Յայտարարութիւն

Wednesday, June 23, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -113 -Ռուբէն

¢¢¢

Հասնելով Ալեքսանդրապոլ, կ’երթամ ուղիղ Վաղոյի պատուալը, բայց Վաղոն այնտեղ չեմ գտներ: Անոր փոխարէն նրա եղբայրն էր հոն նստած: Երբ անկէ կը հարցնեմ Վաղոյի մասին, ան կը պատասխանէ թէ Ռուսաստան է գնացեր: Համարձակ քայլերով դիմեցի դէպի Գէորգի հիւրանոցը: Այստեղ ես այլեւս անծանօթ չէի, ինչպէս Երեւան, եւ վախնալու ալ ոչինչ չունէի, քանի որ բոլորն ալ կը ճանչնայի: Կը մտեմ հիւրանոց, յոգնած ու բեզրած եւ, առանց տատանուելու, կը ներկայանամ ոչ թէ ծառաներուն, այլ ուղղակի Գէորգին ու կ’ըսեմ`«Ինծի նոմեր (սենեակ) տուր»:
Ան կը նայէ ինծի ու կ’ըսէ. «Գնա օբշչին» (ընդհանուր) եւ ծառային ալ կը պատուիրէ, թէ տար «օբշչին»: Ես բարձր ձայնով կ’ըսեմ.
- Տուր ինձ առաջին նոմերը:
- Զանիտա (բռնուած է), ծօ՛, եա, ի՞նչ առաջին նոմերը:
Երբ ես յամառօրէն կը պնդեմ, որ տայ ինծի առաջին նոմերը եւ ուղիղ կ’երթամ հոն, ինծի կը հայհոյէ, գոռալով
- Ղուրումսաղ, ո՛ւր կը քշես:
Ես ալ նոյն ձեւով կը փոխադարձեմ: Ապա ան կը մօտենայ ինծի, կը նայէ եւ կը տեսնայ, որ կարծես ծանօթ դէմք է: Վայրկեան մը ետքը անմիջապէս կը ճանչնայ զիս եւ կղպած նոմերը բաց անելով, որ ի հարկէ դատարկ էր, կը տրամադրէ ինծի: Կը յայտնէ նաեւ, որ եղբայրս ալ այստեղ է: Քիչ ետքը կը հաւաքուին իմ ծանօթները, կը ծիծաղին տարօրինակ հագուստիս եւ մանաւանդ գլխուս մէջտեղ թրաշածին վրայ: Անմիջապէս կը տանին զիս բաղնիք եւ նոր շորեր կը հագցնեն: Ես, վերջապէս, կ’ազատուիմ ոջիլներէն եւ այդ գիշեր հանգիստ կը քնանամ:

¢¢¢

Ես այն սենեակն եմ, ուր քանի մը ամիս առաջ հաւաքուած էինք եւ ծրագիրներ կը մշակէինք Երկիր գնալու համար, ուր ամէն տեսակ կատակներ կ’ընէինք` նոյնիսկ մահուան մասին: Այժմ իմ այս բոլոր ընկերները, որոնք մահն անգամ կատակի կու տային, զոհ են գացեր իրենց գաղափարներուն: Սպաննուած էին թէ Մշեցի Կայծակ Վաղարշակը, թէ Ալեքսանդրապոլցի Պատուալի Վաղոն, թէ ասլանակերպ Ռուս Գէորգը եւ թէ Թումանը` մեր բոլորի հոգիին ձգողական կեդրոնը, եւ ուրիշ շատերը մեր այն ընկերներէն, ինչպէս Երկաթն ու Յովհաննէսը (Մակարեան), որոնց հետ գեղեցիկ երազներ կը հիւսէինք, երազներ, որոնք այժմ ցնդած էին իմ մէջ: Լքում եւ յուսահատութիւն կը տիրէր այժմ իմ հոգիին մէջ: Եւ այն աստիճան հիասթափուած էի, որ այլեւս անմիտ կը համարէի նոյն ճանապարհով գնալը եւ գործելը:
Մինչ սուտ քուն եղած, վերմակը գլուխս քաշած կ’ուզեմ ծածուկ լաց լինել եւ քիչ մը հանգստանալ, յանկարծ ներս կը մտնէ Սերգէյը, վերջին մնացորդը իմ ընկերներէս: Ան լուռ կը նայէ ինծի, կարծես թէ նա կը զգայ տառապանքը, կը թափանցէ իմ հոգիի ներսը, կը հասկնայ զիս; Արդեօ՞ք այն պատճառով, որ ինք ալ նոյն ցաւը կը զգայ, ինքն եւս կը տանջուի տեսնելով զիս, որ մեր խմբակի վերջին մնացորդն էի:
- Ինչպէ՞ս վերջացաւ, ինչպէ՞ս դու ողջ մնացիր, երեւի դուն ալ ինծի նման սեւ բու լինելու բախտն ունես:
Եւ խեղճ Սերգէյը սկսաւ լալ: Նա իրաւունք ունէր լալու, քանի որ մէկը միւսի ետեւէն կորսնցուցած էնք մի ոգով եւ մի գաղափարով տոգորուած, մի ուղղութեամբ աշխատող երիտասարդ եւ գաղափարական մեր ընկերները: Այս մի տարուան մէջ մեր դպրոցական կամ յեղափոխական տղաներէն, որոնց հետ ուխտած էինք միասին գործել, միասին մեռնիլ, գրեթէ բոլորը մեռած էին. չկային Եգորը, Իսաջանը, Խաչիկը, Թումանը, Վաղոն, Վաղարշակը, Երկաթը, Յովհաննէսը, Ռուս Գէորգը: Միւսները ձերբակալուած կամ փախած էին: Մնացեր էինք թոյլերը. լաւերը բոլորը կորսուած էին: Սերգէյը մանրամասն պատմեց Կարսի անցուդարձը, անձնական եւ կուսակցական հարիւրաւոր ընկերներու կորուստը, մեր խումնբերու նահատակութիւնը: Ցնցող էին անոր պատմածները:
Շար 113

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝