեռուէն Մոստունի թրքական զօրանոցը, նախապէս կտրելով Պայազիտի հեռագրաթելը եւ զօրանոցէն քիչ հեռու երկու զինուորական վրանները եւս առնելով պաշարման օղակի մէջ: Չորս ֆետայիներ մթութեան մէջ կը մտնեն զօրանոց ու երդիքը կը բարձրանան, ուր քնած կ’ըլլան բազմաթիւ զինուորներ, 150է աւելի: Պահապանը կը նկատէ, բայց տեղն ու տեղը կ’ինայ ֆետայիներու գնդակէն: Անմիջապէս չորս ռումբեր կը նետուին քնած զինուորներուն մէջ: Ռումբերը կը պայթին եւ այդ նշանին վրայ չորս կողմէն ֆետայիները կրակ կը բանան: Յանկարծակի եկած թուրք զօրքերը խուճապի մը մատնուին, եւ ժամ մը չանցած ամբողջ թրքական զօրքը կը վերածուի դիակներու կոյտի: Կը սպաննուին նաեւ մօտակայ հայ գիւղի մէջ գտնուող թուրք զինուորներ ալ, այնպէս որ ի սպառ կը բնաջնջուին թէ՛ զօրանոցի, թէ՛ վրաններու եւ թէ գիւղի մէջ եղած թուրք զինուորները: Հայ գիւղացիները, վախնալով վաղուան պատասխանատուութենէն, դեռ լոյսը չբացուած կը դիմեն դէպի ռուսական սահմանը:
Մասիս խումբը, բաժնուելով Արտաւազդ խումբէն, կ’երթայ ու կը բռնէ Զորի շրջակայքը եւ այն հովիտը, ուր օպա են դրած Զիլանցի քրտերը: Հայ ֆետայիները կը սպասեն Մոսունի ձեռնարկի սկսուելուն, որ իրենք ալ միաժամանակ յարձակում գործեն: Երբ գիշերուան ժամը 2ին ռումբի ձայներ կը լսուին հեռուէն, Զորի պահապանը կը լսէ այդ ձայները եւ հրացանի տրաքոցով հաւար կը ձգէ: Այդ իսկ վայրկեանին դարնամուտ ֆետայիները կրակ կը բանան եւ յարձակում կը գործեն զօրանոցի ու քրտերու վրայ: Ժամ մը չանցած անոնք կը գրաւեն թէ՛ զօրանոցը եւ թէ օպաները: Զօրքերու եւ քրտերու մէկ խոշոր մասը կը սպաննուի, իսկ միւս մասը կ’ազատի փախչելով:
Այսպիսով երկու ձեռնարկներն ալ կատարեալ յաջողութեամբ կը պսակուին: Երբ լոյսը կը բացուի, նոր դժուարութիւններու եւ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններու առջեւ կը գտնեն ինքզինքնին ֆետայիները, հայ գիւղերը տեղահան կ’ըլլան վախնալով այլեւս մնալ նախկին տեղերուն մէջ եւ կ’ուղղուին դէպի ռուսական սահմանը. պէտք է զանոնք ապահով հասցնել ռուսական հողը: Մինչեւ Չինկիլ ֆետայիները կ’ուղեկցին հայ գաղթողներուն, արգիլելով տաճիկ զօրքերուն եւ քիւրտ աշիրէթներուն յարձակիլ եւ գաղթողներուն առաջքը առնել: Մեծ հերոսութեամբ ֆետայիներըվ կ’ազատեն ժողովուրդը թշնամու գրոհէն, բայց կը զոհաբերեն Գայլ Վահանը, Նիկողայոսը (Բաբգէն) եւ շատ մը ուրիշ անձնուրաց ֆետայիներ:
Խակայն նոր դժուարութեան մը կը հանդիպին ֆետայիները եւ գաղթական ժողովուրդը: Այս անգամ ռուսական սահմանապահ զօրքրեը, կոզակները եւ քրտերը, բռնելով նահանջի ճանապարհները, կրակ կը բանան ֆետայիներու եւ ժողովուրդի վրայ: Շատերը կ’իյնան այդտեղ ռուսական գնդակներէն. ոմանք ալ կը փախչին կ’ազատին, իսկ ֆետայիներու մնացած մասն ալ ժողովուրդին հետ գերի կ’իյնան ռուսաց ձեռքը:
Այդ բոլոր կռիւներու ընթացքին 112 ֆեռտայիներէն կը սպանուին 36 հոգի:
Այս արշաւանքին լուրը կը տարածուի մինչեւ Կարս եւ շատերը, որոնց կարգին նոյնիսկ ընկերներէն ոմանք, որոնք չէին գիտեր իմ ուր լինելը, կը կարծէին, որ ես եմ արշաւաինքի ատեն զոհուած Մինասը (Տոլպաշեան), քանի որ իմ իսկական անունս Մինաս է: Քանի մը տեղ, ինչպէս եւ մեր տնեցիք, նոյնիսկ հոգեհանգիստենր կը կատարեն ինծի համար:

Շար 112
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝